ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ 40-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Մար­սէյ­լի մէջ վեր­ջերս նշուե­ցաւ Սա­հակ-Մես­րոպ երգ­չա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 40-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Խմբա­վար Խա­չիկ Եըլ­մա­զեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ այս երգ­չա­խում­բը կը գոր­ծէ չորս տաս­նա­մեա­կէ ի վեր եւ իր նման­նե­րու շար­քին սփիւռ­քեան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ու­նի շատ յա­ւակ­նոտ դիրք մը։ Ստո­րեւ յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թին մէջ Ս. Պ.-ի ստո­րագ­րու­թեամբ լոյս տե­սած գրու­թիւ­նը կ՚ար­տատ­պենք նոյ­նու­թեամբ։

2017 տա­րին «Սա­հակ-Մես­րոպ» երգ­չա­խում­բի 40-ա­մեակն է: Այս կա­րե­ւոր տա­րե­դար­ձի նշում­նե­րը սկսան Կի­րա­կի, Ապ­րիլ 9-ին՝ Ծաղ­կա­զար­դի ա­ռա­ւօ­տուն Սրբոց Թարգ­ման­չաց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­պիս­կո­պո­սա­կան հան­դի­սա­ւոր պա­տա­րա­գով, զոր մա­տոյց Ֆրան­սա­յի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեան, ի ներ­կա­յու­թեան Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ եւ Գեր­մա­նիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի, որ հա­կա­ռակ իր գեր­ծան­րա­բեռ­նուած օ­րա­կար­գին՝ յատ­կա­պէս հոս ե­կած էր ան­ձամբ ներ­կայ ըլ­լա­լու հա­մար յո­բե­լե­նա­կան այս ա­ռա­ջին ձեռ­նար­կին: Իս­կա­պէս ար­տա­կարգ բազ­մու­թիւն մը խռնուած էր ե­կե­ղե­ցին եւ երգ­չա­խում­բը իր ներ­կա­յի ու ան­ցեա­լի ան­դամ­նե­րով զմայ­լե­լի կեր­պով մեկ­նա­բա­նեց Կո­մի­տա­սեան բազ­մա­ձայն պա­տա­րա­գը՝ Խա­չիկ Եըլ­մա­զեա­նի ճպո­տին ներ­քեւ: Յե­տոյ կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն ան­դարձ մեկ­նած 27 ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րու յի­շա­տա­կին, նաեւ երգ­չա­խում­բին սա­տար կանգ­նած ե­կե­ղեց­ւոյ նախ­կին ա­տե­նա­պետ­ներ Արծ­րուն Ջրպա­շեա­նի, Ար­շամ Պա­պա­յեա­նի եւ Վա­րու­ժան Պո­զա­ճեա­նի, ինչ­պէս նաեւ երգ­չա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան բա­րո­յա­պէս այն­քա՜ն սա­տա­րած Տի­րան Խա­յի­կեա­նի հո­գի­նե­րուն հանգս­տեան հա­մար:

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի, հրա­ւի­րեալ բազ­մու­թիւն մը բարձ­րա­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ «Ջրպա­շեան» սրա­հը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն: Հիւ­րա­սի­րու­թե­նէն ա­ռաջ խօսք ա­ռին երգ­չա­խում­բի քա­ռա­սուն տա­րի­նե­րու ան­խոնջ ղե­կա­վար Խա­չիկ Եըլ­մա­զեան եւ Գա­րե­գին Սրբա­զան: Դժուար պի­տի ըլ­լայ իւ­րա­քան­չիւ­րին ը­սա­ծին հա­րա­զա­տօ­րէն անդ­րա­դառ­նալ, ուս­տի պի­տի ջա­նանք կա­րե­լի ճշդու­թեամբ ա­նոնց խօս­քե­րուն հա­մադ­րու­թիւ­նը ը­նել, երգ­չա­խում­բի ստեղծ­ման պա­րա­գա­նե­րը եւ կտրած ու­ղին ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար:

Ան­մահ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի հինգ սա­նե­րէն Վար-­դան Սարգ­սեա­նի «Ար­մե­նիա» երգ­չա­խում­բի 1956-ին կազ­մա­լու­ծու­մէն յե­տոյ, մար­սի­լա­հայ ե­րաժշ­տա­կան մար­զին մէջ կը տի­րէր ա­նա­պա­տա­յին ա­մա­յու­թիւն շուրջ քսան տա­րիէ ի վեր. շա­տեր կը զգա­յին այդ պա­րա­պու­թիւ­նը, բայց, 1973-ին այն ա­տեն շատ ե­րի­տա­սարդ Գա­րե­գին Վրդ. Պեք­ճեան հոս իբ­րեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ ե­կած էր ու ո­գի ի բռին իր դէմ ծա­ռա­ցող ոչ միայն դժուա­րու­թիւն­նե­րը, այ­լեւ չկա­մու­թիւն­ներն ու հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րը մի առ մի խոր­տա­կե­լով՝ գլուխ հա­նեց երգ­չա­խումբ մը հիմ­նե­լու գա­ղա­փա­րը եւ հոս հրա­ւի­րեց Պոլ­սէն ի­րեն ծա­նօթ, Գեր­մա­նիոյ մէջ իր ե­րաժ­շա­տա­կան ու­սու­մը նոր ա­ւար­տած Խա­չիկ Եըլ­մա­զեա­նը որ­պէս խմբա­վար: Ոչ միայն ծախ­սա­լից ձեռ­նարկ էր երգ­չա­խում­բը, այ­լեւ հարկ էր եր­գիչ­ներ գտնել: Եւ դար­ձեալ Հայր Սուրբն է, որ դռնէ դուռ, տու­նէ տուն պտը­տե­լով հա­ւա­քեց հա­րիւ­րի մօտ ան­դամ­ներ: Ան­վա­րան կա­րե­լի է ը­սել, որ ան իս­կա­կան հիմ­նա­դիրն է «Սա­հակ-Մես­րոպ» երգ­չա­խում­բին, որ մար­մին ա­ռաւ 1977-ի վեր­ջա­ւո­րու­թեան: Ա­կա­նա­տե­սը ե­ղանք այդ ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րու խան­դա­վա­ռու­թեան, որ իր միակ նա­խըն­թա­ցը ու­նե­ցեր էր 1970-ին «Ա­նուշ» օ­փե­րա­յի ներ­կա­յաց­ման վա­ղան­ցուկ ա­միս­նե­րուն:

Ա­մէն ձեռ­նար­կի մէջ փրփու­րը կ՚ան­հե­տա­նայ եւ ա­ւա­զը կը մնայ: Երգ­չա­խում­բը հետզ­հե­տէ կա­յու­նա­ցաւ շուրջ 50-60 հա­ւա­տա­րիմ ան­դամ­նե­րով, ո­րոնք ի­րենց աշ­խա­տան­քա­յին օ­րէն յե­տոյ, շա­բա­թը մէկ կամ նոյ­նիսկ եր­կու ան­գամ կա­նո­նա­ւոր կեր­պով փոր­ձե­րուն հե­տե­ւե­ցան եւ ո­րակ տուին երգ­չա­խում­բին: Ու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին «Սա­հակ-Մես­րոպ» երգ­չա­խում­բը ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի հա­յա­շատ գրե­թէ բո­լոր կեդ­րոն­նե­րուն մէջ, եր­կու ան­գամ ալ այ­ցե­լեց Մայր հայ­րե­նիք:

Շեշ­տենք, որ ան փնտռուած հա­մոյթ է նաեւ Հա­րա­ւա­յին Ֆրան­սա­յի տե­ղա­ցի ե­րաժշ­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ: Իր մշա­կու­թա­նուէր գոր­ծու­նէու­թեան մէջ Խա­չիկ Եըլ­մա­զեան բա­րե­բախտ ե­ղաւ ի­րեն գոր­ծա­կից ու­նե­նա­լով դաշ­նա­կա­հա­րու­հի իր կո­ղա­կի­ցը՝ Տի­կին Ժիւ­լիէ­թը, որ քա­ռա­սուն տա­րիէ ի վեր մեծ համ­բե­րու­թեամբ կ՚ըն­կե­րա­նայ բո­լոր փոր­ձե­րուն եւ հա­մերգ­նե­րուն:

Նման պա­րա­գա­նե­րու, նիւ­թա­կան վար­ձատ­րու­թիւն­նե­րէ ա­ռաջ եւ ա­ւե­լի, բնա­կան է, որ մար­դիկ ակն­կա­լեն հա­սա­րա­կու­թեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը: Մեր մաղ­թանքն է, որ «Սա­հակ-Մես­րոպ» երգ­չա­խում­բը տա­կա­ւին եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ գո­յա­տե­ւէ եւ մար­սի­լա­հա­յու­թիւ­նը գիտ­նայ ե­րախ­տա­պարտ ըլ­լալ թէ՛ հիմ­նա­դիր­նե­րուն, թէ՛ ղե­կա­վա­րին եւ թէ ալ բո­լոր ան­դամ­նե­րուն, ա­ռանց ո­րոնց միա­ցեալ ջան­քե­րուն մենք այ­սօր պի­տի չու­նե­նա­յինք ե­րաժշ­տա­կան այս­պի­սի վա­յելք­ներ:

Հայ մշա­կոյ­թը ար­ժա­նի է ա­մէն գնա­հա­տան­քի:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017