Ս. ՍՏԵ­ՓԱ­ՆՈՍ ՆԱ­ԽԱ­ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ՝ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՆԷԱ­ԿԱՆ Ե­ԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ Ա­ՌԱ­ՋԻՆ ՆԱ­ՀԱ­ՏԱ­ԿԸ

«Նահատակ բարի Քրիստոսի եղեր այսօր ի միջի մերում, եւ մտեր ի վերնատունն խորհրդոյ յաւիտենականի։ Որ ընտրեցար ի դասս երկնաւոր զօրացն, պսակեցար ի թագաւորէն, զանթառամ զպսակն, եւ մկրտեցար արեամբդ քո սրբոյ, առաջին վկայ Քրիստոսի Սուրբ Ստեփանոս, նախասարկաւագ մեծ» («Շարակնոց»)։

Ընդհանրական Եկեղեցւոյ պատմութիւնը լի է «Յաղթական Եկեղեցւոյ» մաս կազմող սուրբերուն կեանքով, որոնք իրենց քրիստոսակեդրոն վարքով ու կենցաղով ջրդեղած են ո՛չ միայն դարեր առաջ նոր ընձիւղած հաւատացեալներուն կեանքը, այլեւ այսօ՛ր եւս իրենց յաւերժագնաց ուղիով ու տիպարային նկարագրով օրինակ կը հանդիսանան գալիք սերուդներուն։

Արդարեւ, սուրբե՛րն են, որոնք քրիստոնէական Եկեղեցին պահած են անվթար ու զօրեղ՝ դառնալով վահան «ընդդէմ անօրէն թշնամեաց»։ Անոնք, առաքեալին բացատրութեամբ, հաւատքի ու սիրոյ զրահը հագած եւ փրկութեան յոյսի սաղաւարտը իրենց գլխուն ամրացուցած՝ եղան բարի զէնքերով չարին եւ չար մոլութեանց դէմ պայքարողներ։ Հպարտութեան պատուանդանները խորտակեցին՝ խոնարհութեան վրայ կանգնեցնելով առաքինութեանց շէնքը եւ նախանձի դառնագոյն մաղձը քաղց-րացուցին աստուածային սիրոյ զօրութեամբ։ Բարկութեան ահեղ բոցերը մարեցին շնորհքի քաղցրութեան ցօղով։ Ծուլութեան խոպան անդաստանը ոռոգեցին բարեգործութեան հոսանուտ վտակներով։

Քրիստոնէական հաւատքին ու Եկեղեցւոյ պահպանման համար իր քրիստոսատիպ վարքով ճանչցուած Ս. Ստեփանոս եղաւ այն երանելի եւ անձնազոհ սուրբերէն մին, որ յանձն առաւ սպաննել տալ իր մարմինը՝ յօգուտ իր հոգիի փրկութեան։ Մարմնով խողխողուեցաւ, բայց հոգիով մարտնչեցաւ անհաւատ խաւին դէմ ու յաղթեց անոնց, որովհետեւ իր մարմնի «հեղհիւսուած վարդակարմիր արիւնը» արմատաւորուեցաւ ու խորացաւ բիւրեղասպունգ հոգիներու մէջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագը՝ եղաւ Եկեղեցւոյ կեանքի նորատունկ վարդաստանին առաջին ծիլը՝ Աստուծոյ ընծայուած։ Ա՛ն՝ որ եղաւ Քրիստոսի աղեղին առաջին նետը՝ չարին դէմ արձակուած։ Ա՛ն՝ որ եղաւ Քրիստոսի բանաւոր ու նորակազմ հօտին առաջին գառնուկը՝ Աստուծոյ ընծայուած։ Ա՛ն՝ որ եղաւ քրիստոսամշակ այգիի երկնաբոյս որթատունկին առաջին ճիռը՝ սրբութեան սկիհին մէջ ճմլուած։

Մեր հոգեւոր գրականութեան՝ «Վարք Սրբոց»ին. «Յայսմաւուրք»ին. «Շարակնոց»ին ու «Ճառընտիր»ին մէջ Սուրբ Ստեփանոսին տըր-ւած են հետեւեալ տիտղոսները. «Պսակ Եկեղեցւոյ, անդրանիկն մարտիրոսաց, նախավկայ՝ առաջին մարտիրոս, նախասարկաւագ, հրեշտակակերպ տեսլեամբ, յորովայնէ ընտրեալ, դրօշակակիր խաչին Քրիստոսի, զինակիր զօրագլխին հաւատոց Յիսուսի, պարագլուխ ամենայն սրբոց արեամբ նահատակելոց, գերագոյն քան զվկայեալսն ի հնումն ի վերայ ճշմարտութեան մովսիսաւանդ օրինաց, նախաշաւիղ ամենայն վկայից յօրէնս շնորհաց, հարազատ եւ ճշմարիտ աշակերտ Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ եւ հետեւող հետոց նորա, առաջին պաշտօնեայ քահանայապետին յաւիտենից պատարագելոյ ի վերայ խաչին ի փրկութիւն աշխարհի, նախավկայ ճըշ-մարտութեան նորա. երջանիկ ճառագայթ՝ արժանաւոր առաքելական քարոզութեանց»։

Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ կը պատմուի, թէ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ հաւատացեալներու թիւը սկսած էր աճիլ. ա՛յնքան՝ որ կարիքները կը բազմանան եւ առաքեալներու փոքրաթիւ գունդը եւ նոյնիսկ անոնց օժանդակելու խմբակը բաւարար չէր բոլոր կարիքները հոգալու: Յատկապէս Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ կային անոնք, որոնք եբրայերէն կամ արամերէն լեզուով չէին խօսեր, այլ կը խօսէին յունարէն լեզ-ւով, եկած ըլլալով հռոմէական կայսրութեան զանազան նահանգներէն, իբրեւ ըՍ-փիւռք: Եւ այս օտարախօս, այլալեզու կամ յունախօս շրջանակին համար անհրաժեշտ էր նոր պաշտօնեաներ կարգել, որովհետեւ անոնք լեզուական դժուարութեան հետեւանքով յաճախ զրկուած կը մնային այն ծառայութենէն, որ իրենց եւ բոլոր հաւատացեալներուն սահմանուած պէտք էր ըլլար:

Առաքեալները իբրեւ Եկեղեցւոյ կեանքին պատասխանատուները, ամբողջ Եկեղեցին կը խմբեն. անոնց կարիքները կը ներկայացնեն՝ ըսելով. «Մենք չենք ուզեր Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը ձգել եւ ուտելիք մատակարարելով զբաղիլ։ Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ձեր կողմէ վկայուած եօթը հոգի ընտրեցէք, որոնք Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն ըլլան։ Զանոնք այս անհրաժեշտ գործին կարգենք, իսկ մենք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին մատակարարման նուիրուինք» (Գրծ 6.2-4)։ Եկեղեցին առաջարկը ճիշդ գտնելով՝ հաւանութիւն կու տայ։ Անմիջապէս իրենց մէջէն հաւատքով եւ առաքինի կեանքով վկայուած եօթը հոգիներ կը ներկայացնեն եւ զանոնք Եկեղեցւոյ առջեւ կը կանգնեցնեն: Առաքեալները իրենց ձեռքերը անոնց գլուխներուն կը դնեն եւ կը ձեռնադրեն՝ Աստուծոյ Հոգին եւ Աստուծոյ օգնականութիւնը հայցելով անոնց համար: Եւ այսպէս անոնք՝ այդ եօթը հոգիները կը նուիրուին աղքատներու, այրիներու եւ որբերու խնամքին, ինչպէս նաեւ սիրոյ սեղաններուն կազմակերպութեան եւ անոնց խնամատարութեան:

Ս. Ստեփանոսը Յուդայի թագաւորական տոհմի շառաւիղներէն էր: Քրիստոսի մահապատիժի ժամանակ, Կայիափա քահանայապետի ծառան էր: Երբ Յիսուսը քահանայապետին տուն կը բերեն, Ստեփանոս իր գլխու վարշամակը Տիրոջ ոտքերուն տակ կը փռէ՝ Քրիստոսի հանդէպ իր հաւատքը ցոյց տալով: Քահանայապետը այս տեսնելով՝ զինք իր պաշտօնէն կը հեռացնէ։ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան ականատես դառնալով՝ Ս. Ստեփանոս առաքեալներու գործակիցը կը դառնայ: Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի՝ զինք Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները մկրտած են։ Կը պատմուի, թէ անոր մկըր-տութեան ժամանակ անոր վրայ լոյսի պսակ մը երեւցած է։ Այդ պատճառով զինք «Ստեփանոս» անուանած են. որ յունարէն «պսակ» կը նշանակէ։

Ինչպէս կը հաստատէ Գործք Առաքելոց գրքին հեղինակը, Սուրբ Ստեփանոս միայն ծառայութեան պատրաստակամութեամբ օժտուած անձ չէր, այլ «Աստուծոյ շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն մարդ մըն էր, որ ժողովուրդին մէջ մեծամեծ հրաշքներ եւ նշաններ կը կատարէր եւ ցոյց կու տար» (Գրծ 6.8)։ Իրեն վստահուած ժողովրդային ծառայութեան համեստ աշխատանքներուն զուգահեռ, դարձած էր նաեւ համարձակախօս եւ հրաշագործ Աւետարանի այն աստուածախօս քարոզիչներէն մին, որոնք իրենց կենդանի խօսքովը, քրիստոսատիպ վարքովը եւ գործունէութեամբը ալեկոծեցին հրէութեան կրօնական խղճմտանքը եւ իրենց արեան հեղումով ջրտուքը կատարեցին քրիստոնէական հաւատքի նորաբողբոջ սերմերուն։

Ս. Ստեփանոս որբերուն հոգ կը տանէր եւ այրիները կը մխիթարէր։ Պատարաստակամ էր բարի գործերու ծանր լուծը իր վրայ վերցնելու եւ զայն հասցնելու իր բարի աւարտին: Ս. Ստեփանոս առաքինի էր իր կենցաղավարութեամբ, հզօր հաւատքով, առանձնայատուկ իմաստութեամբ ու համայնքի անդամներու եւ առաքեալներու կողմէ մեծ վստահութիւն կը վայելէր։ Ան լեցուն էր իմաստութեամբ, յստակութեամբ ու զգօնութեամբ, հանճարով ու խորհուրդով, սրբութեամբ ու մաքրութեամբ, գեղեցկութեամբ ու բանականութեամբ, քաղցրութեամբ ու ողորմութեամբ, ճշմարտութեամբ ու զգաստութեամբ:

Ս. Ստեփանոսի համբաւը հրեաներու, քահանաներու եւ օրէնսգէտներու նախանձի պատճառ կը դառնայ, որոնք Սուրբը ամբաստանելով՝ զինք հրեաներուն բարձրագոյն ատեան կը յանձնեն: «Ապա մէջտեղ բերին սուտ վկաները, որոնք կ՚ըսէին. «Այս մադը անդադար հայհոյալից խօսքեր կ՚ընէ այս սրբավայրին եւ Աստուծոյ Օրէնքին դէմ։ Անձամբ լսեցինք որ կ՚ըսէ՝ թէ Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քանդէ այս տաճարը եւ պիտի փոխէ այն աւանդութիւնները որ Մովսէս տուաւ»։ Ատեանին մէջ նստողները իրենց հայեացքը Ստեփանոսի դարձուցին եւ տեսան անոր դէմքը, որ հրեշտակի դէմքի կը նմանէր» (Գրծ 6.13-15)։

Ի պատասխան այս բանսարկութեան՝ Սուրբ Ստեփանոս առանց ընկճուելու. հաստատ հաւատքով եւ իմաստութեամբ, Հին Կտակարանը Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ կը մեկնէ։ Սկսելով Աբրահամէն, կը թուարկէ Յիսուսի մասին մարգարէներու կանխասացութիւնները եւ ապա ցոյց կու տայ, որ քրիստոնէութիւնը ոչ թէ ժխտումն է մովսիսական կրօնքին, այլ այդ կրօնքին յայտնութենական իրագործումը եւ մարգարէութեանց լրումն ու ամբողջացում է (Հմմտ. Գրծ 7,1-53): Ապա իր խօսքը կ՚եզրափակէ՝ հրեաները անուանելով Տիրոջ մատնիչներն ու սպաննողները, «Ի՜նչքան յամառ էք դուք, որ բնաւ չէք զղջար եւ Աստուծոյ կանչը չէք լսեր, եւ այսպէս միշտ Սուրբ Հոգիին կը հակառակիք, ինչպէս ձեր հայրերը կ՚ընէին անցեալին։ Եղա՞ւ մարգարէ մը որ ձեր հայրերը չհալածեցին։ Անոնք սպաննեցին բոլոր այն մարգարէները, որոնք կանուխէն պատմեցին Արդարին գալուն մասին. այն Արդարին, որ դուք ձեր ձեռքով մահուան դատապարտեցիք եւ սպաննեցիք։ Կը պարծենաք որ հրեշտակներու ձեռքով ստացաք Օրէնքը, եւ սակայն բնաւ չկատարեցիք զայն» (Գրծ 7.51-53)։

Ժողովականները երբ այս յանդիմանական խօսքերը կը լսեն՝ զայրոյթով կը լեց-ւին։ «Ատեանին մէջ Իսրայէլի տասներկու ցեղերու երեւելի թագաւորներէն կամ բարի իշխաններէն ոչ ոք կար, որպէսզի արդարին իրաւունքներուն սատար կանգնէր, այլ բոլորը քահանաներուն հետ եկած էին արդարի արիւնը թափելու համար՝ սուրերով զինուած՝ ընդդէմ անպարտելի ախոյեանի: Չկար մէկը, որ անոր մասին մտածէր, այլ բոլորը, իբրեւ իժի ծնունդներ, իրենց թոյնը անոր վրայ կը թափէին, ինչպէս որ նոյնը ըրած էին անճառելի եւ անստուեր Լոյսին, Հօր ճշմարիտ Բանին, կենարար Յիսուսին» (Սուրբ Աթանաս Աղեքսանդրացի):

Աննկատ չէին կրնար մնալ այս խիզախ եւ համարձակաբարբառ մարդուն քարոզութիւնն ու հրաշագործութիւնները։ Ի վերջոյ, հրեայ կրօնամոլ ամբոխը զինք կ՚ամբաստանէ հայհոյութեան ծանրագոյն մեղադրանքով եւ կ՚առաջնորդէ դէպի եղերական մահ։ Երուսաղէմի պարիսպներէն դուրս, երբ խուժանը կը փորձէր քարերու տարափով սպաննել Սուրբը, ան ցաւ չի զգար, այլ վերացած հոգիով. աչքերը երկինք յառած. միայն կը տեսնէ զԱստուած Իր ամբողջ փառքովը. «Ահա բացուած է երկինքը, եւ կը տեսնեմ Մարդու Որդին որ Աստուծոյ Աջին կանգնած է» (Գրծ 7,56)։ Եւ Անոր ուղղելով իր վերջին աղերսը, իր հոգին կ՚աւանդէ քրիստոսաշունչ խօսքերով. «Տէ՜ր. ներէ՛ իրենց այս մեղքին» (Գրծ 7.60)։

Սուրբ Ստեփանոսի մասունքներուն մասին «Վարք Սրբոց»ը հետեւեալը կը պատմէ. «Թէոդոս Փոքրի թագաւորութեան ժամանակ, երբ Սուրբ Յովհաննէս Երուսաղէմի Պատրիարքն էր, Ղուկիանոս անունով քահանայ մը, որ Երուսաղէմէն 20 մղոն հեռու գտնուող գիւղի մը մէջ կը ծառայէր, ուրբաթ օր մը, որ կը զուգադիպէր դեկտեմբեր 3-ին, երբ կը ննջէր, գիշերուան առաջին պահուն, այսինքն ժամը 9-12 միջեւ, կը տեսնէ ծեր հասակաւոր մարդ մը. երկար սպիտակ մօրուքով, զգեստաւորուած իբր քահանայ եւ ձեռքը ոսկի գաւազանով։ Այդ անձը Ղուկիանոս քահանան կը կանչէ երեք անգամ եւ կ՚ըսէ. «Գնա՛ դէպի Երուսաղէմ քաղաք, եւ եպիսկոպոսին ըսէ, թէ մինչեւ ե՞րբ փակուած պիտի մնանք, եւ մեզի պիտի չբանաս, առաւելապէս քու քահանայութեանդ ժամանակ պէտք է մենք յայտնի ըլլանք։ Շուտով բաց մեր գերեզմանը, ուր կը գտնուին մեր անտեսուած նշխարները, որպէսզի Աստուած եւ Քրիստոս եւ Սուրբ Հոգին մեր միջոցաւ բանայ ողորմութեան դուռը աշխարհին, օգնելու համար մարդկութեան՝ վտանգեալ ժամանակի մէջ։ Ես ոչ այնքան իմ մասիս մտահոգուած եմ, որքան այն արժանապատիւ սուրբերուն համար, որոնք իմ հետս ամփոփուած են»։

«Ղուկիանոս քահանան կը պատասխանէ. »Ո՞վ ես դուն. Տէր. եւ ովքե՞ր են անոնք, որոնք քու հետդ ամփոփուած են»։ Ան կը պատասխանէ. «Ես Գամաղիէլն եմ, որ Քրիստոսի առաքեալը՝ Պօղոսը դաստիարակեցի, եւ Երուսաղէմի մէջ օրէնուսոյց էի։ Իսկ ան, որ իմ գերեզմանիս արեւելեան կողմը կը գտնուի, ինքնին քարկոծեալ Սուրբ Ստեփանոսն է։ Հրեաները զայն բացօթեայ թողած էին, որ գազաններու կերակուր ըլլայ։ Սակայն Աստուծոյ կամքով. ոչ մէկ գազան անոր մօտեցաւ։ Իսկ ես. գիշերով. բարեպաշտ եւ Քրիստոսի հաւատացող երուսաղէմաբնակներ ուղարկեցի, եւ յորդորեցի, որ երթան եւ պէտք եղած ծառայութիւնը մատուցանեն, եւ անոր մարմինը բերեն։ Եւ իմ սայլովս զայն բերելով իմ գիւղս, եօթանասուն օր սուգ ընել տուի եւ զայն իմ նոր գերեզմանիս մէջ դրի, եւ իմ միջոցներովս հոգացի կոծի ծախսերը»։ Ղուկիանոս քահանան, եօթ օր կ՚անցընէ աղօթքով եւ պահքով, որպէսզի, եթէ տեսիլքը ճշմարիտ է, յայտնուի իրեն կրկին եւ եռապատիկ անգամ։ Ասոր վրայ կը կրկնուի Գամաղիէլի տեսիլքը։

«Ղուկիանոս քահանան կ՚երթայ Յովհաննէս Հայրապետին մօտ եւ կը պատմէ անոր պատահածը։ Հայրապետը. երբ կը լսէ այս լուրը, կու լայ ուրախութենէն եւ կ՚ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուած, որդի կենդանի Աստուծոյ»։ Վերջապէս գըտ-նելով Սուրբ Ստեփանոսի նշխարները, կը բերեն Սիոնի եկեղեցին, ուր ան սարկաւագ ձեռնադրուած էր»։

Սուրբ Ստեփանոսի նշխարներուն բազմաթիւ հրաշքներ կը վերագրուին։ Չորրորդ դարուն, Յուլիանէ իշխանուհիի կողմէ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տապանակը կ՚ամփոփուի Կ. Պոլսոյ մէջ։ Ապա մասունքները կը տեղափոխուին Վենետիկ եւ կը տեղադրուին Ս. Գէորգ կղզիի մայր տաճարին մէջ։

Ստեփանոս եղաւ անշահախնդիր ծառայութեան մեծագոյն օրինակը՝ բոլոր ժամանակներուն համար։ Ան Քրիստոսի խօսքը մարմնաւորեց՝ դառնալով ծառայ եւ վերջինը բոլորին, որուն համար ալ արժանացաւ Նախավկայ կոչումին։ Ծառայեց բոլորին անխտիր, հաւատալով՝ որ հաւատարմութիւնը հոգւոյն տրամադրութիւնն է, որով մարդը կը ճանչնայ իր կեանքի ճշմարտութիւնն ու իսկութիւնը։ Սակայն անոր առաքելութիւնը միայն ծառայութեան մէջ չսահմանափակուեցաւ։ Թէպէտ ան նշանակուած էր հաւատացեալներու ֆիզիքական պէտքերը հոգալու, բայց Տիրոջ օրինակին հետեւելով՝ նաեւ եղաւ իրաւ ուսուցանող մը, որ հոգեւոր սնունդ մատակարարեց Քրիստոսի հետեւորդներուն։ Իր հոգեցունց քարոզներով ընկճեց, փակեց բոլոր այն բերանները, որոնք կը համարձակէին Տիրոջ Աւետարանին եւ յայտնեալ ճշմարտութեան իբրեւ թշնամի հանդէս գալ։ Ստեփանոս ուրացաւ իր անձը եւ իր փառքն ու երջանկութիւնը փնտռեց ծառայական յանձնառութեան մէջ, որ զինք առաջնորդեց մինչեւ նահատակութիւն։

Ստեփանոս զգեցաւ զՔրիստոս այնքան հարազատօրէն, որ իր կեանքի վերջին պահերուն Քրիստոսի հարազատ նմանութիւնը հանդիսացաւ։ Ան իր զոհաբերուած կեանքով, հեզութեամբ ու զօրաւոր հաւատքով Եկեղեցւոյ պսակը եւ առաջին անդրանիկ մարտիրոսը դարձաւ։ Թէպէտ երկար չապրեցաւ, սակայն ամբողջ քրիստոնէական աշխարհին համար տիրական ներկայութիւն դարձաւ։ Իր գարուն հասակին մահուան գիրկը նետուեցաւ, բայց իր կեանքով եւ գործով ուրիշները ապրեցուց։

Ս. Ստեփանոսի նուիրուած շարականին մէջ կը կարդանք. «Մարտեար ընդդէմ թշնամւոյն այսօր եւ գնեցեր արեամբդ քո զարքայութիւնն ի պարծանս ազգի մարդկան. ճգնաւոր Քրիստոսի։ Գոհութիւն երեքսրբեանին. որ ընկալաւ զվկայդ իւր զսուրբ Ստեփանոս ի վերինն Երուսաղէմ։ Որ ընտրեցար՝ ի կոչումն առաքելական քարոզութեանցն արժանաւոր լինելով սուրբ Ստեփանոս, բարեխօսեա առ Քրիստոս վասն անձանց մերոց։ Որ խնդրեցեր զթողութիւն ի վերայ քո քարաձիգ ժողովոյն սուրբ Ստեփանոս, եւ այժմ վասն քո ուխտաւորացս աղաչեա զընդ աջմէ Հօր նստեալն։ Որ արժանի եղեր զմարտիրոսականն առնուլ պսակ նախդ ի վկայս, առ պսակիչն սրբոց եւ վասն մեր բարեխօսեա։ Ճանապարհ վկայից յետ Քրիստոսի գտար, եւ աստուածային փառացն արժանաւոր եղեր, բանսարկուն զինու քո վիրաւորեցաւ…»։

Շարականը խօսքը ուղղելով Սուրբին, կը յիշէ, թէ ան նահատակուեցաւ. բարձրանալով հրեշտակներու դասին. պսակուելով Քրիստոս թագաւորի ձեռքով։ Այդ պսակումը կատար-ւեցաւ, որովհետեւ Նախասարկաւագը «արեամբ մկրտուեցաւ». այսինքն արեան հոսումով մաքրուեցաւ. սրբացաւ՝ ինչպէս մկրտութեան աւազանը կը մաքրէ մարդ արարածը։ Ստեփանոս արեամբ «գնեց» արքայութիւնը։ Շարականի այս խօսքը կը յիշեցնէ մեզի Յիսուսի պատմած մարգարիտներու եւ դաշտի մէջ ծածկուած գանձի առակները։ Սուրբին մարտիրոսութիւնը կը նկարագրուի իբր մարտ. պայքար թշնամիին դէմ։ Թշնամին՝ սատանան է, որ կը փորձէր Ս. Ստեփանոս Սարկաւագը հեռացնել Քրիստոսի հաւատքէն ու հաւարտարմութենէն։ Վերջապէս, շարականագիրը Սուրբին բարեխօսութիւնը կը խնդրէ Սուրբ Եկեղեցւոյ հաստատութեան համար։

Սիրելի՛ ընթերցող, Ս. Ստեփանոս ծառայութիւնը իր մարմնին վրայ որպէս մորթի գոյն զգեցաւ, եւ հաւատքը՝ որպէս իր հոգւոյն զրահ։ Նախասարկաւագը հաւատքով ու հաւատարմօրէն ծառայեց Տիրոջ։ Ապացո՞յց. երբ ամբոխը զինք ամբաստանեց հայհոյութեան ծանրագոյն մեղադրանքով եւ փորձեց կասեցնել աստուածանուէր իր առաքելութիւնը, ան իր կեանքին իսկ գնով, յանձն առաւ մահը, քաջ գիտնալով, որ երկրի վրայ Քրիստոսը դաւանելով, Քրիստոս ալ զինք պիտի դաւանի երկնքի մէջ՝ Հօր առջեւ (Հմմտ. Մտ 10.32)։

Աստուծոյ նուիրուած ոեւէ քրիստոնեայ գիտէ, թէ քանի որ միացած է Քրիստոսի եւ Քրիստոս է որ կ՚ապրի ու կը գործէ իր մէջ՝ իր կեանքը եւ արարքները նշանակութիւն, արժէք եւ արդիւնք մը ունին ո՛չ միայն իր անձին համար, այլ Քրիստոսի՛ համար եւ Քրիստոսի խորհրդական մարմնին՝ Եկեղեցւոյ համար։ Եթէ Եկեղեցին Աստուծոյ գերագոյն իմաստութեամբ ու տնօրինութեամբ ամբողջ մարդկութեան սահմանուած փրկութեան տապանն է, եւ եթէ մարդիկ այդ տապանին մէջ իրենց փրկութիւնը եւ Աստուծոյ կամքը կ՚իրագործեն իրարմով, յստակ է՝ որ իւրաքանչիւր արարք պարագայական եւ ժամանակաւոր նշանակութենէն անդին եւ վեր՝ ունին մնայուն եւ յաւիտենական արժէք, որուն արդիւնքը իրբեւ շահ՝ շահ մըն է ո՛չ միայն անձին, այլ Քրիստոսի ամբողջ Եկեղեցիին համար։ Առ այդ, վերանորոգ յանձնառութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ հաստատակամօրէն քալենք Ս. Ստեփանոսի հարթած ճանապարհէն՝ օրինակ ունենալով անոր սրբակենցաղ կեանքն ու նկարագիրը, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին դառնանք Քրիստոսի Եկեղեցւոյ արժանաւոր սպասարկուներն ու զաւակները…։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱ­ՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017