ԳԱԳԱԹՆԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԻԾ
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած խմբավարներու 12-րդ միջազգային մրցոյթը։ Երաժշտական շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ այս ձեռնարկը։ Ինչպէս բացման, այնպէս ալ ծրագրի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ կալա-համերգ մը՝ Երեւանի Օփերայի համալիրին մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մրցոյթի երկու հանգրուանները յաղթահարեցին չորս մասնակիցներ։ Արդիւնքին Հարաւային Քորէայէն Ճուն-Սան Փարք եւ Խրվաթիայէն Միրան Ոփոթիչ դարձան այս մրցոյթին դափնեկիրները։ Եզրափակիչ համերգին ընթացքին անոնք հնարաւորութիւն ունեցան Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգրանէն յատուկ այս մրցոյթին համար դուրս բերուած խմբավարի փայտիկով հանդէս գալու։ Մինչ դատակազմի անդամները շնորհաւորեցին դափնեկիրները, մրցոյթի միւս մասնակիցներն ալ ծրագիրը բարձր գնահատեցին՝ զայն որակելով գագաթնային։
Միւս կողմէ, վերջին օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Միջազգային երաժշտական մրցոյթներու համաշխարհային դաշնակցութեան (WFIMC) 60-րդ ընդհանուր ժողովը։ Քառասուն միջազգային պատուիրակութիւններ համախմբուեցան Երեւանի մէջ, ուր աշխատանքները կատարուեցան Մատենադարանի եւ «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառին մէջ։