«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» 12-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւնով մը եզրափակուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 12-րդ անգամ։ «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ մրցանակաբաշխութիւն։
Լաւագոյն խաղարկային ժապաւէնը ճանչցուեցաւ «Օձի գիրկը», որու բեմադրիչն է Չիրօ Քերա (Քոլոմպիա)։ Բեմագիր Սիմոնէ Ռապիսարտա Քազանովայի «Իմաստի ստեղծումը» գործը ճանչցուեցաւ լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէնը։ «Հայկական համայնապատկեր» անուանակարգին մէջ դափնեկիր եղաւ Արման Երիցեանի «Մէկ, երկու, երեք»ը։ Գերմանիայէն Փաթրիք Ֆորլաթի «Ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ» գործը ճանչցուեցաւ լաւագոյն կարճ ժապաւէնը։ «Էքիւմենիք» դատակազմի մրցանակին արժանացաւ Արամ Շահպազեան՝ «Մոսկվիչ, իմ սէր» ժապաւէնով։ Նոյն գործը տիրացաւ նաեւ դատակազմի մրցանակին։ Գագիկ Մատոյեանի «Ճանապարհ» ժապաւէնը արժանացաւ «Հրանդ Մատթէոսեան» մրցանակին։ Գերմանիայէն Մարք Փրումունթի «Սրբարան» գործը տիրացաւ «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակին։
Մինչ այդ, «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան նախագահ Օսման Քավալան ալ պարգեւի մը արժանացաւ «Ոսկէ ծիրան»ի շրջագծով։
Դատակազմի անդամները, որոնց շարքին կը գտնուէր նաեւ Ալին Թաշճեան, եզրափակիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեցին, թէ հիացած են իրենց արժանացած հայկական հիւրասիրութեան։