ԶԱՌԱՆՑԱՆՔԻ ՆՄԱՆՈՂ ՄԵՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Գիր­քի սի­րա­հա­րը յա­ւեր­ժու­թիւն գա­ցած է,
գիր­քե­րը չէ կրցած ի­րեն հետ տա­նիլ:

Ե­թէ տա­րած ըլ­լար, միա­միտ­ներ ցաւ պի­տի չզգա­յին: Գիր­քերն ալ որբ պի­տի չմնա­յին:

Ափ­սո՜ս…

Գիր­քի ժա­ռան­գու­թիւ­նը կը մեր­ժենք, գիր­քի փո­խա­րէն՝ կը ժա­ռան­գենք բարձ­րա­խօս­նե­րու փսխած կար­գա­խօս­նե­րու հա­կամ­շա­կոյթ ան­ցո­ղա­կան աղմ­կա­րա­րու­թիւ­նը:

Ափ­սո՜ս կրկին…

Հայ գի­րի ու գրա­կա­նու­թեան սփիւռ­քեան քուր­մե­րէն յա­ւեր­ժու­թիւն գա­ցած վեր­ջին­նե­րէն մէ­կուն գրա­դա­րա­նին մէջ նստած եմ: Գիր­քե­րը երկ­րորդ պատ մը հիւ­սած են սե­նեա­կին չորս կող­մը: Ի­ցիւ թէ սո­վո­րու­թիւն դառ­նար գիր­քե­րով պա­տե­րը պաշտ­պա­նել, գէթ զա­նոնք փո­ղո­ցին ան­կիւ­նը չէինք դներ եւ ցուրտն ալ չէր թա­փան­ցեր…

Յոգ­նած զի­նուոր­նե­րու պէս են գրա­դա­րա­նի գիր­քե­րը, ի­րա­րու կող­քին, նոյն դիր­քով ան­շարժ կանգ­նած, ո­մանք պառ­կած, կամ՝ գրա­սե­ղա­նի կող­քին, վա­ճա­ռա­տու­նէ մը հոն հա­սած խա­ւա­քար­տէ մեծ­կակ տու­փին մէջ դրուած: Ոչ ոք կ՚ու­զէ այդ գիր­քե­րուն տէր ըլ­լալ, բա­նալ ա­նոնց է­ջե­րը: Գիր­քը երբ մեր ձեռ­քէն կ՚իյ­նայ, կ՚ըլ­լայ թուղ­թի կտոր:

Ժա­մա­նակ չու­նինք, ար­դէն «Կու­կըլ»ին վրայ մե­զի պէտք ե­ղա­ծը կը գտնենք, գիր­քե­րը ծե­րե­րու եւ ժա­մա­նա­կին հետ քայլ չպա­հող­նե­րու հա­մար են: Եւ վե՛րջ:

Հա­յե­րէն եւ հա­յա­տառ գիր­քեր… Բա­րա­լիկ գիր­քեր, հաս­տա­փոր գիր­քեր, գե­ղա­կազմ գիր­քեր չորս պա­տե­րուն վրայ, մին­չեւ ա­ռաս­տաղ…

Հա­մաս­տե­ղի «Մո­ռա­ցուած է­ջեր», Ե­րուանդ Օ­տեա­նի «Վեր­նա­տու­նէն», «Կավ­ռօշ» տա­րե­գիրք… եւ միւս­նե­րը, կեանք եւ ինք­նու­թիւն ու­նե­ցած ժո­ղո­վուր­դի մը սրտի բա­բա­խում­նե­րու յի­շա­տա­կը, ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը: Ին­չո՞վ կը բա­բա­խեն այդ ժո­ղո­վուր­դի յետ­նորդ­նե­րուն սրտե­րը, ո՞ր կեան­քին հա­մար, ո՞ր շա­րու­նա­կու­թեան: Մէկ կամ եր­կու սե­րունդ ա­ռաջ մար­դիկ յու­զում, սէր, ընդվ­զում եւ ծի­ծաղ թուղ­թի վրայ կը քան­դա­կէին յաղ­թե­լու հա­մար ժա­մա­նա­կին, կամր­ջե­լու հա­մար հո­գի­նե­րը:

Գի­րով միաց­նե­լու հա­մար ազ­գը: Գիր­քե­րը՝ օ­ղակ միաց­ման:

«Կավ­ռօշ - տա­րե­գիրք եւ տա­րե­ցոյց - 1927»: Է­ջին՝ ի­րա­րու վրայ զոյգ կնիք­ներ՝ «Ա­րեւ հրա­տա­րակ­չա­կան - 558 Փոս­թարկղ. Սթան­պօլ» եւ երկ­րոր­դը «Կի­լի­կիա Գրա­տուն - 97 LEXINGTON AVE. New York, N.Y.»: Հա­մա­ցան­ցով փնտռե­ցի: Չկան հրա­տա­րակ­չա­տու­նը եւ գրա­տու­նը: Կա՞ն ան­հանգս­տա­ցող­ներ ա­նոնց ան­հե­տաց­ման հա­մար:

Փոր­ձու­թիւն: «Կավ­ռօշ տա­րե­գիրք»ի «Յա­ռա­ջա­բա­նի տեղ» գրու­թեան է­ջե­րը կար­դա­ցի: Խո­րագ­րուած էր՝ «Ի՞նչ պէտք կայ Կավ­ռօ­շի տա­րե­գիր­քին»…եւ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար Կավ­ռօ­շի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, գրուած է.

«-Ի՞նչ պէտք՝ որ մար­դիկ ի­րենց կեան­քե­րը վտան­գեն հիւ­սի­սա­յին բե­ւե­ռին վրայ թռիչք մը կա­տա­րե­լու հա­մար:

«-Ի՞նչ պէտք՝ որ գի­տուն­ներ զո­հուին ռա­տիո­մին:

«-Ի՞նչ պէտք՝ ան­թե­լին, թե­լա­ւո­րին:

«-Ի՞նչ պէտք՝ լրագ­րի, վի­պա­սա­նի, թատ­րո­նի:

«-Ի՞նչ պէտք՝ մո­տա­յի, դեր­ձա­կի եւ կօ­շի­կի»:

Եւ Ե­րուանդ Թօ­լա­յեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ է­ջը կը շա­րու­նա­կուի եզ­րա­կաց­նե­լու հա­մար, որ «Կավ­ռօշ տա­րե­գիրքն ալ պէ՛տք մըն է , ինչ­պէս՝ հա­ցը, ջու­րը, եւ… ար­քա­յու­թիւ­նը»։

Կը դի­տեմ չորս պա­տե­րը ծած­կած գիր­քե­րը: Ա­նոնք պէ՞տք էին, պէ՞տք են:

Այ­սօր նոյ­նիսկ ե­թէ դեռ բուռ մը հա­ւա­տա­ցող­ներ կան հա­յե­րէն գիր ու գիր­քին, հա­յե­րէն գիր­քե­րը մեծ բա­ցա­կա­ներն են հա­յոց տու­նե­րէն: «Ի՛նչ պէտք կայ հա­յե­րէն գիր­քի»:

Ա­ւե­լի ճիշդ՝ «Ին­չո՞ւ հա­յե­րէն գիրք հրա­տա­րա­կել, քա­նի որ կար­դա­ցող չկայ»:

Բախ­տա­ւոր պա­րա­գա­յին հա­յե­րէն գիր­քը երբ նուէր կը տրուի, քա­ղա­քա­վա­րու­թեամբ ըն­դու­նող­ներ կան:

Հա­յուն օ­տա­րա­գիր գիր­քը կամ հա­յուն օ­տա­րա­գիր պատ­մու­թիւ­նը կը ծա­փա­հա­րուի, որ­պէս­զի մեր ան­հե­տա­ցող հա­յու հպար­տու­թեան ար­հես­տա­կան շնչա­ռու­թիւն տանք:

Խմբա­գիր մը կ՚ը­սէր, որ հա­յե­րէն թեր­թը կար­դա­ցող չկայ, անգ­լե­րէնն ալ կար­դա­ցող չկայ: Ի՞նչ հասկ­նալ: Հասկ­նալ այն, որ շա­րու­նա­կու­թիւն չենք, չենք ու­զեր ըլ­լալ, բայց ինք­նու­թիւն կը պա­հենք ցու­ցադ­րու­թեան հա­մար, ինչ­պէս՝ թան­գա­րա­նի մը ա­պա­կե­փեղ­կին ե­տին դրուած հնու­թիւ­նը, որ­մէ ո­մանք չեն հրա­ժա­րիր:

Բայց կեան­քը թան­գա­րա­նէն դուրս է:

Հա­յա­տառ ժա­մա­գիրք մըն ալ կայ, 1923-ին հրա­տա­րա­կուած:

Հի­մա, երբ ե­կե­ղե­ցի կ՚եր­թանք, մեր առ­ջեւ կը գտնենք օ­տա­րա­լե­զու ժա­մա­գիրք: Եւ ոչ ոք կը գայ­թակ­ղի: Այն­քա՜ն բնա­կան է այդ «ինչ պէ՛տք»ի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը: Զար­մաց­նողն է անբ­նա­կա­նը:

Նա­ցի­նե­րը գրա­դա­րան­ներ կրա­կի տուին: 7 Մա­յիս 1933-ին: Այ­րե­ցին մեծ գրող­նե­րու գիր­քե­րը: Մենք հա­յե­րէն գիրն ու գիր­քը կ՚այ­րենք ա­ռանց խա­րոյ­կի: Մենք այն­քա՜ն յոգ­նած ենք, որ այդ խա­րոյ­կը ան­գամ չենք վա­ռեր: Գիր­քե­րը դրան առ­ջեւ կը դնենք, որ ա­ռա­ւօ­տուն տա­նին…

Բայց դեռ օ­տար հիւ­րե­րու առ­ջեւ օ­տար լե­զու­նե­րով կը շա­րու­նա­կենք պոռչ­տալ, որ մենք ու­նինք մեծ մշա­կոյթ: Մե­ռած­նե­րուն մշա­կոյ­թը: Իսկ մշա­կոյ­թը կը շնչէ ապ­րող­նե­րով:

Ինչ­պէ՞ս կ՚ըլ­լայ «նա­հանջ»ը:

Ի՞նչ կը սպա­սեն հա­կամ­շա­կոյթ դար­ձած «էս­թեպ­լիշ­մընթ»նե­րը՝ սան­ձե­լու հա­մար նա­հան­ջը:

Յա­րու­թիւն կ՚առ­նէ՞ Լեք­սին­թը­նի «Կի­լի­կիա գրա­տու­նը»:

Գիր­քե­րով ծած­կուած պա­տե­րէն աչք կը քթթեն՝ Թու­մա­նեան, Վա­րու­ժան, Շահ­նուր, Սնա­պեան, Պէ­շիկ­թաշ­լեան, Ա­ճա­ռեան, գիր­քե­րու ե­տեւ  թագ­նուած­ներ:

Ա­նոնք չեն գի­տեր, որ մեծ ըլ­լա­լու փա­ռա­սի­րու­թիւն ու­նե­ցող­ներ լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէն ճառ կը խօ­սին մեր Դա­տին եւ հայ գրո­ղին մա­սին…

Բայց «Կավ­ռօշ»ը չկայ, որ զի­րենք ան­մա­հաց­նէ…­
Ե­ղեռ­նը դար մը ա­ռա՞ջ էր… Կը նա­յի՞նք մեր շուրջ:
Այ­սօ­՛ր:

Յ. ՊԱ­ԼԵԱՆ

7 Մա­յիս 2016, Քո­ւինզ, Նիւ Եո­րք

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016