ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՆՈՒՆԷՆ

22 Ապ­րի­լէն մին­չեւ 24 Ապ­րի­լը հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան աս­պա­րէ­զի կարգ մը բա­ցա­ռիկ գոր­ծիչ­ներ Ե­րե­ւան պի­տի ժա­մա­նեն՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար մար­դա­սի­րա­կան ա­մե­նահ­րա­տապ ճգնա­ժա­մե­րու շուրջ կազ­մա­կեր­պուած քննար­կում­նե­րուն։ Մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը կ՚ամ­փո­փուեն «Աու­րո­րա» անդ­րա­նիկ մրցա­նա­կի շնոր­հու­մով։

Тhe Aurora Prize for Awakening Humanity (Աու­րո­րա» մրցա­նա­կը կը շնոր­հուի հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­նու­նէն՝ ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն ա­նոնց, ո­րոնք փրկու­թեան ձեռք մեկ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին: Դափ­նե­կի­րը կը ստա­նայ 100 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի պար­գեւ եւ նուի­րա­տուու­թեան շղթան շա­րու­նա­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն՝ 1 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի դրա­մաշ­նոր­հի ներ­կա­յաց­նե­լով զինք ո­գեշն­չած մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն։

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեա­ն Հա­յաս­տա­նի մէջ մե­ծա­րան­քի պի­տի ար­ժա­նան այն բա­ցա­ռիկ ջան­քե­րը, զորս ներդ­րած են մրցա­նա­կի չորս յա­ւակ­նորդ­ներն ու ա­նոնց ա­ռա­ջադ­րած կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը:

Որ­պէս «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի յա­ւակ­նորդ՝ Հայր Պեռ­նար Կին­վի 1 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի դրա­մաշ­նոր­հի հա­մար ա­ռա­ջադ­րած է Քա­միլ­լիան­նե­րու միա­բա­նու­թիւն (L՚Ordre des Serviteurs des Malades, Ordre des Camilliens) կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ­պէս զինք ո­գեշն­չող կազ­մա­կեր­պու­թիւն: Տո­քո­յա­ցի ե­րի­տա­սարդ հո­գե­ւո­րա­կան Պեռ­նար Կին­վի կը ծա­ռա­յէ Կեդ­րո­նա­կան Ափ­րի­կէի Պոս­սեմ­տե­լէ քա­ղա­քին մէջ եւ կը ղե­կա­վա­րէ տեղ­ւոյն կա­թո­ղի­կէ դպրոցն ու կա­թո­ղի­կէ ա­ռա­քե­լու­թեան հի­ւան­դա­նո­ցը։ Հայր Կին­վիի ղե­կա­վա­րած հի­ւան­դա­նո­ցը միակն է 150 քի­լօ­մեթր շա­ռա­ւի­ղով տա­րած­քին մէջ, իսկ հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս կը բու­ժեն բո­լոր հի­ւանդ­նե­րը՝ ան­կախ կրօ­նա­կան պատ­կա­նե­լիու­թե­նէ: Իր հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան ա­մե­նէն սկիզ­բէն Հայր Կին­վի տե­սած է կրօ­նա­կան հիմ­քով բռնու­թիւն­նե­րու բո­լոր սար­սափ­նե­րը։ Խի­զախ ու բա­րե­պաշտ այս մար­դը հա­րիւ­րա­ւոր մահ­մե­տա­կան­ներ փրկած է Anti-Balaka (հա­կաաւ­տո­մա­տա­ւոր­նե­րու) քրիս­տո­նէա­կան աշ­խար­հա­զօ­րի հե­տապն­դում­նե­րէ։ Ա­րիու­թեան եւ հե­րո­սու­թեան հա­մար Հայր Կին­վի ար­ժա­նա­ցած է Human Rights Watch կազ­մա­կեր­պու­թեան մրցա­նա­կին, իսկ այժմ ա­ռա­ջադ­րուած է «Աու­րո­րա»ի:

Հո­գե­ւո­րա­կան Հայր Պեռ­նար Կին­վի կը պատ­կա­նի Քա­մի­լիան­նե­րու վա­նա­կան միա­բա­նու­թեա­ն, ո­ր հիմ­նադ­րուած է 16-րդ դա­րուն՝ Սուրբ Քա­միլ­լուս տէ Լել­լի­սի կող­մէ։ Ող­ջա­խո­հու­թեան, աղ­քա­տու­թեան եւ հնա­զան­դու­թեան ե­րեք ա­ւան­դա­կան եր­դում­նե­րէն զատ Քա­մի­լեան վա­նա­կան­նե­րը նաեւ ուխտ կ՚ը­նեն ծա­ռա­յել հի­ւանդ­նե­րուն՝ նոյ­նիսկ մա­հա­ցու հա­մա­ճա­րակ­նե­րու ժա­մա­նակ եւ սե­փա­կան կեան­քին սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րու պա­րա­գա­յին: Հայր Կին­վին տա­կա­ւին նոր ըն­դու­նած էր իր ուխ­տը, երբ սկիզբ կ՚ա­ռնէ պա­տե­րազ­մը, որ իս­կա­կան քննու­թիւն դար­ձաւ ե­րի­տա­սարդ հո­գե­ւո­րա­կա­նի հա­ւատ­քի հա­մար։ Այ­սօր իր հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ կը բու­ժեն մա­լա­րիա, ժան­տա­տենդ եւ մա­հա­ցու նկա­տուող բո­լոր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը:

Պոս­սեմ­տե­լէ քա­ղա­քին մէջ, ուր ան տե­ղա­փո­խուած է վեց տա­րի ա­ռաջ, չկայ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն, ճա­նա­պարհ­նե­րը ան­բա­րե­կարգ են, եւ այդ պայ­ման­նե­րու մէջ Հայր Կին­վին կը ղե­կա­վա­րէ հի­ւան­դա­նոցն ու դպրո­ցը: Ան լիո­վին ըն­դու­նուած է տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րուն կող­մէ, իւ­րա­ցու­ցած է տե­ղա­կան սան­կօ բար­բա­ռը, եւ կը կա­տա­րէ իր հո­գե­ւոր ու մար­դա­սի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը: Երբ զինք կը փնտռեն մահ­մե­տա­կան­նե­րուն օգ­նե­լու դրդա­պատ­ճառ­նե­րու մա­սին, Հայր Կին­վին կը պա­տաս­խա­նէ.

«Մար­դու կեան­քը սրբու­թիւն է ին­ծի հա­մար։ Իմ գործն է՝ ըն­դու­նիլ իւ­րա­քան­չիւ­րը, որ կը դի­մէ օգ­նու­թեան։ Ին­ծի հա­մար միեւ­նոյնն է՝ այդ ան­ձը ո՞վ է, ո՞ր կրօն­քին կը պատ­կա­նի, ապս­տա՞մբ է, թէ՝ ոչ։ Ան Աստ­ու­ծոյ կող­մէ ստեղ­ծուած մարդ էակ մըն է, իբր այդ ալ կ՚օգ­նեմ: Մենք խտրա­կա­նու­թիւն չենք դներ»։

­Բազ­մա­թիւ սպառ­նա­լիք­ներ եւ սար­սափ­ներ ան­ցու­ցած Հայր Պեռ­նար Կին­վի ը­սած է նաեւ «Ե­թէ աշ­խար­հի մէջ պա­կաս ա­նար­դա­րու­թիւն ըլ­լար, ե­թէ հարս­տու­թիւնն ալ ա­ւե­լի ար­դար բաշ­խուած ըլ­լար, բո­լոր մար­դիկ ու­նե­նա­յին աշ­խա­տանք եւ բոյժ-օգ­նու­թե­նէ օգ­տուե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն, մենք գու­ցէ խու­սա­փէինք այս բո­լոր մա­հե­րէ­ն»:

Փա­քիս­տան­ցի Սա­յի­տա Ղու­լամ Ֆա­թի­ման «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի չորս յա­ւակ­նորդ­նե­րէն մէկն է: Սա­յի­տա տա­կա­ւին դե­ռա­հաս էր, երբ տե­սաւ այն, ին­չ որ սար­սափ կը պատ­ճա­ռէ ո­րե­ւէ ե­րա­խա­յի՝ ստրկու­թիւն։ Պզտիկ աղջ­նա­կը կ՚ապ­րէր վայ­րի մը մէջ, ուր մար­դիկ կը տա­ռա­պէին ստրկու­թեան ճի­րան­նե­րու մէջ: Այդ մար­դոց ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը գող­ցած էին Փա­քիս­տա­նի ա­ղիւ­սի թրծա­վա­ռա­րան­նե­րու մէջ, ուր ա­նոնց կը ստի­պէին ամ­բողջ օ­րը ան­դա­դար աշ­խա­տիլ զէն­քի ու­ժով: Դե­ռա­հաս ե­րա­խա­ներն ու ա­ւե­լի մե­ծե­րը՝ տղա­մար­դիկ, կի­ներ, բո­լո­րը խոշ­տան­գուած էին հա­րուստ գոր­ծա­տէ­րե­րու կող­մէ, ո­րոնք կը բռնա­բա­րէին զա­նոնք, կը ճնշէին եւ կը ձգէին տա­ռա­պան­քի ու աղ­քա­տու­թեան մէջ՝ ա­ռանց գու­մա­րի, սնուն­դի եւ հա­գուս­տի։

Այդ տե­սա­րան­նե­րը Սա­յի­տա­յին ու­ղեկ­ցած են մշտա­պէս, եւ ան այդ­պէ­սով գտած է իր կո­չու­մը՝ եր­դուե­լով հոգ տա­նիլ ա­նոնց մա­սին եւ պայ­քա­րիլ ստրկու­թեան են­թար­կուած մար­դոց ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար: Սա­յի­տան ե­րա­զանք մը ու­նէր, որ­պէս­զի ստրուկ­նե­րու յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը ա­զա­տագ­րուած ըլ­լան ստրկու­թե­նէ:

Հե­րոս այդ կնոջ վրայ բազ­միցս յար­ձա­կում­ներ ե­ղած են, ան մշտա­պէս վտան­գի մէջ է, ա­նոր ըն­տա­նի­քը սար­սա­փի եւ մտա­հո­գու­թեան ներ­քոյ կ՚ապ­րի, բայց Սա­յի­տան կը շա­րու­նա­կէ մար­դոց ծա­ռա­յե­լու իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Այս կնոջ վրայ կրա­կած են, նոյ­նիսկ ե­լեկտ­րա­հա­րած են զինք, սա­կայն եր­բեք չեն կոտ­րած մար­դիկ փրկե­լու ա­նոր ջան­քե­րը: Սա­յի­տան վեր­ջին քա­ռա­սուն տա­րին ան­ցու­ցած է յոյս ստեղ­ծե­լով՝ իր կող­մէ ղե­կա­վա­ր-ւող «Կա­խեալ շա­հա­գոր­ծուող­նե­րու ա­զա­տագ­րու­թեան ճա­կա­տ» շա­հոյթ չհե­տապն­դող կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջո­ցով, ո­ր կը ձգտի ար­մա­տա­խիլ ը­նել հար­կա­դիր աշ­խա­տան­քը, ա­նար­դա­րու­թիւ­նը, ան­տա­ռա­ճա­նա­չու­թիւ­նը, ան­հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը եւ որ­պէս ա­տոր հե­տե­ւանք՝ աղ­քա­տու­թիւ­նը Հա­րա­ւա­յին Ա­սիոյ տա­րած­քին։ Այ­սօր շուրջ 80 հա­զար հո­գի ե­րախ­տա­պարտ է Սա­յի­տա Ղու­լամ Ֆա­թի­մա­յին՝ ստրկու­թե­նէ ա­զա­տուե­լու հա­մար։

Ա­մե­րի­կա­ցի է Սու­տա­նի Նու­պա լեռ­նե­րու մէջ բժշկու­թեամբ զբա­ղող Տքթ. Թոմ Քա­թի­նան: Ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը լու­սա­բա­նուած է բազ­միցս, TIME պար­բե­րա­կա­նը Տքթ. Թոմ Քա­թի­նան ճանչ­ցած է 2015 թուա­կա­նի Տա­րուայ ա­մե­նէն ազ­դե­ցիկ ան­հատ­նե­րէն մին:

Նու­պա­յի լեռ­նե­րու միակ հի­ւան­դա­նո­ցի միակ բժիշ­կը կ՚աշ­խա­տի սար­սա­փե­լի պայ­ման­նե­րու տակ՝ մշտա­կան վտան­գի մէջ: Ան կը սրտապն­դէ բո­լոր այն ըն­տա­նիք­նե­րը, զորս կը բու­ժէ գի­շեր ու ցե­րեկ՝ 2011 թուա­կա­նին թէ­ժա­ցած քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի մէջ գտնուող խար­խուլ, աղ­քատ սար­քա­ւո­րում­նե­րով հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս: Հի­ւան­դա­նո­ցը, ուր ան նաեւ կը բնա­կի միա­ժա­մա­նակ, բազ­միցս գնդա­կո­ծուած է Սու­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, սա­կայն Տքթ. Թոմ չէ յու­սա­հա­տած: Ջու­րի, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան, սնուն­դի, դե­ղօ­րայ­քի եւ բազ­մա­թիւ այլ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րու ներ­քոյ Թոմ Քա­թի­նա կը բու­ժէ մարմ­նա­կան ա­նա­սե­լի այ­րուածք­ներ ստա­ցած մար­դի­կը, ոտ­քե­րէ եւ ձեռ­քե­րէ զրկուած ե­րա­խա­ներ ու դե­ռա­հաս­ներ, թե­րի ս­­նա­նում­է եւ բո­րո­տու­թե­նէ տա­ռա­պող հա­զա­րա­ւոր բնա­կիչ­ներ, եւ բո­լո­րին նա­խե­ւա­ռաջ յոյս եւ խի­զա­խու­թիւն կը նե­րար­կէ այդ զար­մա­նա­լի բժիշ­կը, ո­ր ը­սած է, թէ ին­ք յոյսն ու խի­զա­խու­թիւ­նը սո­րված է Սու­տա­նի տա­ռա­պեալ ժո­ղո­վուր­դէն:

Բա­ռե­րով ան­պատ­մե­լի է այն ողջ տա­ռա­պանքն ու դա­ժա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ա­կա­նա­տես ե­ղած է Մար­գա­րիտ Փա­րան­կի­ցէ: Ան տե­սած է ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ ծե­ծի եւ ջար­դի են­թար­կուած ե­րի­տա­սարդ­ներ, մար­դու հա­տուած գլուխ, սպա­նու­թիւն­ներ, նե­րա­ռեալ՝ իր եօ­թ ե­րա­խա­նե­րու մա­հը: Այս­քա­նէն ետք մար­դիկ ապ­շած են, թէ ինչ­պէս կ՚ապ­րի այս կի­նը՝ ապ­րեց­նե­լով նաեւ դի­մա­ցի­ննե­րը: Հա­կա­ռակ այս ա­մէն ին­չին, Մար­գա­րիտ Փա­րան­կի­ցէ կը հա­ւա­տայ, որ ան­սահ­ման սէ­րը կը վե­րաց­նէ բո­լոր ար­գելք­նե­րը: Կորսնց­նե­լով իր ըն­տա­նի­քը՝ ան կը խնա­մէ հա­զա­րա­ւոր ե­րա­խա­ներ, ո­րոնց կեան­քե­րը ինք փրկած է՝ յոյս ու ժպիտ պար­գե­ւե­լով ա­նոնց: Մար­գա­րիտ Փա­րան­կի­ցէ ը­սած է, որ ինք ծնած է սի­րե­լու հա­մար մար­դի­կը, ան­կախ ա­նոնց սե­ռէն, տա­րի­քէն, պատ­կա­նե­լիու­թե­նէն եւ գոյ­նէն:

Ափ­րի­կեան Պու­րուն­տի պե­տու­թեան մէջ ան հիմ­նած է «Խա­ղա­ղու­թեան տու­ն» (Maison Sha-lom) կո­չուող կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ Պու­րուն­տիի բո­լոր ազ­գու­թեան ե­րա­խա­նե­րու հա­մար։

Իր ա­ռա­քե­լու­թեան սկսե­լու պա­հէն, ան օգ­նած է ա­ւե­լի քան 20 հա­զար որբ եւ կա­րի­քա­ւոր ե­րա­խա­նե­րու, օգ­նած է վե­րա­միա­ւո­րուե­լու ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րէն պա­տե­րազ­մի կամ բան­տար­կու­թեան հե­տե­ւան­քով բա­ժա­նուած ե­րա­խա­նե­րը, եւ նոր տուն ստեղ­ծած է որբ ե­րա­խա­նե­րու հա­մար՝ հա­մալ­րուած գրա­դա­րա­նով, լո­ղա­ւա­զա­նով, շար­ժա­պատ­կե­րի սրա­հով (միա­կը՝ երկ­րին մէջ) եւ նոյ­նիսկ կառ­քե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած տնա­կով, ուր նախ­կին զի­նուո­րա­կան ե­րա­խա­նե­րը կրնան սոր­վիլ վե­րա­նո­րո­գել ի­րենց փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րը։

Այս կնոջ աշ­խա­տան­քը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուի։ Հի­մա ալ ան կը փոր­ձէ ա­զա­տել Պու­րուն­տիի մէջ բան­տար­կուած ե­րա­խա­նե­րը եւ օգ­նել ա­պաս­տա­նել Պու­րուն­տիի փախս­տա­կան­նե­րը՝ Ռուան­տա­յի մէջ։ Խօս­քը, սա­կայն, աշ­խար­հի միայն իր ան­կիւ­նի մա­սին չէ։ «Ես աշ­խար­հի քա­ղա­քա­ցի եմ, ես մեծ ըն­տա­նի­քի՝ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան մասն ե­մ», ը­սած է Փա­րան­կի­ցէ:

Ա­նոր կար­ծի­քով՝ բա­րու­թիւ­նը կրնայ եր­ջան­կաց­նել բո­լո­րը։ «Սէ­րը վեր է բո­լոր ար­գելք­նե­րէ։ Նոյ­նիսկ ե­թէ մենք ո­չինչ ու­նինք, մենք կրնանք պար­գե­ւել խինդ ու քնքշան­ք», ը­սած է ան։ Մար­գա­րիտ Փա­րան­կի­ցէ իր օ­րի­նա­կով ա­պա­ցու­ցած է այս բա­ռե­րու ճշմար­տա­ցիու­թիւ­նը:

Բա­ցա­ռիկ ու­ժի, կամ­քի եւ նուի­րու­մի տէր այս չորս մար­դի­կը «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի Ընտ­րող յանձ­նա­խում­բը ընտ­րած է՝ կա­րե­ւո­րե­լով ա­նոնց ա­րարք­նե­րու բա­ցա­ռիկ ազ­դե­ցու­թիւնն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը: Այս մար­դի­կը, վտան­գե­լով ի­րենց կեան­քե­րը, փրկած են ու­րիշ­ներ՝ տա­լով ա­նոնց գո­յա­տե­ւե­լու եւ բա­րօ­րու­թեան հաս­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2016