ՆԱՄԱԿՆ ՈՒ ԻՐ ՀԵՏՔԵՐԸ
Օրեր առաջ, երեւանաբնակ մտերիմ ընկերներէս եւ անկեղծ բարեկամներէս մէկէն նամակ մը ստացայ առ ի պատասխան վերջերս մամուլին մէջ նոր լոյս ընծայած յօդուածիս: Խորքին մէջ, նամակը հաճելի գնահատանք էր եւ դրական քննադատութեան ու վերլուծումի պիտակը կը կրէր:
Այդ գրութիւնը վայրկեանին խածած էր սիրտս եւ ուղեղս: Որովհետեւ թելադրանքի կողքին նաեւ ունէր կարօտի գոյն եւ տրամադրութիւն: Դառն իրականութիւն եւ մերկ ճշմարտութիւն:
Թէեւ բարեկամս ինծի համար հաճելի խօսակից մըն է, ինչպէս նաեւ փնտռուած խոհակից ու անկեղծ խորհրդակից, բայց իր այս նամակով նկատելի էր, թէ ինչպէ՞ս իր մտքին մէջ պար բռնած էր թարմ տագնապ մը ու այսպէս, հասկնալի եւ նոյնքան ալ մտահոգ բառերով կու գար փոյթով այդ մէկը ինծի հաղորդելու՝ հարազատօրէն:
Նամակը յստակօրէն կ՚ըսէր.
«... Հայուն հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու միակ վայրը այս աշխարհին մէջ հայկական գերիշխանութեան տակ գտնուող հայրենի տարածքն է, անկախ հոնտեղի վարչակարգէն, օրուան կամ վաղուան իշխանութիւններու եւ իշխանաւորներու ինքնութենէն...
... Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը լուծում չէ, ՆՊԱՏԱԿ չէ: Եւ քանի որ սկիզբէն իսկ դասական կառոյցները զայն նպատակ դարձուցին, ան ՁԱԽՈՂԵՑԱՒ:
... Հայապահպանումը պէտք է ըլլար եւ պէտք է ըլլայ ՄԻՋՈՑ, իսկ ՆՊԱՏԱԿԸ հայրենիք վերադարձն է (…)։
... Մեր ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, ներառեալ մեր ազգային գրեթէ բոլոր կառոյցներու մեծերը, կը սիրեն ապրիլ կեղծիքներու մէջ: Այդպէս շատ հաճելի է՝ պատասխանատուութեան հարց չկայ: Մէկ կողմէ՝ ամէն ձախողման համար օտարներն են մեղաւոր, իսկ միւս կողմէ՝ երազներու աշխարհին մէջ ամէն ինչ կրնաս երեւակայել իբրեւ իրականութիւն...»:
*
Նամակին նշեալ պարբերութիւնները ինծի առիթ տուին, որ ես դարձեալ ինքնազրոյցի մէջ իյնամ: Ինքզինքիս հետ հարցազրոյց ընեմ եւ անկէ բխած լուծումներուն ուրախ եւ տխուր հետեւանքները չափեմ:
Ըսի՛ ինքնազրոյց:
Կը կարծեմ, թէ ինծի նման շատեր այս նոյն միջոցին կը դիմեն, ձեւով մը իրենք զիրենք համոզելու եւ վերջապէս գտնելու իրենց միտքին հանգստութիւնը:
Բարեկամս իր նամակով, հայրենիք վերադարձի եւ ինքնագիտակցութեան բերող տողերով, իր մատը դրած էր օրուան հայուն բազկերակին վրայ ալ:
Իմ կարգիս, այս կարճ տողերուն մէջ կ՚ուզեմ արտայայտել այն բոլորը, որոնք նաեւ իբրեւ մտահոգութիւն, մտքիս մէջ ամբարուած են: Եւ ի տես նամակի տողերուն, հայ միտքս սկսած էր կրկին տառապիլ հայ ցաւերով, մաշեցնելով սիրտս ալ:
Կ՚ապրինք սփիւռքի մէջ, ուր յստակօրէն տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս ձեւականութիւնը խառնած ենք աւանդութեան: Նոյնիսկ սկսած ենք քալել ուրիշ երազներով: Այսքան պարզ: Գուշակ ըլլալու կարիք չկայ: Հո՛ս, մեր սեփական կեանքով գոյատեւելու ձգտումը կորսուած է: Նորութիւն մը չէ:
Նաեւ գաղտնիք չէ, եթէ ըսեմ, որ աշխարհի բազմազան ժողովուրդներու նման, մենք ալ, տարիներ առաջ, օր մը ընտանեօք, ինքնակամ ու յօժարակամ, ճակատագրի հովերէն քշուած, մեր ծնած երկիրներու խաղերուն զոհեր դարձած, եկած եւ հաստատուած ենք այս հսկայ «խառնարան-ձուլարան» երկրին մէջ, իբրեւ փրկութեան լաստ եւ կայան՝ փոխանակ հայրենիքին մէջ հաստատուելու: Ու թէեւ բոլորս ալ մեր արմատներէն մինչեւ յետին տերեւը մենք զմեզ ամէն բանէ առաջ հայ նկատած ենք, բայց… նաեւ կեցած ենք, զինաթափ կ՚ապրինք կեանքի անակնկալներուն առջեւ ու ամէն վայրկեան մխիթարական «բաներ» կը փնտռենք:
Արդէն օրին ամէնօրեայ դէպքերը սկսած էին մրճահարել մեր միտքերն ու հոգիները: Անոր համար միշտ յոյս կը մուրայինք, որպէսզի սփիւռքեան մեր երազը ապրէր: Ու գիտակցաբար կամ ոչ՝ սկսանք «ծամել-որոճալ» օտարներէն մեզի հրամցուածը: Իսկապէ՛ս շուարեցանք ու սկսանք հարց տալ. ի՞նչ բանի կառչիլ:
Նման հարցում մեզ ամէն օր շրջանակի մէջ առնելով, մեր սիրտերը կը սեղմէ, որուն իբրեւ արդար հետեւանք կը կորսնցնենք ներքին մեր անդորրութիւնն ու անոր կողքին մեր հոգեկան խաղաղութիւնն ու ժամերու երջանկութիւնը: Չենք անդրադառնար որ սփիւռքեան ծանր «հովերը» նոր աւերներ «կ՚աւետեն»: Աւելին՝ ժամանակի թելադրանքով՝ ձուլում կայ: Բայց… լուծում կը փնտռենք: Կը կարծենք, թէ մամուլ, եկեղեցի, դպրոց, հայ կեդրոն հիմնելով ու զանոնք քաջալերելով, պիտի կարենանք տարիներով երկար եւ հանգիստ գոյատեւել, առանց անդրադառնալու որ այսքանով մեր հարցերը չեն լուծուիր:
Հայը պէտք է նախ հայօրէն ապրի. կը շեշտենք: Էական է՝ հրաժարիլ յաւակնութիւններէ եւ ինքնախաբէութենէ: Հայրենիքը պէտք է բաբախէ մեր սրտերուն մէջ: Հայրենիքը պէտք է ըլլայ հայութիւնը միաւորող կամուրջ՝ հայ լեզուի նման: Փոխուած են ժամանակները եւ իրենց հետ՝ մեր ապրելու եւ գոյատեւելու պայմանները:
Քաջ գիտենք, որ հիմա ազատ եւ անկախ երկիր ունինք: Նաեւ կը հաւատանք, որ մեր փրկութեան միակ լաստը մեր հայրենիքն է: Ազգային արժէքներով լեցուն հայրենիք մը: Արդ, ի՞նչ իմաստ ունի սփիւռքի մէջ «նստիլ» եւ հայրենիքը կարօտնալ եւ զայն փնտռել: Ի՞նչ իմաստ ունի սփիւռքի մէջ ապրիլ եւ ամէն օր խօսքով հայրենիքը «սիրել», բայց չհասկնալ անոր ցաւերը, չմասնակցիլ անոր առօրեային:
Անկասկած, սփիւռքեան մեր միտքերը նոր զարթօնքի կարիք ունին: Իր կարգին, հայրենիքն ալ իր մտածումները արդար վերատեսութեան ենթարկելու կարիքն ու կարօտը ունի: Վերանորոգում:
Իբրեւ սփիւռքահայ, հաւատացէ՛ք, ի տես այս բոլորին, կը տառապինք: Այդ տառապանքը կը սկսի այն ատեն, երբ սփիւռքի մէջ ապրող հայը կը գիտակցի, որ ինք չի կրնար վերադառնալ հայրենիք կամ հոն պիտի չվերադառնայ զանազան յարգելի կամ ոչ-յարգելի պատճառներով:
Ան նաեւ մտահոգ է, թէ արդեօք հայրենիքն ալ պատրա՞ստ է իր գիրկը լայն բանալու եւ ծրագրուած ընդունելու աշխարհացրիւ իր զաւակները:
Ե՞րբ…:
Արցախը կորսնցուցինք, անոր հետ՝ արցախցին տեղահանուեցաւ ու դարձաւ տարագիր եւ մեզի նման «սփիւռքացի»:
Արդ, գիտակից, արդարամիտ եւ իր ազգով մտահոգ ղեկավարութեան կ՚իյնայ նման հարցումերուն դրական պատասխաններ տալը:
Կը սպասենք…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ