ՄՈՒՇԵՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ (1869-1951)

Անցեալ շաբթուան մեր սիւնակով ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցինք Մուշեղ Եպս. Սերոբեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Ներկայացուցինք Սերոբեան Սրբազանէն որոշ մտածումներ: Այսօր եւս պիտի ներկայացնենք Մուշեղ Սրբազանէն մտածումներ: Սրբազանը իր «Կրօնի դասեր» շարքին մէջ, դասատետր մը յակտացուցած է Քրիստոնէական բարոյականին:

Բարոյականութիւնը ներկայ ժամանակներուն եւ բոլոր ժամանակներուն մարդ արարածի առօրեային ամենէն կարեւոր երեւոյթներէն մէկը եղած է: Երեւոյթ, աւելի ճիշդ իրողութիւն մը, որ մարդկութեան պատմութեան դարաւոր թաւալքի ընթացքին իր ուրոյն եւ կարեւոր տեղն ու դերը ունեցած է ժողովուրդներու եւ ազգերու կեանքէն ներս:

Ոմանք բարոյականութեան մօտեցած են որպէս սրբութիւն: Ոմանք բարոյականութիւնը իրենց հաճոյքներուն հակառակ գտնելով, պայքարած են անոր դէմ, զայն անկարեւոր համարելով: Ոմանք հասկնալով ու գիտակցելով, թէ բարոյականութիւնը ճշմարտութեան ամենէն զօրաւոր զէնքերէն մէկն է, փորձած են զայն ստութիւններով ծածկել, յուսալով խամրեցնել անոր ազդեցութիւնը:

Արդարեւ, իր «Կրօնի դասեր. Քրիստոնէական բարոյականը» դասատետրին սկիզբը զետեղած ներածութեան մէջ այսպէս կը գրէ բարոյականութեան մասին.

• Բարոյականը անցեալին հաւատալիքներէն միակն է, որ հեղինակութիւն մը պահած է մեր ժամանակակից ընկերութիւններուն մէջ: Բայց ա՛յն ալ խախտած է մինչեւ իր առաջին հիմերը: Առանց խօսելու այն յոռի բարքերու մասին, որոնք ամէն ժամանակներու վէրքը եղած են, եւ որոնք այսօր հազուադէպ անամօթութիւնով (cynisme) մը կը ցուցադրուին, մեր ելեւմտական գայթակղութիւնները չե՞ն ցուցներ, թէ անցած է հին նախապաշարումներուն պարզ պարկեշտութիւնը, ուրկէ մերկանալ կը փութան մարդիկ: Սուտն ու երգիծանքը ամէն վիճաբանութիւններու հոգին եղած չե՞ն, եւ իբրեւ եզրակացութիւն, աղանդ մը, որ արիւնախանց անբաններէ կազմուած է միայն, չի՞ յայտարարեր, թէ ներելի է կողոպտել կամ սպաննել իր դրացին, միայն անոր համար, որ թերեւս օգուտ մը քաղէ ընկերական դերի գործանաւորութեան մը առաւելութիւններէն: Այսպէս, իրաւամբ, մեր օրերուն, բարոյականը կը կազմէ մտազբաղումը բոլոր լուրջ խորհողներուն, եւ մասնաւորապէս բոլոր դպրոցներու փիլիսոփաներուն. որովհետեւ ասոնց ամէնքն ալ կ՚ըմբռնեն, թէ առանց բարոյականի, եւ անհատական բռնաբարութիւններու եւ կիրքերու բացարձակ տիրապետութեան ներքեւ, ոչ մէկ տեսակ քաղաքակրթութիւն չէ՛ կարելի: Դժբախտաբար իրենց կարծիքներու տեսականը (théorie) յարմար չեն թուիր չարիքը դարմանելու: Իրարու հակասելն է իրենց դոյզն յանցանքը: Ստուգութիւններու ծարաւի ենք եւ անոնք դրութիւններ կու տան մեզի: Երբեմն հանճարեղ են այս դրութիւնները, բայց անոնք միշտ իրենց հետ կը բերեն շինծու կարգադրութիւններու նկարագիրը եւ ամբողջ բարոյականին էական պայմաններու մասին -անձնիշխանութիւն, պարտք, վարձք- յաճախ պարզ ուրացումներով կը սկսին խօսիլ («Կրօնի դասեր. Քրիստոնէական բարոյականը», Կ. Պոլիս, 1910, էջ 7-8):

Քրիստոնէական բարոյականին մասին խօսելով, Սերոբեան կը գրէ.

• Պատմութեան իւրաքանչիւր դարաշրջան իր նկարագիրը ունի բարոյական հաւատալիքներու զարգացումին մէջ: Այսօր մենք պէտք ունինք բարոյականի մը, որ իր ապացոյցները ունեցած ըլլայ: Քրիստոնէական բարոյականը միայն կը համապատասխանէ այս պայմանին: Անիկա է միակ ծառը, զոր պիտի կրնանք դատել իր պտուղներէն եւ Քրիստոնէական բարոյականն է եղած սկզբունքը ընկերական բոլոր յառաջդիմութիւններուն, ուրկէ ծագում առած է արդի քաղաքակրթութիւն. եւ ա՛յն թռիչքով՝ զոր անի դրոշմած է մարդկային գործունէութեան վրայ, առաջին պատճառն է եղած արուեստական, գիտական եւ ճարտարարուեստական բոլոր զարգացումներուն՝ որոնք մարդկութեան մեծութիւնը կը շինեն: Բոլոր այս կերպափոխութիւնները առաջ եկած են ծոցը ա՛յն ժողովուրդներուն, որոնք Քրիստոնէութիւնը ընդունած էին, ըստ բաւականին մաքուր եւ կատարեալ ձեւի մը տակ եւ խորապէս տոգորուած էին անով. միւսները՝ ամէն ազգէ, որոնց ամենէն յառաջադէմները հասած էին Հռովմէական պետութեան ունեցածին նման մշակութեան դիրքի մը, այլեւս չեն կրցած քշել անցնիլ քաղաքակրթութեան այս աստիճանը: Իրենց պատմութիւնը փոխանակ յառաջդիմական զարգացում մը ըլլալու, երկարաձգուած անկումի մը պատմութիւնը եղած է, եւ մեր օրերուն, եւրոպական ազգերու միջամտութիւնը պէտք է, անոնց մէջ նոր կեանք մը ծնցնելու համար: Տասնեւինն դարերէ ի վեր, աշխարհի մէջ նշանակելի զարգացում մը տեղի չէ՛ ունեցած Քրիստոնէութենէն դուրս: Պատմական այս մեծ իրողութիւնը բոլոր հրաշքներէն աւելի փայլուն ապացոյց մը չէ՞ Քրիստոնէական բարոյականին ազդուութեանը:

Քրիստոնէական բարոյականը ամբողջովին ամփոփուած է Նոր կտակարանին մէջ, գիրք՝ որ բազմահատոր չէ, եւ ամենուն տրամադրութեան տակ կը գտնուի, եւ կը թուի, թէ այդ գիրքին (Նոր կտակարան) ընթերցումը բաւական պիտի ըլլայ իւրաքանչիւրին կատարեալ ծանօթութիւններ տալ անոր մասին: Ասիկա ճշմարիտ է, բայց մէկ պայմանով միայն, պէտք է որ այս ընթերցումը խիստ ուշադիր եւ շատ լուրջ ուսումնասիրութիւն մը ըլլայ, եւ մենք ամէն մարդէ ասանկ աշխատութիւն մը չպիտի կրնայինք պահանջել: Որովհետեւ բարոյական բոլոր պատուիրանները ցրուած են՝ անկարգ եւ առանց մեթոտի աւետարաններուն եւ թուղթերուն մէջ, եւ թէ շատ անգամ անոնք ընկերացած կը գտնուին թէ՛ վարդապետական ուսուցումներու եւ թէ զանազան պատահարներու եւ իրողութիւններու նկարագրութեան, այնպէս որ միշտ դիւրին չէ՛ գնահատել անոնց իրական տարողութիւնը (portée), եւ անոնց ամբողջութիւնը ըմբռնել: Նմանապէս շատ մը մարդերու մէջ Քրիստոնէական բարոյական բառերը տարտամ եւ շփոթ գաղափարի մը կը համապատասխանեն միայն…:

Ինչպէս ըսի, Քրիստոնէական բարոյականը ամբողջովին կը բովանդակուի Նոր կտակարանին մէջ: Քրիստոնէական թուականի Բ. դարու կէսէն սկսեալ, այս հաւաքածոյին մէջ պարունակուած բոլոր գրուածները, բացի թերեւս քանի մը երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող թուղթերէ, ճանչցուած էին այն ատեն գոյութիւն ունեցող բոլոր եկեղեցիներէն, եւ ընդունուած իրենց ամբողջութեանը մէջ, իբրեւ հիմնական տօքիւման քրիստոնէական կրօնի: Անկէ ի վեր անցնող դարերու երկար շարքին մէջ, իրարու յաջորդող բոլոր սերունդները այդ գիրքէն քաղած են իրենց հաւատքին եւ իրենց պարտքերուն կանոնը, ճանչնալու համար Քրիստոնէական բարոյականը, այսինքն քրիստոնեայ ժողովուրդներու դաւանած բարոյականը, բաւական է ուրեմն դիմել այն գիրքին՝ որուն տասնեւինը դարերէ ի վեր կրկնուած ուսուցումը բաւական խոր թափանցած է ժողովուրդներու սիրտին մէջ, հոն իբրեւ մարդկային գիտակցութեան բնական ձայնը երեւնալու համար: Նոր կտակարանի բնագիրին եւ լրացուցիչ մասերուն վրայ հմուտ աշխատասիրութիւնները անօգուտ են եղած: Որչափ ատեն ասոնք աւելի լոյս կը սփռեն Յիսուսի եւ առաքեալներուն ուսուցմանը վրայ, անվիճելի ծառայութիւն մը կը մատուցանեն (Նոյն՝ անդ, էջ 8-9, 10-11, 14):

Ներածականէն ետք Մուշեղ Սրբազան դասագիրքը բաժնած է տաս գլուխներու, հետեւեալ խորագրերով.

ա. Քրիստոնէական բարոյականի ծագումն ու հեղինակութիւնը:

Այս գլուխին տակ Սերոբեան կը գրէ.

• Քրիստոնէական բարոյականը՝ իր ծագումին մէջ, չենք կրնար բոլորվին անջատ եւ անկախ նկատել Հին կտակարանի բարոյական օրէնքէն, որ իբրեւ Աստուծոյ հրաման մը կ՚երեւի Հին ուխտի պատմութեան մէջ: Ազատ էակին՝ մարդուն՝ գործելու կերպերը կանոնաւորապէս ճշդող, եւ անոր բարոյական տարբերութիւնները սահմանող որեւէ օրէնք չպիտի կրնար պարտաւորիչ ըլլալ մարդուն համար, եթէ բարձրագոյն զօրութենէ մը, Ստեղծողէ մը բխած չըլլար: Այս հաւատքը հաստատուն արմատ ձգած էր այն երկրին եւ այն մարդերուն մէջ, ուր մեծցաւ Յիսուս եւ որոնց քարոզեց, Իր հրապարակային կեանքին մէջ: Ուրեմն, Յիսուս այդ մարդերու բարոյական ու վարդապետական ուսուցում մը ընելէ առաջ, պարտաւոր էր հաստատել, թէ Աստուծմէն Իրեն իշխանութիւն եւ կարողութիւն տրուած էր, հին օրէնքը կատարելագործելու, ընդլայնելով յապաւելով, եւ նորանոր պատուէրներ դնելով այն հիներուն տեղ, որոնք մարդուն տրուած էին հին ժամանակներուն մէջ: Առանց այս իրաւասութեան կարելի չպիտի ըլլար հին օրէնք մը կատարելագործել (Նոյն՝ անդ, էջ 17-18):

բ. Քրիստոնէական իտէալը:

Այս գլուխին տակ հեղինակը կը գրէ.

• Մարդիկ շատ անգամ սխալ գաղափար մը կազմած են իրենց կեանքի մասին, եւ կարծած են, թէ իրօք աշխարհ եկած են, սոսկ ապրելու, եւ իրենց երջանկութեան կամ իրենց անձնական բաղձանքներուն գոհացումը փնտռել՝ գտնելու համար: Քրիստոնէական բարոյականը ատկէ բարձր կոչումի մը կ՚առաջնորդէ մարդերը, եւ մեզի կը զգացնէ, թէ մենք աշխարհի մէջ մեզի համար չենք ծնած, թէ մենք աստուածային գործի մը գործաւորներն ենք, ու միեւնոյն ժամանակ Աստուծոյ գործակիցները, Իր արարչութիւնները եւ անոնց երեւոյթները ամբողջացնելու համար: Մեր այս կոչումը երբ ըմբռնենք, ալ դիւրին կ՚ըլլայ մեզի համար համոզուիլ, թէ մեր գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլայ երկրի վրայ Աստուծոյ թագաւորութեան իրականցումը (Նոյն՝ անդ, էջ 21-22):

գ. Նախորդ բարոյականին էական սկզբունքները կը հաստատուին:

դ. Քրիստոնէական բարոյականի ընդհանուր պատուիրանները:

Այս գլուխին տակ կը գրէ.

• Յիսուս Աստուծոյ թագաւորութիւնը ուզեց հիմնել աշխարհի մէջ: Բարոյական պատուիրաններու գոյութիւնը անհրաժեշտ էր այդպիսի նպատակ մը իրագործելու համար: Հին օրէնքին պատուէրները կային մէջտեղ. բայց անոնք անզօր էին այդ թագաւորութիւնը կարենալ հաստատելու համար. քանի որ այս թագաւորութիւնը բարոյական նոր յառաջդիմութիւն մը պիտի ըլլար, եւ հին օրէնքը, ինչպէս ըսինք, նոր յառաջդիմութիւններ ծնցնելու կարող ուժը չունէր այլեւս: Ասկէ առաջ կու գար բոլորվին նոր պատուիրաններու անհրաժեշտ պէտքը: Այդ նոր պատուիրանները որոնք հին օրէնքը պիտի ամբողջացնէին, կոչում պիտի ունենային բարեփոխելու մարդկութեան ապականուած սիրտը, որպէսզի կարելի ըլլար անհատներու բարեփոխումովը մարդկային ընկերական կարգ ու սարքն ալ բարեփոխել: Մաքուր սիրտերու անմիջական արդիւնքը պիտի ըլլար մաքուր ընկերականութիւնը: Այս նպատակով Յիսուսի կողմէ հաստատուած նոր ուսուցումներէն ոմանք բացարձակ ընդհանրականութիւն մը ունին, իսկ միւսները՝ ասոնց հետեւութիւններն են միայն, եւ որոնց ամբողջութեան մէջ ամփոփուած են էական եւ անհրաժեշտ պայմանները Աստուծոյ թագաւորութեան իրականացումին:

Այդ նոր ուսուցումներու առաջինն է սիրոյ մեծ պատուէրը կամ մարդասիրութիւնը (charité): Պէտք է ըսել, թէ սիրոյ այս օրէնքը միմիայն քրիստոնէական բարոյականին յատուկ է: Հին օրէնքին ինչ ինչ տրամադրութիւնները սէրը պարտաւորիչ կ՚ընէին միմիայն ընկերին կամ բարեկամին համար: Յիսուս չափազանցօրէն կը լայնցնէ սիրոյ շրջանակը, եւ Իր նոր ուսուցումով մեզմէ կը պահանջէ, որ ոչ միայն սիրենք մեր ընկերը, մեր անձին պէս, այլեւ ուրիշներն ալ սիրենք ա՛յնպէս, ինչպէս Ինքը մեզ սիրեց: Քրիստոնէական սէրը տիեզերական եղբայրութիւն մը կը ստեղծէ մարդկութեան համար, եւ այդ պայմաններուն մէջ ապրող մարդկութեան իւրաքանչիւր անդամէն կը պահանջէ, որ պատրաստ ըլլան ամբողջովին զոհուելու իրենց եղբայրներուն համար, կամ Աւետարանիչին ըսածին պէս, իրենց անձերը իրենց եղբայրներուն համար տալու։ Այս սկզբունքով ամենէն աւելի յարձակում կը կրէ եսասիրութիւնը, որ ժխտումն է նմաններու հանդէպ պարտական եղած մեր սիրոյն, որ մեզի ընել կու տայ ամէն ինչ որ մեր եսը պիտի արգիլէր ընել: Այդ տիեզերական մարդասիրութեան աւետարանական սկզբունքին մէջ մարդերու խտիր գոյութիւն չունի այլ եւս, այնպէս որ այդ նոր ուսուցումին հետեւանքով ոչ միայն պարտաւոր պիտի ըլլանք սիրել մեր բարեկամները, այլեւ պարտական պիտի ըլլանք սիրել զանոնք, որ մեզի չարիք կը հասցնեն, մեզի դէմ անիրաւութիւններ կ՚ընեն, եւ որոնք մէկ խօսքով մեր ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՆ են: Այս հանգամանքով մեզի աւանդուած սիրոյ պատուէրը, բացարձակ պատուէր մըն է, եւ յատուկ է Աւետարանի (Նոյն՝ անդ, էջ 40-42):

ե. Ընկերային կազմակերպութիւն:

զ. Անհատը. Անձնական յարաբերութիւններ. Արդարութիւնը:

Մուշեղ Սրբազան կը գրէ.

• Քրիստոնէական ուսուցումը ընդհանուր պարտքերու մէջ սահմանափակուած չէ միայն: Աւետարանին տեսակէտով հիմնուած նոր մարդկութեան առաջադրուած կարգն ու սարքը կարենալ երաշխաւորելու համար անհատին նորոգումէն կախում ունի շատ բան: Անոր համար շատ մը կէտերու մասին, Քրիստոնէական ուսուցումը պէտք է մատնանշէր նաեւ անհատական պարտականութիւններու գլխաւոր նկատուած մանրամասնութիւնները:

Հին ընկերութեան մէջ՝ անկատար բարոյականին անմիջական հետեւանքով՝ խուժանին մեծ զանգուածին մէջ կորսուած անհատը նոր ընկերութեան մէջ կը գտնէր իր որոշ տեղը, կը ճանչնար իր ունենալիք դիրքը եւ իր կատարելիք դերը: Անհատը այլեւս գիտէ, թէ ինչ է բարոյական արժէքը այդ ընկերութեան մէջ, քանի որ Քրիստոնէական ուսուցումը որոշ կերպով ցոյց տուած է այն բոլոր բարեմասնութիւնները, որոնք ճշմարիտ Քրիստոնեան պիտի յատկանշեն…:

Երբ անհատին դիրքը կամ դերը կը ճշդուի քրիստոնէական-բարոյական գործարանաւորութեան մէջ, ա՛լ դիւրին կ՚ըլլայ մեզի համար գիտնալ, թէ անհատները ի՛նչ անձնական յարաբերութիւններ պիտի ունենան, եւ թէ ի՛նչպէս պիտի վերաբերուին իրարու հետ: Ստոյգ է որ նմաններուն հետ մեր ունենալիք վերաբերումներուն մէջ միշտ սէրը կամ զոհողութեան պատրաստ մարդասիրութիւնն է որ գերագոյն օրէնքը կը կազմէ. բայց մենք թերեւս չպիտի կրնայինք մեր կեանքի սովորական յարաբերութիւններուն մէջ այդ սիրոյ ու մարդասիրութեան սկզբունքները կիրարկել, եթէ առաքեալները զանոնք մեզի ցոյց տալու ջանացած չըլլային: Այդ անձնական յարաբերութիւններուն քանի մը էական կէտերը նոյն իսկ Քրիստոսի կողմէն հաստատուած ու ճշդուած են: Խօսքի անկեղծութիւնը առաջին տեղը կը բռնէ: Երդումի բոլոր ձեւերը կը վտարուին անկէ, քանի որ ճշմարտութեան իբրեւ ապացոյց անկեղծութիւնը փոխ կը տրուի…:

Տիեզերական եղբայրութեան եւ բարոյական հաւասարութեան սկզբունքը նոր ընլայնումներ կու տար արդարութեան օրէնքին, որ կոչուած էր ըլլալ ո՛չ միայն մարդկային ընդհանուր ընկերութեան ամենանուիրական կապը, այլ եւ իբրեւ գործնական ճշմարտութիւն, պիտի ըլլար կենդանացնող սնունդը, որուն պէտք պիտի ունենային շարունակ ժողովուրդներ: Ճշմարիտ արդարութիւնը, եթէ պէտք ըլլար բացատրել լայն իմաստով մը, պիտի ըսէինք, թէ բարոյական ազատութիւն է այն, եւ ընկերական հաւասարութիւնը, որոնց երկուքն ալ մարդերու կողմէ ճանչցուած են արդեամբ եւ իրաւամբ, քանի որ միեւնոյն իրաւունքն է որ կը վարէ ամէնքն ալ:

Պէտք է ըսել, թէ արդարութիւնը ի հիման նորութիւն մը չէ Քրիստոնէական բարոյականին մէջ: Արդէն Հին կտակարանը բազմաթիւ հատուածներով ցոյց կու տայ մեզի արդարութեան գլխաւոր պայմանները, որոնք քարոզուած էին Իսրայէլի ժողովուրդին… (Նոյն՝ անդ, էջ 75-76, 81-82, 86-87):

է. Ամուսնութիւն եւ ընտանիք:

Այս կարեւոր երկու իրողութիւններուն մասին Մուշեղ Սրբազան կը գրէ.

• Քրիստոնէութիւնը, ամուսնական կեանքին վերաբերմամբ, կ՚առնու Հինէն ինչ որ կայ մաքուր եւ նպատակայարմար, եւ բոլորովին նոր ընդլայնումով մը ամուսնութեան կու տայ անոր նուիրական դրոշմը: Յիսուս կը բողոքէ բարքերու թուլացումին դէմ, որուն հետեւանքը եղած էր կամայական ապահարզանը: Իր շուրջը տիրող հեթանոսական բարքերու գռեհկութեան մէջ կնոջ ստորնացումը, կատարուած իրողութիւն մըն էր այլեւս: Պէտք էր փրկանաւորել կինը, ընտանիքը կարենալ դնելու համար նոր ուսուցումին բոլորովին նպատակայարմար կըռ-ւանի մը վրայ; Որովհետեւ ընտանիքին փրկանաւորումէն կախումն ունէր մարդկային ընկերութեան ալ փրկանաւորումը. «Ընկերութիւնը ընդլայնումն է ընտանիքին. եթէ մարդ իր ընտանիքէն ապականուած դուրս ելլէ, անիկա ապականուած պիտի մտնէ քաղաքին մէջ»: Հետեւաբար Յիսուս եւ Իր առաքեալները ճշդեցին կնոջ դիրքը ընտանիքին մէջ, շեշտելով էրկան եւ կնկան բարոյական հաւասարութեան սկզբունքը, ամուսիններու փոխադարձ սէրը, ամուսնացած կնոջ գերազանցապէս պատուաւոր դիրքը, ամուսնութեան անքակտելիութիւնը, եւ սիրոյ պարտքը, որ այսպէս ըմբռնուած ամուսնական կեանքի մը կամ ընտանիքին մէջ, գոյութիւն պիտի ունենար ծնողաց եւ որդիի յարաբերութիւններուն միջեւ: Քրիստոնէութիւնն էր, ուրեմն, որ կատարելագործեց ամուսնութիւնը եւ ընտանեկան կեանքը, ընկերական բարոյական վերակազմութեան իբրեւ անկիւնաքարը նկատելով ընտանիքին բարւոք վերակազմութիւնը… (Նոյն՝ անդ, էջ 93-94):

ը. Հարստութիւն եւ աշխատութիւն:

Այս մասին հեղինակը կը գրէ.

• Քրիստոնէական բարոյականը, իբրեւ ամբողջական՝ լաւ եւ հեռատեսօրէն մտածուած դրութիւն, ապահովաբար իրմէն չպիտի կրնար արտաքսել ընկերական տնտեսագիտական հարցերը, որոնք կը խօսէին հարստութեան բաշխումին եւ աշխատութեան կատարած դերին վրայ: Որովհետեւ այս հարցերուն մէջն է աւելի, որ ի յայտ կու գայ բարիի եւ չարի օրէնքը, իր գործնական ընդհանրութեանը մէջ, եւ արդարութիւնը, որ պիտի դիմադրէ հարստութեան բաշխումին եւ գործաւորական խնդիրներու մէջ գործուած անիրաւութեան: Նոյն ժամանակի տիրող կացութիւնը, ըստ որում գործաւորներուն մեծագոյն մասը գերիներէ կը բաղկանար, եւ տիրող ընկերական հանգամանքները ամենազօրաւոր պատճառներ էին, որպէսզի սկզբունքները միայն հաստատուէին այս շատ կարեւոր հարցին, թողլով որ ապագան արդիւնաւորէր զանոնք ընկերական խաղաղ յառաջդիմութիւններով… (Նոյն՝ անդ, էջ 97-98):

թ. Հաւատածաւալման գործը եւ Քրիստոնէական ճգնաւորութիւնը:

ժ. Հատուցում:

Հատուցումի մասին Մուշեղ Սրբազան կը գրէ.

• Դեռ չէ՛ հասած ժամանակը -եւ կը կարծենք թէ այսպիսի ժամանակ մը գոյութիւն չպիտի ունենայ- ուր կարելի ըլլայ գործնականացնել բարոյական մը, որ հատուցում չխոստանայ, եւ ինքզինքը պարտաւորիչ չընէ ամենուն: Ամէն օրէնք եւ ամէն բարոյական, որ կը դրուի անձնիշխան էակներու վրայ, անհրաժեշտ կերպով պէտք է որ իր հատուցումը (sanction) ունենայ, այսինքն պէտք է որ օրէնքին հնազանդութիւնը, իր հետ բերէ առաւելութիւններ հնազանդողին համար, եւ անհնազանդութիւնը՝ պատիժներ, անհնազանդներուն համար: Հատուցումի սկզբունքը զօրաւոր ուժ մըն է, որուն շնորհիւ օրէնքին գործադրութիւնը այլ եւս անհատներուն բարեացակամութենէն միայն կախում չ՚ունենար: Ստոյգ է որ անձնիշխան էակներու վրայ -ինչպէս է մարդը- դրուած օրէնքի մը գործադրութիւնը ամենէն աւելի կախում ունի անոնց բարեացակամութենէն, բայց որովհետեւ այդ բարեացակամութիւնը անձնական զգացումներու եւ անհատական նկատումներու բերմամբ կրնայ շատերուն մէջ ուղիղ չհամեմատել օրէնքին գործածութեան սկզբունքին հետ, հատուցուած գաղափարը կու գայ այդ օժտող բարեացակամութեան տալու հպատակութեան սիրելիութիւնը: Բայց սխալ չհասկցուինք: Շատերու պէս ըսել չենք ուզեր, թէ օրէնքին նպատակն ու առարկան, եւ անհատները անոր հնազանդելու յորդորող շարժառիթը կը կազմեն վարձատրութեան յոյսը եւ պատիժին երկիւղը։ Եթէ օրէնքը ենթականերու իբրեւ միակ նպատակ ցոյց տար վարձատրութեան յոյսը կամ պատիժին երկիւղը, այն ատեն ոչ միայն կամայական պայման մը պիտի ըլլար անիկա առանց բաւարար պատճառի, այլ եւ բարոյականին ամբողջութիւնը կազմող տրամաբանական առընչութիւնները պիտի խանգարուէին ատով: Ընդհակառակը երբ բարոյական օրէնքը մարդուն ցոյց կու տայ տիեզերքին մէջ իր կատարելիք պաշտօնը, այդ պաշտօնը գրեթէ բոլորովին անկախ է անձնական գոհացումներու տեսակէտէն: Բարոյական օրէնքը իրեն առարկայ ունի որոշուած յարաբերութիւնները կանոնաւորել անհատներու մէջ. եւ եթէ անհատներու մեծամասնութիւնը կը հնազանդի այդ օրէնքին, պատճառը այն է, որ կը հաւատայ այն հեղինակութեան, որ իշխանութիւն ունի այդ օրէնքը տալու, եւ կը հաւատայ, որովհետեւ օրէնքը արդար եւ օգտակար կը նկատէ (Նոյն՝ անդ, էջ 127-129):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

շար. 2

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024