«ՔՈՒԼԻՍ»Ի ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ 75-ԱՄԵԱԿ

«Քուլիս» գրական եւ գեղարուեստական պատկերազարդ հանդէսը, 75 տարի առաջ հիմնուելով Պոլիս եւ ճիշդ յիսուն տարի (1946-1999թթ.) անխափան հրատարակուելով՝ իր անփոխարինելի տեղը ապահոված է հայ մամուլի պատմութեան «ոսկեայ» մատեաններուն մէջ:

«Քուլիս» իր ուղիին սկսած է 1946 թուականին, Ղալաթիոյ «Կիւլ» խանէն։ Պոլսահայ խմբագիր եւ հրատարակիչ Յակոբ Այվազ, դերասան, գրող Զարեհ Արշակի եւ տպարանատէր Նազարէթ Տօնիկեանի հետ ձեռնարկած է հրատարակել արուեստի ու մշակոյթի հանդէս մը։

Առաջին տարիէն ետք Յակոբ Այվազ սկսած է առանձինն հրատարակել հանդէսը եւ տպաքանակը հասցուցած է 2500-ի՝ սկզբնական շրջանին լոյս տեսած 500-ի փոխարէն:

Այվազ 1948 թուականին այցելած է Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Իրան, Յունաստան եւ Եգիպտոս՝ հանդէսը ծանօթացնելով հայկական գաղութներուն եւ հոնկէ հաւաքելով մշակոյթի ու արուեստի նիւթեր՝ տպագրած է «Քուլիս»ի էջերուն մէջ: Մինչեւ 1996 թուականը ան հրատարակած է 1104 թիւ, որոնք այսօր հարուստ եւ անգին գանձարան են հայ ու համաշխարհային մշակոյթը, արուեստը եւ մանաւանդ թատրոնը ուսումնասիրողներուն համար:

1911 թուականին Իսթանպուլ ծնած է Յակոբ Այվազ: Իր առաջին դպրոցը կ՚ըլլայ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը։ Ուսումը կը շարունակէ Բերա՝ Էսաեան վարժարան, ուր կ՚ունենայ ուսուցիչներ՝ Պարթեւեան, Փանոսեան, Սուլթանեան, Կուրտիկեան էֆէնտի։ Միջնակարգը աւարտելէ վերջ կը սկսի աշկերտութեան իր խորթ հօրը քով, որ կօշկակար էր, ինչպէս իր հարազատ հայրը, որ մահացած էր, երբ Այվազ ութ տարեկան էր: Կ՚աշխատի Պէյազիտ՝ Չաթալ խան, որ կ՚անուանուէր «Կօշկակարներու քոնսերվաթուար»։ Առաջին անգամ 1929 թուականին կը ներգրաւուի «Տէյիրմենճինին քըզը» անուն օփերեթին մէջ։ Յետոյ բէմ կը բարձրանայ «Շարք» թատրոնի խումբով։ Կը միանայ Շաւարշ Գարագաշի խումբին։ 1946 թուականին, երբ կը վերաբացուի Իսթանպուլի հայկական թատրոնը, Այվազ կը խաղայ «Երիտասարդաց թատերախումբ»ին մէջ: Իսկ արդէն 1956 թուականին կազմակերպած է Մշակութային միութեան «Փոքր թատերախումբ»ը, բեմադրած է կարգ մը թատերախաղեր, խաղացած՝ թէ՛ թրքերէն եւ թէ՛ հայերէն ներկայացումներ։ Յակոբ Այվազի վերջին խաղը կ՚ըլլայ իր գրի առած «Սօն փերտէ»ն։ Բոլոր այս շրջանին ան չէ դադրեցուցած արուեստի մասին իր գրութիւնները:

Յատկանշական է, որ արուեստի մասին իր առաջին յօդուածները Յակոբ Այվազ տակաւին 1935 թուականին սկսած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ՝ «Տոմսակներ», «Ճպուռ» եւ «Միմոս» ծածկանուններով։

Շարունակելով գրութիւնները իր հիմնադրած «Քուլիս»ին մէջ, ան առաւելաբար խմբագրական աշխատանքով զբաղած է՝ հրաւիրելով հեղինակներ, տպագրելով ստացուած նամակներ աշխարհի բոլոր կողմերէ եւ ամենակարեւորը՝ մատը պահելով իր ապրած երկրի եւ տարածքաշրջանի թատերական ու մշակութային կեանքի զարկերակին վրայ: Յակոբ Այվազ կը մահանայ 29 սեպտեմբեր 2006 թուականին, 95 տարեկանին:

«Քուլիս» հանդէսի հիմնադրման 75-ամեակին առթիւ կրկին կը յիշենք արուեստի այս իւրօրինակ պատմագիրը, որուն կատարած գործը տարիներու ընթացքին ա՛լ աւելի արժէք կը ստանայ:

ԺԱՄԱՆԱԿ «Քուլիս» հանդէսի տպագիր էջերէն քաղելով կը թուայնացնէ երկու գրութիւն: Մէկը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքէն Լիլի Գօչի շնորհաւորանքն է «Քուլիս»ի 20-ամեակին առթիւ, որ տեղ գտած է 1966 թուականի 13 փետրուարի թիւի առաջին էջին վրայ, միւսը իր՝ Յակոբ Այվազի գրութիւնը՝ 1967 թուականի 15 օգոստոսի թիւին մէջ:

ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ

ՅԱԿՈԲ ԱՅՎԱԶ

Օր չ՚անցնիր որ նամակներ չստանանք: Անոնց մէջ կան մեզի գովողներ, գնահատողներ ու քննադատողներ: Ոմանց համար «Քուլիս» շատ գեղեցիկ է ու առինքնող, անքննադատելի ու իր նկարներովը ախորժաբեր:

Ոմանց համար ալ այպանելի նկարներովը, նոյնքան այպանելի ու պախարակելի:

Եւ տակաւին կայ զարմանալին. մինչեւ այսօր կան ընթերցողներ ալ, որոնք ցարդ չեն կրցած թերթին ուղղութիւնը ճանչնալ, եւ ճիշդ ատոր համար ալ անոր էջերուն մէջ զանազան ու զարմանազան նիւթեր կը փնտռեն:

Ուրեմն՝ մինչեւ այսօր չենք կրցել մեր ընթերցողներէն ոմանց հասկցնել, թէ «Քուլիս» գեղարուեստական հանդէս մըն է, որուն էջերը պէտք է զարդարեն գեղարուեստական նիւթեր ու նկարներ: Թէ այս թերթին մէջ գտնել անկարելի է այս նիւթերէն դուրս որեւէ յօդուած:

Քանիցս ստիպուած ենք կրկնել այս նոյն յանկերգը, եւ, դժբախտաբար չենք կրցած ինքզինքնիս հասկցնել:

Այս տողերը գրելու զիս մղեց պուլկարահայ արժէքաւոր բանաստեղծ, յարգարժան բարեկամս՝ Պր. Կարօ Ճոպոյեանին 15 Յուլիս 1967 թուակիր նամակը, ուր ի մէջ այլոց կ՚ըսէ.

.… Ամէն պարագայի մտքէ եւ խելքէ վեր է այս մեր թուականներուն հրատարակել գեղարուեստական եւ ամէնուն մատչելի թերթ մը, ինչ որ է «Քուլիս»ը: Հայ թերթերու մէջ բացառիկ կնիք մը կը կրէ իր հետաքրքրական յօդուածներով:

Թէեւ ոմանք քննադատել պիտի ուզեն անոր էջերուն մէջ հոս ու հոն իրենց կիսամերկ մարմինները ցուցադրող արուեստագիտուհիներու նկարները, բայց անոնք պէտք չէ մոռնան, թէ «Քուլիս» ժամանակին հետ քալող թերթ մըն էե:

Մեր սիրելի ընկերը՝ իր այս տողերովը, կարծես ճիշդ վէրքին վրայ դնել ուզած է մատը: Վստահ եմ, անոր ալ այդ ուղղութեամբ գանգատողներ եղած են եւ սակայն նորէն վստահ եմ, որ առաջին առթիւ իսկ այդ նկարները աչքերուն բոլոր ուժովը դիտողները, նոյն այդ քննադատողներն իսկ են:

Ցաւալի է, որ այդ մարդիկը իրենց ապրած դարէն տեղեակ իսկ չեն: Հակառակ իրենց ապրելակերպին, նիստ ու կացին, կարծես թէ չեն ուզեր հետեւիլ ժամանակին ու միայն խօսքով, այո, կը կրկնեմ, միայն խօսքով կը մնան յոռետես եւ յետամնաց:

Բայց ինչպէս ըսի քիչ վերը, անոնք դիմակաւոր պատուախնդիրներ են միայն, ու այս խօսքերով կը կարծեն խաբել ուրիշները: Կ՚ապրին շատ ազատ. իրենց աղջիկներն ու կիները կը շրջագային մինի ժիւբերով, ծովափը, աւազներուն վրայ կը պառկին կիսամերկէն քիչ մը աւելի տէքօլթէ, եւ սակայն բոլոր ասոնք չեն տեսներ կարծես ու կ՚ելլեն թերթերուն մէջ հրատարակուած արուեստագիտուհիներու լուսանկարները քննադատել:

Չեն ուզեր խորհիլ, որ այդ լուսանկարին տէրը իր կեանքը կը շահի պարելով եւ կամ սթրիփթիզով:

Յարգելի քննադատողներ, «Քուլիս» 21 տարին լրացնելու վրայ է: Այս տարիներու ընթացքին սիրով ու հաճոյքով դիմաւորեցինք որեւէ քննադատութիւն, գիտնալով, որ մենք՝ անհատներս, երկինքէ չենք իջած, եւ ճիշդ ատոր համար ալ անքննադատելի էակներ չենք կրնար ըլլալ: Կ՚աշխատինք մեր ուժերուն ներածին չափով օգտակար ըլլալ հայ գիրին ու արուեստին ու անմահացնել անոր ծառայողները: Ինչպէս որ մեզի հասած բազմաթիւ գնահատանքներ դոյզն իսկ չեն շփացներ մեզ, նոյնպէս ալ այսօրինակ քննադատութիւններու վրայ կը ծիծաղինք եւ կ՚անցնինք:

Այո՛, կ՚անցնինք մեր ճամբէն դէպի մեր իտէալը, եւ կը ջանանք ժամանակին քայլ յարմարցնել:

Մեր այդ ընթերցողները ինչո՞ւ չեն խորհիր, որ բազմաթիւ ընթերցողներու հետ դէմ առ դէմ եկող հանդէս մը, պարտաւոր է բոլորը գոհ ձգել: Հազարաւոր ընթերցողներու մէջ, սեւն ալ սիրող կայ, ճերմակն ալ:

Եւ մենք՝ իբրեւ գեղարուեստական թերթ, պարտաւոր ենք մեր ձեռքէն եկածին չափ գոհ ձգել մեր ընթերցողները:

Մնաց որ, մեր տպագրած այդ լուսանկարները գեղարուեստական բնոյթ ունին եւ այպանելի ոչինչ կայ ատոր մէջ:

Ի՞նչ կ՚ըլլար, մեր այս բծախնդրութիւնը կարենայինք քիչ մըն ալ մեր ընտանեկան շրջանակներու մէջ ցոյց տալ… Կը կարծեմ, որ այդ պարագային շատ աւելի օգտակար եւ շինիչ գործ մը ըրած պիտի ըլլայինք:

«ՔՈՒԼԻՍ»Ի ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ

ԼԻԼԻ ԳՕՉ

Սիրելի՛ Պր. Այվազ,

Տասնինը տարիներ անխոնջ, յարատեւ ճիգով մը քալեցիք լրագրական ասպարէզին հեզասահ թէ փշալից արահետնէրէն, անոր պարտադրած պարտականութիւններովը բեռնաւոր մինչեւ հասաք քսաներորդ հանգրուան: Պէտք է խոստովանիլ, թէ շատ դիւրին չեղաւ այս ուղեւորութիւնը, որու ետեւ կը սպասէր նահանջը դարանակալ: Եղան օրեր՝ ուր երանութեան ծաղիկներ քաղեցիք ձեր անցած ճամբաներէն, եղան օրեր՝ ուր տատասկներ ասղնտեցին ձեր ոտքերը ձեր ուխտի անդաստանին վրայ:

Ունեցաք րոպէներ՝ ուր յոյսը ժպտագին դիմաւորեց Ձեզ ինչպէս եւ ձեր աշխատանքը, նոյնպէս ունեցաք րոպէներ՝ ուր արեւը մերժեց ուղարկել իր միակ ճառագայթն իսկ զօրավիգ ըլլալու ձեր դողդոջ քայլերուն: Բայց չկթոտեցան անոնք, վասնզի ձեր հոգին սպանիացի ցլամարտիկի մը չափ անյողդողդ էր ու քաջարի, խարակի մը նման սեպ ու անվեհեր եւ չպարտուեցաք երբեք խոչընդոտներու դիմաց, քանի վճռական էիք, քանի պողպատեայ կամք մը իր յաւիտենական երդումը ըրած էր անդառնալի՜, անտեղիտալի՜…:

Եղան օրեր, ուր հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին զգացի, եւ այնքան խորապէս, թէ նիւթական ու բարոյական տագնապներ կը հալածէին ձեզ անխնայ: Ձեր միակ բառը կամ տրտում շեշտը բացայայտօրէն կը մատնէին ձեր հոգեկան տառապանքը: Ակներեւ էր, թէ կը փորձէիք մագլցիլ ցից զառիվերէ մը հաւաքելով ձեր ամբողջ ոյժը, ձեր բոլոր կորովը չվտանգելու համար «Քուլիս»ի գոյութիւնը, որ ձեր գոյութիւնն էր, ձեր կեանքն իսկ էր:

Ընթերցողներ ոչինչ գիտցան այս բոլորէն: Անոնք միշտ իրենց առջեւ պատրաստ գտան խնջոյքի սեղան մը ճոխ, լի համադամներով, զորս համտեսեցին ախորժով: Ոչ ոք գիտցաւ, թէ սա ժպտող հոլիվուտեան աստղին ետեւ հիասթափում մը կար պարփակուած, ոչ ոք անդրադարձաւ, որ իւրաքանչիւր էջ թերեւս թախիծ մը կը ծածկէր եւ ոչ ոք կռահեց, թէ անյաջողութեան տրտմութիւնը կամ վիրաւոր արժանապատուութեան մը առթած ցաւը կաթիլ մը արտասուքի հետ կամացուկ կը սպրդէր անոր ընդերքներուն մէջ, այնտեղ աչքերէ հեռու իր վիշտը լալու դիտումով…

Մարդիկ հեռու էին հասկնալէ, թէ հանդէսիդ գեղածիծաղ, արեւոտ երկինքին ետեւ սպառնացայտ ամպեր կուտակուած՝ փոթորկի ազդանշանին կը սպասէին, թէ մակերեսի շողարձակ հայելին վախեզդեցիկ անդունդ մը կը ծածկէր:

Եւ չվհատեցաք, Պր. Այվազ, դժուարութեանց առջեւ պահեցիք ձեր արի կեցուածքը ու կը շարունակէք եւ պիտի շարունակէք պահել զայն վաղը ինչպէս եւ միւս օր:

Լրագրողին ուխտը կուսակրօնին ուխտին համազօր է. անոր չափ սուրբ եւ վսեմ: Չկայ ետ դառնալ, չկայ նահանջել, այլ քալել, ուղիղ քալել դէպի առաջ, դէպի նպատակակէտ, դէպի իտէալ:

Կը շնորհաւորեմ Ձեզ, կրանիթեայ խմբագրապետը «Քուլիս»ին, վասնզի դուք այն բարձրաբերձ կաղնին էք, որ ասպարէզ կը կարդայ շանթին ու փոթորիկներուն: Բնութեան տարերքը հեռու է զայն ահաբեկելէ, զայն պարտութեան մատնելէ…

Կը մաղթեմ գեղազուարճ ծաղիկներ սփռուած տեսնէք ձեր ճամբուն վրայ, իսկ եթէ պատահի, որ աշնանային հովը դալկահար տերեւներ փորձէ դնել ձեր քայլերուն առջեւ, ձեր կորովը եւ դիմադրական ոյժը չափելու անմտութեամբ, կոխոտեցէք զանոնք քաջաբար, խիզախաբար եւ անցէք, չէ՞ որ յուսալից հոգիներու համար միշտ մերձ է… գարունը:

Գատըգիւղ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021