ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱՔԱՂ

Գատըգիւղի յունաց մշակութային կեդրոնին մէջ, «Յիշէ Գատըգիւղը» ծրագրի ծիրէն ներս, 17 մայիս ուրբաթ, յետմիջօրէին, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան բանախօսեց, նիւթ ունենալով «Գատըգիւղի հայոց պատմութիւնը»։

ԳԱՏՕՍ-ի (Գատըգիւղի գիտութեան, մշակոյթի եւ արուեստի համակիրներու միութիւն) կողմէ կազմակերպուած «Յիշէ Գատըգիւղը» խորագրեալ ծրագիրը, մասնաւորապէս կը նպատակէ՝ Գատըգիւղի մէջ հայ, յոյն եւ հրեայ հասարակութիւններու մշակութային անցեալն ու ներկան ծանօթացնել այլոց։ Այնուհետեւ անցեալ շաբաթներուն Գատըգիւղի յոյն եւ հրեայ համայնքներու պատմութեան մասին, նոյն վայրին մէջ նման ձեռնարկներ իրականացած էին։ Գատըգիւղի տարբեր յարանուանութիւնները թէ՛ իրարու մասին տեղեկութիւններ ստանալու եւ թէ իրենց մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու առիթը գտան։ Ս. Թագաւոր եկեղեցին եւս, սոյն ծրագրին իր մասը կը բերէ, նկատի ունենալով, թէ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան ամենայն բծախնդրութեամբ գրի առած է՝ հինգ հատորներէ բաղկացեալ «Յուշամատեան Գատըգիւղի» ուսումնասիրութիւնը, նաեւ հրատարակութեան պատրաստած՝ Յովհաննէս Ստեփանեանի յուշերը, որ լոյս տեսած էր «Յուշապատում» անունով։

17 մայիսի հանդիսութեան ներկայ էին՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Փրոֆ. Թանայ Սըթքը Ույար եւ Փրոֆ. Եորկօ Ստեֆանոփուլոս, ինչպէս նաեւ գատըգիւղահայեր ու Գատըգիւղի հայոց պատմութեան հետաքրքիր հասարակութիւնը։

Հանդիսութիւնը սկսաւ բանախօսութեան վարիչ՝ Սեւան Աթաօղլուի փոխանցած հակիրճ կենսագրականներով։ Այնուհետեւ ներկայ հաւաքականութեան ներկայակացուեցաւ բանախօս Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայի կենսագրականը, որուն մէջ մասնաւորապէս կը յիշատակուէր «Գատըգիւղի յուշամատեանը» եւ «Յուշապատում» գիրքերը, որոնց փոխանցած գիտութեամբ պատրաստուած էր բանախօսութիւնը։ Ապա, խօսք առաւ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանան ու մօտաւորպէս երկու ժամ, հանգամանօրէն ներկայացուց Գատըգիղի հայ համայնքի պատմութիւնը։

Տէր հայրը, իր խօսքերու սկիզբը նախ յայտնեց, թէ որպէս պատմաբան չէ որ կը խօսէր այլ՝ իր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին անցեալը գրի ճամբով փոխանցելու ջանք թափած հոգեւոր սպասաւոր մը։ Ապա, երախտիքով յիշատակեց երանաշնորհ պատրիարքներ՝ Տ. Մեսրոպ Արք. Նարոյեան եւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը։ Առաջինը, համայնքէ ներս կարեւորութիւնը շեշտած էր յուշամատեաններու պատրաստութեան, իսկ երկրորդը՝ սկզբնակէտը դարձած էր՝ «Գատըգիւղի յուշամատեան»ին։ Յետոյ, Բիւզանդական կայսրութեան հայազգի կայսրերու ցանկով շարունակեց ու իրենց Գատըգիւղի մէջ թողած հակիրճ յիշատակները ներկայացուց։ Ապա, յիշատակուեցան Գատըգիւղի առաջին հայերը, որոնցմէ յետոյ պատմուեցաւ առաջին կառուցուած՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատմականը։ Երբ Գատըգիւղի հայերու մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցուէր, նաեւ կը յայտնուէր անցեալի թաղի դիմագիծէն որոշ մանրապատումներ։ Մասնաւորապէս շեշտուեցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ ամենաթանկագին գոյքերէն՝ «Ս. Թագաւորի բեւեռ»ի մասունքը եւ իր նշանակութիւնը։ Հետաքրքրական տեղեկութիւններ էին նաեւ որոշ ժամանակաշրջաններու միջեւ, հայազգի աշխատաւորներու կատարած գործերը։

Տէր հայրը, ապա ներկայացուց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչներէն ամենէն նշանաւորները, որոնք ապագային կոչուած են հայրապետութեան, պատրիարքութեան եւ կամ առաջնորդութեան։ Ապա, նշուեցան Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի նշանաւոր վարիչները, որոնք երաժշտական կեանքէ ներս բարձր համբաւի տէր են, ինչպէս նաեւ Պետական օփերայի մէջ պաշտօններ ստանձնած են։

Բանախօսութեան ամենէն նշանալից բաժիններէն էր թաղի կրթական եւ միութենական կեանքը։ Յիշատակուեցաւ Գատըգիւղի առաջին վարժարանը, որ կը կոչուի «Գատըգիւղի վարժարան» եւ իրեն յաջորդող այլ կրթական հաստատութիւնները, մինչեւ այժմու Արամեան-Ունճեան վարժարանը։ Այսպէս տեսանելի դարձաւ, թէ Գատըգիւղի մէջ անցեալէն մինչեւ այսօր գոյութիւն ունեցած են աւելի քան 20 կրթական հաստատութիւններ՝ փոքր եւ կամ մեծ ծաւալով։ Նոյնպէս թաղի մէջ գոյութիւն ունեցած են աւելի քանի 30 միութիւններ։ Անոնք հաստատուած են կրթական, ընկերային օժանդակութեան, մշակութային, մարզական եւ կամ առեւտրական շրջագիծով։

Բանախօսութեան վերջին բաժինը տրամադրուած էր, գատըգիւղահայութեան համայնքային այժմու վարչաձեւին։ Ներկայացուեցաւ՝ քարոզիչ հայր սուրբն ու հոգեւոր հովիւը, թաղային խորհուրդը, Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբը, Արամեան-Ունճեան վարժարանը եւ Արամեան սանուց միութիւնը։

Հուսկ, հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ, ներկաներ իրենց հարցումները ուղղեցին տէր հօր։ Հանդիսութեան աւարտին ներկաներ մեծ ոգեւորութեամբ շնորհաւորեցին տէր հայրը, իր փոխանցած եզակի գիտելիքներուն համար։ Մասնաւորապէս կազմակերպիչներ ու օտար ունկնդիրներ յայտնեցին, թէ մեծ հիացումով հետեւած էին այս բանախօսութեան, որուն շնորհիւ իրազեկ դարձած էին անթիւ նոր գիտելիքներու։ Անոնք, նոյնիսկ կարեւորութեամբ շեշտեցին, որ «Գատըգիղի յուշամատեան» աշխատութիւնը թրքերէնի թարգմանուի, որպէսզի այս բովանդակալից աշխատութիւնը լոյս սփռէ Գատըգիւղի պատմութեան հետաքրքիր ոչ-հայախօս հասարակութեան։

Հանդիսութեան աւարտին, միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կոկիկ ընդունելութիւն մը։ Եկեղեցւոյ քարոզիչ հայր սուրբը եւս արտայայտուեցաւ ու յանուն Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ գնահատեց ձեռնարկի բոլոր կազմակերպիչները եւ մասնաւորապէս շնորհաւորեց տէր հայրը իր կատարած բծախնդիր աշխատութեան համար։ Ան յիշեցուց, թէ տէր հօր աշխատութիւնը այնքան ընդունելութիւն գտած էր, որ օտարներ հիացումով հետեւած էին մեր անցեալին եւ ներկային։ Գատըգիւղը բազմակողմանի մշակոյթի տէր պատմական թաղ մըն է եւ յիշեալ ձեռնարկներու ճամբով, տարբեր ժողովուրդներ առիթը կը գտնեն այլոց մշակոյթին ծանօթանալու։ Հետեւաբար տէր հօր կատարած աշխատութեամբ՝ Գատըգիւղի համամշակութային կեանքին աղիւս մը կ՚աւելցուէր։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սեւան Աթաօղլուին, որ բարի եղած էր որպէս եկեղեցւոյս ժրաջան անդամներէն մին, ստանձնել կազմակերպչական ծառայութիւնը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Արման Պիւքիւճեան եւ յայտնեց, թէ ինք երկար տարիներէ ի վեր Գատգըգիւղի մէջ կը բնակի, վարչական պաշտօններ ստանձնած է եւ որպէս թաղեցի՝ բազմակողմանի մշակոյթներու գեղեցկութիւնը միշտ վայելած է։ Իւրաքանչիւր մշակոյթ մասնաւորապէս իր բարոյական արժէքը ունի Գատըգիւղի մէջ, իսկ ինք մասնաւորապէս կը ջանայ հայոց հետ առընչուած մշակոյթին նպաստել Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2019