ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԱՐԴԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՃԱՐԸ

Այսօր, մենք՝ մարդիկս, Աստուծմէ հեռու կեանք մը կ՚ապրինք, հակառակ բոլոր այն պնդումներուն, որ մենք Աստուածավախ ենք, Աստուածապաշտ ենք, քրիստոնեայ ենք, եկեղեցի կը յաճախենք, եւ այլն:

Աստուծոյ անունը տալը եւ զԱստուած ճանչնալը իրարմէ տարբեր բաներ են:

Աստուծոյ մասին խօսիլն ու Աստուծոյ պատուիրանները գործադրելը եւս տարբեր բաներ են:

Նեղութեան եւ ձախողութեան մէջ Աստուծոյ դիմելը ու ուրախութեան եւ յաջողութեան մէջ Աստուծոյ երախտապարտ ըլլալը եւս տարբեր բաներ են:

Քրիստոսի անունը կրելը եւ Քրիստոսով ապրիլը ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են:

Եկեղեցի յաճախելն ու եկեղեցւոյ լիիրաւ անդամ զգալը եւս իրարմէ տարբեր բաներ են:

Ահաւասիկ, մի քանի համեմատականներ, որոնցմով կը գիտակցինք, որ իրապէս մեզմէ շատերուն ապրած կեանքը շա՜տ հեռու է Աստուծոյ ներկայութեամբ եւ Աստուծոյ թագաւորութեամբ ապրուած կեանքէ մը, ուր սէրն ու համերաշխութիւնը, խաղաղութիւնն ու անդորրը, Աստուածասիրութիւնն ու մարդասիրութիւնը, ողորմածութիւնն ու գութը կը տիրեն:

Եթէ պահ մը փորձենք պատճառը փնտռել, թերեւս հետեւեալը կարեւորագոյն պատճառներէն մէկը նկատուի, այն որ այսօրուան մարդը կ՚անգիտանայ աստուածային ճշմարտութիւնները, որոնք Աստուածաշունչ մատեանին եւ Աւանդութեան միջոցով փոխանցուած են մարդուն:

Այսօրուան մարդը հաւատքի ճշմարտութիւններուն մասին տարրական գիտելիքն անգամ չունի, հակառակ իր եկեղեցասէր ու Աստուածասէր ըլլալուն. այսօրուան մարդը զԱստուած, եկեղեցին կը սիրէ, բայց չի՛ գիտեր ինչո՞ւ համար կը սիրէ, չի՛ գիտեր ի՞նչն է այդ սիրոյ պատճառը: Ասոնց կողքին, այսօրուան մարդը կ՚անգիտանայ, թէ ինք Աստուծոյ տաճարն է, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ բնակարանն է, ուր Աստուած կը կամենայ բնակիլ: Եւ մարդ ինչքան ալ փորձէ խուսափիլ այս ճշմարտութենէն՝ ինքզինք արդարացնելու պատճառաբանութիւններ փնտռելով, սակայն մարդուն Աստուծոյ տաճար ըլլալու հանգամանքը բացարձակ ճշմարտութիւն է եւ կը մնայ այդպիսին, ու մարդուն կը մնայ ընտրութիւն կատարել՝ Աստուծոյ տաճար ըլլալ կամ ոչ:

Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ այսպէս կը գրէ.

«Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ: Հետեւաբար եթէ մէկը այդ Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ, որովհետեւ Աստուծոյ տաճարը սուրբ է. եւ դո՛ւք էք այդ տաճարը» (Ա. Կր 3.16-17): Առաքեալին խօսքերը կարդալով, պէտք է նկատենք, որ մենք մեր այսօրուան ապրած կեանքով, Աստուծոյ տաճարն է, որ կը քանդենք, իսկ եթէ կը քանդենք՝ մեր վրայ կ՚ընդունինք այն կորուստը, որ Աստուած պիտի տայ անոնց, որոնք Իր սուրբ տաճարը կը պղծեն ու կը քանդեն:

Նոյն առաքեալը, Կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ այսպէս կը գրէ. «Ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններուն միջեւ:

Արդարեւ, մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած Ինք ըսաւ.

“Անոնց մէջ պիտի բնակիմ

եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ:

Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ

եւ անոնք՝ Իմ ժողովուրդս”:

Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կը հրահանգէ մեզի.

“Անջատ եւ հեռո՛ւ կեցէք հեթանոսներէն.

պիղծ բաներու մի՛ դպչիք,

եւ Ես ձեզ պիտի ընդունիմ:

Ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ

եւ դուք Իմ տղաքս ու աղջիկներս պիտի ըլլաք,-

կ՚ըսէ ամենակալ Տէրը”:

Սիրելինե՛ր, այս խոստումները մեզի եղած են: Ուստի հեռո՛ւ մնանք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ, մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք՝ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով» (Եբր 6.16-7.1):

Մարդ երբ ինքզինք կը պղծէ, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ իրեն տուած մարմինը կ՚անարգէ, ատով մեհեանի կը վերածուի եւ դեւերու բնակարանի: Առաքեալը կը հարցնէ. ի՞նչ նմանութիւն կարելի է գնտել Աստուծոյ տաճարին այսինքն՝ մարդուն, եւ մեհեաններուն միջեւ: Մենք մեր արարքներով, Աստուծմէ հեռու ապրած մեր կեանքով մենք մեզ է, որ մեհեանի կը վերածենք, մենք մեզ է, որ կը քանդենք, այն տաճարը՝ որ կոչուած է Աստուծոյ բնակարան ըլլալու, որովհետեւ Ի՛նք Աստուած կ՚ըսէ, թէ՝

«Բնակութեանս տեղն ալ անոնց մէջ պիտի ըլլայ. Ես անոնց համար Աստուած պիտի ըլլամ, իսկ անոնք Ինծի համար՝ ժողովուրդ: Ազգերն ալ պիտի գիտնան, որ Ես՝ Տէրս, կը մաքրեմ զանոնք, երբ սրբարանս յաւիտենապէս անոնց մէջ ըլլայ» (Եզ 37.27-28):

Ի՜նչ քաղցր կը հնչեն մեր Աստուծոյ այս խօսքերը, Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ, կը մաքրեմ զանոնք, երբ սրբարանս յաւիտենապէս անոնց մէջ ըլլայ: Ճի՛շդ է, որ այսօր ինչ-ինչ պատճառներով մենք հեռացած ենք Աստուծմէ, բայց մէջբերուած խօսքերէն կը հասկնանք, որ Աստուած մի՛շտ պատրաստ է վերստին ընդունելու մեզ, մաքրելու եւ սրբելու, ու յաւիտենապէս իր բնակարանը՝ տաճարը դարձնելու: Յիշենք Անառակ որդիին առակը, թէ ինչպիսի՞ վերաբերմունք ցուցաբերեց անառակ որդիին հայրը, երբ տեսաւ թէ իր որդին տուն կու գայ: Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց» (Ղկ 15.20): Ապա խրախճանք, ուրախութիւն կը կազմակերպէ իր որդիին վերադարձին համար: Եւ երբ աւագ եղբայրը կ՚ընդվզի իր հօր այս վերաբերմունքին, հայրը կը պատասխանէ անոր. «Տղա՛ս, դուն միշտ ինծի հետ ես եւ ամբողջ ունեցածս քուկդ է: Սակայն հիմա պէտք է ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ» (Ղկ 15.31-32):

Այսօր ալ մեր մէջ չկա՞ն այնպիսիներ, որոնք ծուռ աչքով կը նային մեղաւորներու դարձին, կամ եթէ մեղաւոր մը սկսի կամաց-կամաց փոխուիլ, զղջալ, ապաշխարութիւն ապրիլ, հազար ու մէկ պատմութիւններ կը վերյիշենք, ի՜նչ-ինչ բամբասանքներու մէջ կ՚իյնանք՝ նախանձի կամ չկամութեան պատճառով, եւ ահա ատով անգամ մը եւս կը փաստենք, որ մենք Աստուծմէ հեռու կեանքով մը կ՚ապրինք, եւ զԱստուած միայն մեր շուրթներով կը պաշտենք, ինչպէս Տէրը Ի՛նք կ՚ըսէ, թէ՝ «Այս ժողովուրդը իր բերանով մօտիկ է Ինծի, իր շրթներով կը մեծարէ զիս, բայց սիրտով հեռացած ու մեկուսացած է Ինձմէ. զուր տեղ կը պաշտէ զիս, մարդոց պատուիրաններն ու վարդապետութիւնները կ՚ուսուցանէ» (Ես 29.13): Այսպէս վարուելով կ՚անտեսենք այն անհերքելի ճշմարտութիւնը, որ Աստուած միշտ պատրաստ է Իր զաւակները ընդունելու, պայմանով որ անոնք դարձի գան եւ ճանչնան զԻնք որպէս Տէր եւ Փրկիչ:

Տէր Աստուած կը թելադրէ մեզի նաեւ անջատ եւ հեռու մնալ հեթանոսներէն. այս թելադրութեան եւս այսօրուան մարդը թեթեւօրէն կը մօտենայ, պատճառաբանելով, թէ բոլորն ալ Աստուծոյ ստեղծած արարածներն են, բոլորն ալ իմ նման մարդիկ են եւ ո՛չ մէկ պատճառ ունիմ հեռու մնալու անոնցմէ, ընդհակառակը պէտք է մտերմանամ անոնց հետ եւ համերաշխ կեանքով ապրիմ:

Առաջին ակնարկով շա՜տ բնական մօտեցում կը թուի այս երեւոյթը, որովհետեւ Աստուած սիրոյ Աստուած ըլլալով, Իր զաւակներուն ո՛չ միայն կը թելադրէ սիրել զիրենք սիրողները, ազգականներն ու բարեկամները, այլ նոյնիսկ կը թելադրէ սիրել մեր թշնամիները: Բայց երբ հեթանոսներէն անջատ եւ հեռու մնալու թելադրութիւնը կ՚ընկալենք այն հասկացողութեամբ, որ հեթանոսը սատանային հաւատարիմ ծառան, ենթական ու հետեւողն է, այդ պարագային ճիշդ կերպով կը հասկնանք ըսուածը, մանաւանդ եթէ ուշադրութեամբ կարդանք Պօղոս առաքեալին հետեւեալ հարցադրումները. «Բնաւ անհաւատներուն լծակից մի՛ ըլլաք: Ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ արդարը անօրէնին հետ, կամ ի՞նչ նոյնութեան եզր կրնայ ըլլալ լոյսին ու խաւարին միջեւ: Ի՞նչ համաձայնութիւն կրնայ ըլլալ Քրիստոսի եւ սատանային միջեւ, կամ ի՞նչ գործ ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ» (Բ. Կր 6.14-15). պարզ եւ յստակ են առաքեալին հարցադրումները, որոնց պատասխանները նոյնինքն հարցումներուն մէջն են:

Իսկ Յովհաննէս առաքեալ իր Ընդհանրական Առաջին Նամակին մէջ այսպէս կը գրէ. «Որդեակնե՛րս, թող ոեւէ մէկը ձեզ չխաբէ: Ով որ արդարութիւն կը գործէ՝ արդար է, ինչպէս Քրիստոս Ինք արդար է: Իսկ ով որ մեղք կը գործէ՝ սատանային հետեւող մըն է, որովհետեւ սատանան սկիզբէն ի վեր մեղք կը գործէ» (Ա. Յհ 3.7-8):

Մեզմէ իւրաքանչիւրս ազատութիւն ունի ընտրելու, թէ ինք որո՞ւ հետեւորդն է. Աստուծո՞յ, ապա Անոր տաճարն ու բնակարանը կը դառնայ. սատանայի՞ն, ապա անոր եւ իր դիւային արբանեակներուն պոռնկանոցը կը դառնայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

16 նոյեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021