Արդէն Ուշ Էք…

Պահրէյնի թագաւորութեան գիրքի միջազգային 18-րդ ցուցահանդէսը ունեցաւ բաւական յատկանշական դրուագներ: Նախ՝ Պահրէյնի Մուհարաք քաղաքը հռչակուած է 2018 տարուան Իսլամական մշակոյթի մայրաքաղաք: Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Մարտ 28-էն մինչեւ 7 Ապրիլ 2018, նոյն քաղաքին մէջ եւ նուիրուեցաւ իսլամական մշակոյթին: Բայց կար նաեւ Աստուածաշունչի ընկերութեան մեր մասնակցութիւնը՝ պետական ու պաշտօնական հրաւէրով եւ աւելի քան 400 հրատարակչատուներու կողքին, որոնք կու գային մօտաւորապէս 25 տարբեր երկիրներէ: Աստուածաշունչի ընկերութեան մասնակցութիւնը կը դառնար միակ քրիստոնէական ներկայութիւնը, որ կու գար ապացուցելու շրջանին մէջ մէկ կողմէ ներկայութիւն, բայց նաեւ՝ անհրաժեշտութիւն:

Տաղաւարին վրայ կար աստուածաշունչերու մեծ հաւաքածոյ մը՝ գլխաւորաբար արաբերէն լեզուով, նկատի ունենալով, որ ցուցահանդէսին մեծ տոկոսով կը ներկայաց-ւէին արաբերէն լեզուով հրատարակութիւններ, բայց նաեւ կային պատմական-բացատրական ցուցակներ: Ցուցակները կ՚ընդգրկէին արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով Աստուածաշունչի պատմականը, բայց նաեւ՝ անոր ընկերա-մշակութային կեանքին մէջ մեծ ներդրումը: Ցուցահանդէսի բացման օրը, երբ պահրէյնցի երիտասարդ տղոց հետ կը ներկայացնէի ցուցահանդէսի բովանդակութիւնը, Խալէտը ըսաւ. «Պահրէյնի համար մեծ հպարտութիւն է, որ դուք հոս էք՝ մեր մէջ: Այս մէկը ցոյց կու տայ մեր երկրին բազմակրօն եւ բազմամշակութային կազմուածքը եւ ներդաշնակութիւնը: Ներկայ օրերուն որքա՜ն անհրաժեշտ է, որ մարդիկ առիթ ունենան բացուելու աշխարհին եւ ճանչնալու զիրար»: Ան նաեւ ըրաւ կատակ-հաստատում մը: Եթէ դէմքին վրայ կար քմծիծաղ՝ «չարաճճի» խառնուածքով, ատոր ետին կը տեսնէի իրագործուելիք մարտահրաւէր. «Յուսամ շուտով նաեւ մուտք կը գործէք Սէուտական Արաբիա»:

Չեմ գիտեր՝ պահրէյնցի Խալէտին եւ Սալէհին միջեւ որեւէ առընչութիւն կա՞ր, թէ՞ պարզապէս պատահականութեան արդիւնք էր: Սալէհը կու գայ Սէուտական Արաբիայէն: Տեսած էր մեր տաղաւարը ցուցահանդէսի բացման օրը, բայց չէր մօտեցած՝ տեսնելով, որ զբաղած էինք: Բայց որոշած էր անպայման հանդիպիլ: Շաբթուան ընթացքին ան մօտեցաւ մեզի: Սալէհը երիտասարդ մըն է, որուն մասնագիտութիւնը եւ ասպարէզը կ՚ընդգրկէ տեղեկատուութեան աշխարհը՝ իր տարբեր ենթաբաժանումներով: Յստակ էր, որ իր երիտասարդական ներշնչումով կ՚ուզէր խօսիլ, իմանալ, բայց նաեւ՝ ծանօթանալ: Ծանօթացումը պիտի ընդգրկէր նաեւ «ուրիշ»ը, եւ իր պարագային՝ ոչ իսլամը: Հարցումներ ուղղեց Աստուածաշունչի բովանդակութեան մասին, եւ շուտով անդրադարձայ, որ հետը շատ հաճելի խօսակցութեան մը մէջ մտած էի: «Այս խօսակցութիւնը քու հետդ Աստուածաշունչի այս յարկին տակ ասկէ առաջ չէի կրնար ընել»,- ըսաւ ան:- Մեզի համար անընդունելի էր: Բայց հիմա շատ բան փոխուեցաւ, եւ այլեւս չենք ուզեր, որպէս սէուտցիներ, մեր գոց պատեանին մէջ ապրիլ»:

Սկսած էի տեսնել, թէ կը խօսիմ երիտասարդի մը հետ, որ կ՚ուզէ աշխարհին բաց-ւիլ: Եւ այդ աշխարհին մէջ ան կ՚ուզէ տեսնել, թէ կան նաեւ մարդիկ, որ «իրեն» պէս չեն, տարբեր են, բայց որուն հետ կարելի է նաեւ «ապրիլ»: «Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած բոլոր ներկայի բարեկարգութիւնները իրական են: Մենք հիմա սկսանք աշխարհին բացուիլ», ըսաւ ան:

Սալէհին ըսի, որ հայ եմ եւ լիբանանցի: «Երեւանը շատ գեղեցիկ քաղաք է», ըսաւ ան: Եւ հոս աւելցաւ մէկ նոր զմայլելի իրականութիւն մը՝ մեր արդէն իսկ շատ հետա-քըրքրական հանդիպումին վրայ:

Սալէհը երկու անգամ այցելած էր Հայաստան: Ան սիրած էր Հայաստանը եւ սիրահարած՝ Արարատին: Իր սէրը եւ սիրահարութիւնը մղած են զինք սերտելու հայուն պատմութիւնը: «Ձեր կեանքը շատ դժուար եղած է», ըսաւ ան:

Սալէհը կը գիտակցի, որ Հայաստանը շատ կարողականութիւններ ունեցող երկիր է, եւ որ՝ շատ հնարաւորութիւններ կան Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցութեան: «Աւելի ճիգ պէտք է թափենք երկու երկիրներու յարաբերութիւնները զարգացնելու համար», ըսաւ ան:

Սալէհին հետ մեր կուռ խօսակցութիւնները պէտք էր ամփոփէինք: Արդէն զրուցեցինք աւելի քան մէկ ժամ: «Շուտով եկեղեցին, Աստուածաշունչը եւ դուն՝ Սէուտական Արաբիոյ մէջ», ըսաւ ան որպէս ցտեսութիւն:

Կրնայ՞ ըլլալ…

Տքթ. Մունան չափահաս տարիքի կին մըն է: Ան ծնած է Դամասկոս, բայց երիտասարդ տարիքին ամուսնացած է պահրէյնցի մարդու մը հետ եւ իր ամբողջ կեանքը մինչեւ օրս կը շարունակէ այս կղզիին մէջ: «Արաբերէն հնչիւնիս մէջ շատ բան չմնաց Սուրիայէն», ըսաւ ան ժպտալով: Մունան դասախօս է Պահրէյնի համալսարանին մէջ եւ ընկերաբանական եւ կրօնական նիւթեր կը դասաւանդէ:

Մունան բաւական ժամանակ անցուց մեր տաղաւարին մէջ: Յստակ էր, որ ըսելիք ունէր եւ կ՚ուզէր խօսիլ:

«Հայրս շատ զարկ տուաւ մեր կրթութեան եւ դաստիրակութեան,- ըսաւ ան: - Մեզ Լիբանան ղրկեց, որպէսզի ուսում առնենք, եւ նախընտրեց, որ մենք քրիստոնեայ մարոնի համայնքի քոյրերուն դպրոցը սորվինք»:

Սկսած էի տեսնել, որ մեր խօսակցութիւնը սկսած էր նոր թափ մը ստանալ: Եւ քաջալերուած Մունայի համարձակութենէն՝ ես ալ եկայ աւելցնելու իր խօսքին վրայ. «Ինչպէ՞ս կը զգաս այսօր, որ քրիստոնեայ դպրոցի մէջ ուսումդ ստացած ես», եղաւ իմ քիչ մը կտրուկ հարցումը:

Մունային պատասխանը շատ պարզ էր եւ յստակ: Ան դասախօս մը ըլլալով հանդերձ, չուզեց դասախօսութիւն մը կարդալ ինծի: «Իմ կեանքս դասաւորեց եւ կազմակերպեց», ըսաւ ան: «Շփոթութեան մէջ էի երիտասարդական տարիներուս, եւ իրենց կրթութիւնը յստակատեսութիւն տուաւ ինծի, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ իմ կեանքիս ընթացքին»:

Մունան այսօր կ՚աշխատի իր երկրորդ տոքթորական ատենախօսութեան վրայ: Իր ուսումնասիրութիւնները կ՚ընդգրկեն տարբեր կրօններու եւ անոնց պաշտամունքներու դերը եւ կարեւորութիւնը մարդուն ներքին կեանքի համերաշխութեան համար: Եւ այս իմաստով ան հետաքրքրուած է ոչ միայն իսլամական կրօնով, այլ նաեւ՝ քրիստոնեայ աստուածաբանութեամբ ու, տակաւին, անոնց յարաբերութիւններուն եւ մարդկային կեանքին համար անոնց նպաստով: Ան ուզեց աւելի ժամանակ անցընել մեզի հետ, քանի որ հետաքրքրուած էր Աստուածաշունչի ներդրումին եւ անոր նպաստին միջկրօնական յարաբերութիւններու մէջ նիւթով:

Եւ չուշացաւ իմ հետաքրքիր այլ հարցումս. «Ինչպէ՞ս կը տեսնես մեր ներկայութիւնը այս ցուցահանդէսին»: Մունային դէմքին վրայ գծուեցաւ պզտիկ ժպիտ մը: «Արդէն ուշ էք»,- ըսաւ ան:- Դուք տասնութ տարի առաջ պէտք էր հոս ըլլայիք», եղաւ իր հաստատ եւ վճռական պատասխանը:

Չեմ գիտեր, թէ Մունան այս պատասխանը տուաւ որպէս մարտահրաւէ՞ր: Իր հաստատումը անձնակա՞ն նախաձեռնութիւն էր, թէ՞ հաւաքական պահանջ: Բայց կրնայի տեսնել իր համոզմունքը: «Մեր հաւաքականութիւնները այսօր շատ պէտք ունին սորվելու համակեցութիւն եւ փոխյարաբերութիւն՝ որպէս տարբեր համայնքներ եւ կրօններ: Ձեր ներկայութիւնը մեծապէս կարեւոր եւ օգտակար է: Եւ այս իմաստով ալ հոս պէտք էր ըլլայիք ասկէ առաջ», եզրափակեց Մունան:

Մունային եւ անոր «ուշ» ըլլալու հաստատումը մտածել տուին ինծի: «Ուշ»ը ունի նաեւ իր տուեալները եւ պարունակը: Բայց նաեւ ունի իր գիտակցութիւնը: Մարդկային ու հաւաքական կեանքին մէջ պատմութիւնը կը կերտուի դրուագներով, եւ այդ դրուագները եթէ կը կերտեն, բայց նաեւ կը քանդեն ու տակաւին հետք(եր) կը ձգեն: Պատմութեան դրուագներն ու անոնց պատեհութիւնները ճիշդ ձեւով օգտագործելը անհրաժեշտ գրաւականներ են: Քաջալերական էր տեսնել Պահրէյնի մէջ մարդիկ, որոնք կրնան արժեւորել քրիստոնեայ ներկայութիւնը եւ անոր կարեւոր ներդրումը՝ տարածքաշրջանի պատմութիւնը իր տարբեր դրուագներով կերտելու գիտակցութեան մէջ: Այս իմաստով, Մունային «արդէն ուշ էք»ը առի որպէս երկկողմանի մարտահրաւէր-գիտակցութիւն: Գիտակցութիւնը Մունային՝ որպէս իսլամի: Ուշին ետին կան պատճառներ, որոնց ինք ու իր համայնքը նաեւ պէտք է գիտակցին, որ՝ մարդկային կեանքերը ու անոնց պատմութիւնները լաւապէս կը կերտուին գոյակեցութեամբ եւ համակեցութեամբ: Բայց նաեւ՝ իմ գիտակցութիւնը, թէ տակաւին, որքա՛ն կարեւոր է քրիստոնեայ ներկայութիւնը եւ անոր առաքելութիւնը նոյնինքն մարդկային կեանքի պատմութիւնը եւ անոր դրուագները կերտելու եւ շինելու համար: Որքան անհրաժեշտ է գուր-գուրալ մեր քրիստոնեայ աստուածաբանութեան եւ անոր բերած կարեւոր մեծ աւանդին մեր հաւաքական ու անհատական կեանքերուն համար:

«Ուշ ենք»՝ այո՞… Եւ կան պատմական ու քաղաքական տուեալներ, որոնք կրնան ցոյց տալ, որ «արդէն ուշ ենք»:

Մարդկային կեանքի մեր պատմութեան մէջ գործադրուեցան շատ աւերներ, որոնք թերեւս կարելի էր կանխել… Ու տակաւին, մեր տարածքաշրջանին մէջ կան ու եղան անկիւնադարձային աղէտներ, որոնք ձգեցին հետքեր՝ շատ մը հաւաքականութիւններու վրայ: Արդէն «ուշ ենք» ըսելու եւ ցանկալու, որ երանի այդ բոլորը տեղի չունենային…

«Արդէն ուշ ենք»…

Երեւի…

Թերեւս…

Բայց ոչ երբեք ուշացած:

Քանի կայ պատմութեան կրկնուող յաջորդականութիւնը, որ աւերէն ետք պիտի գայ վերականգնումը, եւ քանդումէն ետք՝ շինարարութիւնը: Անհասկացողութիւններուն մէջէն կարելի է գտնել համերաշխութիւնը: Եւ անհանդուրժող հոգին կարելի է վերածել հանդուրժողականութեան: Մարդիկ Պահրէյնի մէջ վկայեցին իրենց հանդուրժողականութիւնը՝ «մեզի համար հպարտութիւն է, որ դուք հոս էք»:

Եւ «հոս ենք», որովհետեւ կը հաւատանք, որ միասին կրնանք նորը շինել: Նորը, որ կրնայ ընդգրկել մարդկային կեանքեր՝ հիմնուած հանդուրժողականութեան վրայ, ուր «ուրիշ»ը կը ճանչնաս եւ կրնաս ապրիլ անոր հետ՝ իր տարբերութիւններով:

Տարածքաշրջանի ու, տակաւին, ընդհանրական այս բոլոր «թոհուբոհին» մէջէն եւ անկէ ետք պիտի կարենա՞նք տեսնել, որ պիտի կերտենք նորը: Հոն մարդիկ կրնա՞ն զիրար ընդունիլ:

«Արդէն ուշ էք», բայց անպայմանօրէն ուշացած չենք հաւատալու եւ գործելու, որ պիտի կերտենք նորը: Հոն, ուր մարդիկ կրնան զիրար ճանչնալ, բայց նաեւ ընդունիլ եւ, տակաւին, ապրիլ համերաշխութեամբ՝ իրենց տարբերութիւններով հանդերձ:

Խալէտը, Սալէհը, Մունան ու, տակաւին, Պահրէյնի փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ®ուշ ենք, բայց… ուշացած չենք: Թէ՝ կարելի է տարբերութիւնները տեսնել, ընդունիլ ու նաեւ ապրիլ անոնց հետ:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

Շաբաթ, Ապրիլ 21, 2018