ԱՆՍՊԱՌ ԵՌԱՆԴՈՎ՝ ՏՔԹ. ԱՂԱՒՆԻ ԹԵԶԵՆԼԻ ՆԵՐԿԻԶ

Բժշկութիւնը, որ բոլոր գիտութիւններու ազնուագոյնը կը համարուի, այն ասպարէզն է, որու առջեւ դարերէ  ի վեր գլուխ կը խոնարհէ մարդկութիւնը։ Ան հրաշագործութեան, փրկչագործութեան կը նմանի։

Բժիշկը՝ մասնաւորապէս վիրաբոյժը իրաւունք չունի սխալուելու, քանզի անոր մէկ սխալը կամ բացթողումը կրնայ ճակատագրական ըլլալ հիւանդին համար։ Իւրաքանչիւր բժիշկ պէտք է ունենայ արծուի տեսողութիւն, օրիորդի նուրբ ձեռքեր, օձի իմաստութիւն ու առիւծի սիրտ։

Այսօրուայ իմ զրուցակիցն է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի կնախտաբոյժ Աղաւնի Թեզենլի Ներկիզ։

Աշխարհի ամենամարդասիրական ասպարէզը ընտրած բժշկուհի Աղաւնին, առանց չափազանցութեան, ունի իր հիւանդներէն բաղկացեալ համակիրներու բանակ մը, որ կուրօրէն կը վստահի ու կը հիանայ բժշկուհիի առաքինութիւններուն։  Ես նոյնպէս կը գտնուիմ բարեհամբոյր բժշկուհիի հազարաւոր համակիրներու շարքին՝ զբաղեցնելով առաջին հորիզոնականները։ Կը յիշեմ յղութեանս ընթացքին անոր հոգատար ու ջերմ վերաբերմունքը անձիս նկատմամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, յղութեան շըր-ջանին կանայք կ՚ըլլան գերզգայուն, կ՚ունենան յաճախակի վախեր, տրամադրութեան անկումներ ու տատանումներ։ Սակայն երբ բժշկուհի Աղաւնիին քննասենեակէն ներս մտնեն, առերեսուելով անոր անմիջականութեան ու ժպիտին, ակամայ կը վարակուին վերջինիս անսպառ եռանդով ու լաւատեսութեամբ՝ մէկ կողմ կը ձգեն զիրենք մտատանջող բոլոր բացասական մտքերը։ Աշխատանքին սիրահարուած ու կատարելապէս տիրապետող բժշկուհին ո՛չ միայն օրինակելի մասնագէտ մըն է, այլեւ՝  ընտանիքի հիանալի մայր ու կին։

Ծննդօգնութեան ու կանացի հիւանդութիւններու մասնագէտ-բժշկուհի՝ Աղաւնի Թեզենլի Ներկիզ ծնած է 1980 թուականի յունուարի 6-ին, Իսթանպուլ, Սամաթիա թաղամասին մէջ։ Վարդուհի-Զեփիւռ եւ Ստեփան (ապա՝ Տ. Պսակ Ա. Քհնյ.) Թեզենլի ամոլին երեք դստրերէն ամենափոքրն է։ Միջանկեալ անդրադառնանք, որ լուսահոգի հայրը՝ Տ. Պսակ Ա. Քահանան ժամանակին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւը եղած էր։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ անգլերէնով եօթ տարի ուսանած է Իսթանպուլ համալսարանի Ճերրահփաշայի բժշկական բաժինը։ Մասնագիտացած է Օքմէյտանըի հիւանդանոցէն ներս։

Արմատներով չորումցի բժշկուհի Աղաւնին սիրով պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։

-Տքթ. Աղաւնի, գո՞հ էք ձեր կատարած աշխատանքէն։

-Ի հարկէ, աշխատանքս շատ կը սիրեմ ու մեծագոյն սիրով կը կատարեմ։

-Ինչո՞ւ կնախտաբոյժի մասնագիտութիւնը ընտրած էք։

-Նախապէս՝ կ՚ուզէի վիրաբոյժ ըլլալ, սակայն մեր իրականութեան մէջ, մեծամասնութեամբ տղամարդ վիրաբոյժներու կը հանդիպինք։ Այնուհետեւ նախապատուութիւնը տուի կնախտաբանութեան, քանզի ծննդօգնութիւնը նոյնպէս վիրաբուժութեան հիմնական ճիւղերէն մին է։ Բաց աստի, այս բաժինը աւելի շատ կին մասնագէտ կը նախընտրէ։

-Բժիշկ ըլլալը ձեր մանկութեան երա՞զն էր։

-Ո՛չ։ Ես կը փափաքէի ճարտարագէտ դառնալ, իսկ հօրս փափաքն էր, որ բժիշկի ասպարէզը ընդգրկէի։ Ես ալ 17-ամեայ դեռատի աղջնակ էի ու վստահ չէի, թէ արդեօք ճիշդ ընտրութիւն կատարա՞ծ եմ։ Այդ իսկ պատճառով հետեւեցայ հօրս խորհուրդին։ Այսօր ուրախ ու անսահման երջանիկ եմ, որ ատենօք ի մտի ունենալով հօրս փափաքը, մասնագիտութեան մէջ ճիշդ կողմնորոշուեցայ։ Լաւ որ բժիշկ դարձայ, այս ասպարէզը իմ բնաւորութեան շատ կը յարմարի։

-Տքթ. Աղաւնի, ինչպէ՞ս կը սկսի ու կ՚աւարտի ձեր աշխատանքային օրը։

-Առտու կանուխ ժամը վեցին կ՚արթննամ, եօթնուկէսին հիւանդանոց կը հասնիմ։ Ժամը ութէն սկսալ կ՚ընդունիմ քննութեան եկած յղիները։ Օրուան ընթացքին զանազան գանգատներով հիւանդներ ալ կ՚ընդունիմ։ Շաբթու մէջ քանի մը անգամ, գրեթէ ամէն օր ծննդաբերութեան կը մտնեմ։ Երբեմն, մէկ օրուան ընթացքին երեք-չորս ծննդաբերութիւն կ՚ըլլայ։ Աշխատանքային օրս ժամը վեցին կը վերջանայ։ Արտակարգ պարագաներու աւելի ուշ տուն կ՚երթամ կամ ընդհակառակն՝ կանուխ աշխատանքի կը սկսիմ։ Զոր օրինակ՝ գիշերուայ ուշ ժամերուն ծննդաբերութիւններ կ՚ըլլան։

-Քանի՞ տարուան բժշկուհի էք։

-Երբ 24 տարեկան էի, բժշկուհի դարձայ, իսկ չորս տարի վերջ՝ ծննդօգնութեան եւ կանացի հիւանդութիւններու մասնագէտ։ Տասնմէկ տարիէ ի վեր կնախտաբան եմ։

-Տքթ. Աղաւնի, մինչեւ այսօր քանի՞ ծննդաբերութիւն ըրած էք։

-Բնաւ չեմ համրած, անթիւ անհամար։ Նախապէս, որպէս կնախտաբան երկու տարի Մարտին քաղաքը պաշտօնավարեցի։ Այնտեղի հիւանդանոցի միակ բժշկուհին էի. մէկ օրուան մէջ գրեթէ երեսուն-քառասուն ծննդաբերութիւն կ՚իրագործէի։ Այնքան շատ էին, որ չեմ կրնար ձեզի յստակ թիւ մը ըսել։

-Մօտաւորապէս կրնա՞ք ըսել։

-Մօտաւորապէս հինգէն տաս հազար ծննդաբերութիւն ըրած եմ։

-Ծննդօգնութիւն ցուցաբերած ատեն ի՞նչ կը զգաք, ինչպիսի՞ զգացումներ կ՚ունենաք։

-Ծնունդը ոգեւորութիւն է։ Իւրաքանչիւր ծննդօգնութեան ժամանակ ոգեւորութիւն կ՚ապրիմ։ Հարկ է նշել նաեւ, որ ես այնքան շատ ծննդօգնութիւն իրականացուցած եմ, որ ինծի համար հասարակ երեւոյթի մը վերածուած է. ինչպէս՝ ամէն օր սնուիլ, քնանալ, արթննալ եւ այլն։

-Կը յիշէ՞ք ձեր առաջին ծննդօգնութիւնը։

-Առաջինը համալսարանական տարիներուս ցուցաբերեցի։

-Տքթ. Աղաւնի, ձեր յղիներն ու հիւանդները ձեր մօտ ամենէն շատ ի՞նչ կ՚արժեւորեն։

-Մտերմութիւնը, բոլորին ալ ընկերոջ պէս կը վերաբերուիմ։ Անոնք իմ ընկերներս են։ Ամէն օր, երբ առտու կանուխ կ՚արթննամ, կարծես ընկերներուս հետ հանդիպման պիտի երթամ, ոչ թէ՝ աշխատանքի։ Ես անոնց մեծ ընկերուհին եմ, որ ամէն վայրկեան պատրաստ է օգնութեան հասնիլ։

-Ձեր կատարած աշխատանքէն կը յոգնի՞ք։

-Ֆիզիքապէս անհնարին է չյոգնիլ, սակայն աշխատանքս այնքան մեծ սիրով կը կատարեմ, որ հոգեպէս երբեք չեմ յոգնիր։

-Ըստ ձեզի, ի՞նչ բանն է բժիշկի համար ուրախութիւնը։

-Հիւանդներու կողմէ սիրուած ըլլալը։

-Ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլայ լաւ բժիշկ մը։

-Պէտք չէ, որ բժիշկ մը իր կատարած գործը ընկալէ որպէս զուտ աշխատանք։ Տուեալ պարագային ան անյաջող ու դժբախտ կ՚ըլլայ։ Բժշկութիւնը՝ մարդասիրութիւն է, հոգատարութիւն, ուշադրութիւն, կարեկցանք եւ ի վերջոյ միայն աշխատանք։

-Դուք թէ՛ ծննդօգնութիւն կը ցուցաբերէք եւ թէ երկու անգամ ծննդաբերած էք։ Երբ ձեր զաւակները ծնան, ի՞նչ զգացիք, ինչպիսի՞ ապրումներ ունեցաք։

-Իմ մասնագիտութեան սիրահարուած անհատ մըն եմ, երկուքի պարագային ալ շատ մեծ ոգեւորութիւն ու երջանկութիւն զգացի։ Ուրիշ զգացում չունեցայ։

-Քանի մը խօսք ձեր ընտանիքի մասին։

-Ամուսնացած եմ, ունիմ երկու զաւակ՝ հնգամեայ Սեւան Արին ու չորսամեայ Սարվէն Ալէնը։ Ամուսինս՝ Գէորգ Ներկիզը ճարտարագէտ-շինարար է, միեւնոյն ժամանակ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սարկաւագն է։

-Ի՞նչ է ընտանիքը։

-Ընտանիքը ամէն ինչ է։ Զաւակներս իմ կեանքի իմաստն են։

-Ե՞րբ շփուելու ժամանակ կ՚ունենաք ձեր երեխաներուն հետ։

-Կը փորձեմ ստեղծել այդ ժամանակը։ Աշխատանքէս դուրս, իւրաքանչիւր ազատ վայրկեանս կը փորձեմ անոնց հետ անցընել։ Շաբաթ օրերը կէս օրուան դրութեամբ կ՚աշխատիմ. օրուան երկրորդ կէսն ու կիրակին միշտ շատ հետաքրքրական ու լեցուն կ՚անցընենք։

-Ազատ ժամերուն ինչո՞վ կը զբաղիք։

-Զաւակներուս հետ կը զբաղիմ։ Անոնք քնանալէ ետք, շաբաթը երեք-չորս անգամ ամուսինիս հետ միասին երկար-երկար կը քայլենք, ինչպէս նաեւ փլաթէսի կ՚երթամ։ Մարմնի մարզանքը, կոպուածութիւնը առողջութեան համար առաջնային է, ի զուր չէ, որ կ՚ըսենք՝ առողջ հոգի առողջ մարմինի մէջ։ Նաեւ շատ կը սիրեմ գիրք կարդալը։

-Ինչպիսի՞ գիրքեր կը նախընտրէք, ունի՞ք սիրելի հեղինակներ։

-Նախապատուութիւնը կու տամ պատմուածքներու ու վէպերու։ Իմ նախընտրած հեղինակներու շարքին կը դասուին Ահմէտ Իւմիտը, ռուս դասականներէն Տոսթոեւսքին, որուն «Յանցանք եւ պատիժ» վէպը երկու անգամ կարդացած եմ։

-Ո՞րն է ձեր վրայ մեծ ազդեցութիւն թողած գիրքը։

-Էլիֆ Շաֆաքի «Սէր» ստեղծագործութիւնը։

-Տքթ. Աղաւնի, ինչպէ՞ս կը յաջողիք համատեղել աշխատանքն ու ընտանիքը եւ վարուիլ այնպէս, որ երկու կողմերն ալ գոհ ու շնորհակալ մնան։ Չէ՞ որ ձեր կանացի փխրուն ուսերուն ունիք բաւականին ծանր պարտականութիւններ։

-Նշեմ, որ տնային գործերու համար ունիմ օգնականուհի մը, որ այդ հոգը առած է իմ ուսերէն։ Շուրջիններուս պնդմամբ եւ իմ համոզմամբ՝ ես անսպառ եռանդով լեցուն կին մըն եմ։ Հաճոյք կ՚առնեմ անդադար վազքի մէջ գտնուելէ։ Հանգիստ, նստակեաց կեանք չեմ սիրեր, եռուզեռ կը սիրեմ։

-Ի՞նչ է երջանկութիւնը. դուք երջանի՞կ էք։

-Այո՛, երջանիկ եմ։ Իմ երջանկութիւնը երեխաներս են, ընտանիքս, ինչպէս նաեւ իմ սիրած աշխատանքին մէջ յաջողութիւնը։

-Եթէ կրկին աշխարհ գալու հնարաւորութիւն ունենայիք, կ՚ուզէի՞ք նոյն կեանքով ապրիլ։

-Իմ ապրած կեանքը փոքր փոփոխութիւններու ենթարկելէ ետք, կը փափաքէի նոյն ուղիով ընթանալ։

-Ի՞նչ բան ձեզ անսահմանօրէն կ՚երջանկացնէ։

-Զաւակներուս հետ ժամանակ անցընելը եւ բժշկագործելը։ Աշխատիլ շատ կը սիրեմ։

-24 ժամը ձեզի կը բաւէ՞։

-Ո՛չ, չի բաւեր, ուղղակի անհնարին է, որ բաւէ։

-Ո՞րն է տարուայ մէջ ձեր սիրելի օրը կամ օրերը։

-Մանչուկներուս տարեդարձները։

-Հայաստան այցելա՞ծ էք։

-Ցաւօք սրտի տակաւին առիթ չունեցայ։ Երկար տարիներէ ի վեր առանց արձակուրդի կ՚աշխատիմ։ Արձակուրդ ունենալու պարագային, անպայման՝ հանդերձ ընտանեօք պիտի այցելենք։

-Ո՞վ է ձեր սիրելի մեծ հայը։

-Գրիգոր Նարեկացին։

-Ունի՞ք ստացած նուէր մը, որ ձեզի համար շատ թանկ է ու արժէքաւոր։

-Ի հարկէ ունիմ, ոսկեայ ապարանջան մը, զոր սիրելի հայրս նուիրած էր, երբ ընդունուեցայ բժշկական համալսարան։ Այդ ապարանջանը ինծի համար շատ թանկ ու արժէքաւոր է։

-Տքթ. Աղաւնի, հուսկ ձեր հիւանդներուն ի՞նչ կը մաղթէք։

-Յղիներուն բարի ազատում, իսկ առողջական խնդիրներ ունեցող հիւանդներուս՝ առողջութիւն եւ շուտափոյթ ապաքինում։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2019