ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ
Այսօր՝ 21 Յունուարին Մեծն Բրիտանիոյ նշանաւոր քաղաքներէն մէկուն՝ Օքսֆորտի նոյնքան նշանաւոր համալսարանին մէջ կը մեկնարկէ արեւմտահայերէնի խնդիրներուն նուիրուած համաժողով մը, որ կը կրէ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագիրը: Առաջին անգամն է, որ Օքսֆորտի նման համբաւաւոր եւրոպական համալսարանի մը մէջ լրիւ իմաստով արեւմտահայերէնը պիտի օգտագործուի ոչ թէ միայն որպէս ուսումնասիրութեան «առարկայ», այլ որպէս հիմնական ատենախօսութեան լեզու, քանի որ բոլոր նիստերը արեւմտահայերէնով պիտի ըլլան, այն տրամաբանութեամբ, որ հաւաքը միտուած է արեւմտահայերէնի պահպանման:
Ինչպէս կը տեղեկանանք համաժողովի կազմակերպիչներէն, արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցին հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներն ու լուծումներու որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ դարձած են, եւ Սփիւռքի առնուազն շարք մը ազգային, մշակութային ու կրթական գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ ու սփիւռքահայութեան ապագայով հետաքրքրուած անձեր այս նիւթով զբաղած են: Վերջին տարիներուն UNESCO-ի «վտանգուած լեզուներ»ու ցանկին մէջ յայտնուած արեւմտահայերէնի ապագան այսօր մամուլի ու հասարակական զրոյցներու հիմնական հարցերէն մէկը դարձած է։ Արեւմտահայերէնը կրող մտաւորականութիւնը մանաւանդ լուրջ մտահոգուած է ժամանակակից հայերէնի երկու հիմնական ճիւղերէն մէկուն պահպանման եւ զայն սերունդներուն փոխանցելու հարցով:
Անշուշտ կան շարք մը նախաձեռնութիւններ. օրինակ՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժնին կողմէ հովանաւորուած ծրագիրները, որոնք լրջօրէն սկսած են ուսումնասիրուիլ, օրինակ՝ Սփիւռքի դպրոցներու իրավիճակը, արեւմտահայերէնը որպէս լեզու դասաւանդելու եւ անոր հետ կապուած բազմակողմանի հարցերը ու լուծումներու կարելիութիւնները, օժանդակութիւնը արեւմտահայերէն հրատարակութիւններուն, մամուլին:
Բայց եւ այնպէս, 21-րդ դարու պարտադրուած ու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւններն ու հանգամանքները ազդեցութիւն ունին նաեւ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Լեզուն դասաւանդելէն ու խօսելէն անդին, արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմտահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, որ կը պահանջէ՝ ի շարս այլ գործօններու, արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, գրող, հրատարակող փաղանգ մը:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն կազմակերպիչները, նման հարցերու շուրջ կեդրոնանալու ու քննարկելու միտումով գումարուած է այսօր երեկոյեան Օքսֆորտի համալսարանին մէջ սկիզբ առնելիք հաւաքը՝ Օքսֆորտ համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի կազմակերպութեամբ ու «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ:
Հաւաքը գիտաժողով մը չէ դասական իմաստով, այլ պիտի ունենայ «արհեստանոցային»-աշխատանոցային ձեւաչափ մը, որ պիտի մէկտեղէ արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ:
Համալսարանի պարունակին մէջ տեղի ունենալիք այս հաւաքը աւելի գործնական եւ աշխատանքային բնոյթ պիտի ունենայ, քան թէ՝ գիտական կամ տեսական: Կարճ զեկոյցներու եւ երկար քննարկումներու ձեւաչափով՝ հինգ հիմնական նիստեր նախատես-ւած են, իւրաքանչիւր հրաւիրուած մասնակից ելոյթ մը պիտի ունենայ, այնուհետեւ տեղի կ՚ունենան ընդհանուր քննարկումներ ու խորհրդակցութիւններ:
Մասնակիցներ
Այս համաժողովի մասնակիցները Թուրքիայէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն կու գան, ինչպէս նաեւ՝ ներկայ են Հայաստան ապրող գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ:
«Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» համաժողովի կազմակերպիչն է ընկերաբան, Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէէն Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան, որ ծանօթ մտաւորական անուն մըն է հայագիտութեան, ընկերաբանութեան եւ աստուածաբանութեան ասպարէզներէն ներս: Ան գիրքերու, մենագրութիւններու եւ յօդ-ւածներու հեղինակ է, դասախօսութիւններով յաճախ հանդէս կու գայ զանազան արդիական նիւթերով՝ մշակութային-լուսաւորչական խնդիրներ, հայագիտութիւն, Սփիւռքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ հարցեր, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան իրավիճակ եւ այլն:
Համաժողովի համակազմակերպիչն է Թէօ ֆան Լինտ՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»ի Հայագիտութեան ամպիոնի դասախօս: Ան հայագիտական կարգ մը աշխատութիւններու հեղինակ է՝ նուիրուած Գրիգոր Նարեկացիին, Գրիգոր Մագիստրոսին, Կոնստանդին Երզնկացիին եւ հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան այլ երախտաւորներու:
«Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» համաժողովին մասնակցութիւն պիտի բերեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժնի մասնագէտ Անի Կարմիրեան, Ուէզլեան (Wesleyan) համալսարանի դասախօս Խաչիկ Թէօլէօլեան, մասնագէտ, գրաքննադատ, դասախօս Մարկ Նշանեան, մասնագէտ, INALCO-ի (Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառը) Հայագիտական ամպիոնի վարիչ Անահիտ Տօնապետեան, գրող, գրաքննադատ, դասախօս Գրիգոր Պըլտեան, բանաստեղծ, նկարիչ, արուեստագէտ Գրիգոր Մոմճեան, հալէպահայ բանաստեղծուհի Մարուշ Երամեան, բանաստեղծ Լոլա Գունտաքճեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Ժընեւի համալսարանի դասախօս Վալենթինա Քալցոլարի, բանաստեղծուհի Անահիտ Սարգիսեան, Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր, բանաստեղծ Վահագն Գարագաշեան, Հայկական թուային գրականութեան հարթակի վերլուծական ծրագիրներու տնօրէն, UBS Ներդրումային դրամատունէն Մարտիկ Չոլաքեան, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Մարդասիրական եւ հասարակական գիտութիւններու տեսուչ Թովմաս Սամուէլեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական կրթական գրասենեակի վարիչ, խմբագիր, գրականագէտ Ժիրայր Դանիէլեան, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, Հալէպէն Լեւոն Շառոյեան, Միշիկըն համալսարանի (Անն Արպըր) Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեան, մասնագէտ, գրաքննադատ, UCLA ի դասախօս Յակոբ Կիւլլիւճեան, «Նոր Յառաջ»ի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան, Լոնտոնի Հայագիտական ուսմանց ծրագրի ղեկավար Գրիգոր Մոսկոֆեան, մասնագէտ, գրող Վարդան Մատթէոսեան (Արժանթին), «Սարգիս Խաչենց» մատենաշարի հիմնադիր հրատարակիչ Արամ Մեհրապեան, մասնագէտ, դասախօս Արմէն Իւրնեշլեան (Պէյրութ), գրող, «Արեւելք» կայքէջի խմբագիր Սագօ Արեան, լրագրող-արձակագիր Քրիստիան Բատիկեան:
ԾՐԱԳԻՐ
Համաժողովի կազմակերպիչները պատրաստած են մանրամասն ծրագիր մը, որու ժամանակ կը ներկայացուի «Արեւմտահայերէնի ներկայ իրականութիւնը» (այս նիւթով նախաբանը կը փոխանցէ Հրաչ Չիլինկիրեան եւ կը վարէ նիստը):
«Արեւմտահայերէնի ներկայ «աշխարհագրութիւնը» եւ հիմնական խնդիրները» հարցի շուրջ ելոյթ կ՚ունենան Անահիտ Տօնապետեան, Ռազմիկ Փանոսեան, Անի Կարմիրեան:
Համաժողով-աշխատանոցի ծրագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ հետեւեալ նիւթերը. «Աշխարհաքաղաքական տագնապներու հետեւանքները եւ տնտեսական-ընկերային մաքառումներու ազդեցութիւնը արեւմտահայերէն մշակոյթին ներկային ու գալիք տասնամեակներուն վրայ» (բանախօսներ՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Սագօ Արեան):
«Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրները»: (Նիստի վարիչ՝ Թէօ ֆան Լինտ), մասնակիցներ՝ Գրիգոր Պըլտեան, Մարուշ Երամեան, Քրիստիան Բատիկեան, Լոլա Գունտաքճեան, Մարկ Նշանեան, Գրիգոր Մոմճեան, Անահիտ Սարգիսեան):
«Կառոյցներու եւ միջոցներու խնդիրները» (Այս նիւթով նիստի վարիչ՝ Ռազմիկ Փանոսեան)։
«Ինչպիսի՞ կառոյցներ, հաստատութիւններ եւ միջոցներ պէտք են գալիք տասը, քսան, երեսուն տարուան ընթացքին արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելու համար» (օրինակ՝ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ն): (Արմէն Իւրնեշլեան, Վարդան Մատթէոսեան, Գրիգոր Մոսկոֆեան, Մարտիկ Չոլաքեան):
«Արեւմտահայ հրատարակչութեան հարցեր» (Նիստի վարիչ՝ Թոմ Սամուէլեան)։
«Արեւմտահայերէն հրատարակիչներու եւ հրատարակչատուներու ներկայ խնդիրները ու ապագայի ակնկալութիւնները» նիւթով բանախօսներ՝ Արամ Մեհրապեան, Մարտիկ Չոլաքեան, Լեւոն Շառոյեան:
«Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» համաժողովի ժամանակ առանձին նիւթով անդրադարձ կայ նաեւ արեւմտահայերէնով հրատարակուող մամուլին:
«Արեւմտահայ մամուլին այսօրուան ու վաղուան հարցերը» խորագրով նիստը կը վարէ Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ «Սփիւռքի մէջ հրատարակուող արեւմտահայ մամուլին (ելեկտրոնայինն ու համացանցայինը ներառեալ) դիմագրաւած առաջնահերթ խնդիրները եւ ապագայի մարտահրաւէրները» քննարկումին ելոյթ կ՚ունենան Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան, Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան:
Հարկ է նշել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցները նոյնպէս ներկայ են համաժողովին:
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
ՈՒՐԲԱԹ, 22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Քննարկումներ՝
1. Արեւմտահայերէնի ներկայ «աշխարհագրութիւնը». աշխարհաքաղաքական տագնապներու հետեւանքները եւ տնտեսական-ընկերային մաքառումներու ազդեցութիւնը արեւմտահայերէն մշակոյթին ներկային ու յառաջիկայ տասնամեակներուն վրայ. (օրինակ՝ Միջին Արեւելքի կացութիւնը եւ արեւմտահայախօս համայնքներու դիմագրաւած բարդ մարտահրաւէրները):
2. Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրները՝ (ա) գրողին/ստեղծողին համար. (բ) ընթերցողին/ունկնդիրին համար:
3. Ինչպիսի՞ կառոյցներ, հաստատութիւններ եւ միջոցներ պէտք են գալիք տասը, քսան, երեսուն տարուան ընթացքին արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելու համար:
Շաբաթ, 23 Յունուար 2016
4. Արեւմտահայերէն հրատարակիչներու եւ հրատարակչատուներու ներկայ խնդիրները ու ապագայի ակնկալութիւնները:
5. Սփիւռքի մէջ հրատարակուող արեւմտահայ մամուլի (ելեկտրոնայինն ու համացանցայինը ներառեալ) դիմագրաւած առաջնահերթ խնդիրները եւ ապագայի մարտահրաւէրները:
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՈՎ «ՄՏԱԾԵԼՈՒ ԵՒ «ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼՈՒ» ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ
Մեծն Բրիտանիոյ Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի Հայագիտական բաժանմունքը նախատեսած է յառաջիկայ 21-23 Յունուար 2016-ին կազմակերպել գիտաժողով մը՝ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» ընդհանուր թեմայով։
2015-ին, երեք գիտաժողովներ տեղի ունեցան հայերէն լեզուին առընչուած, որոնցմէ եւրկուքը Հայաստանի մէջ. առաջինը նիւթ ունէր հայերէնի երկու լեզուաճիւղերու մերձեցման հիմնախնդիրը. երկրորդը՝ ընդհանուր առմամբ հայերէնի հիմնախնդիրները նկատի ունէր։ Իսկ երրորդը, որ կազմակերպուած էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ, INALCO-ի մասնակցութեամբ, կը վերաբերէր Արեւմտահայերէնի դասաւանդութեան դաստիարակչական նորարարութիւններուն։ Նոյն թափը շարունակելով, Օքսֆորտ համալսարանի Հայագիտական ամպիոնը 2016 տարին կը բանայ արեւմտահայերէնի աշխուժացման համար խորհրդածութեան երկօրեայ աշխատանոցային գիտաժողով մը, զոր կազմակերպիչ-դասախօսները՝ Հրաչ Չիլինկիրեան եւ Թէօ ֆան Լինտ կը բանաձեւեն հետեւեալ կերպով.
Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցին հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրները եւ անոնց լուծումներու որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ են։ Առնուազն, Սփիւռքի ազգային, մշակութային ու կրթական շարք մը գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ ու սփիւռքահայութեան ապագայով մտահոգ անձեր այս նիւթով զբաղած են: Վերջին տարիներուն ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «վտանգուած լեզուներ»ու ցանկին մէջ յայտնուած արեւմտահայերէնի ապագան՝ այսօր մամուլի ու հասարակական զրոյցներու հիմնական հարցերէն մէկը դարձած է։
Անշուշտ կան շարք մը նախաձեռնութիւններ, ինչպէս՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժնին կողմէ հովանաւորուած ծրագիրները, որոնք լրջօրէն սկսած են ուսումնասիրել օրինակ՝ Սփիւռքի դպրոցներու իրավիճակը, արեւմտահայերէնը որպէս լեզու դասաւանդելու ու անոր հետ կապուած բազմակողմանի հարցերը ու լուծումներու կարելիութիւնները:
Բայց եւ այնպէս 21-րդ դարու պարտադրուած ու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւններն ու հանգամանքները ազդեցութիւն ունին նաեւ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Լեզուն դասաւանդելէն ու խօսելէն անդին, արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմը-տահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, որ կը պահանջէ՝ ի շարս այլ գործօններու, արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, գրող, հրատարակող փաղանգ մը:
Նման հարցերու շուրջ կեդրոնանալու ու քննարկելու միտումով յառաջիկայ 22-23 Յունուար 2016-ին, Օքսֆորտ համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի կազմակերպութեամբ ու «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, տեղի պիտի ունենայ «արհեստանոցային» հաւաք մը, որ պիտի մէկտեղէ արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ:
Համալսարանի պարունակին մէջ տեղի ունենալիք այս հաւաքը առաւելաբար գործնական եւ աշխատանքային բնոյթ պիտի ունենայ, քան՝ գիտական կամ տեսական: Կարճ զեկոյցներու եւ երկար քննարկումներու ձեւաչափով՝ հիմնական հինգ նիստեր նախատեսուած են: Բոլոր նիստերու լեզուն արեւմտահայերէն պիտի ըլլայ: Մասնակիցներու զեկոյցներէն ետք տեղի պիտի ունենան ընդհանուր քննարկումներ ու խորհրդակցութիւններ:
«Նոր Յառաջ», Փարիզ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ