ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ»

Վա­ղը Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Թան­գա­րան­նե­րու գի­շեր»ը, որ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ ա­մե­նա­հին մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն՝ Թան­գա­րան­նե­րու  մի­ջազ­գա­յին խոր­հուր­դի (Ի­ԿՕՄ) ա­ռա­ջար­կով:

1977 թուա­կա­նէն ի վեր Մա­յի­սի 18-ը՝ «Թան­գա­րան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օր»ը կը հա­մախմ­բէ աշ­խար­հի հինգ ցա­մա­քա­մա­սե­րու, ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն հա­զար թան­գա­րան­ներ՝ կոչ ուղ­ղե­լով տա­րուան հա­մար ա­ռա­ջար­կուած թե­մա­յին ծի­րէն ներս հան­դէս գա­լու յա­տուկ ձեռ­նարկ­նե­րով ու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով: Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի կ՚ա­ռա­ջադ­րուի օ­րուան խոր­հուր­դին հա­մա­հունչ ո­րե­ւէ իւ­րա­յա­տուկ թե­մա, որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ շեշ­տե­լու թան­գա­րան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը: Այս տա­րուան կար­գա­խօսն է` «Թան­գա­րան­նե­րը եւ մշա­կու­թա­յին լանդ­շաֆտ­նե­րը»:

«Թան­գա­րան­նե­րու գի­շեր» ծրա­գի­րը կեանքի կոչուիլ սկսած է 2005 թուա­կա­նին՝ Ի­ԿՕՄ-ի, ԻՒ­ՆԷ­ՍՕՔ-ի եւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ: Օ­րուան նպա­տակն է բարձ­րաց­նել թան­գա­րան­նե­րուն դե­րը հա­սա­րա­կու­թեան հա­սա­րա­կա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ, ստեղ­ծել նպաս­տա­ւոր մի­ջա­վայր՝ թան­գա­րա­նա­յին ա­ռար­կա­նե­րու հան­րահռ­չակ­ման հա­մար:

Գար­նա­նա­յին ձեռ­նար­կին, այս տա­րի, կը մաս­նակ­ցի Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող շուրջ 112 թան­գա­րան: Վա­ղը, ժա­մը 18.00-էն մին­չեւ կէս գի­շեր, մաս­նա­կից-թան­գա­րան­նե­րը անվ­ճար պի­տի գոր­ծեն բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րուն հա­մար։ իսկ Մա­յի­սի 18-ին՝ «Թան­գա­րան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օր»ուան առ­թիւ ամ­բողջ օ­րուան ըն­թաց­քին թան­գա­րան­ներ մուտք գոր­ծե­լը ե­ղաւ անվ­ճար:

Վե­րո­յի­շեալ եր­կու օ­րե­րու ըն­թաց­քին, բազ­մա­բո­վան­դակ եւ իւ­րա­յա­տուկ ձեռ­նարկ­նե­րով թան­գա­րան­նե­րը ի­րենց դռնե­րը կը բա­նան հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­լով ան­գամ մը եւս յե­տա­դարձ հա­յեացք նե­տե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան: Յատ­կան­շա­կան է, որ մաս­նա­կից թան­գա­րան­նե­րը հան­դէս կու գան ինք­նա­տիպ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով՝ փոր­ձե­լով ա­ռա­ւել հե­տաքրք­րա­կան ու ան­մո­ռա­նա­լի դարձ­նել այ­ցե­լու­նե­րու ե­րե­կոն: Այս ձեռ­նար­կին նպա­տակն է վե­րար­ժե­ւո­րել մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը, թան­գա­րա­նա­յին մի­ջա­վայ­րի մէջ հա­մադ­րել ա­րուես­տի ուղ­ղու­թիւն­նե­րը եւ ա­պա­հո­վել մշա­կու­թա­յին ջերմ մթնո­լորտ:

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016