«ԸՆԹԵՐՑՈՂ ԵՐԵՒԱՆ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԳՐՔԻ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ

Ե­րե­ւա­նի «Մի­սաք Մա­նու­շեան» պու­րա­կին մէջ վեր­ջերս կազ­մա­կերպուե­ցաւ գրքի տօ­նա­վա­ճառ մը, որ երկ­րորդն էր իր տե­սա­կին մէջ։ «Ըն­թեր­ցող Ե­րե­ւան» խո­րագ­րեալ այս եր­կօ­րեայ ծրա­գի­րը հա­մախմբեց ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նեակ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ։ Բա­ցօ­թեայ ցու­ցահան­դէս-վա­ճառ­քի բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Ա­րամ Սու­քիա­սեան։ Այս առ­թիւ ան ընդգ­ծեց, թէ ըն­թեր­ցա­նու­թեան նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թեան նուա­զի­լը միշտ կը բարձ­րա­ձայ­նուի հա­սա­րա­կու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ, բայց յատ­կա­պէս վեր­ջին շրջա­նին կը նկա­տուի գրքի եւ գրա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ աշ­խու­ժու­թիւն։ Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի Մշա­կոյ­թի վար­չու­թեան պետ Մա­րիա Բարա­ղա­մեանն ալ ընդգ­ծեց, թէ կը նա­խա­տե­սեն այս ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քը դարձ­նել ա­ւան­դա­կան։ Այս տօ­նա­վա­ճա­ռը մաս կը կազ­մէ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի «Ե­րե­ւա­նեան ա­մառ-2015» ե­ռամ­սեայ ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին։ Ան­ցեալ տա­րուան բաղ­դատմամբ այս տա­րի մաս­նա­կից­նե­րու թիւը ա­ճած է նկա­տե­լիօ­րէն։ Իւ­րա­քան­չիւր կազ­մա­կեր­պու­թիւն ներ­կա­յա­ցու­ցած է իր նոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը։ Այս ծրագ­րի նպա­տակ­նե­րէն մին է՝ շա­րու­նա­կել սեր­մա­նել գրքին եւ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան նկատ­մամբ սէ­րը։ Բա­րա­ղա­մեա­նի խօս­քե­րով, գիր­քը կը մնայ ար­դիական եւ անհ­րա­ժեշտ է սի­րել զայն։ Տօ­նա­վա­ճա­ռի շրջա­նակ­նե­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ։

Փա­ռա­տօ­նի մաս­նա­կից­նե­րը առանձ­նա­պէս գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին նաեւ նոր գիր­քե­րուն ծանօ­թա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան կապակ­ցու­թեամբ։ Ա­նոնք եւս կողմ­նա­կից են ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան խթան­ման։ Գրքի եւ գրե­նա­կան պի­տոյք­նե­րու վա­ճառ­քով զբա­ղող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը այ­ցե­լու­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին թէ՛ տե­ղա­կան եւ թէ ար­տա­սահ­մա­նեան գրա­կա­նու­թեան նմոյշ­ներ եւ այլ ար­տադ­րանք­ներ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015