«ՔԱԼԱՆ»ԷՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Քալան» երաժշտական հաստատութիւնը վերջերս թողարկած է Ս. Պատարագի սկաւառակ մը։ Մեծանուն երաժիշտ Էտկար Մանասի տարբերակն է այս մէկը, որ «Քալան»ի կողմէ դրուած է երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ։

Դաշնակահար Լեւոն Էրոյեանի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը՝ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան աջակցութեամբ։ Որպէս մենակատար մասնակցութիւն բերած են Արի Էտիրնէ, Այլին Աթէշ, Այթէն Թելէք, Գէորգ Դաւիթեան, Սեւան Շէնճան, Շուշան Քալաթաշ, Իւմիթ Սաքման եւ Զաւէն Ակայ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017