ԱՄԵՆԱԿԱՐԵՒՈՐ ԸՆԹՐԻՔԸ «Բ.»
Սեղանը պատրաստ էր, սակայն ընթրիքը անսովոր բոյր մը ունէր: Թերեւս հրաժեշտի բոյրը այդպիսին կ՚ըլլայ, ո՞վ գիտէ: Կինը սեղանին մէջտեղը զետեղեց ծաղկաման մը: Քաղեց իր աճեցուցած ծաղիկները, դրաւ ծաղկամանին մէջ, այնուհետեւ իջաւ նկուղ, հանեց ամենալաւ պահածոները, որոնք նոր պատրաստած էր եւ պիտի վայելէին ձմրան: Ամէն տարի այնքան պահածոներ կը պատրաստէր, որ դրացի կանայք իրեն հետ կը մրցէին, թէ ո՛վ աւելի շատ պահածոներ պիտի հասցնէ շարել նկուղին մէջ: Միեւնոյնն է, անոր պահածոները ամենագունաւորն էին, քանզի հանդերու բոլոր պտուղներն ու հատապը-տուղները, այգիի բոլոր բանջարեղէնները ամուսինը կը բերէր տուն: Իսկ այնուհետեւ անոնք կը յայտնուէին թափանցիկ տարաներու մէջ, կը շարուէին իր ամուսինի ձեռքով պատրաստած պահարաններուն ու կը սպասէին ձմրան: Իսկ հիմա... Հիմա ձմեռը կանուխ եկած էր, քանզի ձմեռը սկսած է իրենց ներսէն:
Նստան սեղանի շուրջ՝ ընկուզենիի տակ.
-Եթէ նախապէս գիտնայի՝ ժենգեալով հաց ալ կը թխէի,- կինը ժպտեցաւ: Ժպիտէն բերանը դառնացաւ:
-Այդ ալ պահենք վերադարձի համար,- տղամարդը նայեցաւ կնոջը:
-Վերադա՞րձ:
Առաջին անգամ անոնց աչքերը շատ նմանեցան զիրար, թէեւ մէկունը շագանակագոյն էր, միւսինը՝ կանաչ:
-Այո՛, վերադարձ:
Աննան վերցուց ձուկի պոչը եւ սկսաւ ախորժակով ուտել: Յետոյ ըմպեց իր մայրիկին պատրաստած թարմ քոմփոթը:
-Հայրի՛կ, իսկ կարմրախայտը միայն Թարթառի մէջ կ՚ըլլայ:
-Ո՛չ, սակայն Թարթառինը ամենահամովն է, քանզի անոր մէջ մեր սարերու համը կայ, իսկ ուրիշ տեղ մեր սարերէն չկայ:
-Հայրի՛կ, ես շատ կը սիրեմ ճամբորդել, ինչ լաւ է, որ դուն ի վերջոյ որոշեցիր մեզ տանել ճամբորդութեան:
Կարոն սաստող հայեացքով մը նայեցաւ քրոջը, յետոյ հօր պաղ հայեացքին տակ դժուարութեամբ կլլեց միսի պատառը, զգաց, թէ ինչպէս արցունքի երկու կաթիլ ինկան պնակին մէջ, ուր իր մայրիկի պատրաստած սիրելի պահածոն էր: Վերցուց պատառաքաղը եւ արագ կերաւ պնակի պարունակութիւնը: Աղուոր մը կերաւ, արցունքը չէր երեւեր հաստատ, սակայն հայրը հասցուց տեսնել անոր փայլը:
Այդ ամենաերկար ընթրիքն էր, որ չէր աւարտեր, որ ոչ մէկը կ՚ուզէր աւարտիլը...
Մայրը գնաց իրերը ժողվելու:
Հայրը լեցուց գաւաթը եւ մօտեցաւ որդիին.
-Դուն այլեւս մեծ ես եւ գիտես, որ այստեղ է մեր սկիզբը, այս ընկուզենիի տակ, այս տանը, որ քու աչքիդ առջեւ կառուցած ենք: Չմոռնաս, որ մերինը այս է: Սկիզբդ չմոռնաս:
-Պապա, դո՞ւն ալ այս տունը պիտի վառես:
Պատասխանի փոխարէն հայրը դատարկեց գաւաթը: Նայեցաւ տունին եւ լռեց: Որդին շարունակեց.
-Գիշերը բոլորը պիտի վառեն իրենց տուները ու պիտի հեռանան, ես այդպէս իմացայ: Ոչ մէկը կ՚ուզէ իր տունը ձգել թշնամիին:
-Իսկ դուն ի՞նչ կ՚ուզես:
-Կ՚ուզեմ վառես, պա՛պ, կ՚աղաչեմ, վառէ՛: Ես չեմ ուզեր, որ թշնամիի երեխաները քնանան իմ մահճակալին վրայ, որ քաղեն իմ մայրիկի ծաղիկները, որ քշեն քու գնած առաջին հեծանիւը: Վառէ ամէն բան. պա՛պ: Իմ ոտնագնդակի գնդակն ալ չեմ ուզեր, թող մնայ պատին տակ: Այդպէս ալ վառէ՝ գնդակի հետ միասին:
Տղան ծնկաչոք գրկեց հօր ոտքերը, ուզեց բարձրաղաղակ լալ, սակայն վախցաւ, որ հայրը զինքը պիտի համարէ թուլամորթ:
-Ելի՛ր,- հայրը գրկեց զաւկին ուսերը, թափ տուաւ, համբուրեց ճակատը,- դուն օր մը պիտի հասկնաս, որ աշխարհի երեսին առաւել սարսափելի բան մը չկայ, քան քու սեփական ձեռքերով վառել այն, ինչ որ ստեղծած ես:
Մօրեղբայր Սարոյի ինքնաշարժը կեցաւ տունին մօտ: Սարոն իր տիկնոջ հետ էր, երեխաներ չունէր: Ճամպրուկներու մէկ մասը դասաւորեցին ինքնաշարժի մէջ, մաս մըն ալ մնաց դուրսը. երկու ինքնաշարժով պիտի ճանապարհուէին:
-Պա՛պ, ես կրնա՞մ քու ինքնաշարժով գալ:
-Ո՛չ, մօրեղբորդ հետ միասին պիտի երթաք: Տեղաւորուեցէ՛ք, աճապարեցէ՛ք:
Աննան պինդ գրկած էր իր խաղալիկ կիթառը եւ գեղեցիկ գլխարկ մը դրած էր: Հագած էր ծաղկաւոր զգեստը ու ճերմակ կօշիկները: Աննան կը ժպտէր, ան միշտ երազած էր ճանապարհորդելու մասին:
Կարոն կը նայէր քրոջը ու կը խորհէր՝ երանի՜ անոր՝ ոչինչ կը հասկնայ:
-Երթաք բարիով,- հայրը գոցեց ինքնաշարժի դուռը,- ժամ մը վերջ ես ալ դուրս պիտի ելլեմ:
Ճանապարհի փոշին մշուշեց հեռացող ինքնաշարժի պատկերը: Տղամարդը մնացեալ ճամպրուկները տեղա-ւորեց իր ինքնաշարժի մէջ ու քայլեց դէպի ախոռը:
Ճերմակ ձին խրխնջաց, գլուխը քսեց տիրոջը: Տեսաւ, թէ տէրը ինչպէս կ՚արձակէ կապանքները ու թերեւս հասկցաւ, որ միասին այլեւս պիտի չերթան որսի: Այլեւս ոչ մէկ տեղ պիտի երթան:
-Ազատ ես:
Ձին խրխնջաց ու մնաց կանգնած:
-Ներէ, բայց դուն աւելի երջանիկ ես, քան ես: Այս անտառներն ու դաշտերը քուկդ են: Կրնաս երթալ, արածիլ, ապրիլ սարերու մէջ: Ես այլեւս ոչինչ ունիմ քեզի տալու: Իմ ունեցածը յիշատակներ են, զորս պիտի դասաւորեմ իմ սրտի մէջ ու ճամբայ իյնամ: Մնաս բարեաւ:
Դրացի Սագոյի տունը բոցավառեցաւ: Թաղը լեցուեցաւ ծուխով: Յետոյ նորէն վառուեցան տուներ, տուներու փոխարէն ծուխ էր ու տղամարդկային ծանր լռութիւն:
-Վառե՛մ,- ըսաւ ինքզինքին ու մօտեցաւ տունին...
-Վառե՞ս,- հարցուց մէկը, զոր չէր երեւեր...
Ձին խրխնջոցով մօտեցաւ տիրոջը, երկուքով նայեցան տունին: Տունը լեզու չունէր, չէր խօսեր...
•վերջ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան