ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ ըն­դու­նե­լու ա­նակն­կալ հիւր մը։ Իս­կա­պէս հա­ճե­լի ա­նակն­կալ մըն էր այս մէ­կը։ Այս­պէս, մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թաց Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն Քա­միար Ճա­րահ­զա­տէ, որ քա­ղաքս ե­կած է աշ­խա­տան­քի հա­մար։ Քա­միար Ճա­րահ­զա­տէ ի­րան­ցի ըն­տա­նի­քի մը զա­ւակն է եւ ո­րոշ մա­կար­դա­կով կը խօ­սի հա­յե­րէն։ Բնա­կա­նա­բար, ան գի­տէ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն։ Ճա­րահ­զա­տէ Իս­թան­պուլ ե­կած է՝ աշ­խա­տե­լու հա­մար մի­ջազ­գա­յին գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցե­րու լուծ­ման հե­տա­մուտ գրա­սե­նեա­կէ մը ներս, որ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ Թուր­քիոյ մէջ։ Ան թէեւ ե­կած է աշ­խա­տե­լու, սա­կայն Իս­թան­պու­լի մէջ կ՚ապ­րի նաեւ իր հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան դա­սըն­կեր­նե­րէն մին՝ Հրակ Փա­փա­զեա­նը վե­րագտ­նե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ Հրակ Փա­փա­զեան վեր­ջին շրջա­նին իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը կա­տա­րե­լու հա­մար բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է քա­ղա­քիս մէջ ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հնա­րա­ւո­րինս մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քին՝ որ­պէս ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան եւ սփիւռ­քեան մեր կեան­քի խնդիր­նե­րու հե­տա­մուտ ան­հատ։

Հրակ Փա­փա­զեան հա­շուի առ­նե­լով Քա­միար Ճա­րահ­զա­տէի հա­յե­րէ­նի ի­մա­ցու­թիւ­նը եւ մեր քա­ղա­քին մէջ հայ հա­մայն­քի գո­յու­թիւ­նը՝ փա­փա­քած էր, որ իր դա­սըն­կեր բա­րե­կա­մը տար­րա­կան պատ­կե­րա­ցում մը ու­նե­նար Իս­թան­պու­լի հայ­կա­կան կեան­քին մա­սին։ Այդ մղու­մով ալ յար­մար նկա­տած էր, որ­պէս­զի Ճա­րահ­զա­տէ հա­ղորդ դառ­նայ իս­թան­պու­լա­հայ մա­մու­լին, մա­նա­ւանդ շնչէ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տան մթնո­լոր­տը։

Մեր հա­ճե­լի զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Քա­միար Ճա­րահ­զա­տէ խօ­սե­ցաւ իր ըն­տա­նի­քին եւ իր հա­սակ ա­ռած մթնո­լոր­տին մէջ հայ բա­րե­կամ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան մա­սին։ Իս­կա­պէս շատ հե­տաքրք­րա­կան էին իր փո­խան­ցած մարդ­կա­յին դրուագ­նե­րը։ Իր փո­խան­ցա­ծը հեր­թա­կան ան­գամ կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէր, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը աշ­խար­հի բո­լոր ան­կիւն­նե­րուն որ­քան ան­կեղծ հա­մա­կե­ցու­թեան ձգտու­մով մը կ՚ապ­րի ու միշտ բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թիւ­նով տրա­մադ­րուած կ՚ըլ­լայ հա­րե­ւան­նե­րուն նկատ­մամբ։

Հրակ Փա­փա­զեա­նի հետ ալ ա­ռի­թէն օգ­տուե­լով զրու­ցե­ցինք իր ուս­ման ըն­թաց­քին շուրջ։ Մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին ար­դէն ան պի­տի ա­ւար­տէ իր ծրա­գի­րը ու կը փա­փա­քի աշ­խա­տան­քի հա­մար մեկ­նիլ Հա­յաս­տան։ Իս­թան­պու­լի մէջ իր ու­սա­նած շրջա­նին Հրակ Փա­փա­զեան հե­տե­ւած է մեր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն եւ ար­դիւն­քին ան ար­դէն ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի նկատ­մամբ կը զգայ ան­մի­ջա­կա­նու­թիւն մը, մա­նա­ւանդ ու­նի խմբագ­րա­տանս դու­ռը թա­կե­լով զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով այ­ցե­լու­թեան փու­թա­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։

Եր­կու ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն այս ա­նակն­կալ այ­ցե­լու­թիւ­նը ջերմ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տու­նէն ներս։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ա­ւար­տին ա­նոնք հրա­ժեշտ ա­ռին լաւ տպա­ւո­րու­թեամբ ու մեր կող­մէ ան­կեղծ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րով։

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017