Էտկար Շահին. Աշխարհահռչակ Գծանկարիչն Ու Փորագրական Գեղանկարչութեան Հայ Վարպետը
Աշխարհահռչակ գծանկարիչ եւ փորագրական գեղանկարչութեան հայ վարպետ Էտկար Շահին (1874-1947) մեծ համբաւի տէր է:
Էտկար Շահին կը հանդիսանայ 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի հայ երիտասարդ գեղանկարիչներու փարիզեան սերունդին (Տիգրան Փօլատ, Վարդան Մախոխեան, Յակոբ Կիւրճեան, Երուանդ Քոչար) ճառագայթող դէմքերէն մէկը, որ ոչ միայն հայկական գեղանկարչութիւնը բացաւ նոր հորիզոններու, այլեւ հայ անունը եւ հայկական հանճարը պանծացնող բարձունք մը նուաճեց ֆրանսական գեղարուեստի աշխարհին մէջ:
Էտկար Շահինի արուեստին եւ հզօր տաղանդին մասին ֆրանսացի արուեստաբան Մաքս Ռոժէ գրած է. «Այն հարստութիւնը, զոր մեզի պարգեւեց Շահին, կը պարտաւորեցնէ աւելիով գնահատելու անոր տաղանդին հզօրութիւնն ու հմայքը»:
Նոյնպէս ֆրանսացի՝ արուեստաբան Շարլ Շենէոլ իր կարգին կը վկայէ. «Էտկար Շահին. ահա՛ մեր կերպարուեստին նորայայտ փառքերէն մէկը: Դիտեցէք իր օֆորթները (մետաղի վրայ փորագրութիւնները). օր մը պիտի նախընտրէք անոր «Պառաւ»ը, յաջորդ օրը՝ «Շաթօ ռուժ»ը եւ այսպէս՝ շարունակ: Այս ամէնուն համար միայն մէկ բառ կայ՝ «ապշեցուցիչ»:
Իսկ իտալացի արուեստաբան Փ. Օքքինի գնահատականներու շարքը կ՚ամբողջացնէ հետեւեալ վկայութեամբ. «Շահին ոչ միայն նրբաճաշակ արուեստագէտ է, այլեւ՝ նրբազգաց հոգեբան, պատմագէտ»:
Ահա այսպիսի՛ տաղանդի եւ հռչակի տէր է ֆրանսահայ նկարիչ Էտկար Շահին, որ հանդիսացաւ 20-րդ դարու փորագրական գեղանկարչութեան նշանաւոր վարպետ մը, որուն ազգային ինքնատիպ արուեստը կը նկատ-ւի հայ եւ եւրոպական կերպարուեստի նշանակալի երեւոյթներէն մէկը:
Ահա՛ ամփոփ եւ դիպուկ բնութագրումը հայկական գեղանը-կարչութեան մեծատաղանդ այս ներկայացուցիչին:
Ծնած Վիեննա՝ 31 Հոկտեմբեր 1874-ին, Էտկար Շահին մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները անցուց Պոլսոյ մէջ, ուր յաճախեց Գատըգիւղի Մխիթարեան վարժարանը եւ կանուխ տարիքէն աշակերտեց յայտնի նկարիչ Մելքոն Տիրացուեանին: 1890-92 թուականներուն ուսումը շարունակեց Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, իսկ 1893-ին հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր գեղանկարչական իր տաղանդը կատարելագործեց ատենի մեծահռչակ Ժիւլիէն ակադեմիային մէջ:
1896-էն սկսեալ «Մարդկային թշուառութիւն» ընդհանուր խորագիրը կրող գեղանկարչական աշխատանքներով («Մուրացկանը»՝ 1896, «Փողոցի անկիւն մը»՝ 1897, «Շնչահեղձը»՝ 1898, «Անապաստանը»՝ 1899 եւ «Փողոց Մոնմարթրի մէջ») մասնակցեցաւ տարբեր ցուցահանդէսներու: Իսկ 1899-ին ձեռնամուխ եղաւ փորագրական գեղանկարչութեան, որ անմիջապէս լայն ճանաչում ապահովեց երիտասարդ արուեստագէտին:
1901-ին մասնակցեցաւ Վենետիկի պիէնալէին: Սկզբնական շրջանի իր փորագրութիւնները («Աղբահաններ», «Պետրոս Շահին», «Անաթոլ Ֆրանս», «Լաթահաւաք կինը», «Զբօսանք», «Հայկական երեկոյի ծրագիր», «Ճեմմա», «Լիլի», «Լուիզ Ֆրանս», «Բեռնակառք», «Գործազուրկը», «Թխահերն ու շիկահերը», «Ինկած ձին») կը յատկանշեն մէկ կողմէ մարդոց գոյութեան պայքարն ու թշուառութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ պերճանքն ու շռայլանքը խորութեամբ պատկերող ինքնուրոյն արուեստով:
Շահին իր գործերուն մէջ կիրարկեց փորագրութեան գրեթէ բոլոր եղանակները (օֆորթ, փափուկ լաք, աքուաթինթա), սակայն իր նախընտրութիւնը միշտ ալ եղաւ չոր ասեղով փորագրութիւնը, զոր հասցուց կատարելութեան:
1905-էն սկսեալ Շահին պարբերաբար ապրեցաւ ու ստեղծագործեց նաեւ Իտալիոյ մէջ: Հռչակաւոր են իր «Իտալական տպաւորութիւններ» շարքի գործերը («Կուլոնի աբբայարանը»՝ 1915, «Սուրբ Պետրոսի ջրանցքը», «Ոգիներու տունը», «Սուրբ Մարկոսի հրապարակը», «Ի՜նչ գեղեցիկ հայկական քիթ»՝ 1921, «Հմայիչ կինը», «Հրաշալի երախան», «Ֆրանչեսկոնի», երեքն ալ՝ 1922-25 տարիներուն եւ այլն): Այդպէ՛ս, ան արժանացաւ Վենետիկի մեծ նկարիչի եւ պատուաւոր քաղաքացիի տիտղոսին:
1930-ականներուն Շահին ստեղծագործական աշխատանքով ապրեցաւ Պրէօթայնի եւ Լա Մանշի ափերը, ստեղծեց բացառիկ գեղեցկութեամբ բնանկարներու շարք («Քրաուզիկ», «Ձկնորսական նաւակներ», «Փոքրիկ լողափ» եւ այլն):
Շահին ստեղծեց նաեւ հայ իրականութենէն վերցուած մեծարժէք գործեր, որոնց շարքին են՝ «Ալեւոր հայը», Պօղոս Նուպարի, Տիկին Զարմիկեանի, Օրիորդ Երամի եւ ուրիշներու դիմանկարները: Գրիգոր Զօհրապի առաջարկով ստեղծեց մետաղի վրայ փորագրութիւն մը, ուր պատկերուած են եղեռնէ փրկուած հայ որբեր, իսկ խորքին՝ Անիի հանրածանօթ Հովիւի եկեղեցին է:
Շահինի ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ գիրքերու նկարազարդման մեծարժէք գործեր: Ձեւաւորած ու նկարազարդած է Անաթոլ Ֆրանսի «Կատակերգական պատմութիւն»ը, Կիւստաւ Ֆլոպէրի «Նոյեմբեր»ը, Կապրիէլ Մուրէի «Փարիզի տօնավաճառի մարդիկ» (140 օֆորթ), Մորիս Պարէսի «Վենետիկի մահը», Վերգիլիոսի «Մշակականք»ը (Տիգրան Փօլատի ու 15 այլ նկարիչներու հետ) եւ այլ գիրքեր:
Շահին ընտրուեցաւ բազմաթիւ ընկերութիւններու (Հռոմի Իտալական գեղարուեստի ազգային, Լոնտոնի Գեղարուեստի թագաւորական եւ այլն) եւ միութիւններու (փորագրողներու եւ այլն) անդամ:
1928-ին հեռակայ կարգով ընտրուեցաւ Հայաստանի Կերպարուեստագէտներու միութեան պատուոյ անդամ:
1936-ին Երեւանի ու Թիֆլիսի, իսկ 1940-ին Լենինկրատի Էրմիթաժ թանգարաններուն մէջ կազմակերպուեցան Շահինի փորագրութեանց ցուցահանդէսները:
Շահին իր գործերէն շուրջ 160-ը նուիրեց Հայաստանին եւ Երեւանի Ազգային պատկերասրահին մէջ ունեցաւ իր յատուկ բաժինը: 1974-ին, 1994-ին եւ 2004-ին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան Էտկար Շահինի ծննդեան 100, 120 եւ 130-ամեակներուն նուիրուած ցուցահանդէսներ:
Է. Շահինի գործերը կը պահուին Փարիզի Ազգային գրադարանին, Վենետիկի Քաղաքային թանգարանին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին (300-է աւելի), Էրմիթաժի, Մոսկուայի Պուշկինի անուան կերպարուեստի կեդրոնին ու եւրոպական բազում երկիրներու թանգարաններուն մէջ:
Իր կենդանութեան Էտկար Շահին արժանացաւ ոսկէ մետալի (1900-ին, Փարիզ) եւ ոսկէ մեծ մրցանակի (1903-ին, Վենետիկ), Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի ասպետի աստիճանին եւ շքանշանին:
Աշխարհահռչակ հայ գեղանկարիչը իրաւամբ կը հանդիսանայ հայկական արուեստի պարծանքը:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ