ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՃԱ՛Ր ԵՍ Ո՜Վ ՄԱՐԴ, ՔԵԶ ՄԵՀԵԱՆԻ ՄԻ՛ ՎԵՐԱԾԵՐ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են. Առակաց գիրքէն 11.30-12.4: Զաքարիայի մարգարէութենէն 2.10-13: Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած 2-րդ նամակէն 6.16-7.1: Ղուկասու Աւետարանէն 1.39-56:

Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած նամակէն առնուած հատուածին մէջ կը կարդանք.

«Ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններուն միջեւ:

Արդարեւ, մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած Ինք ըսաւ.

“Անոնց մէջ պիտի բնակիմ
եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ:
Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ
եւ անոնք՝ Իմ ժողովուրդս”:
Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կը հրահանգէ մեզի.
“Անջատ եւ հեռո՛ւ կեցէք հեթանոսներէն.
պիղծ բաներու մի՛ դպչիք,
եւ Ես ձեզ պիտի ընդունիմ:
Ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ
եւ դուք Իմ տղաքս ու աղջիկներս պիտի ըլլաք,-
կ՚ըսէ ամենակալ Տէրը”:

Սիրելինե՛ր, այս խոստումները մեզի եղած են: Ուստի հեռո՛ւ մնանք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ, մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք՝ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով» (Բ. Կր 6.16-7.1):

Հրեայ ժողովուրդին Հինկտակարանեան ժամանակաշրջանի կեանքը եթէ ուսումնասիրենք, պիտի անդրադառնանք, որ այդ ամբողջ ընթացքը եղած է հեթանոսներէն հեռու մնալու շրջան մը: Ո՛չ միայն հեթանոսներէ, այլեւ ամէն տեսակի պղծութիւններէ եւ այլն:

Ղեւտացւոց գիրքը, օրինակի համար եթէ ուշադրութեամբ քննենք, ապա այնտեղ պիտի հանդիպինք զանազան երեւոյթներու մասին առընչութիւն ունեցող օրէնքներու, որոնք մարդը դաստիարակելու միջոցներ էին, զինք մաքուր պահելու: Այսպէս, Ղեւտացւոց գիրքին մէջ կը կարդանք մորթային ուռեցքներու վերաբերեալ օրէնքներու մասին (Ղւ 13.1-46). բորոտութեան եւ անկէ մաքրուելու վերաբերեալ օրէնքներու մասին (Ղւ 13.47-59-14.1-57). սրբութեան եւ արդարութեան վերաբերեալ օրէնքներու մասին (Ղւ 19.1-37), եւ այլ օրէնքներու մասին:

Նոր Ուխտի ժամանակաշրջանին այդ բոլոր օրէնքները տարբեր ընկալում եւ ըմբռնում ստացան, չոր ու կոպիտ օրէնքներէ վերածուեցան բարոյականութեան եւ ինքնամաքրումի, ինքնասրբագրութեան ազդակներու, որոնց միջոցաւ մարդ ի վիճակի կը դառնայ ինքզինք մաքրելու եւ սրբելու:

Այս բոլորով հանդերձ եւ հակառակ այս տիպի բազմաթիւ օրէնքներուն, Հին Ուխտի ժամանակաշրջանին հրեաները ազդուելով զիրենք շրջապատող հեթանոս ժողովուրդներէն, այսպէս կամ այնպէս իրենք զիրենք կը նուիրէին չաստուածներու պաշտամունքին, հեթանոսներու վարք ու բարքը կ՚ընդօրինակէին:

Նոյնը կը շարունակուի նաեւ այսօր՝ Նոր Ուխտի ժամանակաշրջանին: Բնականաբար այսօր անցեալի մեթոտներով կեանքի չի՛ կոչուիր հեթանոսութիւնը, այլ՝ այսօրուան պայմաններով, այսօրուան ընկերութիւնը զբաղեցնող հազար ու մէկ մանրուքներով եւ աւելորդապաշտութիւններով: Մարդիկ, Ճշմարիտ Աստուածը մէկ կողմ ձգած, զբաղուած են կռապաշտութեամբ, անձնապաշտութեամբ: Ճշմարիտ Աստուծոյ պարտ ու պատշաճ պատիւը սկսած են ընծայել իրենց անձերուն համար կառուցած կուռքերուն:

Այդ կուռքերուն մէջ ամենէն վտանգաւոր կուռքը մարդու եսն է, մարդու մարմինն է, որով մարդ անգիտանալով այն բացարձակ ճշմարտութեան, թէ ինք կոչուած է Աստուծոյ տաճարը ըլլալու, ինքզինք եւ իր մարմինը ամէն տեսակի այլանդակութեան կ՚ենթարկէ: Պահ մը նայեցէք ձեր չորս կողմը. օր օրի դաջուածքով պատուած մարմինները կը շատնան. օր օրի մերկութիւնը իրաւունքի եւ սովորութեան կարգ կը ստանայ եւ բնական կը դառնայ կիսամերկ, ու շատ յաճախ ամբողջովին մերկ շրջագայիլը. թմրանիւթերը ջուրի եւ սնունդի փոխարէն սկսած են օգտագործուիլ. հեռախօսներն ու նման արուեստագիտական միջոցները մարդուն տմարդացուցած են, եսասիրութեան գագաթնակէտին հասցուցած են, շեղած են զինք ամէն տեսակի բարոյական ընկալումներէ, հոգեւոր արժէքներէ, ընտանեկան սրբութենէ, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութենէ, Աստուծոյ ձեռագործը, աւելին՝ Աստուծոյ տաճարը, բնակարանը ըլլալուն անհերքելի ճշմարտութենէն:

Այս բոլոր երեւոյթներուն գերին ու կամակատարը դառնալով, այսօրուան մարդը ինքզինք վերածած է մեհեանի, ուրանալով եւ դրժելով իր բուն կոչումը, Աստուծոյ բնակարանը ըլլալու երանութիւնը:

Ահա այստեղ է, որ որպէս ազդարար կը հնչէ Սրբազան Առաքեալին խօսքը, թէ՝ «ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններուն միջեւ» (Բ. Կր 16.16):

Գիտենք, որ Աստուած Սուրբ է եւ Անոր մէջ պղծութիւն չկայ, եւ Ան պիղծ եւ կեղտոտ վայրերու մէջ չի՛ բնակիր: Նոյնը կը վերաբերի մեր մարմինին. եթէ մեր մարմինը պղծենք եւ կեղտոտենք մեղքերով եւ վերը թուարկուած երեւոյթներով, ապա չսպասենք որ Աստուած կու գայ եւ մեր մէջ կը բնակի, այլ՝ դեւերն ու սատանան է, որոնք ուրախութեամբ եւ մեծ հաճոյքով կու գան ու կը գերեվարեն մեզ: Գերեվարել կ՚ըսեմ, սակայն պէտք չէ բառացի հասկնալ, որովհետեւ գերեվարութիւնները ընդհանրապէս պարտադրաբար կը կատարուին, այս պարագային սակայն, մե՛նք է որ կ՚արտօնենք սատանային ու անոր արբանեակներուն, որպէսզի մեզ գերի վերցնեն:

Արդարեւ, երբ մենք մեզ գերութեան կը մատնենք, այդպիսով կը քանդենք այն տաճարը, որ յատկացուած էր Աստուծոյ բնակարան ըլլալուն, որով զայն վերակառուցելու համար կարիք ունինք զղջումի եւ ապաշխարութեան: Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ կը գրէ. «Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ: Հետեւաբար եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ, որովհետեւ Աստուծոյ տաճարը սուրբ է. եւ դո՛ւք էք այդ տաճարը» (Ա. Կր 3.16): Պարզ ու յստակ են Առաքեալին խօսքերը. զգոյշ պէտք է ըլլալ, սակայն, որպէսզի սխալ չհասկնանք Առաքեալին այս արտայայտութիւնը, թէ՝ եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ. Աստուած մարդուն կորուստը կամ կործանումը չ՚ուզեր, ընդհակառակը, մարդուն ապրիլն ու փրկութիւնը կը կամենայ: Առաքեալը այստեղ այս արտայայտութիւնը կ՚ունենայ, որպէսզի զգացնել տայ այն մարդոց, որոնք իրենք զիրենք չարութեան մէջ թաղած են եւ սկսած են անտարբեր դառնալ Աստուծոյ եւ իրենց հաւատքին նկատմամբ, սկսած են իրենց մարմինները օգտագործել իրենց քմահաճոյքներուն համաձայն, իրենք զիրենք արդարացնելով, թէ իրենց հոգին է Աստուծոյ բնակարանը, իսկ իրենց մարմինը՝ իրենց սեփականութիւնն է. բնականաբար նման պատճառաբանութիւն մը ո՛չ սթափ դատողութեան հետեւանք է:

Մա՛րդը իր ամբողջութեամբ Աստուծոյ բնակարանն է, այսինքն՝ իր մարմինով եւ հոգիով: Եսայի մարգարէութեան մէջ Տէր Աստուած կ՚ըսէ.

«Անոնց մէջ պիտի բնակիմ
եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ:
Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ
եւ անոնք՝ Իմ ժողովուրդս»
(Ես 52.11):

Արդարեւ, Աստուած մեր մէջ կը բնակի, երբ մենք մեզ յարդարենք եւ Իրեն համար պատշաճ ու վայել բնակավայր որպէս դարձնենք մենք մեզ: Իսկ եթէ Աստուած մեր մէջ կը բնակի, ուրեմն մեր հետ կ՚ապրի, որով Առաքեալին բառերով կրնանք համարձակութեամբ ըսել. «Ի՞նչ կրնանք ըսել այս բոլորին դիմաց: Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31):

Տեսէք ի՜նչ հետաքրքրական կերպով կը ներկայացնէ նոյն Առաքեալը Աստուծոյ Հոգիով բնակուածին կեանքը.

«Եթէ իրապէս Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, կը նշանակէ՝ թէ դուք այլեւս մարմնական ցանկութիւններուն համաձայն չէք ապրիր, այլ՝ Սուրբ Հոգիին կամեցած ձեւով: Իսկ ով որ Քրիստոսի Հոգին չունի, Անոր չի պատկանիր: Եթէ Քրիստոս ձեր մէջն է, թէպէտեւ ձեր մարմինները պիտի մեռնին, որովհետեւ մեղանչեցիք, սակայն Սուրբ Հոգին դարձեալ կեանք պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ արդարացաք: Այսինքն, եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, Աստուած, որ Յիսուս Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, Իր հոգիին միջոցաւ որ ձեր մէջ կը բնակի՝ պիտի կենդանացնէ նաեւ ձեր մահկանացու մարմինները» (Հռ 8.9-11):

Իսկ եթէ մեր մարմինները շարունակենք մեհեաններու վերածել եւ այդպիսին պահել, ապա լսենք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի մեզի.

«Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, պէտք չէ ապրինք մեր մարմինին համար եւ մարմնաւորապէս: Որովհետեւ եթէ մարմնաւորապէս ապրիք՝ պիտի մեռնիք. իսկ եթէ Հոգիին օգնութեամբ ձեր մեղքերը սպաննէք՝ պիտի ապրիք» (Հռ 8.12-13):

Երբ զգանք, որ տկարացած ենք մեր հաւատքին մէջ եւ Աստուծոյ նկատմամբ մեր վստահութիւնն ու սէրը սկսած են նուազիլ մեզ շրջապատող բազմաթիւ երեւոյթներու պատճառով, յիշենք Աստուծոյ հրահանգը ուղղուած մեզմէ իւրաքանչիւրիս.

«Անջատ եւ հեռո՛ւ կեցէք հեթանոսներէն.
պիղծ բաներու մի՛ դպչիք,
եւ Ես ձեզ պիտի ընդունիմ:
Ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ
եւ դուք Իմ տղաքս ու աղջիկներս պիտի ըլլաք»
(Բ. Կր 6.17-18):

Այսինքն՝ հեռու մնանք մեղքէն եւ ցանկացած երեւոյթէ, որ մեզ դէպի մեղք կ՚առաջնորդէ:

Հեռու մնանք իւրաքանչիւր գայթակղութենէ, որ մեզ կրնայ մեհեանի վերածել:

Հեռու մնանք Աստուծոյ անունը անարգող եւ զԱստուած անպատուող իւրաքանչիւր մարդէ եւ կամ մարդկային կերպարէ:

Հեռու մնանք մեր հոգին խաթարող իրերէ, երեւոյթներէ, ազդակներէ:

Ասոնց փոխարէն՝

Մօտենանք Աստուծոյ՝ ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով:

Մօտենանք Աստուծոյ՝ մարդասիրութեամբ եւ ներողամտութեամբ:

Մօտենանք Աստուծոյ՝ մենք մեզ տաճարացնելով եւ Անոր բնակարան դառնալով:

Մօտենանք Աստուծոյ՝ միշտ յիշելով Իր Սուրբ Անունը, փառաւորելով Անոր մեծութիւնն ու իշխանութիւնը, երկրպագելով Անոր, երախտապարտ ըլլալով Անոր՝ Իր մեզի պարգեւած ձրի պարգեւներուն:

Ի վերջոյ, մօտենանք Աստուծոյ՝ «մենք մեզ կատարելապէս մաքրելով եւ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով» (տե՛ս Բ. Կր 7.1):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

21 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022