«ՀՈՍ ՉԷ՛ ԱՆ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՒ»
Քրիստոնեայ աշխարհը օրերս կը տօնախմբէ իր գլուխը հանդիսացող Քրիստոս Փրկիչին յարութեան յիշատակը: Յիշատակ մը, որ ամբողջ մարդկութեան ընկալումը փոխեց կեանքի ու մահուան մասին: Մինչեւ Քրիստոսի ժամանակաշրջանը մարդիկ իրենց փիլիսոփայական դեգերումներով կ՚աշխատէին հասկնալ ու ենթադրել, թէ ֆիզիքական այս կեանքէն ետք, արդեօք ուրիշ կեանք կա՞ր: Որոշ փիլիսոփայական ուղղութիւններ կամ ժողովուրդներ հասած էին այն մտածմունքին, որ շատ հաւանաբար այս կեանքէն ետք այլ կեանք գոյութիւն ունէր, բայց տակաւին չէին յաջողած հաստատել ու փաստել իրենց ենթադրութիւնները:
Եւ ահա, երբ մարդուն միտքը չարչրկուած էր կեանքի, մահուան եւ յետ մահու իրենց սպասող վիճակներուն մասին, Գալիլիայի մէկ անկիւնը, խեղճուկ ախոռի մը մէջ, պարզ ու համեստ ընտանիքի մը մէջ, ծնաւ Մանուկ մը: Մանուկ մը, որ իր մանկութեան օրերէն բազմաթիւ զարմանալի դէպքերու դէմ յանդիման կանգնեցուց Իր ծնողները: Մանուկ մը, որ մեծնալէն ետք, եկաւ Յորդանան գետ, Յովհաննէս կոչուող մարդու մը մօտ, որ ծանօթ էր Մկրտիչ մականունով, անոր ձեռքէն մկրտութիւն ստացաւ, որով սկսաւ Իր առաքելութեան, այն առաքելութեան՝ որուն համար ուղարկուած էր: Մկրտութենէն ետք սկիզբ առաւ Իր երեքամեայ ծանրաբեռնուած կեանքի շրջանը, որ այդ օրերուն եւ մանաւանդ յետագային պիտի յեղաշրջէր շատերու կեանքը: Երեք տարիներու ընթացքին Ան Իր ուսուցումներով, հրաշագործութիւններով եւ բարեգործութիւններով զարմացուց Իր հետեւորդները եւ այդ զարմանքով անոնց մէջ սերմանեց աւետիսը փոխանցելու քաջութիւնը, աւետիս մը, որու պատճառով անոնցմէ շատեր իրենց կեանքը պիտի զոհէին յանուն այդ պարզ Մարդուն: Այդ Մարդը, Իր երեքամեայ քարոզութեան ընթացքին, Իր անմիջական հետեւորդներուն մի քանի անգամ խօսած էր, թէ Ինք պիտի երթար Երուսաղէմ, այնտեղ պիտի մատնուէր հրեայ առաջնորդներուն ձեռքը, որոնք պիտի չարչարէին զԻնք, եւ նոյնիսկ պիտի սպաննէին: Բայց Ան վստահեցուցած էր անոնց նաեւ, որ Ինք մեռնելէն ետք յարութիւն պիտի առնէր, մեռելներու աշխարհին մէջ պիտի չմնար: Բնականաբար, այդ օրերուն Իր հետեւորդները երբ կը լսէին այդ խօսքերը, ճիշդ կերպով չէին հասկնար ըսուածներուն իմաստը, եւ ոմանց համար ալ տարօրինակ կը թուէին այդ խօսքերը, ինչպէս՝ այսօր, երբ այդ ժամանակաշրջանէն արդէն երկու հազար տարի անցած է, շատերուս համար ո՛չ միայն տարօրինակ կը թուին այդ խօսքերը, այլեւ՝ անհաւատալի:
Այսպէսով, հրէական տօնի մը առիթով այդ Մեծ Մարդը Իր հետեւորդներուն հետ կու գար Երուսաղէմ, ուր կը դիմաւորուէր թագաւորի մը նման: Սակայն, շուտով այդ թագաւորական դիմաւորութիւնը պիտի վերածուէր մահապատիժի երթաս բարովի, որով այդ յաղթական մուտքէն օրեր ետք, Ան Ի՛ր իսկ աշակերտին ձեռքով պիտի մատնուէր հրեայ առաջնորդներուն, որոնք իրենց կարգին զԻնք պիտի տանէին հռոմէացի կառավարիչին մօտ, խնդրելով անկէ, որպէսի խաչը հանէ զԻնք. եւ ահա մարդկային ապերախտութեան ամենէն նողկալի օրինակներէն մէկը. նոյն մարդիկ, որոնք օրեր առաջ նոյն այդ Մահապարտը դիմաւորած էին ըսելով՝
«Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին,
օրհնեալ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով:
Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին» (Մտ 21.9),
նոյն այդ մարդիկը այս անգամ Պիղատոսին պիտի ըսէին՝ «Խա՛չը հանէ զայն: Խա՛չը հանէ զայն» (Մր 15.13-14):
Ու ահա պիտի կատարուէր մարդկային պատմութեան ամենէն մեծ անարդարութիւնը: Այդ Մեծ Մարդը, որ խեղճուկ ախոռի մը մէջ ծնած էր, ապրած էր համեստ կեանքով, սակայն Իր ուսուցումներով եւ հրաշագործութիւններով յայտնած էր Իր ո՛վ ըլլալը, ձեռքերը պիտի տարածէր խաչափայտին վրայ ու Իր հոգին «աւանդէր»: Ան, որ կեանքի Տուիչն ու Պարգեւիչն էր, Ան, որ Արդարութեան Իշխանն էր, Ան, որ ամբողջ տիեզերքի Արարիչն էր, Ան, որ թագաւորներու Թագաւորը եւ իշխաններու Իշխանն էր, եւ ի վերջոյ Ան, որ մեր՝ մարդ արարածներուս Ստեղծիչն էր, մեր իսկ հողեղէն ձեռքերով պիտի գամուէր խաչափայտին վրայ, մեր մահամուրհակը վճարելով Ամենակալ Արարիչին՝ Հօր Աստուծոյ: Ապա, իր մտերիմներուն կողմէ խաչափայտէն պիտի իջեցուէր եւ դրուէր ժայռափոր գերեզմանի (քարայրի) մը մէջ:
Պահ մը մտածեցէք Իր հետեւորդներուն հոգեվիճակը, պահ մը մտածեցէք անոնց խառնաշփոթ վիճակին մասին, իրենց սարսափած վիճակին մասին: Ան, որ իրենց աչքերուն առաջ զարմանահրաշ գործեր կատարած էր, յանկարծ զԻնք որպէս անշունչ մարմին յանձնած էին հողին. Ան, որ մեռելներուն կենդանութիւն շնորհած էր, խաչափայտին վրայ իր շունչը փչած էր. Ան, որ Իր Հօր տուն պղծողները վռնտած էր անկէ, անոնցմէ վռնտուած՝ խաչը ուսերուն բարձրացած էր Գողգոթա. Ան, որ սաստած էր կեղծաւոր հրեայ ուսուցիչները, անոնց ձեռքով քանակոծուած էր: Պահ մը այս բոլորը մեր աչքերուն առջեւ ունենալով, մտածենք Անոր անմիջական ու մտերիմ հետեւորդներուն մասին...
Անոր հետեւորդները այս բոլոր իրադարձութիւններէն ետք կարծէք արդէն սկսած էին համակերպիլ կատարուածին եւ մոռցած էին իրենց Ուսուցիչին ըսածները, թէ Ես այնտեղ՝ գերեզմանին մէջ պիտի չմնամ, այլ՝ յարութիւն պիտի առնեմ: Իր հետեւորդները ո՛չ միայն մոռցած էին այդ բոլոր ըսուածները, այլեւ՝ յուսահատութեան գիրկը ինկած էին եւ սարսափի մթնոլորտի մէջ պահուըտած էին, վախնալով հրեայ առաջնորդներէն, որ յանկարծ զիրենք ալ կը ձերբակալեն ու կը չարչարեն, որովհետեւ անոնք անոնց աչքերուն առջեւ շրջած էին գալիլիացի այդ Վարդապետին հետ:
Այս թոհուբոհին մէջ սակայն, Անոր հետեւող կիներէն մէկ քանին, համաձայն իրենց ազգային աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն, Անոր թաղումէն երեք օր ետք եկած էին գերեզման, որպէսզի օծեն Անոր մարմինը: Եւ ահա անսպասելին...
Տեսնենք, թէ Ղուկաս աւետարանիչ ի՛նչպէս կը ներկայացնէ այդ պատահածը.
«Կիրակի առաւօտ շատ կանուխ, Մարիամ Մագդաղենացին, Յովհաննան եւ Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, ուրիշ կիներու հետ գերեզման եկան՝ իրենց հետ բերելով իրենց պատրաստած խունկերը։ Գերեզմանին մուտքը փակող քարը գլորուած գտնելով՝ ներս մտան, բայց Տէր Յիսուսի մարմինը հոն չգտան։ Մինչ պատահածին վրայ զարմանքէն ապշած էին, ահա երկու լուսազգեստ մարդիկ իրենց քով կանգնեցան։ Կիները սարսափեցան եւ վախէն իրենց դէմքը գետին դարձուցին։ Մարդիկը ըսին իրենց.
-Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք։ Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ։ Յիշեցէ՛ք ինչ որ ըսաւ՝ մինչ տակաւին ձեզի հետ Գալիլիա կը գտնուէր, թէ Մարդու Որդին պէտք էր յանձնուէր մեղաւոր մարդոց ձեռքը, պէտք էր խաչուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր։
Եւ յիշեցին անոր խօսքերը։ Ապա գերեզմանէն վերադարձան եւ ինչ որ տեսան՝ պատմեցին տասնմէկ առաքեալներուն եւ բոլոր միւս աշակերտներուն։ Ասիկա առաքեալներուն պատմողները իրենք էին՝ Մարիամ Մագդաղենացին, Յովհաննան, Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, եւ իրենց ընկերացող միւս կիները։ Առաքեալները ցնդաբանութիւն համարեցին անոնց պատմածները եւ չհաւատացին։ Բայց Պետրոս ելաւ գերեզման վազեց, ծռելով ներս նայեցաւ եւ գերեզմանին մէջ միայն պատանքը տեսաւ. ու զարմացած վերադարձաւ՝ մտածելով թէ ի՞նչ պատահեցաւ արդեօք» (Ղկ 24.1-12):
Ահաւասիկ այն եղելութիւնը, որ ամբողջ մարդկութեան պատմութիւնը յեղաշրջեց, միաժամանակ յեղաշրջելով մարդ արարածին ներաշխարհը: Վերը արդէն նշած էի, թէ մինչեւ Քրիստոսի աշխարհ գալուստը մարդը որոնումներու մէջ էր, եւ ահա Տիրոջ հրեշտակը կու տայ այդ որոնումներուն ու հարցադրումներուն պատասխանը. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք։ Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ»: Աւետիս մը, որ ուղղուած է իւրաքանչիւր մարդու. Տէ՛րդ, որ քեզ ստեղծեց, քեզի տուաւ այս ամբողջ աշխարհը ապրելու համար, սակայն դուն քու անհնազանդութեանդ պատճառով մերժեցիր այդ պարգեւը եւ հեռացար Իրմէ, ահաւասիկ Ի՛նք եկաւ այցելելու քեզի, ո՛չ թէ պարզ այցելութիւն, այլ՝ փրկաբեր ու կենասաբեր այցելութեամբ մը, որով Աստուած ըլլալով՝ որպէս մարդ յայտնուեցաւ մեր մէջ, մեր բոլոր կրումները կրեց՝ բացի մեղքէն, քարոզեց, սորվեցուց, սէր ու ողորմութիւն տարածեց, բժշկեց, բայց այս բոլորին դիմաց տանջանք ու չարչարանք ստացաւ, նոյնիսկ մահը ճաշակեց, բայց՝ յարութիւն առաւ, որովհետեւ Ի՛նք յաւիտենական Ո՛ղջն է, որ կեանքը կը պարգեւէ Իրեն հաւատացողներուն եւ Իրեն յուսացողներուն: Հրեշտակը ա՛յդ էր, որ կ՚աւետէր, Ողջը մեռելներուն մէջ մի՛ փնտռեր, Ան այստեղ չէ, այլ՝ յարութիւն առած է: Այս ուղղութեամբ ինչքան խօսուն է յարութեան շրջանի Սուրբ Պատարագի ժամանակ երգուած ժամամուտը, ուր կը կարդանք.
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.
մահուամբ զմահ կոխեաց
եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց.
նմա փառք յաւիտեանս: Ամէն»:
Այնքան պարզ եւ յստակ նկարագրուած է. Քրիստոս, յարութի՛ւն առաւ մեռելներէն, եւ ո՛չ միայն այսքան. Ի՛ր մահով Ան յաղթեց մահուան, կոխեց մահուան վրայ. ասոր վառ ապացոյցը նոյնինքն մեր Տիրոջ խօսքերն են. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33): Եւ ի վերջոյն, ժամամուտին նկարագրութեամբ, Ան Ի՛ր յարութեամբ, մեզի կեա՛նք պարգեւեց, կեա՛նք շնորհեց, ո՛չ թէ մահկանացու կեանք, այլ՝ անմահ կեանք, յաւիտենական կեանք:
Ողջ մեռելներուն մէջ չփնտռենք, մենք մեր քմահաճոյքներուն զոհը չերթանք, մենք մեզ մեր հաճոյքներուն ստրուկը չդարձնենք, որով մենք մեզ մահուան դատապարտենք եւ մահուան ստուերներուն մէջ պտըտինք, այլ՝ ողջերու Ո՛ղջին հետեւելով, յարութիւն առնենք Անոր հետ մեր մեղաւոր կեանքէն, որպէսզի յաւիտեան ապրինք Անոր ներկայութեան մէջ:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
15 ապրիլ 2019, Վաղարշապատ