ԱՐԻՒՆՈՏ ԹԱՒԻՇ

Գառնուկի մորթով գայլ մը 2018 թուականին զաւթեց հայոց իշխանութիւնը: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ «յեղափոխութիւն», ան ալ «թաւշեայ»: Յիրաւի առանց արիւն թափելու, առանց որեւէ դիմադրութեան ու արգելքի, խումբ մը փողոցայիններ, անհաւատներ, որոնք իրենց հոգին վաղուց վաճառած էին սատանային, եկան իշխանութեան: Իսկ այսօր հայրենիք վաճառելէ վերջ, կը յայտարարեն, թէ պատրաստ չեն իշխանութիւնը զիջիլ անցորդի մը: Թաւիշն ալ վերագրելով իրենց, իբր նայեցէք, մեր պայքարն այնքան ազնիւ ու շիտակ է, մենք այնքան ազգասէր ու խաղաղասէր ենք, որ առանց մեր ձեռքերը արիւնոտելու հասանք մեր նպատակին: Մինչդեռ թաւիշը ապահովողը Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանն էր, որ չկամենալով վտանգել Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ժողովուրդի կեանքը, լուռ ու մունջ, ինքնակամ հեռացաւ: Միայն նախադասութիւն մը ըսաւ. «Նիկոլը ճիշդ է, ես սխալ»: Խորիմաստ նախադասութիւն մը, որու տողատակերը մինչեւ այսօր չէ բացայայտուած:

Պարոն Սարգսեան, ինչո՞ւ մեր ու ձեր ապագան, ինչո՞ւ Հայաստանն ու Արցախը վտանգեցիք: Ինչո՞ւ ձգեցիք, որ չար ուժերը տիրեն մեր երկու սուրբ հայրենիքներուն... ուղեղիս մէջ պտտող բազում անպատասխան հարցեր...

Թաւշեայ յեղափոխութիւն... ուրկէ՞ գիտնայինք, որ այդ թաւիշը արեան գոյնի է՝ կարմիր: Ուրկէ՞ գիտայինք, որ երկիրը յանձնեցինք ազգի տականքներուն: Ուրկէ՞ գիտնայինք, որ մենք մեր ձեռքով յանձնեցինք, վաճառեցինք Արցախը՝ վտանգելով Հայաստանի ներկան ու ապագան, խարխլելով հայոց պետականութեան հիմերը...

Ինչպէս շատեր, ես նոյնպէս ժամանակին բաւականին ոգեւորուեցայ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն: Այո՛, այո, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը իշխանափոխութիւն էր, այլ ոչ յեղափոխութիւն, ան ալ՝ թաւշեայ:

Թէպէտ երկրի նախկին ղեկավարներէն ես ոչ մէկ դժգոհութիւն ունէի, սակայն կ՚ըսեն, թէ «եթէ ժողովուրդը կը բողոքէ՝ ուրեմն բան մը գիտէ». ինչպէս նաեւ կ՚ըսեն, թէ «ժողովուրդները իմաստուն են»։ Մինչդեռ կեանքը ցոյց տուաւ, որ ոչ մէկ ժողովուրդ իմաստուն է: Ժողովուրդները ապիկար, նիւթապաշտ ու շահամոլ են: Այդ ազգերը՝ ազգն է, որ իմաստուն է, խելացի ու հեռատես:

«Քայլ արա՛, մերժիր Սերժին». այս կարգախօսը շատ հաւնեցայ: Ինչո՞ւ, թերեւս ականջահաճոյ էր, գեղեցիկ յանգաւորուած: Իմ դիմատետրի պատին դրի այս կարգախօսը: Քանի մը ժամ անց հաղորդագրութիւն մը ստացայ. Սերժ Սարգսեանի զարմիկի դուստրն էր՝ իմ հարեւանուհին՝ Մարիամը, մանկութեան պզտիկ ընկերուհիս ու Ստեփանակերտի մէջ մեր դրկիցը: 2018 թուականի ապրիլի 23-ին Մարիամը մինչեւ հոգիին խորքը վիրաւորուած գրեց ինծի. «Արեւիկ, քեզմէ չէինք սպասեր: Ընտրութիւնը քուկինդ է, դուն գիտես, սակայն քեզմէ բնաւ չէինք սպասեր»: Ես ալ պատասխանեցի, որ նախագահի դէմ ես ոչինչ ունիմ: Ինծի համար կարեւորը արդարութիւնն է: Իսկ վերջին տասն տարուայ հոլովոյթին երկրին վիճակը վատթարացաւ, այդ իսկ պատճառաւ մենք ալ կողմ ենք փոփոխութեան: «Իսկ դուն ինչպիսի՞ փոփոխութեան կը սպասես, որ Փաշինեանը Արցախը վաճառէ՞... շուտով այդ պիտի ըլլայ», պատասխանեց Մարիամ: Այդ ժամանակ ինձ կը թուէր, թէ Մարիամի մէջ կը խօսի վիրաւորանքը: Չէ՞ որ Սերժ Սարգսեանը վերջինիս հօրեղբայրն է: Փորձեցի մեղմել իրավիճակը, Մարիամը սթափեցնել, սակայն եկուր ու տես, որ ես ունէի սթափութեան կարիք: Այդ հոլովոյթին ես նոյնպէս մոլորեալ մըն էի, որու ոգեւորուածութիւնը սին էր ու ճակատագրական:

«Կարեւորը այն է, որ ժողովուրդի կարծիքը անցաւ», գրեցի ես:

«Հոգ չէ, տակաւին ոչ մէկը գիտէ, թէ տարի մը վերջ ի՞նչ պիտի ըլլայ: Իսկ այդ նոյն ժողովուրդի կարծիքը օր մը հայ ազգի կործանման պատճառ պիտի դառնայ», գրեց Մարիամ ու շարունակեց. «Իւրաքանչիւր ոք իր կարծիքը ունի: Ես ասիկա որպէս Սերժ Սարգսեանի ազգականուհի մը չեմ գրեր, ամենեւին, կը գրեմ որպէս Արցախի մէջ ապրող մը, որ կը հասկնայ սա քայլի լրջութիւնը եւ երթի դուրս ելած ժողովուրդի պահանջը, որու մէջ կը մտնէ Արցախի յանձնումը: Իսկ Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը այսքան տարի կայուն պահողը այդ նոյն մերժուած մարդն է»:

Այսքանով մեր զրոյցը եզրափակուեցաւ: Երկխօսութիւնը աւարտեցաւ, սակայն Մարիամի խօսքերը երկար ժամանակ, մինչեւ այսօր կը դառնային իմ ուղեղի մէջ:

Երկու տարի առաջ, երբ Պոլիս կ՚ապրէի, այդ նոյն անհանգստութիւնը, մտավախութիւնը նշմարեցի Հայաստանի Հանրային ռատիոյի նախկին տնօրէն՝ Մարք Գրիգորեանի դէմքին վրայ: «Ասոնք երկիրը կը տանին դէպի կործանում: Հայաստանի մէջ իրական քաոս պիտի սկսի: Հայ ժողովուրդին կը սպասէ ծանրագոյն ու դաժան ժամանակներ: Նախապէս մարդիկ յոյս ունէին: Բոլոր ձախողումներն ու անարդարութիւնները կը վերագրէին նախագահներուն ու անոնց շրջապատին: Բայց այս անգամ յոյսը պիտի մեռնի, մարդիկ պիտի մատնուին հիասթափութեան ու յուսահատութեան...», բաւական մտահոգ նշեց պարոն Գրիգորեան:

Թերթիս գլխաւոր խմբագիրը նոյնպէս մտահոգուած էր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեամբ: Իսկ իմ հարցին, թէ ի՞նչ կարծիք ունի ան վարչապետ Փաշինեանի մասին, պարոն Գօչունեան պատասխանած էր. «հասարակ փոփիւլիստ մըն է»:

Երբ պատերազմը աւարտեցաւ, օր մը հեռաձայնս հնչեց. Արա Գօչունեանն էր:

-Կը յիշե՞ս՝ ժամանակին որչափ ոգեւորուած էիր:

-Այո՛, կը յիշեմ,- ամօթխած ու ինքզինքս մեղաւոր զգալով, ցած ձայնով պատասխանեցի։

Այդ թաւիշը իրական պատուհաս, աղէտ դարձաւ մեր գլուխին: Ցաւալին այն է, որ Արցախը, Հայաստանէն մաս մը յանձնելէ վերջ դաւաճանը կը շարունակէ կառչած մնալ երկրի ղեկին, իսկ առաւել ցաւալի է, որ հողատուն այսօր ալ ունի իրեն սատարողներ: Ճիշդ է, այսօր Փաշինեանին կը սատարէ ժողովուրդի անգիտակից, տգէտ ու ճղճիմ հատուած մը, որ թէեւ փոքրաթիւ չէ, սակայն այդ թիւը օրէ օր կը նօսրանայ:

Թո՛ղ Աստուծոյ կամքը ըլլայ Արցախի եւ Հայաստանի ճակատագրերուն մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ 

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2021