ԵՐԲ ՄԵԾՆԱՄ Կ՚ՈՒԶԵՄ…

-Մա՛մ, մամ, երբ մեծնամ օդանաւորդ պիտի դառնամ,- լռութեան մէջէն յանկարծ լսուեցաւ տասնամեայ Դաւիթի ոգեւորուած ձայնը, որ մինչ այդ, լուռ ու մունջ, համակ ուշադրութեամբ կը դիտէր Խորհրդային Միութեան մարշալ՝ Արմենակ Խամփերանցին նուիրուած հաղորդաշարը։

-Չէ՛, չէ, չէ։ Ես թոյլ չեմ տար, որ իմ տղան դառնայ օդանաւորդ։ Չես տեսներ, աշխարհի մէջ տարին քանի օդանաւ կ՚իյնայ։ Անոնցմէ ո՞րը ողջ մնացած է, որ դուն մնաս։ Օրումէջ երկրէ երկիր պիտի սաւառնիս… թռչո՞ւն ես, ինչ է,- բարկութեամբ նշեց մայրը, որ կը վախնար նոյնիսկ օդանաւ նստելու։

-Շատ բարի, մայր իմ անուշ ու անգին, միայն թէ դուն մի բարկանար,- ժպիտով մէջբերեց Դաւիթը։

Ուրեմն կ՚ուզեմ նախագահ դառնալ։ Մեր երկրի առաջնորդը կ՚ըլլամ, ժողովուրդի ընտրեալը։ Թիկնազօրով կը պտտիմ։ Ամէն օր, մեր տունէն դէպի Բաղրամեան ինծի կ՚ուղեկցի շքեղ քսանվեց ինքնաշարժներու շարանը։ Ճանապարհային ոստիկանները զիս կը պատուեն։ Բոլոր ինքնաշարժները պահ մը կը կենան, որպէսզի ես անցնիմ։ Մեր ընտանիքը պիտի բնակի շքեղ ամրոցի մը մէջ։ Մեր ամրոցին մէջ կ՚ըլլան սպասաւորներ, խոհարարներ ու այգեպաններ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ թիկնապահներ։

Ամէն օր հեռուստացոյցով ինձ կը ցուցնեն։ Ես յանուն մեր ժողովուրդի, կը հանդիպեմ զանազան երկիրներու առաջնորդներու հետ եւ  ամէն բան կ՚ընեմ, որպէսզի մեր երկիրը զարգանայ ու բարգաւաճի։ Ժողովուրդը զիս շատ պիտի սիրէ։

-Է՜հ տղաս, նախագահական պաշտօն անշնորհակալ գործ մըն է։ Ոչ մէկ նախագահ կը սիրուի ամբողջ ժողովուրդին կողմէ։ Որքան ալ լաւ նախագահ ըլլաս, անպայման կը գտնուին դժգոհներ։ Բաց աստի, կը բաւէ անգամ մը սխալիս՝ այդ նոյն ժողովուրդը անմիջապէս կ՚ուրանայ, կը դատապարտէ քեզ, երես կը թեքէ քեզմէ։ Նախագահներու գործած սխալները աններելի կ՚ըլլան։

-Ո՛չ մամ, ես Նիկոլ Փաշինեանի պէս առաջնորդ մը պիտի դառնամ։ Կը տեսնես բոլորը ինչպէս կը սիրեն զինքը, ինչպէս կը հպարտանան իր կատարած գործերով։

-Երբ ես տասնչորս-տասնհինգ տարեկան էի, Ռոպերթ Քոչարեանը դարձաւ մեր նախագահը։ Այն ատեն մարդիկ զինքը կը սիրէին եւ գրկաբաց ընդունեցին։ Պարոն Քոչարեան Արցախի հերոս է, անոր եւ իր ընկերներու շնորհիւ է, որ այսօր մենք տէրն ենք մեր երկրին։ Բաց աստի, ան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահն էր։

-Իսկ ո՞վ էր առաջին նախագահը։

-Արթուր Մկրտչեանը, որ մահացաւ երիտասարդ հասակին։

-Մայրիկ, իսկ ինչո՞ւ ժողովուրդը նախապէս ընդունեց պարոն Քոչարեանը, իսկ յետոյ դատապարտեց։

-Հերոսներու, կտրիճներու գործը անմահ է։ Պատմութիւնը ունի բազում մութ ու գաղտնի անկիւններ։ Տասնամեակներ, դարեր անց մեր այսօրուայ պատմութիւնը առաւել ստոյգ տուեալներով պիտի պատմուի մեր գալիք սերունդներուն։ Ինչ կը վերաբերի պարոն Քոչարեանին, այսօր շատեր մոռցած են վերջինիս կատարած ազգանուէր ու հայանպաստ աշխատանքները։ Թէ ինչո՞ւ մոռցան, որովհետեւ նախագահը չդիմացաւ փառքի գայթակղութեանն ու ոսկիի փայլքին։ Սկսաւ սխալներ գործել։ Նոյնը կը վերաբերի նաեւ մեր երրորդ նախագահին։ Սերժ Սարգսեանը նոյնպէս բազմիցս վրիպած է։ Իսկ ժողովուրդը չներեց եւ խստագոյնս կը դատապարտէ անոնց բացթողումները։

-Է՜հ, նախագահի գործն ալ գործ չէ… Կարծեմ աւելի լաւ է ես նախարար դառնամ։

-Նախարարի գործն ալ յարատեւ աշխատանք մը չէ։ Այսօր նախարար ես, վաղը գործազուրկ, միւս օրն ալ նոյնիսկ քեզ յիշող մը չկայ։

-Մայրիկ, դուն ալ ոչ մէկ աշխատանք կը հաւնիս,- ձեռքերը ծալելով, խոժոռ հայեացքով գանգատեցաւ Դաւիթ։

Կրկին տիրեց լռութիւն։ Դաւիթ աչքերը ուղղեց դէպի հեռուստացոյց եւ սկսաւ մտքերով թափառիլ։ Ո՞վ գիտէ, ի՞նչ կը խորհէր, ինչպիսի՞ ուղիներ կը փնտռէր ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար, չէ որ մայրը քիչ առաջ կտրեց իր երազներու թեւերը։

Քանի մը ժամ անց, երբ մայրը արդէն մոռցած էր կէսօրին տեղի ունեցած խօսակցութեան մասին եւ խոհանոցի մէջ կը շտկէր ընթրիքի սեղանը, անսպասելի ներս խուժեց Դաւիթ.

-Մամ, որոշած եմ, ես մարդ պիտի դառնամ՝ մեծատառով մարդ։ Իսկ մասնագիտութեան ընտրութիւնը  ձգած եմ ժամանակին։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020