ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

Գոհաբանական աղօթքներէն ու հոգեւոր երգերէն ետք վարագոյրը կը բացուի, մինչ պատարագիչ քահանան եւ դպիրները եղանակաւոր ձայնով փոխն ի փոխ կը սկսին երգել.

Քհնյ.- Տէ՛ր, որ կ՚օրհնես, զանոնք, որոնք Քեզ կ՚օրհնեն, կը սրբացնես Քեզի յուսացողները:

Դպ.- Օրհնեա՜լ է Աստուած:

Խոստովանութիւն մըն է այս մէկը, միաժամանակ քաջալերական հրաւէր մը Տէրը օրհնելու եւ Անոր յուսալու: Քահանային խօսքերը յստակ կերպով կը բացայայտեն մեզի, թէ Տէր Աստուած կ՚օրհնէ բոլոր անոնք, որոնք անդադար եւ միշտ կ՚օրհնաբանեն զԻնք, եւ կը սրբացնէ, կը մաքրագործէ բոլոր անոնք, որոնք կը յուսան Անոր ողորմածութեանն ու օգնականութեանը: Արդարեւ, «եթէ երբեք մենք գիտնանք վստահիլ ո՛չ թէ մեր ստացած կամ մեր ունեցած միջոցներուն, այլ՝ Աստուծոյ, Աստուած Ինք անհնարը կը դարձնէ հնարաւոր, Աստուած Ինք բոլոր փակուած դռները կը բանայ մեր դիմաց։ Եւ այնպէ՛ս լայն կը բանայ կարելիութիւններու դուռը մեր դիմաց, որ մեր ճղճիմ ու մենաւոր ձայնը կը վերածուի հսկայ ու զօրեղ համանուագի, եւ այդ համանուագը կը նուաճէ բոլոր ունկնդիր սիրտերը, մանաւանդ եթէ այդ սիրտը Նարեկացիի բացատրութեամբ ըլլայ կամքի բուրվառ մը, որուն մէջ Աստուծոյ խունկը գայ ճենճերելու Աստուծոյ կարօտի կրակին վրայ» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան):

Տէրը օրհնելը, փառաբանելը եւ անդադար Տիրոջ շնորհակալութիւն յայտնելը մարդ արարածին ամենէն վսեմ եւ նուիրական պարտաւորութիւններէն մէկն է, ինչ բանէն կախում ունի նաեւ տուեալ մարդուն կեանքի բարօրութիւնը:

Գոհունակ սիրտը, երախտապարտ հոգին եւ շնորհակալ բերանը ամէն պարագաներու մէջ, միշտ Աստուծմէ օրհնութիւն եւ մխիթարութիւն կը ստանան, մինչ դժգոհող սիրտը, անշնորհակալ հոգին եւ հայհոյիչ բերանը նոյնիսկ եթէ աշխարհի հարստութիւններուն տիրացած ըլլայ եւ գիտութեան բարձունքները նուաճած ըլլայ, ապա դաշտի ծաղիկի մը նման պիտի չորնայ եւ անհետանայ, իսկ իր հոգին յաւիտեանս յաւիտենից պիտի տանջուի տարտարոսին մէջ:

Քհնյ.- Ապրեցո՛ւր ժողովուրդդ, օրհնէ՛ ժառանգութիւնդ, պահէ՛ եկեղեցւոյդ ամբողջութիւնը:

Դպ.- Ամէն:

Աղերսանք մը, պաղատանք մըն է, որ քահանան յանուն ժողովուրդին կ՚ուղղէ Ամենակալ Աստուծոյ, խնդրելով Անկէ, որպէսզի ապրեցնէ՝ փրկէ Իր ժողովուրդը, օրհնէ՛ Իր ժառանգութիւնը, այսինքն՝ բոլոր անոնք որոնք կը հաւատան Անոր, կը հնազանդին Անոր կամքին, կը գործադրեն Անոր օրէնքներն ու պատուիրանները: Ի վերջոյ, քահանան կը խնդրէ Աստուծմէ, որպէսզի պահէ՛ Իր Սուրբ Եկեղեցւոյ ամբողջութիւնը: Այսօր, այս խնդրանքը երեւի աւելի քան երբեւէ անհրաժեշտ է եկեղեցիին համար, որովհետեւ ականատես կը դառնանք, թէ ինչպէս գառնուկի մորթով գայլերը մտնելով Աստուծոյ Սուրբ Տաճարէն ներս, կը պառակտեն Անոր տան միութիւնը, կը խառնեն Անոր ժողովուրդին մէկութիւնը, կը մոլորեցնեն հաւատացեալները:

Այսօր, եկեղեցւոյ անդամները մեծ փորձութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին, որովհետեւ այնքա՛ն շատցած են սուտ վարդապետներն ու կեղծաւոր քարոզիչները, միւս կողմէ ալ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն ցոփ ու շուայտ կեանքը հաւատացեալները մոլորութեան հասցուցած են, որով Աստուծոյ անունը սկսած է գործածուիլ յանուն անձնական եւ շահադիտական ընկալումներով, Աստուծոյ անունը սկսած է գործածուիլ ծածկելու համար սեփական թերութիւններն ու մոլորութիւնները, այդպիսով անարգելով եւ ցեխ շպրտելով Աստուծոյ սրբազնասուրբ անունին վրայ: Այսօր Աստուծոյ անունը եւ Աստուծոյ Գիրքը՝ Աստուածաշունչը փոխանակ առաջնորդութեան փարոս ըլլալու, նպատակակէտ ըլլալու, դարձած են եղելութիւններ, զորս սկսած ենք յարմարեցնել մեր կեանքին, մեր առօրեային, մեր ընկալումներուն, մեր շահին եւ ի վերջոյ մեր ԵՍին…:

Պատարագիչ քահանային խնդրանքը արդարեւ այն է, որ Աստուած Իր եկեղեցւոյ միութիւնը պահէ, պահպանէ Իր Սուրբ Տաճարի անդամներուն ամբողջականութիւնը, որպէսզի չարը չկարենայ պառակտել զայն եւ Աստուծոյ զաւակները առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կորուստ: Սակայն, այդ միութեան ապահովումին համար միայն Աստուծոյ պահպանումը բաւարար չէ (սխալ չհասկցուի, Աստուած ամենակարող է եւ կողմնակի միջոցներու կարիք չունի) այլ՝ անհրաժեշտ է մարդուն, Աստուծոյ Սուրբ Տաճարի անդամին գործակցութիւնը, գիտակցութիւնը եւ հաւատքի ու առաքինի կեանքը, ապահովելու համար այդ միութիւնն ու մէկութիւնը:

Քհնյ.- Մաքրէ՛ ասոնք, որոնք տանդ վայելչութիւնը ողջունեցին: Դուն փառաւորէ՛ մեզ աստուածային զօրութեամբդ, մի՛ լքեր Քեզի յուսացողներս:

Դպ.- Ամէն:

Այս անգամ պատարագիչը դարձեալ կը դիմէ Տիրոջ, որպէսզի մաքրէ ու սրբէ բոլոր անոնք, որոնք Իր տան վայելչութիւնը ողջունեցին, այսինքն՝ ընդունեցին այդ տան բնակիչ ու անդամ ըլլալը, գործադրելով եւ հնազանդելով այդ տան օրէնքներն ու թելադրութիւնները: Քահանան կը խնդրէ նաեւ, որ Տէրը մեզ Իր աստուածային զօրութեամբ փառաւորէ: Այս ուղղութեամբ յիշենք Տէր Յիսուսի խօսքերը, թէ՝ «…Այն փառքը որ Ինծի տուիր՝ իրենց տուի, որպէսզի մէկ ըլլան, ինչպէս որ Ես եւ Դուն մէկ ենք: Ես անոնց մէջ ըլլամ եւ Դուն՝ Իմ մէջս, այնպէս որ անոնք կատարեալ կերպով մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը գիտնայ, թէ Դուն ղրկեցիր զիս եւ թէ սիրեցի զանոնք, ինչպէս որ Դուն զիս սիրեցիր:

Հա՛յր, անոնք որոնք Ինծի տուիր՝ կ՚ուզեմ որ Ինծի հետ ըլլան՝ ո՛ւր որ ըլլամ, որպէսզի տեսնեն Իմ փառքս, այն փառքը՝ որ Ինծի տուիր, որովհետեւ զիս սրբեցիր աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ» (Յհ 17.22-24): Քահանային խնդրանքը՝ փառաւորելու մարդիկը Իր աստուածային զօրութեամբ, արդարեւ, ձեւով մը մեր Տիրոջ այս խօսքին կենդանացումն է:

Քահանան նաեւ կը խնդրէ, որպէսզի Տէրը չլքէ բոլոր անոնք, որոնք Իրեն կը յուսան: Արդարեւ, բացարձակ ճշմարտութիւն է, որ Աստուծոյ յուսացողները ամօթով պիտի չմնան: Յիշենք Յովսէփը, Դանիէլը, եւ բազմաթիւ սուրբեր, որոնք հակառակ իրենց կրած տանջանքներուն եւ նեղութիւններուն, անդրդուելի մնացին իրենց հաւատքին մէջ եւ փառաց պսակը ստացան: Այդ պսակը, այսօր եւս մեզմէ իւրաքանչիւրին գլուխին կրնայ դրուիլ, երբ յուսանք Տիրոջ, կառչինք Անոր, վստահ ըլլալով, որ Աստուծոյ յուսացողը ամօթով չի՛ մնար:

Քհնյ.- Խաղաղութիւն պարգեւէ՛ ամբողջ աշխարհին, եկեղեցիներուն, քահանաներուն, քրիստոնեայ թագաւորներուն, անոնց զինուորներուն, եւ ամբողջ ժողովուրդին:

Դպ.- Ամէն:

Դարձեալ վկայակոչենք Տէր Յիսուսի խօսքերը, որով քահանային այս խնդրանքն ալ արժանապէս կը հասկնանք. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք: Լսեցիք ինչ որ ըսի ձեզի, թէ՝ “ահա կ՚երթամ, բայց կրկին պիտի գամ ձեզի”: Եթէ զիս սիրէիք, ուրախ պիտի ըլլայիք որ Հօրս կ՚երթամ, որովհետեւ Հայրս Ինձմէ մեծ է: Այս բոլորը ձեզի ըսի՝ նախ քան պատահիլը, որպէսզի երբ պատահին՝ այն ատեն հաւատաք: Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ Իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի: Բայց աշխարհը պէտք է գիտնայ, թէ Ես Հայրը կը սիրեմ եւ այդ է պատճառը, որ Ինծի բոլոր պատուիրածները կը կատարեմ» (Յհ 14.27-31): Մարդ եթէ Քրիստոսի խաղաղութիւնը ունենայ իր ներսիդին, ապա ոչինչ կրնայ խանգարել այդպիսիին անդորրութիւնը, եւ այս աշխարհի վրայ կրած նեղութիւններն ու տանջանքները պարզապէս օրհնութիւն որպէս կը դիտարկուին անոր կողմէ, հասնելու համար յաւիտենական հանգիստին:

Քհնյ.- Որովհետեւ բոլոր բարի տուրքերը, բոլոր կատարեալ պարգեւները Քեզմէ՝ վերէն իջած են, Դուն, որ լոյսի Հայրն ես. Քեզի կը վայելէ փառքը, իշխանութիւնը եւ պատիւը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Դպ.- Տիրոջ անունը թող օրհնեալ ըլլայ այժմէն մինչեւ յաւիտեան:

Պատարագիչ քահանան իր խնդրանքները կ՚աւարտէ վկայութեամբ մը, խոստովանելով, թէ բոլոր բարի տուրքերն ու կատարեալ պարգեւները վերէն են, այսինքն՝ Աստուծմէ, լոյսի Հօրմէն: Եթէ ուշադրութեամբ կարդանք ու լսենք այս ըսուածը եւ ճիշդ կերպով հասկնանք, ապա յստակ ու պարզ կը դառնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրին ունեցածը, ամէն ինչը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ լոյսի Հօրմէն մեզի տրուած ձրի պարգեւ ու բարի տուրք, իսկ մենք այդ պարգեւներուն ու բարի տուրքերուն խնամակալներն ենք պարզապէս, կոչուած լաւագոյն կերպով խնամատար ըլլալու մեզի պարգեւուածին եւ անդադար շնորհակալութիւն եւ գոհութիւն յայտնելու Ամենասուրբ Երրորդութեան, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Այս փոխն ի փոխ կատարուած երգեցողութենէն ետք պատարագիչ քահանան Սուրբ Խորանէն կ՚իջնէ եւ կու գայ Սուրբ Սեղանին առջեւը կը կանգնի, ուր այս խոստովանութիւնն ու խնդրանքը՝ «Օրէնքներու եւ մարգարէներուն կատարումը Դո՛ւն ես, մեր Փրկիչ Քրիստոս Աստուած, որ Հայրակամ Քու բոլոր տնօրինութիւններդ ամբողջացուցիր, մեզ նոյնպէս լեցո՛ւր Քու Սուրբ Հոգիովդ» կատարելէ ետք, Արձակման Աւետարանը կը կարդայ եւ ապա Պահպանիչ աղօթքը կ՚ըսէ ու ժողովուրդը կ՚արձակէ, ըսելով.

- Օրհնեա՜լ եղէք Սուրբ Հոգիին շնորհներով, խաղաղութեամբ գացէ՛ք, եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսը թող ձեր բոլորին հետ ըլլայ: Ամէն:

Օրհնութիւն մը, մխիթարութիւն մը, քաջալերութիւն մը, խոստում մըն է այս նախադասութիւնը, ուղղուած բոլոր հաւատացեալներուն: Անհրաժեշտ է, սակայն, որպէսզի Սուրբ Պատարագին մասնակցող հաւատացեալները ըմբռնեն ըսուածը, հասկնան եւ այս խօսքով զօրացած դուրս գան Սուրբ Եկեղեցիէն, երթալու համար իրենց տուները,

Օրհնուած՝ Սուրբ Հոգիին շնորհներով,

Լեցուած՝ Տէր Յիսուսի խաղաղութեամբ,

Եւ պարսպապատուած Տէր Յիսուսի ընկերակցութեամբ,

Որուն, Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին փառք յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 16 եւ վերջ

5 սեպտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2022