ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՓԱՇԱ ՍԱԳԸԶԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ՝ ԻՐ ՈՐԴԻԻՆ ԱՐՄԵՆԱԿ ՍԱԳԸԶԻՆ

Երբ կը թերթէինք 125-ամեայ «Անահիտ» հանդէսին 1930-ականներու թիւերը, անոր էջերուն մէջ, ի շարս հետաքրքրական ու պատմական նիւթերու, ընթերցեցինք նաեւ պոլսահայ անուանի մտաւորական, տնտեսագէտ Յովհաննէս Սագըզի (Սագըզեան) նամակները՝ ուղղուած իր որդւոյն՝ Արմենակին, երբ որդին կ՚ուսանէր Փարիզ: «Անահիտ» հանդէսի տրամադրութեան տակ եղած նամակներէն միայն մէկը գրուած է ֆրանսերէն, միւսները շարադրուած են հայերէն: Հայերէն նամակներուն մէջ կ՚երեւի Ապտիւլ Համիտի գանձերուն նախարար եւ ուրիշ պետական պաշտօններու վրայ աշխատած Յովհաննէս Սագըզ փաշայի հայերէնի իմացութիւնը:

Պոլսահայ կեանքին մէջ նշանակալի հետք ձգած, գեղարուեստի սիրահար, կարող լեզուաբան, բանասէր ու տնտեսագէտ Յովհաննէս Սագըզ փաշա ծնած է 3 մարտ 1836 թուականին, Պոլիս: Հայրն էր շալէ կտորներու վաճառական Արթին էֆէնտի, որուն վեց զաւակներէն կրտսերը եւ միակ մանչը ինքն էր: Յովհաննէս Սագըզ փաշայի պապին հայրը Սերովբէ Սագըզօղլու (1730-1790թթ.) Բանկալթիի գերեզմանատան մէջ կը հանգչէր եւ ծագումով բնիկ ակնցի էր: Յովհաննէս 1846 թուականին մտած է Փարիզի Մուրատեան վարժարանը՝ այնտեղ դասընկեր ունենալով Մատթէոս Մամուրեանը, Մարկոս Աղաբէկեանը, Ծերենցը, Տիգրան Փէշտիմալճեանը եւ ուրիշներ, որոնք յետոյ գրական կամ այլ ասպարէզի դէմքեր եղած են: Այդ շրջանին Մուրատեան վարժարանին այդ վերատեսուչն էր Գաբրիէլ Վրդ. Այվազովսքի:

1852 թուականին աւարտելով վարժարանը՝ Սագըզ վերադարձած է Պոլիս: Իր ուսանողութեան շրջանին յարած է նկարչութեան, որուն մէջ մեծ յատկութիւն ցոյց տուած է, յետոյ լրջօրէն նուիրուած է որքան տնտեսական ու քաղաքային գիտութեանց, նոյնքան ալ լեզուական ուսումնասիրութեան, բանասիրութեան, գրականութեան: Սակայն զուգահեռաբար զբաղած է նկարչութեամբ՝ գծած է իր դիմանկարը եւ ժամանակի յայտնի մարդոց դիմանկարները նոյնպէս:

Պոլիս դարձին արդէն հայերէնի, ֆրանսերէնի, պարսկերէնի, անգլերէնի քաջահմուտ էր ու քաղաքային ուսմանց մէջ պաշար մը ամբարած էր: Նախ նկարչութեամբ յետոյ պետական կեանքով զբաղած է: 1856 թուականին երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան թարգմանութեանց գրասենեակի անդամ, 1863 թուականին ալ մամուլի տեսուչի տիտղոսով կրթական նախարարութեան թարգմանութեան եւ խմբագրութեան խորհուրդի անդամ անուանուած է: 1872 թուականին առեւտրական նախարարութեան խորհրդական, 1875 թուականին առեւտրական վերաքննիչ ատեանին ենթաքարտուղար, 1876 թուականին կրթական նախարարութեան խորհրդական ընտրուած է: Յովհաննէս Սագըզ փաշայի պետական պաշտօնները շարունակուած են մինչեւ 1896 թուականը, երբ անցած է պետական խորհուրդի քաղաքային բաժինը: 1897 թուականին Միքայէլ փաշա Փորթուգալի մահուընէ վերջ կայսրը իր անձնական գանձին նախարարութիւնը յանձնած է Յովհաննէս Սագըզ փաշայի եւ վէզիրութեան աստիճանով պատուած զայն: Սագըզ իր պետական պաշտօնավարութեան մէջ լուրջ եւ կատարեալ հայրենասէր մը եղած է: Աշխատակցած է «Մէճմուա-ի Ֆինուն» ամսաթերթին եւ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի «Երկրագունտ»ին:

1877 թուականին հաստատուած է Միւլքիյէ բարձրագոյն վարժարանը, որու տնտեսագիտութեան եւ վարչային իրաւագիտութեան ամպիոնը իրեն յանձնուած է: Ան ֆրանսերէն ալ դասաւանդած է Լեզուներու կայսերական վարժարանին մէջ: Իսկ Գեղարուեստի վարժարանէն ներս դասաւանդած է գեղագիտութիւն եւ արուեստից պատմութիւն:

1886 թուականին «Իլմի սէրվէթի միլէլ» գրքի խմբագրութեան վրայ աշխատած է: Յովհաննէս Սագըզ փաշա 1890-ական թուականներուն հրատարակած է «Ներածութիւն գեղարուեստից պատմութեան» («Սանայիի Նէֆիսէ Թարիհի») խորագրով գործը: Սագըզ ունեցած է ֆրանսերէնի մէջ եւս թրքերէնի չափ զօրաւոր գրիչ մը. նախ ձեռնարկած է ֆրանսերէնէ թրքերէն բառարանի մը պատրաստութեան եւ այդ առթիւ Ահմէտ Վէֆիք էֆէնտիի թրքերէն բառարանին բառերուն դիմացը ֆրանսերէնները նշանակելէ ետք սկսած է խմբագրել իր մտադրած գործը, բայց շուտով հրաժարած է անկէ ու այս անգամ սումէրական եւ արքատերէն լեզուները (բաբելացւոց հին լեզուն) հայերէնի վերածելու, ինչպէս նաեւ թուրք-թաթար լեզուներու հետ ունեցած առընչութեանց պրպտումներովը խիստ հետաքրքրուած ու զբաղած է:

Երբ Ադամեան Պոլիս գացած է, անոր բոլոր ներկայացումներուն հաւատարիմ կերպով հետեւողներէն մին եղած է Յովհաննէս Սագըզ, որ մեծ արուեստագէտին հետ սրտագին բարեկամութիւն հաստատած է:

Յովհաննէս Սագըզ փաշա մահացած է 25 մայիս 1912 թուականին: Անոր մարմինը կը հանգչի Շիշլիի հայ-կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ. ան հայ կաթողիկէ համայնքի պարագլուխներէն մէկն էր, հակահասունեան պայքարի յայտնի դէմքերէն: Իր ընտանիքը շիրմաքարին համար կանգնեցնել տուած է հայկական խաչքարի ոճով քանդակ մը, որ քանդակած է Եդուարդ Թէրզեան:

Որդին՝ Արմենակ Սագըզեան, ծնած է 1872 թուականին, Պոլիս: Փարիզի մէջ ուսանած է իրաւաբանութիւն, Պոլսոյ մէջ վարած է պետական պաշտօններ, արժանացած է շքանշաններու։

Պոլսոյ Հայ գեղարուեստական միութեան հիմնադիրներէն է (1919) եւ անոր նախագահը։ Եղած է Էվգաֆ թանգարանի գեղարուեստական խորհուրդի անդամ։ Սագըզեանի ջանքերով Փոքր Ասիոյ քաղաքներէն ու գաւառներէն հաւաքուած են ոչնչացումէն փրկուած հայկական մշակոյթի նշխարները։ Ան զբաղած է արեւելեան արուեստի, հայկական մանրանկարչութեան եւ արուեստի հարցերով։ Արմենակ Սագըզեան աւելի քան քսանհինգ աշխատութիւններու հեղինակ է: 1940 թուականին լոյս տեսած է անոր յօդուածներու ընտրանին՝ «Հայ արուեստի էջեր» խորագրով՝ ֆրանսերէնով:

Մահացած է 1944 թուականին, Պոլիս:

Անուանի հօր նամակները՝ ուղղուած իր ապագայ հայագէտ որդւոյն, նաեւ ժամանակի անցքերուն վերաբերող ուշագրաւ մանրամասներ կը պարունակեն: «Անահիտ» հանդէսը ընդհանրապէս հատուածներ տպած է նամակներէն.

Բերա, 2 Նոյ., 1889

…Այն պահուն, որ քեզի կը գրեմ, Գերմանիոյ կայսրն ու կայսրուհին մեր նաւահանգիստը կը մտնեն: Աւելի քան ամսէ մ՚ի վեր, Պոլսոյ մէջ ուրիշ բան մը չի տեսնուիր բայց եթէ պատրաստութիւններ Սուլթանին օգոստափառ հիւրերուն ընդունելութեան համար: Բոլոր հին պատերը կը ծեփուին, բոլոր վերանէները կը շրջապատուին թահթափերտէներով զոր միակերպօրէն քաքա տուայ գոյնով կը ներկեն, սալայատակները կը նորոգուին, վերջապէս ամբողջ մեր քաղաքը կը մաքրուի եւ կը կոկուի արժանավայել կերպով ընդունելու կայսերական այցելուները:

Բոլոր տուները, որ Բանքալտիի եւ Բերայի մեծ փողոցին վրայ կը գտնուին, հրաման ստացան այս իրիկուն եւ վաղն իրիկուն լուսավառելու: Պ. եւ տիկին Թէրզեան, ինչպէս եւ Պ. Վենսան եւ տիկին Մարի որ երէկ իրիկուն մեզի այցելութեան եկած էին, մէջերնին պիտի բաժնեն մեր ունեցած լապտերները՝ իրենց տունը լուսավառելու համար:

Բրինքիբօ, 28 Յունիս, 1890

Հոս շատ բազմութիւն կայ այս տարի. այլ շատերն ինձ անծանօթ եւ օտար ընտանիք են եւ տեսութիւն ընելու մարդ չկայ: Այդ ինձ համար մեծ պակասութիւն մը չէ: Հոս մնացած ատենս, բոլոր ժամանակս աշխատութեամբ, քնով կամ պտըտելով կ՚անցունեմ, կղզւոյն օդը, ըստ սովորականին, շատ նպաստաւոր եղաւ իմ առողջութեանս:

Իմ ազնիւ տղաս, այն որ քու կրթութիւնդ Փարիզ կատարելու բարեբախտութիւնն ունիս, Աստուծոյ շնորհիւ, ամէն բանէ առաջ ուսմունքդ լրացնելու ջանաս, եւ եթէ աւելորդ ժամանակ ալ ունենաս, զուարճութեան ընծայելու ժամերէդ դուրս, դարձեալ օգտուէ անոնցմէ տաճկերէն կամ անգլիերէնդ չմոռնալու կամ ըստ կարելւոյն յառաջ տանելու համար:

Այս մասին քեզ մտերմական խորհուրդ մըն ալ ունիմ տալու: Գիտեմ, որ քու ազնիւ զգացմունքդ հակամէտ կ՚ընեն քեզ ազգային գործոց շահախնդիր ըլլալու, այլ պէտք է մեծ զգուշութեամբ հեռի կենաս այն ամէն ընկերութենէ որ ազգային-քաղաքական գոյն մը ունի. արդի ժամանակիս դրութիւնն ու բերմունքը քեզ բոլորովին անծանօթ չեն եւ տարակոյս չունիմ, որ Փարիզի մէջ թերեւս քու բնաւ կասկած չըրած անձանց մէջ եւս կան լրտեսներ, աննշան խօսակցութիւնքն անգամ մեծցունելով հոս իմաց տալու պատրաստ, ասոր բնաւ տարակոյս մ՚ունենար: Ուստի այս մասին քեզ վերջին աստիճանի կը խրատեմ, վասնզի կրնաս երեւակայել, թէ ի՜նչ մեծ չարիք կրնան հասնիլ ինձ եւ ամենուս, եթէ անգիտութեամբ անգամ առիթ մը տրուի քու կողմէդ այդպիսի ցածերու վատաբանելու:

Բերա, 5 նոյեմբեր, 1890

…Ալթունեանին նպաստելու խնդրոյն գալով կը ջանամ ձեռքէս եկածն ընելու, թէպէտ յաջողիլ դժուարին կ՚երեւի ինձ: Այս օրերս ուրիշ եւ թերեւս աւելի արժանաւոր երիտասարդի մը համար դիմեցին ինձ, Մկրտիչ Ապտուլլահեան անուն, որ քանի մը տարիէ ի վեր Փարիզ բժշկութեան դպրոցին դասերուն կը հետեւի: Խեղճը ուտելիք հաց անգամ չունի եղեր: Մինչեւ իսկ գիրքերն ծախելու պարտաւորուեր է եւ եթէ ամիսը հարիւր ֆրանք կարենայ ունենալ, ինքզինքը հարուստ պիտի համարի. Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ միջոցաւ պիտի կարենամ նպաստ մը հայթայթել այս երիտասարդին՝ որ իբր հանճարեղ եւ արտաքոյ կարգի ձիրքեր ունեցող անձ մը կը նկարագրեն ինձ:

Բերա, 30 Յունիս, 1892

…Արդէն մեր Միւլքիյէի քննութիւններն սկսան: Ես միայն չորս քննութիւն ունիմ որոնց մէկը կատարեցի, միւսներուն դեռ բաւական ժամանակ կայ: Հիմա աքքատերէն-հայերէն բառգիրքի պէս երկասիրութիւն մը կը պատրաստեմ, որուն բուն օրինակը կը յուսամ քանի մը օրէն աւարտել. Զայն ես պիտի տպագրեմ առջի գործիս պէս, եւ այն անձանց պիտի ուղարկեմ: Յոյս ունիմ, որ այս անգամ աւելի ջերմաբար կ՚ընդունուի աշխատութիւնս լեզուագիտաց կողմէն՝ որոնցմէ մէկ քանիէն արդէն բաւական գոհացուցիչ պատասխաններ ընդունեցայ:

Բերա, 5 Օգոստոս, 1892

Քու վերջին նամակդ առի որուն մէջ քննութեանցդ վրայ տեղեկութիւն կուտաս ինձ: Շատ ուրախ եմ, որ բաւական խրթին առարկաներու վրայ աղէկ պատասխանելու կարող եղեր ես: Երբ այս թուղթս ձեռքդ հասնի, թերեւս իրաւագիտութեան դպրոցին քննութիւններն ալ անցած կամ անցնելու վրայ պիտի ըլլաս: Թէ՛ իմ եւ թէ՛ մայրիկին ու Ասթինէին մաղթանքը քու յաջողութեանդ համար անշուշտ ի դերեւ չեն ելած, եւ կը յուսամ, որ նոյնպէս աղէկ լուրեր կ՚ընդունինք քանի մը օրէն այդ քննութեանց վրայ եւս:

Երբ քննութիւններդ ամբողջ ըլլան, կրնաս քանի մը օր Փարիզ հանգիստ ընել, եթէ ախորժիս կամ դառնալ անմիջապէս մեր քով:

Մենք դեռ չկրցանք մեկնիլ Բերայէն, մասնաւորապէս կարասեաց շինուելուն պատճառաւ. վասնզի պարտաւորուեցանք մեր սալօնն նորոգելու: Մտքերնիս վաղը շաբաթ գեղ ելնել է, եթէ կարգէ դուրս պատճառ մը դարձեալ արգելք չըլլայ:

Քու գիրքերուդ համար կաթողիկոսին հետ խօսեցայ: Որչափ գիրք ունիս, եւ կարծեմ թէ ասոնց ամէնը ուսումնական ու ըստ ինքնեան անմեղադրելի գիրքեր են, զամենը սնտուկի մը մէջ դիր եւ սնտուկը ուղղէ կաթողիկոսին եւ հասարակ ճամբով ուղարկէ: Սնտուկը առանց բացուելու կրնայ այսպէս մաքսէն անցնիլ եւ առանց դժուարութեան մեր ձեռքը հասնիլ: Խոհեմութեան համար ամենէն անմեղ գիրքերը սնտուկին վրան դիր:

Մօտերս քեզ նոր աշխատութեան մը քանի մը օրինակները պիտի ուղարկեմ զոր պիտի հասցունես քանի մը գիտնականաց որոնց հասցէները արդէն գիտես կարծեմ:

ՄՏԵՐՄԻԿ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

«Անահիտ» հանդէսը 1934 թուականին հրապարակած է նաեւ արեւմտահայ բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի մէկ մտերմիկ նամակը՝ ուղղուած Յովհաննէս Սագըզին, որ Պէշիկթաշլեանին հետ մտերիմ բարեկամ եղած է Հասունեաններու դէմ մղուած պայքարի ժամանակ:

Սիրեցեալ Սագըզ,

Երէկ հացկերոյթ ունիս եղեր, անուշներ ըլլայ ամէնուդ ալ. ով գիտէ, Վիչէն աղան որչափ ուրախացաւ, որ Պէշիկթաշլեանի ամէնակուլ կոկորդը ալ իրեն սարսափ եւ յուսահատութիւն չէր պատճառեր, բայց, հարկաւ, իմ կարգս ալ պիտի գայ, առ այժմ կը խնդրեմ, որ ձեր երէկուան սեղանին վրայ գտնուած պատուական պանիրէն օխա մը ինծի շնորհք ընես, եւ կերակուրի վրայ քիչ մը կ՚ուտեմ, եւ գէթ այսպէս մասնակցութիւն մը ունեցած կ՚ըլլամ Ձեր խրախճանաց։

Զիս մի՛ մոռնար։

Քոյդ՝
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2023