ԳԵՏԱՄԷՋԻ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐԸ

Ամ­րան ա­միս­նե­րուն կ՚աշ­խու­ժա­նայ հա­յաս­տա­նեան փա­ռա­տօ­նա­յին կեան­քը: Այս ա­մառ Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան կարգ մը հե­տաքրք­րա­կան փա­ռա­տօ­ներ, ո­րոնց­մէ մի քա­նին ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած է, ինչ­պէս՝ Մեղ­րի եւ հա­տապ­տուղ­նե­րու, Լա­ւա­շի, Ձմե­րու­կի, Ծաղ­ի­կի, Հաս­կի, Տա­րա­զի, Թու­թի, Ոչ­խար­նե­րու խուզ­ման եւ այլ փա­ռա­տօ­ներ: Մշա­կու­թա­սէր­նե­րը եւ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու ջա­տա­գով­նե­րը տա­կա­ւին կը սպա­սեն աշ­նա­նա­յին փա­ռա­տօ­նե­րուն, ո­րոնք նոյն­պէս կը խոս­տա­նան ըլ­լալ հե­տաքրք­րա­կան:

Ա­մառ­նա­յին փա­ռա­տօ­նե­րու կար­գին անց­նող օ­րե­րուն՝ Օ­գոս­տո­սի 15-16 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ ու­շագ­րաւ փա­ռա­տօն մը, ո­ր նոյն­պէս ա­մառ­նա­յին ա­ւան­դա­կան փա­ռա­տօ­նե­րէն մին է եւ ար­դէն եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նէն 16 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնուող Գե­տա­մէջ գիւ­ղին մէջ:

Հա­ւա­նա­բար Գե­տա­մէջ գիւ­ղը ան­յայտ մնար Հա­յաս­տա­նի քար­տէ­սին վրայ, ե­թէ տա­սը տա­րի ա­ռաջ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն այս­տեղ բնա­կու­թիւն չհաս­տա­տէր Հաս­սա­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը: Յով­հան­նէս եւ Տիա­նա Հաս­սա­սեան­նե­րը ի­րենց որդ­ւոյն՝ Սա­րո­յին եւ դստեր՝ Ան­ժե­լա­յին հետ Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եր­կար տա­րի­ներ բնա­կե­լէ ետք ու ո­րո­շած են ի­րենց ամ­բողջ կեան­քը ան­ցը­նել հայ­րե­նի­քի մէջ: Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­նոնք ընտ­րած են խա­ղաղ վայ­ր մը՝ Գե­տա­մէ­ջը, որ պզտիկ ու ա­նաղ­մուկ գիւղ մըն է Կո­տայ­քի մար­զէն ներս՝ Հրազ­դան գե­տի ձախ ա­փին եւ իր ա­նու­նը ա­ռած է գե­տի շուրջ ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով:

Հաս­սա­սեան­նե­րը Գե­տա­մէջ գիւ­ղին մէջ տուն մը գնե­լով եւ տես­նե­լով Ե­րե­ւա­նէն դուրս գտնուող այդ գիւ­ղի ոչ-աշ­խոյժ եւ տխուր կեան­քը՝ փոր­ձած են հե­տաքրք­րա­կան եւ օգ­տա­կար ձեռ­նարկ մը հիմ­նել գիւ­ղին հա­մար: Ա­նոնց որ­դին՝ Սա­րոն ե­րա­ժիշտ է, եւ ան ո­րո­շած է իր մաս­նա­գի­տու­թեան ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պել ա­մե­նա­մեայ ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօն մը, որ գիւ­ղին մէջ կը հա­ւա­քէ Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ կ՚աշ­խու­ժաց­նէ գիւ­ղա­կան կեան­քը:

Այ­սօր Գե­տա­մէ­ջի մէջ «Սա­րո­յենց տու­ն» ա­նուա­նու­մը ոչ միայն կը նշա­նա­կէ բնա­կա­վայր, ուր կը բնա­կի Սա­րո­յենց չորս հո­գի­նոց ըն­տա­նի­քը, այլ տու­նը դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի ա­մենէն նշա­նա­ւոր ռաք փա­ռա­տօ­նի՝ River Fest Armenia-ի կազ­մա­կեր­պուած մնա­յուն վայ­րը: Այս տա­րի, եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով River Fest Armenia-ն տե­ղի ու­նե­ցաւ նոյն վայ­րին մէջ։ Փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ եւ ծա­նօ­թա­ցաւ Գե­տա­մէ­ջի մէջ հաս­տա­տուած Հաս­սա­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին եւ ա­նոնց յատ­կան­շա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեա­ն:

Յով­հան­նէս եւ Տիա­նա Հաս­սա­սեան­նե­րը ծնած են Ե­րու­սա­ղէմ, այ­նու­հե­տեւ տե­ղա­փո­խուած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, ուր ծա­նօ­թա­ցած ու ա­մուս­նա­ցած են: Ա­նոնց զա­ւակ­նե­րը ծնած են Ա­մե­րի­կա: Դուստ­րը՝ Ան­ժե­լա Հաս­սա­սեան կ՚ը­սէ, որ ի տար­բե­րու­թիւն իր ծնող­քին, ո­րոնք Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ հա­յկա­կան ա­ւան­դա­կան հա­մայն­քի մէջ մեծ­ցած են, ինքն ու եղ­բայ­րը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րէն դուրս ե­ղած են, եւ ըն­տա­նի­քէն ներս միշտ մտա­վա­խու­թիւն ե­ղած է, թէ ի­րենք կը տե­ղա­փո­խուին այլ նա­հանգ մը՝ ու­սում առ­նե­լու, կը մոռ­նան սո­վո­րու­թիւն­նե­րը եւ ամ­բող­ջու­թեամբ կը կորսնց­նեն հա­յու­թեան հետ ի­րենց կա­պը: Յով­հան­նէս Հաս­սա­սեան, որ միշտ իր մէջ ու­նե­ցած է հայ­րե­նի­քի փա­փա­քը, ո­րո­շած է ըն­տա­նի­քին հետ փո­խադ­րուիլ Հա­յաս­տան եւ 2005 թուա­կա­նին ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են ի­րենց ե­րա­զան­քը:

Շատ դժուա­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած են սկզբնա­կան շրջա­նին՝ հաս­տա­տուե­լով գիւ­ղի մը մէջ, ուր ապ­րե­լու պայ­ման­նե­րը շատ տար­բեր էին ի­րենց նա­խորդ պայ­ման­նե­րէն: Ինչ­պէս կ՚ը­սէ Յով­հան­նէս Հաս­սա­սեան՝ պզտիկ­նե­րը սկզբնա­կան շրջա­նին միշտ կու լա­յին ու կ՚ը­սէին. «Հայ­րիկ, ո՞ւր բե­րած ես մե­զ»: Հայ­րը ե­րա­խա­նե­րուն մխի­թա­րած է եւ ը­սած է՝ համ­բե­րե­ցէք, ա­մե­նէն լաւ տու­նը եւ ապ­րե­լու վայ­րը պի­տի ըլ­լայ մեր բնա­կա­րա­նը։ Իս­կա­պէս ալ, այ­սօր ո՛չ միայն գիւ­ղի, այ­լեւ շրջա­նին մէջ խա­ղաղ, բա­րե­կե­ցիկ, գրա­ւիչ վայ­րե­րէն մէ­կը դար­ձած է Հաս­սա­սեան­նե­րու տու­նը, ուր կ՚այ­ցե­լեն դես­պան­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ հա­ճե­լի ժա­մա­նակ ան­ցը­նե­լու կիրթ եւ հայ­րե­նա­սէր այս ըն­տա­նի­քին հետ:

Յով­հան­նէս Հաս­սա­սեա­նին դուստ­րը՝ Ան­ժե­լա Հաս­սա­սեան կ՚ը­սէ, որ ինք հօր կող­մէն մա­րաշ­ցի է, իսկ մօր կող­մէն՝ ա­տա­նա­ցի: Հայ­րը միշտ ը­սած է, թէ մա­րաշ­ցի­նե­րը լաւ ե­րա­ժիշտ­ներ եւ լաւ խո­հա­րար­ներ ե­ղած են: Յով­հան­նէս Հաս­սա­սեան նոյն­պէս ե­րաժշ­տա­կան հա­կում­ներ ու­նի, ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին նուա­գած է խում­բի մը մէջ, սա­կայն դէմ ե­ղած է, որ որ­դին ընտ­րէ ե­րաժշ­տա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը: Սա­րոն, սա­կայն, յա­մա­ռած է իր մաս­նա­գի­տու­թեան հար­ցին վրայ, եւ այ­սօր ան Ե­րե­ւա­նի Ե­րաժշ­տա­նո­ցի ճա­զի եւ կի­թա­ռի բաժ­նի ու­սա­նող է: Ու­նի բազ­մա­թիւ ե­րա­ժիշտ ըն­կեր­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ ալ ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է River Fest Armenia-ն: Սա­րոն կ՚ը­սէ, որ փա­ռա­տօ­նը հիմ­նած են իբ­րեւ բա­րե­սի­րա­կան ձեռ­նարկ, եւ այդ­պէս ալ պի­տի մնայ ան: Տոմ­սակ­նե­րու վա­ճառ­քէն ստա­ցուած հա­սոյ­թը կ՚ուղ­ղուի Գե­տա­մէ­ջի զար­գաց­մա­ն: Ըն­տա­նի­քը հա­մո­զուած է, որ ի­րենց ներդ­րու­մը թէեւ պզտիկ, բայց կա­րե­ւոր քայլ մըն է ու­շադ­րու­թե­նէ դուրս մնա­ցած գիւ­ղա­կան այդ հա­մայն­քի զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ: Ա­ռա­ջին տա­րուան փա­ռա­տօ­նի հա­սոյ­թով Հաս­սա­սեան­նե­րը նոր սե­ղան­ներ եւ ա­թոռ­ներ գնած են գիւ­ղի դպրո­ցին հա­մար, ան­ցեալ տա­րի փո­խած են դպրո­ցին բո­լոր պա­տու­հան­նե­րը՝ հին եւ մա­շած պա­տու­հան­նե­րու փո­խա­րէն տե­ղադ­րե­լով նոր լու­սա­մուտ­ներ, ո­րոնք յատ­կա­պէս ձմրա­ն կը պա­հեն ջեր­մու­թիւ­նը: Սա­րոն կը նշէ, որ ինք քա­նի մը տա­րի ու­սա­նած է այդ դպրո­ցին մէջ եւ տխրու­թեամբ կը յի­շէ, որ վա­ռա­րան կը վա­ռէին, որ­պէս­զի դա­սա­սե­նեակ­նե­րը տաք­նա­յին։ «Բայց չէին տաք­նար, քա­նի որ ճեղ­քուած եւ հին պա­տու­հան­նե­րէն ջեր­մու­թիւ­նը դուրս կ՚եր­թար», կ՚ը­սէ ան:

Այս տա­րուան փա­ռա­տօ­նի տոմ­սակ­նե­րէն ստա­ց-ւած գու­մա­րով, որ ա­ւե­լի շատ է, քան՝ նա­խորդ տա­րի­նե­րու­նը, Հաս­սա­սեան­նե­րը ման­կա­կան ժա­մա­նա­կա­կից խա­ղահ­րա­պա­րակ պի­տի կա­ռու­ցեն Գե­տա­մէ­ջի ե­րա­խա­նե­րուն հա­մար: Այս տա­րի նաեւ ա­ւե­լի շատ խում­բեր մաս­նակ­ցած են փա­ռա­տօ­նին: Ինչ­պէս ը­սաւ Ան­ժե­լա Հաս­սա­սեան՝ Հա­յաս­տա­նի ռաք աշ­խար­հի բո­լոր խում­բե­րը ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած են River Fest Armenia-ին: Նոյ­նիսկ կան նոր խում­բեր, ո­րոնք հան­րու­թեան ա­ռա­ջին ան­գամ ներ­կա­յա­ցած են այս փա­ռա­տօ­նի մի­ջո­ցաւ, եւ այդ ալ փա­ռա­տօ­նի նպա­տակ­նե­րէն մէկն է՝ ճա­նա­չե­լի դառ­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն տալ սկսնակ­նե­րուն:

River Fest Armenia-ն կը տե­ւէ եր­կու օր։ Հան­դի­սա­կան­նե­րը կը գի­շե­րեն Հաս­սա­սեան­նե­րու պար­տէ­զին մէջ, ուր ալ պատ­րաս­տուած է բե­մը եւ պայ­ման­ներ ստեղ­ծուած է հա­մեր­գա­յին ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար: Հաս­սա­սեան­նե­րը ի­րենց պար­տէ­զին մէջ տե­ղադ­րած են հսկա­յա­կան վրան­ներ, զորս կը տրա­մադ­րեն հան­դի­սակն­նե­րուն, ո­րոնք յա­ջորդ օր, արթն­նա­լով եւ նա­խա­ճա­շե­լով, ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լան երկ­րորդ օ­րուան հա­մեր­գա­յին ծրագ­րին: Հան­դի­սա­կան­նե­րէն ո­մանք նոյ­նիսկ չեն գի­շե­րեր, այլ խա­րոյ­կի շուրջ կը դի­մա­ւո­րեն Գե­տա­մէ­ջի այ­գա­բա­ցը: Փա­ռա­տօ­նը աշ­խա­տան­քի հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ նաեւ գե­տա­մէջ­ցի­նե­րուն: Գիւ­ղա­ցի­նե­րը այդ օ­րե­րուն կը վա­ճա­ռեն ի­րենց տնա­կան ու­տե­լիք­նե­րը՝ պա­տա­ռիկ­ներ, նա­խա­ճաշ եւ հիւ­թեր կը պատ­րաս­տեն հան­դի­սա­կան­նե­րուն հա­մար, իսկ ինք­նա­շարժ ու­նե­ցող­նե­րը այդ օ­րե­րուն փո­խար­ժէ­քով ու­ղե­ւոր­նե­րու փո­խադ­րու­թիւն կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն դէ­պի Ե­րե­ւան կամ այլ վայ­րեր: Գե­տա­մէ­ջի բնակ­չու­թիւ­նը իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ Հաս­սա­սեան­նե­րուն՝ գիւ­ղին մէջ, ար­դէն ե­րեք տա­րիէ ի վեր փա­ռա­տօ­նի օ­րե­րուն աշ­խոյ­ժու­թիւն բե­րած ըլ­լա­լու հա­մար: Ինչ­պէս ժպտա­լով կ՚ը­սէ Ան­ժե­լան, եր­բեմն նաեւ հա­տու­կենտ դժգո­հող­ներ կ՚ըլ­լան գիւ­ղա­ցի­նե­րէն՝ մա­նա­ւանդ ռա­քի ստեղ­ծած աղ­մու­կին պատ­ճա­ռաւ, բայց ի­րենք չեն խախ­տեր օ­րէն­քը եւ ուշ ժա­մե­րուն կը դադ­րեց­նեն հա­մեր­գը: «Բայց բնա­կան է, որ մէկ-եր­կու հո­գի միշտ պի­տի դժգո­հին, վնաս չու­նի, ի­րենք ա­պա կը զգան, որ ի­րենց գիւ­ղի կեան­քի բա­րե­լաւ­ման հա­մար է այս մէ­կը», կ՚ը­սէ Ան­ժե­լա Հաս­սա­սեան: Փա­ռա­տօ­նին միշտ ներ­կայ կ՚ըլ­լան պա­տուոյ հիւ­րեր։ Ան­ցեալ տա­րի փա­ռա­տօ­նը իր մաս­նակ­ցու­թեամբ պա­տուած է Հա­յաս­տա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Հե­ֆերն։ Իսկ այս տա­րի Գե­տա­մէ­ջի պա­տույ հիւ­րը ե­ղած էր Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թեան մօտ Պա­ղես­տի­նի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պա­նը՝ հա­յազ­գի Մա­նուէլ Հաս­սա­սեան, որ Յով­հան­նէս Հաս­սա­սեա­նի եղ­բայ­րն է:

Ան­ժե­լա եւ Սա­րօ Հաս­սա­սեան­ներ կը խօ­սին ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն։ Ա­նոնք հա­յե­րէն չէին գի­տեր եւ մայ­րե­նի լե­զուն սո­րված են վեր­ջին տա­սը տա­րուան ըն­թաց­քին: Ա­նոնք բա­ցի փա­ռա­տօ­նէն կը զբա­ղին նաեւ ար­տա­սահ­մա­նեան եր­կիր­նե­րէն կա­մա­ւոր­նե­րու ներգ­րաւ­ման աշ­խա­տան­քով։ Հաս­սա­սեան­նե­րը կը բե­րեն հայ կա­մա­ւոր­ներ, ո­րոնց կ՚օգ­նեն, որ­պէս­զի ա­նոնք սո­րվին հա­յե­րէն ու ծա­նօ­թա­նան Հա­յաս­տա­նին:

Ա­մե­նէն կա­րե­ւոր պատ­գա­մը, որ Ան­ժե­լան կու տայ ե­րի­տա­սարդ եւ ա­ռա­ջին ան­գամ Հա­յաս­տան ե­կող սփիւռ­քա­հա­յե­րուն, այն է, թէ ա­նոնք եր­բեք չհա­մե­մա­տեն Հա­յաս­տա­նը ի­րենց ապ­րած եր­կիր­նե­րուն հետ։ Մե­զի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ան ը­սաւ, թէ նոյն խոր­հուր­դը տուած է նաեւ իր հայ­րը, ա­ռա­ջին օ­րէն, երբ ոտք դրած են Հա­յաս­տան:

«Հայրս ը­սած է՝ ա­սի­կա ու­րիշ եր­կիր է, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ չէ, Ֆրան­սա չէ, ա­սի­կա հայ­րե­նիք է, որ դժուա­րու­թիւն­նե­րու մէջ է եւ դուք պի­տի նպաս­տէք՝ ա­նոր սխալ­նե­րը ուղ­ղե­լու հա­մա­ր», կ՚ը­սէ Ան­ժե­լա Հաս­սա­սեան: Իսկ Սա­րոն կ՚ը­սէ, որ Հա­յաս­տան գա­լու ա­ռա­ջին օ­րե­րուն դժուա­րու­թեամբ կը պատ­կե­րաց­նէր, թէ իր կեան­քը պի­տի շա­րու­նա­կէ Հա­յաս­տա­նի մէջ, իսկ այ­սօր ինք­զինք չի պատ­կե­րաց­ներ Հա­յաս­տա­նէն դուրս։ «Ե­թէ Հա­յաս­տա­նէն մեկ­նիմ, միայն ու­սա­նե­լու ա­պա վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար կ՚եր­թամ, դուր­սը չեմ ապ­րիր: Տա­սը տա­րուան ըն­թաց­քին ան­գամ մը միայն գա­ցած եմ Հա­յաս­տա­նէն, այն ալ՝ իմ ծնող­քիս ծննդա­վայ­րը՝ Ե­րու­սա­ղէ­մ», կ՚ը­սէ Սա­րօ Հաս­սա­սեան:

Սա­րօ Հաս­սա­սեան կը նշէ նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կայ ռաք ե­րաժշ­տու­թեան սի­րա­հար ե­րի­տա­սար­դու­թիւն, որ ա­զատ է, ան­կաշ­կանդ, հա­մար­ձակ եւ պատ­րաստ է պայ­քա­րի: Ան ա­ւել­ցուց, որ ինք, փա­ռա­տօ­նի գա­ղա­փա­րը ի­րա­գոր­ծե­լու ժա­մա­նակ ներշն­չուած է ա­մե­րի­կեան ռա­քի պատ­մու­թե­նէն եւ պա­տա­հա­կան չէ ընտ­րած նոյ­նիսկ փա­ռա­տօ­նի ի­րա­կա­նաց­ման ա­մի­սը՝ Օ­գոս­տոս ա­մի­սը. 1966 թուա­կա­նին, Օ­գոս­տո­սի 15-18 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նիւ Եորք նա­հան­գի ա­գա­րակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ հինգ հա­րիւր հա­զար ե­րի­տա­սարդ ե­րաժշ­տա­սէր, ձգե­լով ա­ռօ­րեայ հոգ­երն ու կտրուե­լով աշ­խար­հէն, հա­ւա­քուած էր Պե­թէլ գիւ­ղա­քա­ղա­քին մէջ: Ռա­քի ա­մե­րի­կեան սե­րուն­դը այդ ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին հիմ­քը դրաւ աշ­խար­հի ա­մե­նէն ըմ­բոստ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րէն մէ­կուն՝ Վուտս­թո­քեան փա­ռա­տօ­նին: Այ­սօր, կրնանք ը­սել, որ Գե­տա­մէ­ջի ռաք երաժշտութեան փա­ռա­տօ­նը Վուտս­թո­քեան փա­ռա­տօ­նի թոռ­նիկն է, որ փոք­րիկ գիւ­ղա­կի մէջ կը հա­ւա­քէ Հա­յաս­տա­նի ըմ­բոստ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը: Ռաքը, իբ­րեւ ըմ­բոս­տու­թեան, պայ­քա­րի, սի­րոյ եւ խա­ղա­ղու­թեան խորհր­դա­նիշ՝ ար­մատ­ներ նե­տած է Հա­յաս­տա­նի մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015