ԳԼԽԱՒՈՐ ԵՐԱԶԱՆՔԸ
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխանական ցուցակին մէջ կիներուն մեծ տեղ տրուած է: Կուսակցութեան 197 թեկնածուներէն 63-ը իգական սեռի ներկայացուցիչներ են։ Ցուցակին առաջին եռեակին մէջ ընդգրկուած է Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան։ Ցուցակին մէջ կան նաեւ Ազգային ժողովի երեսփոխաններ եւ կառավարութեան կին պաշտօնեաներ։
Նկատի ունենալով, որ կուսակցութիւնը մեծ տեղ տուած է կիներուն՝ հայաստանեան նախընտրական մթնոլորտը ներկայացնելու շարունակական շարքի հերթական հարցազրոյցը կատարեցինք Ազգային ժողովի երեսփոխան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) անդամ՝ Մարգարիտ Եսայեանին հետ:
*
-Նախընտրական այս շրջանին կարծես այնպիսի տպաւորութիւն մը կը տիրէ, որ դուրսը բնակող հայերը, որոնք աւելի շատ են, քան Հայաստանի մէջ, անմասն են Հայաստանէ ներս տեղի ունեցող գործընթացներէն եւ հայաստանեան կեանքը այս փուլին կեդրոնացած է միայն ներսի վրայ: Այդպէ՞ս է:
-Նախ պայմանաւորուինք, որ չկան դուրսի եւ ներսի հայեր, մենք՝ բոլորս մէկ միասնութիւն ենք եւ բոլորիս ջանքերը ուղղուած են դէպի աւելի ուժեղ, աւելի կայուն եւ աւելի անվտանգ հայրենիքի կառուցում։ Կը կարծեմ, թէ այն տպաւորութիւնը, որ դուրսը ապրողները ուշադրութեան տակ չեն, խաբուսիկ է, քանզի բոլորիս երազանքը մէկ է՝ ապահով եւ յառաջընթաց ունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս համայն հայութեան օրրան եւ հայրենիք, կը ձգտի բոլոր հայերուն արժանի պետականութեան ստեղծման։ Ոչ ոք մատնուած է մոռացութեան, պարզապէս նախընտրական շրջան է, բոլոր քաղաքական ուժերը զբաղած են իրենց նախընտրական քարոզչութեամբ։ Այս մէկը պատասխանատու պահ է, քանզի առաջին անգամ մեր անկախ պետութիւնը կ՚երթայ դէպի համակարգային փոփոխութիւն, 2 Ապրիլի համապետական ընտրութեամբ մեր պետութիւնը կիսանախագահական կառավարման համակարգէն անցում պիտի կատարէ դէպի խորհըր-դարանական կառավարում։ Իրապէս, պատասխանատու պահ է։
-Այսինքն այս ընտրութիւնները վճռորո՞շ կը նկատէք մեր երկրին համար:
-Որեւէ ընտրութիւն վճռորոշ է, քանի որ ընտրութիւններուն արդիւնքը երկրին մէջ կը փոխէ ուժերու դասաւորումը, կը ձեւաւորէ նոր իշխանութիւն, նոր ընդդիմութիւն, տեղի կ՚ունենայ ընտրութիւն, ժողովուրդը կ՚ընտրէ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար իրեն համար նախընտրելի իշխանութիւնը եւ այն ուժերը, որոնք փոքրամասնութիւն կը կազմեն, կ՚ըլլան ընդդիմութիւն։ Այո, իմաստով մը կարելի է ըսել, որ վճռորոշ է, քանզի նոր Սահմանադրութեամբ, «Ընտրական օրէնսգիրքին» համահունչ կատարուելիք ընտրութեան արդիւնքին մենք խորհրդարանէն ներս պարտաւոր ենք ապահովել ընդդիմութեան ներկայութեան մօտաւորապէս երեսուն տոկոսը, զգալիօրէն նոր ձեւաւորուելիք խորհրդարանին մէջ կիներուն թիւը շատցած է, խորհրդարանի ղեկավար մարմիններուն մէջ եւս զգալի են նորութիւնները, խորհրդարանական կառավարումը պիտի ըլլայ աւելի ժողովրդավարական եւ վստահ եմ՝ աւելի արդիւնաւէտ։ Մեծցած է քաղաքական ուժերուն դերը, այս է պատճառներէն մին, որ ընտրութեան կը մասնակցին մեծ թիւով դաշինքներ, այսինքն, ամէն ինչ կը տանի դէպի քաղաքական միաւորներու ուժեղացում, միաւորում, իսկ այսպիսի փոփոխութիւնները միայն ու միայն կը բերեն քաղաքական դաշտի առողջացում:
-Ի՞նչ կարեւորութիւն ունին ընտրութիւններու վերջնարդիւնքները ոչ միայն Հայաստանի մէջ ապրող, այլեւ՝ աշխարհասփիւռ հայութեան համար:
-Շատ կարեւոր հարցում կու տաք, քանի որ ես՝ ինքս, որպէս Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան եւ նաեւ՝ երեսփոխանութեան թեկնածու, համոզուած եմ, որ եթէ մենք ստեղծենք ուժեղ պետութիւն, անկախ եւ հզօր պետութիւն, ապա աշխարհասփիւռ հայութիւնը, վստահաբար, պիտի հպարտանայ եւ չգոհանալով այդ հպարտութեամբ, շատերը պիտի վերադառնան իրենց եւ մեր բոլորին հայրենիքը եւ ձեռք ձեռքի տալով լծուինք միեւնոյն գործին, որն է՝ երկիրը շէնցնելու եւ հզօրացնելու գործը։ Համաձայն չէ՞ք, որ հեռուէն խօսիլն ու քննադատելը դիւրին է, մինչդեռ, ներսը, բոլորիս համատեղ աշխատանքը՝ ճիշդ եւ արդիւնաւէտ։
-Արդեօք հայութիւնը ականատես կ՚ըլլա՞յ այլ Հայաստանի մը, որ պիտի գոյանայ ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած ուժերու ծրագիրներուն իրականացման իբրեւ արդիւնք:
-Քաղաքական ուժերը, այո, գրած ու ներկայացուցած են գեղեցիկ ծրագիրներ, որոնք համեմուած են սիրուն խոստումներով, հոգեյոյզ յօդուածներով, բայց, յաղթանակ կ՚արձանագրեն այն ծրագիրները եւ այն քաղաքական ուժերը, որոնք աւելի իրատես են, որոնց ծրագիրը կը բխի երկրի իրական վիճակէն, որոնց համար տեսանելի են հարցերը եւ անոնց լուծման ճանապարհները պարզ են ու յստակ։ Գեղեցիկ խօսքեր գրելը եւ խոստումներ տալը երբեք չի նշանակեր անոնց իրականացումը։ Ինչ կը վերաբերի հարցումին այն մասին՝ կը տեսնէ՞ հայութիւնը այլ Հայաստան, ապա, վստահաբար կ՚ըսեմ՝ այո՛, պիտի տեսնէ եւ կը տեսնէ, բայց պիտի ըսեմ նաեւ հետեւեալը. հայութիւնը դիտորդ չէ, իրաւունք չունի դիտորդի կարգավիճակին մէջ դնել ինքզինքը, նայիլ ու սպասել, հայութիւնը պիտի գայ եւ ձեռք-ձեռքի տուած բոլորս միասին պիտի հզօրացնենք մեր երկիրը: Ասիկա առաջին կարգին այո՛ մեզ՝ Հայաստանի մէջ ապրողներուս սուրբ պարտականութիւնն է ու պարտքը, բայց՝ ո՛չ միայն մերը։
-Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք վարչապետ Կարէն Կարապետանին վերջին՝ Սփիւռքին ուղղուած կոչին:
-Կը կարծեմ, թէ կոչը ուղղուած էր տեղին ու ժամանակին եւ անհրաժեշտ կը նկատեմ յիշեցնել մեր կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրին մանաւանդ Սփիւռքին վերաբերող հետեւեալ հատուածը.
«Սփիւռքը մեր հպարտութիւնն է, իսկ Սփիւռքի գոյութիւնը՝ մեր դժուար պատմութեան արդիւնքը: Սփիւռքի հետ մենք միասնական ենք, եւ Հայաստանը մեր միասնականութեան, ձգողականութեան ու համախմբման կեդրոնն է: Պէտք է հնարաւորէն աւելին ընենք, որպէսզի մեր բոլոր հայրենակիցները միաւորուին Հայրենիքի շուրջ:
«Սփիւռքի մեր քոյրերն ու եղբայրները պէտք չէ զգան, որ իրենք միայն բարերարներ են եւ մենք պէտք չէ զիրենք դիտարկենք այդ տեսանկիւնէն: Բազմաթիւ ոլորտներէ ներս անոնք ունին հարուստ փորձառութիւն, գիտելիք եւ հմտութիւններ, որոնց ներդրումը եւ կիրարկումը մայր Հայաստանի մէջ կարող են ստեղծել հասարակական նոր որակներ, յառաջ բերել նոր գաղափարներ, ներմուծել նոր աշխատանքային մշակոյթ, ստեղծել մրցունակ ապրանքներ եւ ծառայութիւններ: Սփիւռքի մեր հայրենակիցները պէտք է Հայաստանի մէջ կարողանան ստեղծել յաւելեալ արժէք: Հայաստանը պէտք է պիզնըս ստեղծելու, զարգացնելու եւ շահոյթ ստանալու համար գրաւիչ ըլլայ նաեւ սփիւռքահայոց համար: Համատեղ աշխատանքի այս ճանապարհով մենք կը յառաջանանք: Անշուշտ, մեր ուշադրութեան կեդրոնին կը մնան նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան ինքնակազմակերպման, ազգային ինքնութեան պահպանութեան եւ երիտասարդութեան ներգրաւման ուղղութիւններով տարուող աշխատանքները: Այսօր չենք կրնար բաւարարուիլ առկայ ձեռքբերումներով: Պէտք է սահմանենք նոր նշաձողեր: Պատմական առիթ մըն է, որ մեզի ընձեռնուած է հանդէս գալու բազմապատիկ ուժով՝ գործածելով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հնարաւորութիւնները»։
-Ձեր կարծիքով՝ նոր խորհրդարանը վերջապէս կ՚ընդունի՞ հայրենադարձութեան մասին օրէնքը, որուն մասին բազմիցս խօսուած է եւ կազմուած են նախագիծեր:
-Եկէք սպասենք, թող ձեւաւորուի նոր խորհրդարանը՝ անկէ ետք կը խօսինք, եթէ կ՚ըլլան առաջարկութիւններ, կը քննարկենք ու կը գտնենք ճիշդ լուծումները, բայց կը կարծեմ, եթէ ոեւէ մէկը կ՚ուզէ գալ ու ապրիլ իր հայրենիքին մէջ, առանց օրէնքի ալ կարող է գալ, որովհետեւ իր տունն է որ կու գայ ան:
-Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք հայրենադարձութիւնը:
-Եղեռնէն փրկուած գերդաստանի զաւակ մը ըլլալով, ինծի համար այս հարցումը ցաւալի է, քանի որ այդ մէկը իմ անձնական երազանքներու գլխաւորն է եւ ես կ՚երազեմ երբ բոլորս միասին եւ միակամ ըլլանք, ինչպէս իրենք կու գան, նոյնպէս ալ ես կարողանամ Մուշ, Պայազէտ կամ Էրզրում երթալ տունս գացածի պէս։
-Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը իր ծրագրին մէջ, արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն առընչուող, ներկայացուցած է լայնածաւալ դրոյթներ: Իսկ կուսակցութեան մօտեցումները ինչպէ՞ս են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ:
-Կը կարծեմ, որ այս հարցին մէջ մենք մշտապէս պահպանած ենք միջազգայնօրէն ընդունուած չափորոշիչները եւ անկախ ամէն ինչէ, ձգտած ենք պահպանել զանոնք եւ այստեղ մեր դրացին է, որ վերատեսութեան պիտի ենթարկէ իր որդեգրած քաղաքականութիւնը։ Մեր կուսակցութեան ծրագրի արտաքին հարցերու բաժնին մէջ նշուած է, որ հայ ժողովուրդին բնորոշ են հիւրընկալութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ մեր աւանդական արժէքներու պահպանումը, զարգացումը եւ խթանումը: Արտաքին աշխարհի եւ արտասահմանեան մեր գործընկերներուն հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ ազգային այս դիմագիծը անընդհատ վերահաստատելու անհրաժեշտութիւն կայ: Արտաքին յարաբերութիւններու մէջ յատկապէս պէտք է կարեւորութիւն տանք Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջոցով տնտեսական ներդրումներու մուտքին դէպի մեր պետութիւն՝ նախապէս բարենպաստ տնտեսական միջավայր ստեղծելով թէ՛ տեղական գործարարին, ձեռներէցին, թէ՛ օտարերկրեայ ներդնողին համար: Պիտի շարունակուին ջանքերը ցեղասպանութեան յանցագործութիւններու կանխարգիլման ու դատապարտման, ինչպէս նաեւ անոնց հետեւանքներու վերացման առընչուող հարցերը միջազգային հանրութեան օրակարգին վրայ պահելու համար:
Հատուածներ՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական ծրագրէն
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԱԾ ԵՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՍՓԻՒՌՔ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը համայն հայութեան Հայրենիքն է: Մենք այնպիսի միջավայր մը պիտի ապահովենք, որ Հայաստանը ըլլայ հայերու միաւորման, հնարաւորութիւններու եւ ողջ ներուժի իրացման կեդրոն:
Պատմութեան ընթացքին ճակատագրական պահերուն միշտ մեր ազգը ապացուցած է իր համախմբուածութիւնն ու միասնականութիւնը: Անկախացումէն ի վեր մեր քոյրերն ու եղբայրները մշտապէս Հայրենիքի կողքին են եւ ամէն օր պատրաստ՝ Արցախը պաշտպանելու:
ՄՇԱԿՈՅԹ
Մենք հարուստ ենք մեր մշակութային արժէքներով եւ մեր պատմութեամբ, սակայն այդ ամէնը ոչ միայն պահպանելու, այլեւ աշխարհին ներկայացնելու եւ մեր մշակոյթը հետաքրքրական դարձնելու հարց ունինք: Միեւնոյն ատեն մենք պէտք է բաց ըլլանք այլ երկիրներու մշակոյթը ուսումնասիրելու եւ ճանչնալու: Այդ իսկ պատճառով թէ՛ մեր, թէ՛ արտասահմանեան մշակոյթը պէտք է հասանելի դարձնենք մեր բոլոր քաղաքացիներուն:
Մեր ախտորոշումն է՝
մարզերու մշակութային անհամաչափ զարգացում,
աշխարհասփիւռ հայութեան մշակութային ներուժի միասնական դրսեւորումներու անբաւարար մակարդակ,
մշակութային ոլորտի զարգացման տնտեսական բաղադրիչի ցած արդիւնաւէտութիւն,
մշակութային ծրագիրներու եւ հեռատեսիլային հաղորդաշարերու ցուցադրման սակաւութիւն,
այլ մշակոյթներու անբաւարար ներկայացուածութիւն Հայաստանի մէջ,
մշակութային կազմակերպութիւններու կողմէ ծառայութիւններու մատուցման գործընթացներուն մէջ ժամանակակից միջոցներու ոչ արդիւնաւէտ գործածում:
Մեր նպատակն է. մշակութային արտադրանքի եւ ծառայութիւններու, պատմամշակութային ժառանգութեան եւ մշակութային արժէքներու գործածման տնտեսական բաղադրիչի խթանման միջոցաւ հայ մշակոյթին աւելի լայն հանրահռչակումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ արտերկրի մէջ, մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ տարածումը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024