14 ՅՈՒԼԻՍ 1789. ՊԱՍԹԻՅԻ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ ՅԱՄԵՑՈՂ ՀՆՉԵՂՈՒԹԻՒՆԸ

14 ­Յու­լի­սը, աշ­խար­հով մէկ, ֆրան­սա­ցի­նե­րուն վե­րա­պա­հուած տօ­նա­կան օր է։
 14 Յու­լիս 1789-ին, ֆրան­սա­ցիք գրա­ւե­ցին եւ կոր­ծա­նե­ցին ի­րենց պե­տա­կա­նու­թեան բռնա­կա­լա­կան էու­թեան խորհր­դա­նի­շը՝ Պաս­թի­յի տխրահռ­չակ բերդբան­տը։

Բայց սոսկ բռնա­տի­րու­թեան մը տա­պա­լու­մը խոր­հր­դան­շե­լէ եւ զուտ ֆրան­սա­կան տօն մը ըլ­լա­լէ շատ ան­դին ան­ցաւ եւ մի­ջազ­գային խոր ու ար­մա­տա­կան անդ­րա­դարձ­ներ ու­նե­ցաւ Պաս­թի­յի ան­կու­մը։

Խորհր­դան­շեց շղթա­յա­զեր­ծու­մը ֆրան­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խութեան, որ ա­ւե­լի քան տա­սը տա­րի տե­ւեց եւ հիմ­նո­վին յե­ղաշր­ջեց պատ­մու­թեան զար­գաց­ման ըն­թաց­քը ո՛չ միայն Ֆ­­րան­սա­յի եւ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի մէջ, այ­լեւ՝ ընդ­հան­րա­պէս հին աշ­խար­հի տա­րած­քին։

Եւ ա՛յդ է պատ­ճա­ռը, որ ֆրան­սա­ցի­նե­րուն հետ ողջ մարդ­կու­թիւ­նը, տօ­նա­կան ցնծու­թեամբ, ա­մէն ­Յու­լիս 14-ի կ­­՚ո­գե­կո­չէ բռնա­տի­րու­թեանց ան­կու­մի յե­ղա­փո­խա­կան խոր­հուր­դը։

Բայց ինչ­պէս 18-րդ դա­րա­վեր­ջին եւ ամ­բողջ 19-րդ ու 20-րդ դա­րե­րու տե­ւո­ղու­թեան, նոյն­պէս եւ մեր օ­րե­րուն ­Յու­լիս 14-ը, տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեանց կող­քին, կը շա­րու­նա­կէ քա­ղա­քա­կան մտքի քննարկ­ման օ­րա­կար­գին վրայ բե­րել հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան շար­ժիչ ու­ժե­րուն՝ յատ­կա­պէս յե­ղա­փո­խու­թեանց դե­րին ու նպաս­տին ար­ժե­ւոր­ման վի­ճա­յա­րոյց բա­նա­վէ­ճը։

Եւ այ­սօր ալ, ­Պաս­թի­յի վրայ ժո­ղովր­դա­յին խու­ժու­մէն 226 տա­րի ետք ան­գամ, այդ բա­նա­վէ­ճը կը պահ­պա­նէ իր սուր եւ հրա­տապ նշա­նա­կու­թիւ­նը՝ տար­բեր եզ­րե­րով եւ գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան թէ քա­ղա­քակր­թա­կան հա­կա­դիր ե­րանգ­նե­րով ար­ծարծո­ւե­լով հան­դերձ։

Այդ­պէ՛ս է, ո­րով­հե­տեւ քա­ղա­քա­կան մտքի գլխա­ւոր բո­լոր հո­սանք­նե­րը, ծայ­րա­յեղ ա­ջէն մին­չեւ հա­կա­դիր՝ ծայ­րա­յեղ ձա­խի բե­ւե­ռին կանգ­նած մտա­ծող­նե­րը, դեռ չեն կրցած հա­մա­ձայ­նիլ մե­ծա­գոյն հար­ցա­կա­նին շուրջ.

-Բռ­նու­թեամբ կա­տա­րո­ւած յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կրնա՞յ հա­մա­րուիլ ողջ աշ­խար­հի քա­ղա­քակրթա­կան զար­գաց­ման բնա­կան, այ­լեւ ան­խու­սա­փե­լի ու­ղին, թէ բա­ցա­ռա­պէս ե­ղա­փո­խու­թեան եւ բա­րեշրջ­ման մէջ պէտք է փնտռել մարդ­կա­յին յա­ռաջ­դի­մու­թեան շար­ժի­չը։ Ինք­նան­պա­տակ չէ 226-ա­մեայ այդ բա­նա­վէ­ճը։ Ն­­մա­նա­պէս՝ յա­տուկ չէ միայն վեր­ջին 226 տա­րի­նե­րու մարդ­կու­թեան։

Ո­րոշ մտա­ծող­ներ մին­չեւ Քրիստո­նէու­թեան ար­շա­լոյ­սը կը տա­նին յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րը՝ ­Յի­սուս Ք­­րիս­տո­սի քա­րո­զած վար­դա­պե­տու­թեան մէջ գտնե­լով հին կար­գե­րու կոր­ծան­ման եւ նոր ար­ժէք­նե­րու վրայ խարս­խո­ւած աւե­լի կա­տա­րեալ հա­մա­կար­գի մը ստեղծ­ման ա­ռա­ջին, տիե­զե­րա­կա՛ն յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան սաղ­մե­րը։ Ա­ւե­լի՛ն. շեշ­տելով Քրիս­տո­նէու­թեան կրօ­նա­կան ա­ռա­ջին մեծ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, մտա­ծող­նե­րու այդ դպրո­ցը կը փոր­ձէ հիմ­նա­ւո­րումն ու բա­ցատ­րու­թիւ­նը գտնել մեր ժա­մա­նակ­նե­րը յու­զող կրօ­նա­կան ար­մա­տա­կա­նու­թեան եւ վար­դա­պե­տա­մո­լու­թեան ծայ­րա­յեղ դրսե­ւո­րում­նե­րուն։

Պաս­թի­յի կոր­ծան­ման եւ ֆրան­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թեան մար­տա­շունչ, այ­լեւ ա­րիւ­նա­լի մա­կըն­թա­ցու­թեան հետ ծա­ւա­լած ­Յե­ղա­փո­խու­թեան դե­րին ու ար­ժէ­քին շուրջ բա­նա­վէ­ճը, յատ­կա­պէս այ­սօր, ինք­նանպա­տակ չէ նաեւ այն ա­ռու­մով, որ քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թիւ­նը տա­կա­ւին նոր դուրս կու գայ, հա­զիւ կը ձեր­բա­զա­տո­ւի 1917-ի ­Պոլ­շե­ւի­կեան մեծ յե­ղա­փո­խու­թեան մղձա­ւան­ջէն, որ գա­ղա­փա­րա­կան իր ներշն­չումն ու բրտու­թեան ա­հագ­նու­թիւ­նը ստա­ցաւ 1789-ի ֆրան­սա­կան նա­խա­դէ­պէն։

Ա­տե­նին ­Լե­նին կը յա­ւակ­նէր ու կը յո­խոր­տար, որ իր շղթա­յա­զեր­ծա­ծը՝ ­Պոլ­շե­ւի­կեա­նը յե­ղա­փո­խու­թեանց մե­ծա­գոյնն էր, որ միա­ժա­մա­նակ պի­տի ըլ­լար իր տե­սա­կին վեր­ջի­նը եւ միան­գա­մընդ­միշտ վերջ պի­տի տար… յե­ղա­փո­խու­թեանց։

Բայց ինչ­պէս որ Եր­կա­թեայ ­Վա­րա­գոյ­րով աշ­խար­հէն մե­կու­սա­ցած խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան օ­րե­րուն, այն­պէս եւ ա­նոր ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նէն ու կոր­ծա­նու­մէն ետք, շա­տեր Պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեան մէջ տե­սան նոյ­նինքն Յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րին եւ ար­ժէ­քին այ­լան­դակ, այլեւ՝ խե­ղո­ւած մէկ ծնուն­դը միայն, ո­րուն նմա­նու­թեան եզ­րե­րը, Ֆ­­րան­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թեան հետ, կը սկսէին ու վերջ կը գտնէին… իր գոր­ծադ­րած բրտու­թեանց ա­հա­ւո­րու­թեամբ եւ խլած մի­լիո­նա­ւոր զոհե­րով։

Ա­մէն պա­րա­գա­յի բա­նա­վէ­ճը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կո­ւի եւ, մեղ­մաց­ման փո­խա­րէն, նո­րո­վի կը բոր­բո­քի ու կիր­քե­րու սան­ձա­զերծ­ման ա­ռիթ կու տայ։

Բայց նաեւ ո­րոշ հար­ցա­կան­նե­րու տո­ւած է ան­վի­ճե­լի պա­տաս­խան­ներ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կին հետ ա­ւե­լիով կը հիմ­նա­ւո­րո­ւին՝ ի­րենց հեր­թին յա­րա­կից նոր հար­ցա­կան­նե­րու տե­ղի տա­լով։

Իսկ Յու­լիս 14-ի առթիւ կ­­՚ար­ժէ հա­կիրճ պատ­մա­կա­նով, անդ­րա­դառ­նալ եւ ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րել Պաս­թի­յի ներ­խուժ­ման ու կոր­ծա­նու­մին։

Փա­րի­զի ծայ­րա­մա­սին գտնուող ամ­րոց էր Պաս­թի­յի բեր­դը, որ վե­րա­ծո­ւած էր բան­տի եւ դար­ձած էր բրտա­գոյն խորհրդա­նի­շը ֆրան­սա­կան միա­պե­տու­թեան դա­ժան իշ­խա­նու­թեան։

14 ­Յու­լիս 1789-ի նա­խօ­րէին, Ֆ­րան­սա կ­­՚ապ­րէր ­Լուտո­վի­կոս ԺԶ. թա­գա­ւո­րի եւ Մա­րի Անթո­ւա­նէթ թա­գու­հիի բռնա­տի­րու­թեան տակ։ ­Մինչ եր­կիրն ու ժո­ղո­վուր­դը կը տո­ւայ­տէին չքա­ւո­րու­թեան եւ սո­վի, ան­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ա­նար­դա­րու­թեան ծան­րա­գոյն պայ­ման­նե­րու մէջ, ար­քու­նի­քը եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­ւա­տա­պետ ազնուակա-նու­թիւ­նը անձ­նա­տուր դար­ձած էին զե­խու­թեան ու յղփան­քի։

Լու­տո­վի­կոս ԺԶ. եւ ­Մա­րի Ան­թո­ւա­նէթ պար­պած էին պե­տու­թեան գան­ձարկ­ղը ոչ միայն ի­րենց պա­լա­տա­կան շռայ­լու­թեանց հե­տե­ւան­քով, այ­լեւ՝ Անգ­լիոյ դէմ ա­մե­րի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեան նիւ­թա­պէս ա­ռատ օ­ժան­դու­թիւն ըն­ծա­յե­լով։ Ար­քու­նի­քի ծախ­սե­րուն հաս­նե­լու հո­գը դար­ձեալ ծան­րա­ցած էր պարզ ժո­ղո­վուր­դին վրայ՝ ան­կէ գան­ձո­ւող տուր­քե­րը բազ­մա­պատ­կե­լով, ո­րով­հե­տեւ ֆրան­սա­կան միա­պե­տու­թեան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւնն էր ազ­նո­ւա­կա­նու­թիւ­նը տուր­քէ զերծ պա­հել, որ­պէս­զի այս վեր­ջին­ներն ալ, ի­րենց հեր­թին, ա­զատ կա­ցու­ցա­նեն թա­գա­ւո­րին ձեռ­քե­րը՝ եր­կի­րը իր նա­խընտ­րած ձե­ւով կա­ռա­վա­րե­լու մէջ…

Այդ բո­լո­րը կար­ծէք բա­ւա­րար չէին եւ բնու­թիւնն ալ, այդ տա­րի, ար­տա­կար­գօ­րէն դա­ժան գտնո­ւե­ցաւ ֆրան­սա­ցի գիւ­ղա­ցիին նկատ­մամբ՝ տա­րո­ւան բեր­քը ե­րաշ­տի ու փճաց­ման մատ­նե­լով։

Եւ ան­խու­սա­փե­լին պա­տա­հե­ցաւ ու ֆրան­սա­ցի­նե­րու համ­բե­րա­տա­րու­թեան բա­ժա­կը յոր­դե­ցաւ, երբ տուր­քե­րու գան­ձու­մը յա­ւե­լեալ բրտու­թեամբ ի­րա­կա­նաց­նե­լու ծայ­րա­յե­ղու­թեան դի­մեց ար­քու­նի­քը։

Փա­րի­զը թա­տե­րա­բեմ դար­ձաւ ա­մէ­նօ­րեայ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րու։ Եւ որ­քան թա­գա­ւո­րին հա­ւա­տա­րիմ­նե­րը բրտու­թեամբ հա­կա­դար­ձե­ցին, այն­քան ուռ­ճա­ցան շար­քե­րը ըմ­բոս­տա­ցող­նե­րուն։

Ան­շուշտ հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ըմ­բոս­տաց­ման հո­գե­մտա­ւոր են­թա­հո­ղը եւս պատ­րաստ էր։ Ամ­բողջ 18-րդ ­դա­րու եր­կայն­քին ա­զա­տա­խոհ մտա­ւո­րա­կան­ներ ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­ցած էին ա­ւա­տա­պե­տու­թեան եւ միա­պե­տու­թեան չա­րի­քը մեր­կաց­նե­լու եւ ա­զա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան ու հա­ւա­սա­րու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը տա­րա­ծե­լու եւ հիմ­նա­ւո­րե­լու գոր­ծին մէջ։ Յատ­կա­պէս ­Ժան-­Ժագ Ռու­սօ, ըն­կե­րա­յին հիւ­սո­ւած­քի ա­նար­դար հի­մե­րուն ուղ­ղո­ւած իր բուռն քըն-նա­դա­տու­թիւն­նե­րով, քա­ղա­քա­ցիա­կան զար­թօն­քի ա­լիք բարձրա­ցու­ցած էր։ Միա­պե­տու­թիւ­նը ար­դէն դժո­ւա­րու­թիւն ու­նէր դի­մագ­րա­ւե­լու այն ճնշում­նե­րը, ո­րոնք օ­րէնսդ­րա­կան յա­ւե­լեալ ի­րա­ւունք­ներ եւ մաս­նակ­ցու­թիւն կը պա­հան­ջէին ի նպաստ նո­րա­կազմ մի­ջին դա­սա­կար­գի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն։

Ա­հա այս բո­լո­րին՝ են­թա­կա­յա­կան եւ ա­ռար­կա­յա­կան պայ­ման­նե­րու այ­սօ­րի­նակ հա­սու­նաց­ման բե­րու­մով, 14 Յու­լիս 1789-ին պա­տա­հե­ցաւ Պաս­թի­յի վրայ ցու­ցա­րար­նե­րու գրո­հը։ Բան­տա­պահ­նե­րը ար­հա­մար­հե­ցին ցու­ցա­րար­նե­րուն ու­ժը եւ բա­ւա­րա­րո­ւե­ցան ըն­թա­ցիկ պաշտ­պա­նու­թեան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով, հա­կա­ռակ որ պա­լա­տա­կան լրտես­նե­րու մի­ջո­ցաւ տե­ղեակ էին Պաս­թի­յի բան­տը խու­ժե­լու ցու­ցա­րար­նե­րու մտադ­րու­թեան մա­սին։ ­Բան­տի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը քա­նի մը հա­րիւր ան­զէն խու­ժանի կը սպա­սէին, բայց միայն դա­սա­լիք թա­գա­ւո­րա­կան զօր­քէն ի­րենց զէն­քե­րով դա­սա­լիք ե­ղած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը քա­նի մը հարիւ­րը գե­րա­զան­ցած էին, ո­րոնք հա­զա­րա­ւոր ցու­ցա­րար­ներ ա­ռաջ­նոր­դե­ցին դէ­պի ­Պաս­թի­յի բան­տը, պար­տու­թեան մատ­նե­ցին բեր­դի պաշտ­պան­նե­րը եւ գրա­ւե­ցին ամ­րո­ցը։ Ան­մի­ջա­պէս ա­զատ ար­ձա­կե­ցին բան­տար­կեալնե­րը, իսկ բան­տա­պե­տը գլխա­տե­լով՝ գլու­խը ցի­ցի մը վրայ դրած, ցու­ցադ­րա­բար շրջե­ցան ­Փա­րի­զի փո­ղոց­նե­րը։

Միա­պե­տա­կան բռնա­տի­րու­թեան խորհր­դա­նիշ ամ­րո­ցը՝ ­Պաս­թի­յը քա­նի մը օ­րուան մէջ կոր­ծա­նե­ցաւ։

Թա­գա­ւո­րա­կան ու­ժը վար­կա­բե­կո­ւե­ցաւ, ժո­ղո­վուր­դը սիրտ ա­ռաւ եւ ­Փա­րի­զը ա­րա­գօ­րէն ին­կաւ ցու­ցա­րար­նե­րու իշ­խա­նու­թեան տակ։ ­Գա­ւառ­նե­րու ըմ­բոստ ժո­ղո­վուր­դը իր կար­գին խու­ժեց ­Փա­րիզ եւ հզօ­րա­ցուց հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թիւ­նը։

Եւ այդ­պէս սկսաւ Ֆ­րան­սա­կան ­Մեծ ­Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը, որ Ա­զա­տու­թեան, Հա­ւասա­րու­թեան եւ Եղ­բայ­րու­թեան նշա­նա­բա­նով՝ քայլ առ քայլ կոր­ծա­նեց միա­պե­տու­թեան բո­լոր կռո­ւան­նե­րը։

Լու­տո­վի­կոս ԺԶ. եւ ողջ ար­քու­նի­քը, սար­սա­փա­հար, ­Վեր­սայ­ի պա­լա­տը ա­պաս­տա­նե­ցան։ ­Բայց միայն ժա­մա­նա­կա­ւոր կրնար ըլ­լալ անոնց ա­պա­հո­վու­թիւ­նը,ո­րով­հե­տեւ յե­ղա­փոխու­թեան ա­րա­գա­սոյր յաղ­թար­շա­ւը հիմ­նա­յա­տակ կոր­ծա­նեց ­Հին ­Կար­գե­րը, հաս­տատեց Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի խորհր­դա­րա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը, որ իր ներ­քին բո­լոր վէ­ճե­րով ու անխ­նայ մրցա­պայ­քար­նե­րով, իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն­նե­րու եւ փո­խա­դարձ մաք­րա­գոր­ծում­նե­րու վե­րի­վայ­րում­նե­րով հան­դերձ՝ միա­կամ եւ ան­հաշտ պայ­քար մղեց ի խնդիր միա­պե­տութեան ամ­բող­ջա­կան տա­պա­լու­մին։

27 Օ­գոս­տոս 1789-ին, նո­րա­կազմ Ազ­գա­յին ­ժո­ղո­վը պաշ­տօ­նա­պէս վերջ տո­ւաւ Ֆ­րան­սա­յի մէջ Ա­ւա­տա­պե­տու­թեան՝ որ­դեգ­րե­լով եւ հաս­տա­տե­լով ­Մար­դու եւ ­Քա­ղա­քա­ցիի Ի­րաւունք­նե­րուն Յայ­տա­րա­րա­գի­րը, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պի­տի դառ­նար Ար­դի ­Դա­րաշր­ջա­նի տիե­զե­րա­կան սկզբունք­նե­րու անդ­րա­նիկ հռչա­կա­գի­րը։

Միա­պե­տու­թեան վերջ­նա­կան կոր­ծա­նու­մը իրա­կա­նա­ցաւ 1792-ի վեր­ջե­րուն, երբ ­Ռո­պես­փիէռեան յե­ղա­փո­խա­կան ա­տեա­նը դա­տեց թա­գա­ւորն ու թա­գու­հին, ծան­րա­գոյն դա­ւա­ճա­նու­թեան հա­մար յան­ցա­գործ նկա­տեց զա­նոնք եւ մա­հավ­ճիռ ար­ձա­կեց։

Այդ­պէ՛ս, ­Հին Ֆ­­րան­սա­յի վեր­ջին խորհր­դա­նիշ­նե­րը՝ ­Լու­տո­վի­կոս ԺԶ. թա­գա­ւորն ու ­Մա­րի Ան­թո­ւա­նէթ թա­գու­հին գլխա­տո­ւե­ցան։

Նոր Ֆ­րան­սան աշ­խար­հին պար­զեց իր ե­րեք գոյն՝ կա­պոյտ, ճեր­մակ եւ կար­միր դրօ­շը, որոնք խորհր­դան­շե­ցին յե­ղա­փո­խու­թեան հռչա­կած Ա­զա­տու­թիւ­նը, Հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը եւ Եղ­բայ­րու­թիւ­նը։

Իսկ փա­րի­զեան ցոյ­ցե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ­Մար­սէյ­լի ապս­տամբ­նե­րուն եր­թի ազ­դանշան տո­ւող ­Մար­սէ­յէզ քայ­լեր­գը հաս­տա­տո­ւե­ցաւ իբ­րեւ ­Նոր Ֆ­րան­սա­յի ազ­գա­յին օրհ­ներ­գը։

Տաս­նա­մեակ­ներ ամ­բողջ, ֆրան­սա­ցիք ինք­նա­բուխ կեր­պով տօ­նե­ցին ­Յու­լիս 14-ը՝ հրա­վա­ռու­թիւն­նե­րով եւ հրա­պա­րա­կա­յին ճոխ հան­դի­սու­թիւն­նե­րով ու եր­թե­րով։ ­Միայն 1880-ին է, որ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ո­րո­շու­մով պե­տա­կան տօն հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Յու­լիս 14-ը՝ իբ­րեւ Պաս­թի­յի կոր­ծան­ման եւ ­Յե­ղա­փո­խու­թեան սկզբնա­ւոր­ման օրը։

Եւ ա­մէն ­Յու­լիս 14-ի, մե­րօ­րեայ Ֆ­րան­սա­յի հիմ­նադ­րու­թեան տօ­նը խորհր­դան­շե­լով հանդերձ՝ Պաս­թի­յի կոր­ծան­ման տա­րե­դար­ձը, աշ­խար­հով մէկ, ա­ւե­լի ա­զատ, ար­դար ու ի­րաւա­հա­ւա­սար աշ­խար­հի մը կերտ­ման տիե­զե­րա­կան ձգտու­մը կ­­՚արթնցնէ ու կը վե­րա­նորո­գէ ա­մէն սե­ռի, գոյ­նի, ազ­գի եւ դա­ւա­նան­քի տէր բո­լոր մար­դոց եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու յուզաշ­խար­հին մէջ։

Ո­րո­շա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Նոր Ժա­մա­նակ­ներ թե­ւա­կո­խու­մին մէջ հիմ­նա­րար ե­ղաւ ներգոր­ծու­թիւ­նը 14 ­Յու­լիս 1789-ի ­Պաս­թի­յի խոր­տա­կու­մին եւ Ֆ­­րան­սա­կան ­Մեծ ­Յե­ղա­փո­խու­թեան բո­ցա­վա­ռած ամ­բող­ջա­կան Ա­զա­տագ­րու­մի գա­ղա­փա­րա­կան խա­րոյ­կին։

Յատ­կա­պէս ­Փա­րիզ ու­սա­նած եւ Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձած ա­զա­տա­տենչ հայ ե­րի­տա­սարդնե­րու անն­կուն պայ­քա­րով՝ մեր ժո­ղովուր­դը ներշնչ­ման աղ­բիւ­րի վե­րա­ծեց Ֆրանսա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւանդ­նե­րը եւ նո­ւա­ճեց ոչ միայն 19-րդ ­դա­րա­կէ­սի իր Ազ­գա­յին Զար­թօն­քը, այ­լեւ 19-րդ ­դա­րա­վեր­ջի իրազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը, որ 20-րդ ­դա­րու երկ­րորդ տաս­նամեա­կի վեր­ջե­րուն պսա­կուե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ու հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մով։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015