ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆ. ԲՆԱԾԻՆ, ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԾԻ՞Ն, ԹԷ ԳԵՂԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Օ­րիորդ մը փո­ղո­ցէն քա­լած ա­տեն ե­րի­տա­սարդ մը կը հարց­նէ.

-Ուր­կէ՞ կու գաս, քոյ­րի՛կ:

Օ­րիոր­դը կը պա­տաս­խա­նէ.

-Գե­ղեց­կու­թեան տու­նէն:

-Ան­պայ­ման փակ էր, հա՞, կ՚ը­սէ ե­րի­տա­սար­դը:

Պարզ է, որ  գե­ղեց­կու­թեան հան­դէպ մար­դոց ապ­րում­նե­րը, ձգտում­նե­րը, ըմբռ­նում­ներն ու տե­սա­կէտ­նե­րը այ­լա­զան են, ո­մանք՝ մա­կե­րե­սա­յին, ո­մանք՝ խո­րունկ: Ա­րուես­տով գե­ղեց­կու­թիւն ստեղ­ծող­նե­րու կող­քին, կան ար­հես­տա­գի­տու­թեամբ գե­ղեց­կու­թիւն «շի­նել» փոր­ձող­ներ, ո­րոնք այս օ­րե­րուն բա­ւա­կան «կո­կիկ» գու­մար­ներ կը շա­հին, մինչ գե­ղե­ցիկ ա­րուեստ­ներ ստեղ­ծող­նե­րէն շա­տեր խեղճ պայ­ման­նե­րու մէջ ապ­րած են:

Ի­տա­լա­ցի գե­ղան­կա­րիչ Պո­թի­չել­լիի (1445-1510) ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու  «Վիք­թո­րիա եւ Ալ­պերթ» թան­գա­րա­նի (V&A) ցու­ցա­հան­դէ­սին բաց­ման նա­խօ­րեա­կին «Կար­տիըն» մի­ջազ­գա­յին չորս մաս­նա­գէտ­նե­րու հար­ցու­ցած է, թէ գե­ղեց­կու­թիւ­նը ան­ձամբ ի­րենց հա­մար ի՞նչ կը նշա­նա­կէ:

Ա­ՐՈՒԵՍ­ՏԱ­ԳԷՏ. ՕՐ­ԼԱՆ (1947, ՓԱ­ՐԻԶ)

Երբ ես 1990-ին ձեռ­նա­մուխ ե­ղայ իմ նա­խա­գծիս՝ «Սուրբ Օր­լա­նի հո­գե­փո­խու­թիւ­նը», ես են­թար­կուե­ցայ շարք մը  վի­րա­հա­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց­մէ զերծ մնա­ցած էի նա­խա­պէս: Ես գե­ղա­գի­տա­կան վի­րա­հա­տու­թիւ­նը չէի օգ­տա­գոր­ծեր, որ­պէս­զի ա­ւե­լի մօ­տե­նամ գե­ղե­ցի­կի տի­պա­րին: Ես կ՚ու­զէի ըն­թա­ցա­կարգ մը, որ կը խա­փա­նէ գե­ղեց­կու­թեան պատ­կե­րա­ցու­մը, գա­ղա­փա­րը: Ա­ռա­ջին բա­նը, որ հա­մա­ձայ­նե­ցայ վի­րա­բոյժին հետ, այն էր, որ ոչ մէկ ցաւ պի­տի ըլ­լայ: Ա­ւե­լի քան ինն վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րէ եւ հինգ տա­րի ետք ես խնդրե­ցի, որ ու­նե­նամ Պո­թի­չել­լի ստեղ­ծա­գոր­ծած Վե­նե­րա­յին կզա­կը, Ֆրան­սուա Պու­շե­րի «Եւ­րո­պա»ին շուր­թե­րը եւ  Տա Վին­չիի ստեղ­ծա­գոր­ծած Մո­նա Լի­զա­յին ճա­կա­տը: Փոքր փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք իմ դէմ­քիս վրայ ը­րի, բա­ւա­կան բամ­բա­սանք յա­ռա­ջա­ցու­ցին: Մար­դիկ յա­ճախ կեդ­րո­նա­ցան քուն­քե­րուս վրայ, 1993-ին ար­հես­տա­կան տե­ղադ­րում­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կը ծա­ռա­յէին մնա­յուն կեր­պով բարձ-­րաց­նե­լու, պրկե­լու այ­տերս, սա­կայն ես ա­տոնք տե­ղադ­րել տուած էի ճակ­տիս եր­կու կող­մե­րուն: Երբ մար­դիկ զիս կը նկա­րագ­րեն ա­ռանց զիս տես­նե­լու, ես ան­բաղ­ձա­լի հրէ­շի մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը ձգեմ: Բայց երբ ա­նոնք զիս ան­ձամբ կը տես­նեն, տպա­ւո­րու­թիւ­նը այլ է:

Ա­րուես­տը պար­զա­պէս բնա­կա­րան­նե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը, յար­դա­րու­մը չէ: Մենք ար­դէն ու­նինք ան­ձե­ռո­ցիկ­ներ, վա­րա­գոյր­ներ եւ կա­հոյք: Ա­տի­կա պէտք է ըլ­լայ  գի­տակ­ցուած դիր­քա­ւո­րում մը ա­րուես­տի պատ­մու­թեան մէջ: Երբ ես վի­րա­բոյ­ժէն խնդրե­ցի զիս օժ­տել Պո­թի­չել­լիի Վե­նե­րա­յին կզա­կով, ա­տի­կա քա­ղա­քա­կան ա­րարք մըն էր: Ես Պո­թի­չել­լին յայտ­նա­բե­րե­ցի գրա­դա­րա­նին մէջ կար­դա­ցած ա­րուես­տի պատ­մու­թեան գիր­քե­րու մէջ, երբ տա­կա­ւին պա­տա­նի էի: Պո­թի­չել­լի իր վրձին­նե­րով ը­րած է այն, որ ժա­մա­նա­կա­կից լու­սան­կա­րիչ­նե­րը կ՚ը­նեն նկար­նե­րու հա­մա­կարգ­չա­յին ծրա­գի­րով (photoshop): Ան մարմ­նի ո­րոշ մա­սեր եր­կա­րած է, այլ մա­սեր՝ ո­ղորկ դար­ձու­ցած եւ մէջ­տե­ղէն վեր­ցու­ցած է բո­լոր թե­րու­թիւն­նե­րը՝ բի­ծեր, կնճիռ­ներ, ա­ւե­լորդ մա­զեր: «Վե­նե­րա­յի ծնուն­դը» գե­ղան­կա­րին մէջ Վե­նե­րան շրջա­պա­տող կեր­պար­նե­րը  շար­ժու­մով լե­ցուն են՝ ի տար­բե­րու­թիւն Վե­նե­րա­յի կա­յուն դիր­քին: Ա­նոնք կար­ծես, թէ ան­պատուուած են իր մեր­կու­թե­նէն եւ վե­րար­կու մը բռնած՝ կ՚ա­ռա­ջար­կեն, որ ինք­զինք ծած­կէ: Ա­րուես­տի իմ գոր­ծե­րէս մէ­կուն մէջ  «Ֆո­թո­շոփ» օգ­տա­գոր­ծե­լով ստեղ­ծե­ցի  «Վե­նե­րա­յի ծնուն­դը»: Փո­խա­նակ զայն ի­տէա­լա­կա­նաց­նե­լու, ես օգ­տա­գոր­ծե­լով հա­մա­կարգ­չա­յին ծրա­գր­եր՝ իր եւ իմ մի­ջեւ խառ­նա­ծին բան մը ստեղ­ծե­ցի: Ես ո­րո­շե­ցի պո­ռալ եւ ին­ծի հետ զինք պո­ռաց­նել՝ ընդ­դէմ  ճնշում­նե­րու, ո­րոնք կ՚իշ­խեն իմ եւ իր մար­մին­նե­րուն: Գե­ղեց­կու­թիւ­նը մար­մի­նին մէջ քան­դա­կուած գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն մըն է: Ա­տի­կա կը տար­բե­րի՝ ըստ տե­ղի եւ ժա­մա­նա­կի: Պար­զա­պէս նա­յե­ցէ՛ք տար­բե­րու­թիւն­նե­րը մար­մին­նե­րուն, ո­րոնք պատ­կե­րուած են Ռե­նուա­րի, Կրա­նա­չի, Ռու­պեն­սի գե­ղան­կար­նե­րուն, կամ՝ Տէյ­վիտ Հա­միլ­թը­նի լու­սան­կար­չու­թեան մէջ: Երբ կը տես­նեմ վաղ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի  ազ­գագ­րա­կան լու­սան­կա­րը սուր­մա ժո­ղո­վուր­դին, ա­նոնց շուր­թե­րու ափ­սէ­նե­րը, կամ՝ փա­տա­նուկ կի­ներ, ո­րոնք պա­րա­նո­ցի օ­ղակ­ներ կը կրեն, ես կը կար­ծեմ, որ այս կի­նե­րը ինք­նավս­տահ եւ գրա­ւիչ են: Սա­կայն ե­թէ Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ կի­ներ  այ­սօր տե­ղադ­րեն շուր­թե­րու այդ փոքր ափ­սէ­նե­րը կամ կրեն այդ օ­ղակ­նե­րը, ա­նոնք տգեղ հրէշ­ներ պի­տի նկա­տուին:

Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րը վե­րաե­րե­ւա­կա­յած են մար­մի­նը դա­ջուածք­նե­րու եւ գան­կի սար­սա­փազ­դու փո­փո­խու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով: Այժմ մենք կրնանք փո­խա­րի­նել մեր ակ­ռա­նե­րը, երբ ա­նոնք կ՚իյ­նան, կամ՝ ձե­ւա­ւո­րել շրթունք եւ այլ ա­րատ. բնու­թեան սար­սափ­նե­րը: Բնու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ ամ­բող­ջա­կան վե­րա­փո­խու­թիւ­նը ի՛նչ բա­նի կը նմա­նի: Ե­րա­խա­յի մը գլու­խը կը դառ­նայ պա­տա­նիի մը գլուխ, եւ չա­փա­հա­սի մը գլու­խը՝ ծեր կնոջ կամ մար­դու մը գլու­խը: Մէ­կու մը մար­մի­նը վե­րա­փո­խե­լը, այ­րե­րուն՝ կի­նե­րու, կի­նե­րուն՝ այ­րե­րու հա­գուստ հագցնե­լը, մէ­կու մը մա­զե­րուն գոյ­նը փո­խե­լը ին­ծի  այն­քան տար­բեր չի թուիր:

ԼՈՒ­ՍԱՆ­ԿԱ­ՐԻՉ. ՏԷՅ­ՎԻՏ ԼԱ­ՉԱ­ՓԷԼ (1963,-)

Ես ճանչ­ցուած եմ նո­րա­ձե­ւու­թեան աշ­խար­հին մէջ աշ­խա­տե­լուս հա­մար: Նո­րա­ձե­ւու­թիւ­նը ճար­տա­րա­րուս­տի մարզ մըն է, որ կը խթա­նէ ո­րոշ տես­լա­կան­ներ: Բայց վեր­ջա­ւո­րու­թեան (այդ աշ­խա­տան­քը դադ­րե­ցու­ցի 2006-ին) ես կը հարց­նէի, թէ ի՛նչ կ՚ը­նեմ: Ա­տի­կա այ­լեւս ճիշդ չէր թուեր: Ծա­նու­ցու­մի, քա­րոզ­չու­թեան ար­շաւ­նե­րը եւ թեր­թի աշ­խա­տան­քը ծանր են, խստա­պա­հանջ, եւ դուք պէտք է մնաք յա­րա­չա­փու­թեանց ծի­րին մէջ, թէ տուեալ ժա­մա­նա­կին գե­ղե­ցի­կի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը ի՛նչ է: Իսկ գե­ղեց­կու­թեան մեր սահ­մա­նու­մը պար­բե­րա­բար կրկնուող է: Վե­րած­նուն­դէն մին­չեւ 1990-ա­կան­նե­րու թա­փա­ռող պուպ­րիկ­ներ եւ կոր գի­ծե­րով Պար­պի, մի՛շտ յա­րա­փո­փոխ: Երբ ես իմ սե­փա­կան աշ­խա­տանքս կը ստեղ­ծեմ,  կրնամ սահ­մա­նել, թէ գե­ղեց­կու­թիւն ինչ կը նշա­նա­կէ: Ես ա­տի­կա կը գտնեմ անս­պա­սե­լիին եւ ան­կա­տա­րին մէջ: Երբ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի մար­դոց, ա­ռողջ մար­դիկ ա­ւե­լի  գե­ղե­ցիկ են (ա­նոնք  ո­րոշ ձե­ւով մը կը փայ­լին), եւ մենք կ՚ար­ձա­գան­գենք ա­ռողջ մար­դոց: Ծե­րա­նա­լու հո­լո­վոյ­թը եւս կրնայ գե­ղե­ցիկ ըլ­լալ: Մայրս եւ ես շատ մօ­տիկ, մտե­րիմ էինք, եւ ես զինք ա­մենէն գե­ղե­ցիկ ան­ձը նկա­տե­ցի  ընդ­հուպ մին­չեւ վերջ, երբ ան մա­հա­ցաւ վեր­ջին Ս. Ծնուն­դին:

Ես Պո­թի­չե­լիի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ ապ­շած դի­տե­ցի 2000-ին: Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ լռու­թիւն կը տիրէր, եւ ես ա­ռան­ձին մնա­ցի Վե­նե­րա­յի եւ Ա­րէ­սի (Մարս, պա­տե­րազ­մի աս­տուած) հետ: Այն­պէս զգա­ցի, թէ յա­ւի­տեան կանգ­նած եմ ա­տոր առ­ջեւ: Զիս տպա­ւո­րած է  պա­տե­րազ­մի աս­տու­ծոյ եւ սի­րոյ աս­տուա­ծու­հիին միա­սին ըլ­լա­լու յու­նա­կան գա­ղա­փա­րը, եւ թէ՝ մեր հիմ­նա­կան բնոյ­թը որ­քա՛ն նոյնն է. ա­գա­հու­թիւն եւ պա­տե­րազմ՝ ընդ­դէմ սի­րոյ եւ գե­ղեց­կու­թեան: Կար­դա­լէ ետք Ափ­րի­կէի ոս­կիի հան­քե­րուն եւ այդ ցա­մա­քա­մա­սին վրայ մարդ­կա­յին տա­ռա­պանք­նե­րուն եւ հո­ղի սրբապղ­ծու­թեան մա­սին, ես ստեղ­ծե­ցի «Ափ­րի­կէի բռնա­բա­րու­թիւն»ը, որ հիմ­նուած է Պո­թի­չե­լիի այդ գե­ղան­կա­րին վրայ: Ին­ծի հար­ցու­ցած են, թէ Վե­նե­րան ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար ին­չո՞ւ օգ­տա­գոր­ծած եմ հռչա­կա­ւոր բնոր­դու­հի Նաո­մի Քամփ­պը­լը: Ո­րով­հե­տեւ ան մեր ժա­մա­նա­կներու մեծ գե­ղեց­կու­հի մըն է:

Գե­ղեց­կու­թեան մեր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ար­մա­տա­պէս փո­խուած են վեր­ջին տասը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին: Ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու եւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տու մի­ջոց­նե­րու տա­րա­ծու­մով, մար­դոց հա­մար ըն­դու­նե­լի ե­ղած է  լու­սան­կա­րել հա­րիւ­րա­ւոր նկար­ներ, շտկրտել ա­տոնք եւ տե­ղադ­րել ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ, որ­պէս­զի ամ­բողջ աշ­խար­հը տես­նէ: Այս վար­քը, որ ժա­մա­նա­կին կրնար իբ­րեւ նար­գի­սա­կա­նու­թիւն եւ սին նկա­տուիլ, այժմ բնա­կա­նոն կ՚ըն­դու­նուի: Մենք մեզ նա­խա­պա­շա­րող ե­ղած ենք:

ՎԻ­ՐԱ­ԲՈՅԺ (ԳԵ­ՂԱ­ԳԻ­ՏԱ­ԿԱՆ). ԱՆ­ՃԵ­ԼԻ­ՔԱ  ՔԱ­ՒՈՒ­ՆԻ (1968, ԱՆԳ­ԼԻԱ)

Երբ մենք կը խորհր­դակ­ցինք մե­զի դի­մո­ղին հետ, միշտ այն­պէս չէ, որ ա­նոնք կ՚ու­զեն «գե­ղե­ցիկ» տեսք ու­նե­նալ՝ իբ­րեւ այդ­պի­սին: Ի վեր­ջոյ, մենք կը փոր­ձենք ճշդել, թէ ան­հա­տը ի՛նչ բան տհաճ կը գտնէ իր մա­սին: Կրնայ քի­թի կո­րու­թիւն մը ու­նե­նալ, կամ՝ այլ «թե­րու­թիւն» մը, ո­րով գոհ է, բայց չի հաւ­նիր այլ բա­ներ, ինչ­պէս՝ դէմ­քի վրա­յի գի­ծե­րը: Ես կը կար­ծեմ, որ ա­տի­կա խո­րա­պէս ան­քակ­տե­լի է. մենք գի­տենք, թէ գե­ղեց­կու­թիւ­նը ի՛նչ է, երբ կը նա­յինք ա­տոր, բայց նաեւ կան բազ­մա­թիւ այլ գոր­ծօն­ներ, ո­րոնք ա­տոր վրայ ճնշում­ներ կը բա­նեց­նեն: Գե­ղեց­կու­թիւ­նը բան մըն է, որ ձե­զի լաւ զգա­ցում կը փո­խան­ցէ: Երբ դուք գե­ղե­ցիկ դէմ­քի մը կը նա­յիք, լա­ւա­տե­սու­թիւն կը զգաք, դրա­կան, եր­ջա­նիկ եւ այլն: Այ­լա­պէս դժուար է դա­սա­կար­գել, ո­րով­հե­տեւ կան բազ­մա­թիւ տար­բե­րակ­ներ: Կան տար­բեր դա­սա­կան պատ­կե­րա­ցում­ներ՝ հա­մա­չա­փու­թեան, բարձր ճա­կա­տի, այդ աչ­քե­րու ձե­ւի մա­սին, բայց դուք նաեւ պէտք է նկա­տի առ­նէք տա­րի­քի, սե­ռի, ցե­ղա­յին եւ մշա­կու­թա­յին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը: Ա­տի­կա շատ կը բար­դա­նայ: Վեր­ջերս հա­կում մը կայ դէ­պի ա­ւե­լի նի­հար, ա­ռողջ, մար­զա­կան  տես­քի մը: Եւ նոյ­նիսկ հռչա­կա­ւոր բնոր­դու­հի­ներ, ինչ­պէս՝ Քէյթ Մոսս կամ Քա­րա Տե­լե­ւիյն, ու­նին «հե­տաքըրք-րա­կան» յատ­կա­նիշ­ներ, ոչ իբ­րեւ դա­սա­կան գե­ղեց­կու­թիւն, նման՝ Քրիս­թի Թուր­լինկ­թը­նի:

Մե­զի դի­մող ան­հա­տը եր­բեմն կ՚ու­զէ բան մը, որ պար­զա­պէս չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ իր դէմ­քին: Ու­ռած շուր­թե­րը տա­րա­ծուած օ­րի­նակ է: Ո­մանք կը ցան­կան հա­մա­պա­տաս­խա­նել ի­տէա­լա­կա­նին, նոյ­նիսկ ե­թէ ի­րենց ա­տի­կա չի յար­մա­րիր: Ի­րենց կ՚ը­սեմ, որ չեմ ու­զեր ը­նել ա­տի­կա, բայց մտիկ չեն ը­ներ եւ կը գտնեն այլ բժիշկ մը, որ կ՚ը­նէ ի­րենց ու­զա­ծը: Նման ան­հատ­նե­րուն մէկ եր­րոր­դը հա­ւա­նա­բար ճիշդ այդ­պէս կ՚ը­նէ: Իբ­րեւ գե­ղա­գէտ-վի­րա­բոյժ աշ­խա­տի­լը  հա­ւա­նա­բար զիս կը մղէ մտա­ծե­լու իմ տես­քիս մա­սին: Ես սնա­պարծ եմ եւ խնա­մուած տեսք կ՚ու­զեմ ու­նե­նալ: Բայց կը կար­ծեմ, որ ա­տի­կա շրջա­նա­կա­ձեւ է: Ե­թէ դուք լաւ զգաք, ար­տաք­նա­պէս լաւ տեսք կ՚ու­նե­նաք, եւ ե­թէ նա­յիք հա­յե­լիին եւ տես­նէք ա­տի­կա, դուք ա­ւե­լի լաւ կը զգաք: Ես շատ աշ­խա­տած եմ ԷՅԾ-ով վա­րա­կուած հի­ւանդ­նե­րու հետ: Ա­ռա­ջին դե­ղե­րը, բու­ժում­նե­րը կրնան յատ­կան­շա­կան այ­լան­դա­կու­թիւն պատ­ճա­ռել, եւ կայ կմախ­քի կեր­պա­րանք առ­նե­լու խայ­տա­ռա­կու­թիւ­նը: Մար­դիկ կրնան վի­ճիլ, թէ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը գե­ղա­գի­տա­կան է, բայց ա­տի­կա կտրուկ բա­րե­լա­ւեց ա­նոնց կեան­քի ո­րա­կը:

ԲՆՈՐ­ԴՈՒ­ՀԻ. ՆԻ­ԽՈՐ ՓՈԼ (1989, ՍՈՒ­ՏԱՆ)

Այ­լեւս չ՚ակն­կա­լուիր, որ  բնորդ­նե­րը լուռ մար­մին­ներ ըլ­լան: Մենք նոյն­պէս գոր­ծիչ­ներ ենք: Ես Հա­րա­ւա­յին Սու­տա­նէն իբ­րեւ ներ­գաղ­թեալ ե­կայ Նեպ­րաս­քա եւ կը կա­տա­կէի, որ Նեպ­րաս­քա­յի մէջ ինք­զինքս բնոր­դու­հիի մը նման զգա­ցած եմ, ո­րով­հե­տեւ ցցուած եմ: Բարձր հա­սա­կով, եր­կար սրունք­նե­րով, սեւ մոր­թով երբ կը քա­լէի  փո­ղո­ցին մէջ, ես ան­մի­ջա­պէս կը նշմա­րուէի: Բայց ես եր­բեք չեմ կաս­կա­ծած իմ գե­ղեց­կու­թենէս: Ա­տի­կա կու գայ ինք­նավս­տա­հու­թե­նէ, ներ­քի­նիդ վրայ կեդ­րո­նա­նա­լէ: Լրա­տու մի­ջոց­նե­րու մէջ ան­շուշտ տա­կա­ւին կայ «կա­պու­տա­չեայ եւ դեղ­նո­րակ» սահ­մա­նու­մը գե­ղեց­կու­թեան, բայց փո­ղո­ցին մէջ մենք բո­լորս ալ գի­տենք, որ ա­տի­կա ու­րիշ պատ­մու­թիւն մըն է: Երբ ես Ինս­թակ­րա­մի մէջ ը­սի, որ՝ «յոգ­նած եմ դի­մա­յար­դար­նե­րուն նե­րո­ղու­թիւն յայտ­նե­լէ սե­ւա­մորթ ըլ­լա­լուս հա­մար», ա­տի­կա զայ­րոյ­թի պատ­ճա­ռով էր: Ե­թէ  դի­մա­յար­դար մը իր ե­րան­գապ­նա­կին մէջ սխալ գոյ­նով կը մօ­տե­նայ ին­ծի, ա­տի­կա ու­սու­ցո­ղա­կան-ման­կա­վար­ժա­կան հո­լո­վոյ­թի կը վե­րա­ծուի: Ես կ՚ա­ռա­ջար­կեմ, որ ան նա­յի իմ մոր­թիս  ե­րանգ­նե­րուն, կ՚ա­ռա­ջար­կեմ կար­մի­րի, նարն­ջա­գոյ­նի կա­թիլ մը ա­ւելց­նել: Ես բնոր­դու­հի եմ, բայց ես կը  խօ­սիմ:

Տա­կա­ւին դժուար է սե­ւա­մորթ բնոր­դու­հիի մը հա­մար աշ­խա­տանք գտնե­լը, բայց ես զգա­ցած եմ, որ զօ­րակ­ցու­թիւն կը վա­յե­լեմ ար­տա­յայ­տուե­լուս հա­մար: Այս ճար­տա­րա­րուես­տին մէջ մար­դիկ սկսած են ի­րենց աչ­քե­րը բա­նալ տար­բեր տե­սա­կի գե­ղեց­կու­թեանց: Այ­լեւս մեզ լուռ մար­մին­ներ չեն հա­մա­րեր: Մենք նաեւ գոր­ծիչ­ներ ենք, տի­պար օ­րի­նակ­ներ: Եւ ես կը սի­րեմ այն տե­ղը, ուր կ՚ուղ­ղուինք: Մենք պէտք է օգ­տա­գոր­ծենք մեր գե­ղեց­կու­թիւ­նը, որ ճիշդ ա­տոր հա­մար է:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2016