ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՓՐԿԻՉ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԱՊԱՒԻՆԵԼՈՎ ԱՊՐԻԼ

Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Եսայիի մարգարէութենէն 58.13-59.7:

Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին ուղղած առաջին նամակէն 4.12-5.10:

Յովհաննէսի Աւետարանէն 3.13-21:

Յովհաննէսի Աւետարանին նշուած գլուխին համարներուն մէջ կը կարդանք Աստուծոյ ունեցած սիրոյն մասին՝ մարդոց նկատմամբ.

«Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է։ Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ։ Որովհետեւ Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ։ Որովհետեւ Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ։ Ով որ կը հաւատայ Անոր՝ չի՛ դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար Անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին Որդիին չհաւատալուն համար։

-Եւ դատապարտութիւնը այս է. Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։ Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին։ Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ, թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են»:

Խորհրդածե՛նք.

Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է.

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը բացատրէ.

«Չորս բառ է, այսինքն՝ ելաւ, Մարդու Որդին իջաւ, որ երկինքն էր: Իսկ երեք գիրը կը յօդէ. առաջին՝ կատարուածները կը նշանակէ, միջինը՝ յատուկը ցոյց կու տայ, վերջինը՝ մշտնջենաւորը:

Նախ եւ առաջ այս ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս աստուածացեալ եւ բարձրացեալ շնորհով մարդ մը չէ՝ ըստ Պօղոս Սամոստացիին, այլ՝ Աստուած է, որ խոնարհած է [երկինքէն իջած է], մարդ եղած եւ մարմինով բարձրացած, որովհետեւ յատուկ է Իրեն, քանի որ ահաւասիկ Եղիան ալ բարձրացաւ, բայց չխոնարհեցաւ, այսպէս ալ բոլոր սուրբերը:

Երկրորդ, այն կը ցուցնէ, թէ ուրիշ մը չէ իջնողը, եւ ուրիշ մը՝ որ ելաւ, այլ՝ միեւնոյն Բանն է, որ անմարմին իջաւ եւ Իր մարմինով ելաւ:

Երրորդ, մարդու որդին այն կը ցուցնէ, թէ ինչպէս Բանը միութեան համար բնութեամբ մարդու Որդի է, նոյնպէս մարմինով Աստուծոյ Որդի է բնութեամբ:

Չորրորդ, որ երկինքն էր այն կը ցուցնէ առ հասարակ, թէպէտ մարմինով երկինք ելաւ, սակայն Աստուածութեամբ միշտ երկինքին մէջ էր: Եւ ոչ թէ նախքան իջնելը միայն երկինքին մէջ էր, այլ՝ երկրի մէջ ալ անհասանելի բնութեամբ: Հետեւաբար յայտնի է, թէ իջնելն ու ելլելը ո՛չ թէ տեղական շարժումով մը, այլ՝ իջնել կ՚ըսուի մարմինով՝ երեւնալն ու դէպի մեզ խոնարհիլը: Իսկ համբառնալը՝ ոչ թէ աշխարհէն բաժնուիլ, այլ՝ երկրաւորներէն անտեսանելի մնալ: Իսկ երբ այս ըսաւ, թէեւ մարմինով երկրի մէջ էր, սակայն Աստուածութեամբ երկինքն էր եւ ամէն տեղ, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Մարդու Որդին, որ երկինքն էր» եւ ոչ թէ, որ երկինքին մէջ պիտի ըլլայ: Տե՛ս, միացեալ բնութիւններուն համար աստուածայինները մարմինին կը վերագրէ եւ մարմնականները՝ Աստուածութեան, որովհետեւ Մարդու Որդին, որ էր ըսաւ, եւ որ էր Մարդու Որդի: Դարձեալ, ելլելն ու իջնելը նոյն Մարդու Որդիին, որ երկինքն էր: Իսկ եթէ երկու բնութիւններուն յատկութիւնները իրարմէ բաժնուած հասկնաս, այն ատեն ինչպէ՞ս ելաւ նախքան համբարձումը, կամ ինչպէ՞ս Մարդու Որդին իջաւ, կամ ինչպէ՞ս միշտ երկինքին մէջ էր Մարդու Որդին, որ Կոյսէն առաւ մարմինը եւ Դաւիթի Որդի կոչուեցաւ: Ասիկա մարդացեալ Բանին անքակ միաւորութեան համար կ՚ըսէ, որովհետեւ ինչ որ Աստուածութեան յատուկ էր՝ միշտ Հօր հետ ըլլալ նախքան մարմնանալը, նոյնը մարդկութեան համար կ՚ըսէ, եւ ինչ որ մարդկութեանն էր, այսինքն՝ Մարդու Որդի ըլլալը, ատիկա Աստուծոյ Բանին համար կ՚ըսէ, եւ Ինքը՝ Բանն Աստուածը Մարդու Որդի կ՚ըսէ. անոնք որոնք այս խօսքերէն կը փախչին, մենք սակայն կը խոստովանինք մէ՛կ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոս, մէ՛կ անձ եւ մէ՛կ բնութիւն, մէ՛կ կամք եւ մէ՛կ ներգործութիւն մարմնացեալ Բանին: Եւ կը նզովենք անոնց բաժանումը»:

Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ. Եգիպտոսէն դուրս ելլելէ եւ դէպի խոստացուած երկիրը երթալու ճամբուն վրայ հրեայ ժողովուրդը նեղութիւններու հանդիպելով, յաճախ կը տրտնջային Աստուծոյ ու Մովսէսին դէմ, ըսելով թէ ինչո՛ւ մեզ հանեցիք այնտեղէն, ուր հանգիստ կ՚ապրէինք: Այդպիսի տրտունջք մը ունեցան նաեւ Հովր լեռնէն դէպի Կարմիր ծով ուղղուած ատեն իրենց կատարած տրտունջը: Այդ տրտունջին ի պատասխան, Տէրը անոնց վրայ կիզող օձեր կը ղրկէ, որոնք ժողովուրդին մէջէն շատեր կոտորեցին: Ժողովուրդը այս անգամ Մովսէսին դիմելով օգնութիւն կը խնդրեն, որուն ի պատասխան, Տիրոջ հրամանին համաձայն, Մովսէս պղինձէ կիզող օձ մը կը շինէ ու ձողի մը վրայ դնելով կը կանգնեցէ՝ ի տես ժողովուրդին. անոնք որոնք կիզող օձերէն խածուէին, անմիջապէս կը նայէին պղինձէ օձին՝ եւ կը բժշկուէին (կարդա՛ Թւ 21.4-9): Տէր Յիսուս այս մասին ակնարկութիւն կ՚ընէ այստեղ, միաժամանակ կանխատեսելով Իր խաչելութիւնը, այսինքն՝ խաչ բարձրանալը: Եւ գիտենք, որ Տէր Յիսուսի խաչ բարձրանալէն ետք, խաչը մարդոց համար փրկութեան միջոցի վերածուեցաւ, որով ան որ կ՚ապաւինի խաչի զօրութեան եւ իր հայեացքը անոր կ՚ուղղէ՝ պիտի փրկուի:

Որովհետեւ Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ. մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւնը Իր Միածին Որդիին աշխարհ գալուստն էր, մարմին առնելն ու մարդոց մէջ շրջիլը, նոր վարդապետութիւն մը՝ սիրոյ վարդապետութիւնը քարոզելն էր, մարդոց վերստին Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհքին արժանացնելն էր:

Աստուծոյ սիրոյն գեղեցիկ ներբողական մը կու տայ Յովհաննէս Աւետարանիչը իր ընդհանրական առաջին նամակին մէջ, ու կը խօսի նաեւ Միածին Որդիին յայտնութեան մասին, երբ կ՚ըսէ.

«Սիրելինե՛ր, սիրե՛նք իրար,
որովհետեւ սէրը Աստուծոյ պարգեւն է.
ուստի ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է
եւ զԱստուած կը ճանչնայ:
Իսկ ով որ չի սիրեր՝ զԱստուած չի ճանչնար,
որովհետեւ Աստուած սէր է:
Աստուծոյ սէրը հետեւեալ ձեւով
մեզի յայտնուեցաւ.-
Աստուած Իր միածին Որդին ղրկեց աշխարհ,
որպէսզի Անով կեանք ունենանք:
Այս է ահա ճշմարիտ սէրը.
ո՛չ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած,
այլ Աստուած Ինք սիրեց մեզ
եւ Իր Որդին ղրկեց
մեր մեղքերը քաւող իբրեւ Զոհ:
Սիրելինե՛ր, եթէ Աստուած այսպէս սիրեց մեզ, ապա ուրեմն մե՛նք եւս պէտք է իրար սիրենք»
(Ա. Յհ 4.7-11):

Աստուած Իր Միածինը տուաւ, որպէսզի ով որ Անոր հաւատայ չկոսրսուի, այլ՝ յաւիտենական կեանք ունենայ. այսօր մենք կը հաւատա՞նք Միածին Որդիին, կը հաւատա՞նք որ Ան է մեր Փրկիչը՝ առանց որուն չենք կրնար յաւիտենականութիւնը շահիլ, կը հաւատա՞նք Անոր, որ իսկապէս աշխարհ եկաւ մեր մեղքերը լուալու համար, մեզ Աստուծոյ գիրկը վերադարձնելու համար, եւ առիթ տալու համար մեզի, որպէսզի մեր գործերուն եւ հաւատքին միջոցով շահինք մեր յաւիտենական հանգիստը Իր շնորհքով, մարդասիրութեամբ եւ օրհնութեամբ… կը հաւատա՞նք, թէ այս բոլորին կը վերաբերինք որպէս գեղեցիկ հեքիաթ մը, առասպել մը, ժամանակավրէպ բան մը…, որովհետեւ այսօրուան աշխարհը «զարգացած է», «յառաջացած է», մարդը մեծ թիւով նուաճումներու եւ ձեռքբերումներու հասած է…, մարդը «ինքնուրոյն» դարձած է…

Որովհետեւ Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ: Ով որ կը հաւատայ Անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար Անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ Միածին Որդիին չհաւատալուն համար. որոշ մարդիկ այն կարծիքին են, թէ Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որպէսզի դատապարտէ մարդկութիւնը, Նոր կտակարանէն յառաջ բերելով զանազան համարներ, ուր Քրիստոս կը խօսի դատապարտութեան եւ հանդերձեալին մէջ մեղաւորներուն սպասող պատիժներու մասին:

Այդ մարդոց հետեւեալ հարցումը կու տամ. եթէ հաստատութեան մը, կամ կառոյցի մը մէջ կ՚աշխատիք, ուր մինչեւ աշխատանքի ընդունուիլը ձեզի յստակ կերպով բացատրուած է աշխատանքային կանոնները, եւ դուք, աշխատանքի անցնելէ ետք, թերեւս մէկ տարի, կամ նոյնիսկ տասն տարի ետք այդ հաստատութեան օրէնքներուն հակառակ գործէք, ի՞նչ կ՚ըլլայ արդիւնքը… ամենէն մեղմ պարագային, եթէ տուեալ հաստատութիւնը նկատի ունենայ ձեր աշխատանքային փորձը եւ մինչ այդ ձեր մատուցած ծառայութիւնները, առիթ մը կու տայ ձեզի, յանձնարարելով չկրկնել նոյն սխալը, իսկ յոռեգոյն պարագային, անմիջապէս կը վռնտեն ձեզ…

Արդարեւ, եթէ մարդկային փոխյարաբերութիւնները այսպիսին են, հապա ինչո՞ւ կը զարմանաք երբ Տէր Յիսուս պատիժի ու դատապարտութեան մասին կը խօսի: Աւելին, դուք կը հաւատա՞ք, որ Տէր Յիսուս աշխարհի Տէրն ու Տիրականն է, Արարիչն ու Փրկիչն է, առանց որուն ո՛չ մէկ բան ստեղծուած է (տե՛ս Յհ 1.1-5): Եթէ կը հաւատաք, ուրեմն բնական է, չէ՞, որ Տէրը խօսի վարձատրութեան մասին: Աւելին, մեր ձեռքերուն մէջ ունեցած Աստուածաշունչը այս կեանքի ընթացքին մեր ապրած օրերուն սահմանադրութիւնն է, ինչպէս ցանկացած հաստատութեան մը օրէնքներն ու կարգ կանոնները, որոնց հիման վրայ կը գործէ այդ հաստատութիւնը: Մարդուն պարագային այդ օրէնքներուն ու կարգ կանոններուն ամբողջութիւնը՝ Աստուածաշունչն է, եւ շատ բնական է, որ այդտեղ տեսնենք, թէ ի՛նչ կը սպասէ մեզի, եթէ մեր երկրաւոր այս կեանքը ապրինք Աստուծոյ Սահմանդրութեան հակառակ, եւ ասոր մէջ զարմանալի ո՛չինչ կայ…:

Եթէ այս բոլորին չենք հաւատար, արդէն իսկ դատապարտուած ենք, որովհետեւ ո՛չ միայն չենք հաւատար այս բոլոր ճշմարտութիւններուն, այլեւ՝ այդ ճշմարտութիւններու Հեղինակին՝ Տէր Յիսուսին:

Եւ դատապարտութիւնը այս է. Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։ Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին։ Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ, թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են. Տէր Յիսուս մարմնացաւ եւ մարդոց մէջ շրջեցաւ, սիրոյ Աւետարանը քարոզեց մարդոց, սակայն մարդոցմէ շատերը մերժեցին ընդունիլ այդ Աւետարանը, մերժեցին լուսաւորուիլ ճշմարիտ Լոյսով եւ նախընտրեցին խաւարին մէջ մնալ ու խաւարի մէջ շրջիլ, որով Տէր Յիսուսը դատապարտեցին խաչելութեան…

Այսօր, մենք եւս, մեզմէ իւրաքանչիւրը նոյն դատապարտութեամբ կը դատապարտէ Տէր Յիսուսը, մեր գործած մեղքերով ու չարիքներով: Այն ժամանակ եթէ մարդիկ դժուարութիւն ունէին ճիշդ կերպով ընկալելու եւ ըմբռնելու Տէր Յիսուսը, որովհետեւ հրեաները զԻնք կը սպասէին որպէս աշխարհիկ զօրավար մը, ով զիրենք պիտի փրկէր հռոմէական տիրապետութենէն, սակայն Յիսուս եկաւ մարդուն հոգին ազատագրելու մեղքի գերութենէն: Առ այդ, այն ժամանակուայ մարդիկ կրնային ճիշդ չհասկնալ, բայց այսօրուան մարդը ո՛չ մէկ պատճառ ունի մերժելու Քրիստոսի բերած լոյսը: Միակ պատճառը կարելի է համարել մարդուն եսասիրութիւնը, որու պատճառով հեռացած է Աստուծմէ եւ օտարացած Անկէ:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը մեկնէ այս հատուածը.

«Խօսք. «Լոյսը աշխարհ եկաւ» (Յհ 3.19):

Մեկնութիւն. Քրիստոս մարդեղութեամբ աշխարհ եկաւ՝ ներգործելով մարդոց փրկութիւնը:

Խօսք. «Բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին» (Յհ 3.19):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ անհաւատութեան խաւարը [աւելի] լաւ համարեցին, քան՝ հաւատքի լոյսը:

Չորս կերպով կը լուսաւորէր. նախ՝ հաւատքով, երկրորդ՝ բարի գործերով, երրորդ՝ քարոզութեամբ, չորրորդ՝ հրաշքներով: Իսկ անոնք անհաւատութեամբ, չարութեամբ, ստութեամբ եւ հակառակութեամբ կ՚ընդդիմանային, անոնց նման՝ որոնք խաւարը լոյսէն աւելի կը սիրեն:

Խօսք. «Որովհետեւ չարութիւն կը գործէին» (Յհ 3.19):

Մեկնութիւն. Պատճառը կ՚ըսէ զՔրիստոս ատելուն, որովհետեւ դպիրները եւ օրէնսգէտները կը ճանչնային զԻնք, թէ ճշմարիտ Քրիստոսն է, ինչպէս Մատթէոսը կ՚ըսէ. «Ասիկա է Ժառանգորդը» (Մտ 21.38), այլ որովհետեւ Քրիստոս յայտնապէս կը յանդիմանէր զանոնք, նախանձեցան Անոր եւ կուրցան ճանաչումէն, որ Քրիստոսի համար էր, ինչպէս Արիստոտէլը կ՚ըսէ. «Միտքին ախտը կը խեղաթիւրէ բանաւորութեան դատաստանը», այդպէս ալ հրեաները ատելութեամբ եւ նախանձով հալածեցին զՔրիստոս: Այս մէկը Քրիստոս օրինակով ցոյց կու տայ, ըսելով.

Խօսք. «Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը» (Յհ 3.20):

Մեկնութիւն. երեքն են, որոնք լոյսը կ՚ատեն. նախ՝ կոյրերը, երկրորդ՝ տկար աչքովները, երրորդ՝ չարագործները, ինչպէս՝ գողերն ու շնացողները, եւ ուրիշներ:

Խօսք. «Եւ լոյսին չի գար» (Յհ 3.20):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ իր չարութիւնը յայտնապէս չի գործեր:

Խօսք. «Որպէսզի իր գործերը չյայտնուին» (Յհ 3.20):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ որպէսզի իրենց չար գործերուն համար չպատժուին: Սակայն Ես ո՛չ թէ դատաստանով կը պատժէի զանոնք, ինչպէս լոյսը, թէեւ անոնք այդպէս կը կարծէին, այլ՝ մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ՚ուտէի եւ կը խմէի, եւ Իմ լուծս քաղցրացուցի ու ո՛չ թէ աչք աչքի դէմ, այլ՝ բոլորին շնորհեցի:

Խօսք. «Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ» (Յհ 3.21):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ ով որ Աստուծոյ հաճելի բարի գործեր կը կատարէ, լոյսին կու գայ, այսինքն՝ իր գործերը յայտնապէս կը կատարէ: Դարձեալ, Քրիստոս լոյս է, ինչպէս ըսաւ. «[Բանն] էր ճշմարիտ Լոյսը» (Յհ 1.9), եւ թէ՝ «մահուան աշխարհին ու շուքին մէջ ապրողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ» (Մտ 4.16): Եւ գործերը յայտնապէս կատարելուն պատճառները ցոյց կու տայ, ըսելով. Խօսք. «Որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են» (Յհ 3.21):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս Աստուած է, որ ցոյց կու տայ Աստուծոյ գործուած գործերը: Դարձեալ, բարի մարդիկը իրենց գործերը փառասիրութեամբ չեն յայտներ գովութեան համար, այլ՝ Աստուծոյ փառքին եւ եղբօր շինութեան համար, որովհետեւ բոլոր բարի գործերը մարդու զօրութեամբ միայն չեն ըլլար, այլ՝ Աստուծոյ զօրութեամբ, այդ պատճառով կ՚ըսէ, թէ՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են:

Եւ գիտելի է, թէ Քրիստոս երեք պատճառով կը յիշէ լոյսի եւ խաւարի անունը. նախ՝ որպէսզի անհաւատ հրեաներու մեծ չարութիւնը ցոյց տայ, որովհետեւ Լոյսը՝ եկած էր անոնց մօտ, արհամարհեցին: Երկրորդ, որպէսզի ցոյց տայ անոնց յիմար ընտրութիւնը, որովհետեւ յայտնի է, թէ լոյսը պայծառ ու գեղեցիկ է, իսկ խաւարը՝ գարշելի եւ տգեղ: Երրորդ, կը ցուցնէ, թէ չար գործերուն վատթարութիւնը միայն բարի մարդոց յայտնի չէ, այլ՝ նաեւ չարերուն, որովհետեւ անոնք ալ գիտեն, թէ գործը չար է, այդ պատճառով ալ կը փափաքին ծածկաբար կատարել այն:

Այստեղ կատարումն է:

Երկրորդ, փրկագործութեանը՝ հաւատքի միջոցով, որ ըսաւ. «Ով որ կը հաւատայ Անոր՝ չի դատապարտուիր, այլ՝ յաւիտենական կեանքը կը ստանայ» (տե՛ս Յհ 3.18)»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

15 յունուար 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023