ՅՈՒԶՈՒՄՆԱՅԻՆ ԿԱԽՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Զգացումները մարդու վերաբերմունքի, դիրքորոշման ու ներհոգեկան գործընթացներու առարկայական արտացոլումն են։ Տարբեր իրադրութիւններու մէջ մարդիկ կրնան զգալ ոգեւորութիւն, ուրախութիւն, զայրոյթ, թախիծ… Ոչ մէկ զգացում նոյն մակարդակով կը զգանք. ոմանք աւելի խիտ են, մշտական, իսկ ոմանք ալ՝ ժամանակաւոր։ Սակայն, բուռն յոյզերը որոշ ժամանակ անց առանց գիտակցելու կը դառնան սովորութեան եւ հակումի՝ կեանքը դարձնելով անտանելի։
Աւելի խիտ որոշ յոյզեր կրնան որոշ ժամանակ անց վերածուիլ կախուածութեան եւ փճացնել մեր կեանքը։ Կախուածութիւն ըսելով՝ նախ եւ առաջ կը մտածենք ոգելից ըմպելիի, ծխախոտի, թմրանիւթերու մասին։ Այնուամենայնիւ, կախուածութիւնը միայն այս բոլորով չի սահմանափակուիր։ Անլոյծ յուզական վնասուածքներու, թաքնուած խնդիրներու պատճառաւ յուզումնային կախուածութիւնը կը դրսեւորուի տարբեր ձեւերով։ Յուզումնային կախուածութիւնը հիմնականին մէջ տեղի կ՚ունենայ, երբ մարդ կը յենու որոշ յոյզերու վրայ՝ բացասական իրադարձութիւններէ ձերբազատուելու համար։
Յոյզ մը սովորական ձեւով զգալը կամ դէպքի մը արձագանգելը կ՚ամրացնէ նեարդային կապերը, որոնք մեզ կը մղեն ենթագիտակցօրէն «փնտռել» նոյն զգացումները։ Ահա թէ ինչո՛ւ որոշ մարդիկ կը «սնուին» տխուր ըլլալէ։ Անոնք կախուածութիւն ունին վիշտի եւ տխրութեան զգացումներու, քանի որ սովոր են այդ զգացումներուն։
Նախ եկէք տեսնենք, թէ ի՞նչ է կախուածութիւն ըսուածը։ Հաշուի առնենք ծխելու կախուածութիւնը։ Երբ կը ծխենք, նիքոթինը, որ մեր թոքերու միջոցաւ կը խառնուի արեան մէջ, կ՚ազդէ ուղեղի որոշ հատուածներու վրայ։ Երբ ծխելը շարունակուի ու հերթական դառնայ, ուղեղը կը սկսի «անհանգիստ» զգալ, երբ չկարենայ «ստանալ» այս նիւթը։ Այս պարագային մեր ենթագիտակցութիւնը կ՚ընէ ամէն ինչ, որպէսզի հնարաւորինս շուտ ծխենք։ Թմրեցուցիչներու հետ կապուած իրավիճակը աւելի վատ է. նիւթը այնպէս մը կ՚ազդէ ուղեղին վրայ, որ կարելի է հասնինք նոյնիսկ մեր սիրելիները վնասելու աստիճանի՝ թմրանիւթ ապահովելու եւ «հանգստանալու» համար։
Ըստ գիտնականներու, մեր բոլոր զգացումերը կը դրսեւորուին հորմոններու միջոցաւ, որոնք քիմիական նիւթեր են եւ կ՚արտազատուին ուղեղի կողմէ։ Երբ ուղեղը չափէն շատ աւելին կ՚արտազատէ որոշ հորմոն մը, սա կրնայ կախուածութիւն յառաջ բերել՝ ինչպէս նիքոթին կամ թմրանիւթ։ Օրինակ՝ եթէ դուք անընդհատ դժգոհ էք, ապա ձեր ուղեղը կախեալ կ՚ըլլայ այն հորմոններէն, որոնք կ՚արտազատուին դժգոհութեան ժամանակ։ Այդ հորմոններու կարիքը բաւարարելու համար մեր ենթագիտակցութիւնը մեզ կը տանի այնպիսի իրավիճակներու, որոնք մեզ անընդհատ դժգոհ ըլլալու կը մղեն։ Եթէ զայրացկոտ ենք, ապա անգիտակցաբար առիթ կը փնտռենք՝ բարկութեան համար։
Որպէս լուծում, պէտք է սորվիլ կառավարել մեր զգացումները, որպէսզի մեր ուղեղը դուրս բերենք կախուածութեան այս յորձանուտէն։ Նախ ստեղծենք ցանկ մը այն իրադարձութիւններու, որոնք մեզ կը մղեն զգալ անցանկալի յոյզեր. ինչպէս՝ զայրոյթ, ճնշուածութիւն, տխրութիւն… Արդիւնքին, որքան շատ փորձենք հեռու մնալ այդ իրադարձութիւններէն, այնքան աւելի հնարաւոր կը դառնայ ձերբազատուիլ կախուածութիւններէ։ Եթէ անձնական կամքը բաւարար չէ այս առումով, ապա կարելի է դիմել մասնագէտ բժիշկի մը։
Հարկ է գիտակցիլ, թէ իսկական երջանկութիւնը ներկայ պահուն է: Անցեալի մէջ ապրիլը կամ պարզապէս ապագայի մասին մտածելը միայն հիասթափութիւն եւ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ:
Երբ սորվինք ապրիլ ներկան եւ աւելի քիչ անհանգստանալ անցեալի կամ ապագայի համար, կարելի է ազատուիլ զայրոյթէն, վիշտէն կամ վախէն՝ «կախուած կեանքէն»։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024