ԽԱՆԳԱՐՈՒԱԾ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐ
Ընկճուածութիւնը, ճնշուածութիւնը եւ կեանքի զանազան մարտահրաւէրները կրնան ժամանակ առ ժամանակ ազդել իւրաքանչիւրիս վրայ: Մեզմէ շատեր կրնան սպառել սեփական ներքին «աղբիւրները»՝ նման մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար: Բայց երբեմն իրավիճակները աւելի բարդ կը դառնան եւ երբ մարդու հոգեբանութիւնը խաթարուի, այդ փոփոխութիւնները կրնան դժուար հասկնալի ըլլալ: Այսպէս, որո՞նք են հոգեբանական խանգարման նշանները:
Հոգեբանական հիւանդութեան ախտանշանները կրնան դրսեւորուիլ ծայրայեղ յուզական վիճակով, մշտական տխրութեամբ, ինչպէս նաեւ առանց պատճառի լալով, բարկութեամբ եւ զայրոյթի վերահսկման խնդիրներով: Այս պայմանները կրնան ազդել նաեւ մարդու՝ ամենօրեայ գործունէութեան վրայ։ Եթէ այս խնդիրները բազմանան եւ աւելի բարդանան, հաւանական է, որ անհրաժեշտ ըլլայ դիմել մասնագէտի մը օգնութեան:
Հոգեբանական խնդիրները կրնան տարբերիլ ըստ անձի։ Այնուամենայնիւ, կարեւոր է ճանչնալ ախտանիշները եւ հասկնալ, որ մարդու հոգեբանութիւնը կը վատթարանայ, որպէսզի ժամանակին միջամտութիւն եւ օգնութիւն ցուցաբերուի: Հնարաւոր է յաղթահարել հոգեբանական խնդիրները՝ վերականգնուիլ անհրաժեշտ աջակցութիւնը ստանալով։ Կարելի է ըսել, որ անհրաժեշտութեան պարագային մասնագէտի մը օգնութեան դիմելը քաջութեան նշան է: Իսկ որո՞նք են այդ նշանները, ո՞ր հանգամանքները կը վկայեն հոգեբանական խանգարման մասին:
Մարդոց մեծամասնութիւնը ժամանակ առ ժամանակ կը զգայ անհանգստութիւն կամ ճնշուածութիւն եւ սա լիովին բնականոն է: Եթէ անհանգստութիւնը խանգարէ ձեր ամենօրեայ գործունէութիւնը, ապա սա կրնայ հոգեբանական խանգարման նշան ըլլալ: Անհանգստութեան ֆիզիքական ախտանիշները կրնան ներառել նաեւ սրտի սաստիկ բաբախում, շնչառութեան դժուարութիւններ, կրծքավանդակի սեղմում, գլխացաւ, քրտնարտադրութիւն, ցնցում, գլխապտոյտ, փորլուծութիւն կամ պնդութիւն եւ այլն: Ճնշուած ըլլալը կրնայ արդիւնաւորուիլ տխուր եւ դիւրագրգիռ տրամադրութեամբ, ուժասպառութեամբ կամ անընդհատ լալով: Բաց աստի, քմահաճոյքի, սիրողական զբաղումի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կորսնցնելը կրնան նշանակել, որ ճնշուած, նոյնիսկ մելամաղձոտ տրամադրութիւն ունենաք։
Իւրաքանչիւր անձ տարբեր ժամանակներու ընթացքին տարբեր հոգեվիճակի մէջ կրնայ ըլլալ, բայց տրամադրութեան յանկարծակի եւ կտրուկ փոփոխութիւնները, ծայրայեղ տխրութիւնը կամ զայրոյթը կրնան հոգեբանական խանգարման նշաններ ըլլալ: Մարդու քունի սովորութիւններու վրայ փոփոխութիւնները կրնան ըլլալ հոգեկան առողջութեան խանգարման նշան: Սա կրնայ նշանակել անքնութիւն կամ քնկոտութիւն: Որոշ մարդիկ կրնան ամբողջ օր քնանալ, իսկ գիշերը արթուն մնալ: Ի հարկէ, մէկ կամ երկու գիշեր տեւող քունի խանգարումը ամէն պարագային չի նշանակեր հոգեբանութեան խանգարում: Այնուամենայնիւ, եթէ սա երկար ժամանակ շարունակուի, ապա կրնաք դիմել մասնագէտի մը օգնութեան:
Որոշ մարդոց համար սովորականէն աւելի կամ պակաս ուտելը, ախորժակի արտասովոր վիճակները կրնան ըլլալ հոգեկան առողջութեան հետ կապուած խնդիրներու նախազգուշական նշաններ: Կեանքի նկատմամբ «ախորժակը» կորսնցնելը նաեւ կրնայ նշանակել վատ հոգեբանական վիճակ։ Եթէ ձեր ընտանիքի անդամներէն մին կամ ընկերը մեկուսացնէ ինքզինք եւ հրաժարի մասնակցելէ ընկերային միջոցառումներու, անոնք կրնան օգնութեան կարիք ունենալ:
«Ես անյաջող եմ», «սա իմ մեղքն է» կամ «ես անարժէք եմ»ի նման խորհուրդները կրնան վկայել հոգեկան առողջութեան խանգարման մասին: Եթէ ձեր շուրջ կայ ինքզինք յաճախ քննադատող կամ իրենց վերահսկողութենէն դուրս իրավիճակներու համար իրենք զիրենք մեղադրող անձեր, սա հաւանաբար կը նշանակէ, որ անոնք օգնութեան կարիք ունին: Եթէ ձեր ծանօթներէն մին ձեզի կը թուի աւելի քիչ գործուն կամ չէք կրնար անոնց հետ յարաբերուիլ նախկինին նման, սա նոյնպէս կրնայ հոգեբանական խանգարման նշան ըլլալ: Սա կը ներառէ դպրոցի կամ աշխատավայրի մէջ գործադրութեան պակասը, բազմութենէ վախնալը, վատ ելոյթ ունենալը կամ պարտականութիւնները չկատարելը: Եթէ ձեր ծանօթներէն մին սկսի մասնակցիլ ռիսք պարունակող գործողութիւններու. օրինակ՝ թմրամիջոցներու օգտագործում, վտանգաւոր ձեւով ինքնաշարժ վարելը կամ յանցագործութիւնը, այս բոլորը կրնան ըլլալ հոգեկան առողջութեան խնդիրներ: Նման իրավիճակի պարագային կարեւոր է անյապաղ օգնութիւն ստանալ:
Հոգեբուժական հիւանդութիւններու դարմանման ժամանակ կը կիրառուին բուժման զանազան մեթոտներ՝ հիւանդութիւններու առանձնայատկութիւններու համաձայն։ Բացի կենսաբանական բուժումներէն, կը կիրառուին նաեւ հոգեբուժութեան նման մեթոտներ, որոնք ուղղուած են մարդոց յուզական, մտաւորական բնութագրերուն կամ յարաբերութիւններու փոփոխութիւններուն: Այս մեթոտները կրնան կիրառուիլ միայն համապատասխան ոլորտի մասնագէտներու կողմէ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ