ԼԵՒ ԹՈԼՍԹՈՅ՝ ԸՆԴԴԷՄ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու շրջանի առաջին ամիսներուն տուներու մէջ կալանաւորուած մարդոց մեծ մասը ընկղմած էին մխիթարական ոչ-աւանդական միջոցներու մէջ. ինչպէս՝ հաց թխել, տնային պայմաններով մարզանք ընել կամ Լեւ Թոլսթոյի շուրջ 1200 էջնոց «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» գիրքը կարդալ…

#TolstoyTogether հեշթեկի ներքեւ համախմբուած ընթերցողներ «ներգրաւուեցան»՝ անորոշութեան մատնուած, քաղաքական առաջնորդներու անկայուն ու անարդիւնաւէտ քմահաճոյքներուն ենթարկուած սովորական մարդոց մասին գիրքի մը մէջ։ Իր գրական հզօրութեան եւ ֆիզիքական կշիռին պատճառով գիրքը զիս այնքան ալ արմատական չի թուիր՝ յատկապէս հաշուի առնելով Թոլսթոյի ընկերային հարցերու ըմբռնման բազմակողմանիութիւնը։ Համաճարակի առաջին ամիսներուն զբաղած էի Թոլսթոյի «Իվան Իլյիչի մահը» վէպով, որ կը պատմէ հարուստ ու յաւակնոտ դատարանի պաշտօնեայի մը մասին, որ բռնուի անողոք հիւանդութեան։ Այդ ընթացքին Իվան Իլյիչ կ՚անդրադառնայ, թէ հասարակութեան հիմքին է ո՛չ թէ մարդիկ, այլ՝ շահերու արժէքները։ 

Թոլսթոյ միշտ հակուած էր ստեղծագործել որոնման եւ յաւերժական հոգեկան ճգնաժամի մէջ եղող կերպարներու մասին գրելու։ Էապէս, Թոլսթոյ անձնական եւ ընկերային ճգնաժամերը ուսումնասիրեց՝ հասարակութեան եւ անոր «աջակցող» համոզումները աւելի խոր դիտարկելու համար։ Անկասկած, խտրականութիւնը, ատելութիւնը կամ տնտեսական անհաւասարութիւնները աւելի տեսանելի դարձան քորոնաժահրի համաճարակի շրջանին եւ այս բոլոր խնդիրները մարդիկը մղեցին իրենց երկիրներէ ներս գոյութիւն ունեցող «առասպելները» խոշորացոյցի տակ դնելու։ Զարմանալի չէ, թէ ընթերցողները Թոլսթոյի ստեղծագործութեան մէջ կը գտնեն կարեւոր տարրեր։ Շատեր իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ կասկածի տակ դրին հաստատութիւններու գործառոյթը, նոյնիսկ անոնց գոյութիւնը։ 

Թոլսթոյի կերպարներէն մէկը, որ կը յայտնուի որոնումներու մէջ, Իվան Վասիլեւիչն է, որ կը սիրահարուի գնդապետի դստեր. անոր մեծագոյն փափաքն էր զինուորագրուիլ մինչեւ այդ վաղ առաւօտը, երբ կը բնորոշուի իր ճակատագիրը։ Ան նախորդ երեկոն անցուցած էր զուարճանալով քաղաքի պարահանդէսներէն մէկուն, ուր ծանօթացած էր Վարենքա անունով երիտասարդ, գեղեցիկ ու խելացի աղջկան մը հետ։ Ան յարգանք ու համակրանք կը ցուցաբերէ Վարենքայի հօր նկատմամբ, որ բարեսիրտ է, գնդապետի մը համար բաւական սովորական տեսք ունի, քանի որ ան ամբողջ գումարը կը ծախսէ իր դստեր համար։ Իվան պարահանդէսէն յետոյ տուն կը վերադառնայ, սակայն այդ գիշերուայ ազդեցութենէն չի կրնար դուրս գալ եւ քնանալ։ Այսպէս, ան թափառելու կ՚ելլէ եւ կ՚անցնի դէպի Վարենքայի տունը տանող ձիւնառատ ճանապարհներով, բայց երբ կը հասնի Վարենքայի բնակարանը, ան դէմ յանդիման կու գայ զարմանալի տեսարանով մը։ Սեւ համազգեստներով զինուորներ շարուած էին եւ անոնց կը հետեւէին թմբկահարներ, որոնք անընդհատ կը նուագէին զայրացուցիչ հնչիւններով մեղեդին։ Երիտասարդ թաթար սպան կը մեղադրուէր բանակէն հեռանալու փորձով եւ որպէս պատիժ՝ ծեծի կ՚ենթարկուէր զրահապատ զինուորներու կողմէ։ Տեսնելով, որ տղամարդու մարմինը ողողուած է իր սեփական արիւնով, Իվան քարացաւ։ Իվան կ՚անդրադառնայ, թէ այս գործը կառավարողն է՝ ժամեր առաջ պարահանդէսի ընթացքին տեսած սրտամօտիկ ու ջերմ անձնաւորութիւնը՝ Վարենքայի հայրը։ Փորձելով մոռնալ այս տեսարանը՝ որուն ականատեսը եղած է, կը վազէ տուն։ Մինչ Իվան կը փորձէ քնանալ, շարունակ կ՚իմանայ երիտասարդ սպայի աղերսանքները. «Ողորմեցէ՛ք ինծի եղբայրներս»։ Ի վերջոյ, բացի մեկուսանալէ, Իվան կը հրաժարի զինուորագրուելէ՝ հաշուի առնելով, որ հնարաւոր չէ մաս կազմել այն հաւաքականութեան, ուր նման ոճրագործութիւնները կը կիրառուին պետութեան կողմէ։ Թոլսթոյ իր կեանքի վերջին երեսուն տարիները ներառող շրջանին գրած է բարոյական թեզեր եւ ընկերային ու հասարակական հարցերու մասին շարադրութիւններ։ 

Թոլսթոյի հայեացքները, յատկապէս պետութեան կողմէ հովանաւորուող բռնութիւններու դէմ արտայայտութիւնները, բնականաբար, զայրացուցին իշխանութիւնները, որու արդիւնքին ան ենթարկուեցաւ ոստիկանութեան մշտական հսկողութեան։ Անոր ապագայ աշխատանքները գրաքննուեցան Ռուսաստանի մէջ, սակայն անոնց թարգմանութիւնները արտասահմանի մէջ հասանելի էին։ Անոր հակապատերազմական դիրքորոշումները ներկայացուեցան՝ որպէս գրականութեան Նոպելեան մրցանակը չստանալու պատճառ։ Շուէտական ակադեմիայի քարտուղարը մերժեց իր թեկնածութիւնը՝ պատճառաբանելով, որ Թոլսթոյի խաղաղապաշտութեան (Pacifism) կոչերը մասամբ «կը մերժեն ինչպէս անձի, այնպէս ալ ազգի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը»։

Թոլսթոյ իր բազմաթիւ ստեղծագործութիւններով ցոյց տուաւ, որ պատերազմը որքան աւերիչ, նուաստացուցիչ, քաոսային ու դաժան է։ «Բռնութիւնը գոյութիւնը կը շարունակէ ոչ թէ այն պատճառով, որ ան գոյատեւած է երկար ժամանակ, այլ կը կազմակերպուի իշխող դասակարգի կողմէ, որ օգուտ կը քաղէ անկէ», կ՚ըսէ ան։ Անոր տեսակէտներն ու քննադատութիւնները վտանգաւոր կը համարուէին, որովհետեւ անոնք բարեփոխութեան կոչեր կը պարունակէին եւ կը պնդէին ուժի կիրառման նպաստողներու եւ ուժ կիրառողներու ուղղորդած կառոյցներու վերացումը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021