«ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ՝ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԵՒ ՈՒՍԱՆԵԼԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ
Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրն ու հանրաքուէն (1990-1991) փաստական կերպով նշեցին աւելի քան քառասնամեայ Պաղ պատերազմին աւարտը, որուն նշանները արդէն 1989-ին տրուած էին։ Այնուհետեւ, այդ շրջանը կարծէք մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ անտեսումի, եթէ ոչ մոռացութեան մատնուեցաւ։ Քօղ մը ծածկեց թէ՛ Հայաստան-Սփիւռք եւ թէ՛ ներսփիւռքեան բազմաթիւ դէպքերն ու երեւոյթները, ու այս վիճակին մէջ նաեւ դեր խաղացին ու կը խաղան հայաշխարհի քաղաքական իրադրութիւնը յետխորհրդային տարիներուն, Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի իբրեւ թէ ոչ-ուսուցողական բնոյթը, ժամանակային բաւարար հեռաւորութեան չգոյութիւնը, դերակատարներուն շատերուն ողջ (երբեմն՝ գործօն) ըլլալը, սկզբնաղբիւրներու անբաւարար մատչելիութիւնը, եւ այլն։
Ահա թէ ինչու խիստ գնահատելի էր ԱՄՆ-ի Միշիկըն-Տիրպոռն համալսարանի (Տիթրոյիթ) Միջին Արեւելքի եւ Հայոց պատմութեան դասախօս ու տեղւոյն Հայկական հետազօտութեան կեդրոնի վարիչ Տքթ. Արա Սանճեանի կողմէ մտայղացուած գիտաժողովը՝ «Հայերը եւ Պաղ պատերազմը» նիւթով, որ տեղի ունեցաւ անցեալ 1-3 Ապրիլին, համալսարանի «Քոչէֆ» լսարանին մէջ։ Այս աննախընթաց ու տարողունակ գիտաժողովը քովքովի բերած էր 21 զեկուցողներ՝ եօթ երկիրներէ (Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա, Հայաստան, Ռուսաստան, Արժանթին եւ Պրազիլ), հայ թէ օտար, որոնք երեք օրերու ընթացքին ներկայացուցին բովանդակալից զեկուցումներ։ Այս հաւաքոյթը կը վայելէր Հայկական ուսմանց եւ հետազօտութեանց ազգային ընկերակցութեան (NAASR), «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ շարք մը տիթրոյիթաբնակ ազգայիններու հովանաւորութիւնը։ Այստեղ պէտք է նշել գիտաժողովին անթերի կազմակերպումը, որ արգասիքն էր Արա Սանճեանի ու իր գործակիցներուն՝ Ճերըլտ Օթթենպրայթի ու Անի Գասպարեանի տքնաջան աշխատանքին։
Բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Ապրիլի երեկոյեան։ Բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին համալսարանի Արուեստներու, գիտութեանց եւ գրականութեան բաժանմունքի տեսուչը՝ Մարթի Հերշոք, «Արմինիըն Ռիվիւ» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Ասպետ Քոչիկեան եւ Հայկական ուսմանց եւ հետազօտութեանց ազգային ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Կրեկորի Աւդանտիլեան։ Ներածական խօսքով, Արա Սանճեանը բացատրեց գիտաժողովին շարժառիթները եւ ուրուագծեց Պաղ պատերազմի տարբեր փուլերը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ զեկուցումներու ընդհանուր բովանդակութեան, նշելով կարգ մը բնագաւառներ, ուր նիւթեր կարելի չէր եղած ապահովել, ինչպէս եւ հետազօտութիւնը խորացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Արա Սանճեանի համոզումով, «կը հաւատանք, որ Պաղ պատերազմի դարաշրջանի վերլուծումը, իր լարուած եւ յարաբերաբար հանդարտ շրջաններով, շատ կարեւոր է Հայոց ներկան հասկնալու համար, յատկապէս՝ յետեղեռնեան Սփիւռքի մէջ, ուր գործօն հաստատութիւններէ շատեր, ինչպէս եւ յարատեւող կազմակերպական բաժանարար գիծերը, նախապաշարումները եւ կարծրատիպերը, բոլորն ալ բիւրեղացան այդ տարիներուն ընթացքին»։
Առանց մտնելու երեք օրերուն ընթացքին ներկայացուած 21 զեկուցումներէն իւրաքանչիւրին մանրամասնութիւններուն մէջ, պիտի թուարկենք անոնց շօշափած նիւթերը, որոնք ընդհանուր գաղափար մը պիտի տան բովանդակութեան մասին. 1920-1930-ական թուականներու քրչական ապստամբութիւնները Թուրքիոյ մէջ, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եւ իսլամացած հայերը (Կարապետ Մոմճեան), Դաշնակցութեան քաղաքական ընթացքին վերիվայրումները 1941-1947 թուականին (Վահէ Սահակեան), Ամերիկահայերու ներգաղթը Խորհրդային Հայաստան (Հէյզըլ Անթառամեան-Հոֆման), «Հայրենիք Ուիքլի»ի (այժմ՝ «Արմինըն Ուիքլի») եւ «Արմինիըն Միրրոր-Սփէքթէյթըր» թերթերու բանավէճերը 1951 թուականին (Լեւոն Չորպաճեան), Ռուբէն Դարբինեանի գրութիւննները «Արմինիըն Ռիվիւ»ի մէջ (Կրեկորի Աւդանթիլեան), Դաշնակցութիւնը եւ Պաղ պատերազմը (Պենժամին Ալեքսանտր), «Յառաջ»ը եւ Պաղ պատերազմը (Ժիրայր Չոլաքեան), «Կարմիր» շարժումը Ֆրանսայի մէջ (Աստղիկ Ադամեան), Դաշնակցական եւ ոչ-դաշնակցական տեսակէտներու բանավէճ մը Արժանթինի մէջ 1947-1948 թուականին (Վարդան Մատթէոսեան), Սան Փաուլոյի հայ համայնավարները եւ պրազիլական ոստիկանութիւնը (Հէյթոր Լուրէյրօ), Խորհրդային եւ հակախորհրդային դաշտերու բաժանումը արժանթինահայ համայնքին մէջ (Խաչիկ Տէր Ղուկասեան՝ Skype-ով), Խորհրդահայ քաղաքականութիւնը Ֆրանսայի եւ Արժանթինի հայ համայնքներուն նկատմամբ 1930-1950-ին (Նելիտա Պուլղուրճեան), Խորհրդային-թրքական յարաբերութիւնները եւ թրքահայ համայնքը 1945-1964-ին (Գէորգ Պետրոսեան), Էջմիածին-Անթիլիաս յարաբերութիւնները (Հրաչ Չիլինկիրեան), Հայ Եկեղեցւոյ տագնապը 1956-1963-ին եւ Միացեալ Նահանգներ (Ճէյմզ Սթոքըր), Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ քաղաքական զինակցութիւնը 1982-ին՝ Հայաստանի Ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակին նկատմամբ (Էլտատ Պեն-Ահարոն), Թրքահայ համայնքի ինքնութեան վերափոխումը 1980-ական թուականներուն (Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու), Կիլիկիոյ հայկական պետականութեան պատմագրութիւնը եւ խորհրդային-արեւմտեան յարաբերութիւնները (Սամուէլ Գրիգորեան), Մեծ Եղեռնի յիշողութիւնը Խորհրդային Հայաստանի մէջ (Անոյշ Յովհաննիսեան), Խորհրդային Հայաստանի «հիփփի»ներու շարժումը (Տիգրան Մաթոսեան)։
Անշուշտ, կարելի է նկատել, թէ գիտաժողովին նիւթերու ցուցակը հեռու էր սպառիչ ըլլալէ, ինչ որ պէտք է վերագրել առաջարկներու բացակայութեան (օրինակ՝ գրական նիւթերու շուրջ), սակայն, թէեւ պատմական ու քաղաքական նիւթերը գերակշիռ էին, ան նաեւ տեղ տուած էր այլ հայեացքներու ներկայացումին։
Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին, զեկուցումները ուղեկցուած էին յատուկ քննարկողներու կարճ ակնարկներով, ինչպէս եւ հարց ու պատասխանի շահեկան բաժիններով, ուր մասնագիտական հայեացքը կարեւոր տեղ մը ունեցաւ՝ ճշդումներով եւ աշխոյժ բանավէճերով։ Կարգ մը զեկուցողներ (Աստղիկ Ադամեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Էլտատ Պեն-Ահարոն, Պենժամին Ալեքսանտր, Վահէ Սահակեան) նաեւ քննարկողներու դերը ստանձնած էին, որոնց պէտք է աւելցնել յատկապէս հրաւիրուած Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի, Ասպետ Քոչիկեանի եւ Գէորգ Պարտաքճեանի ներկայութիւնը։
Տեղի ունեցան նաեւ երկու յատուկ նիստեր, ուր քննարկուեցան Պաղ պատերազմի ժամանակագրութիւնը եւ անոր ժառանգութիւնը, ինչպէս եւ ներկայացուեցան առաջարկներ՝ հետագայ հետազօտութեան համար։
Կ՚արժէ նշել գիտաժողովին կարգ մը հիմնական յատկանիշները.
ա) Գրեթէ չպեղուած, երբեմն «վտանգաւոր» նիւթերու արծարծումը։
բ) Մամուլի եւ արխիւներու լայն օգտագործում։
գ) Գիտական հայեացքի տիրապետութիւնը՝ ամենէն բարդ ու խնդրայարոյց նիւթերուն մէջ անգամ։
դ) Ծանօթ եւ անծանօթ դէպքերու շուրջ նոր ծալքերու բացում։
Յատկապէս շեշտուեցաւ արխիւներու մատչելիութիւնը ապահովելու՝ հաւաքելու եւ պահպանելու անհրաժեշտութիւնը տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ, ինչ որ բազմիցս արծարծուեցաւ տարբեր հանգրուաններու ընթացքին։
Կը նախատեսուի, որ ուսումնասիրական նոր հեռանկարներ բացող գիտաժողովին զեկուցումները մօտ ատենէն լոյս տեսնեն «Արմինիըն Ռիվիւ» հանդէսի յատուկ թիւով։ Յիշենք, որ անոնց ամփոփումները լոյս տեսած էին յատուկ գրքոյկով, որուն պատճէնը նաեւ կարելի է գտնել համացանցի մէջ (www.academia.edu)։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ