ՀԱՅ ՊԱՏՄԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ. ԵԶԱԿԻ ԿԵՆՍԱՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Բազմաթիւ հետաքրքրական եւ քիչ յայտնի տեղեկութիւններ կ՚ունենանք` թերթելով հայ նկարիչ եւ հայ ազգային պատմանկարչութեան հիմնադիր Վարդգէս Սուրէնեանցի կենսամատենագիտութիւնը կազմող գիրքը, որուն շնորհանդէսը օրեր առաջ, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ: Կենսամատենագիտութիւնը բնորոշուեցաւ իբրեւ եզակի գործ, քանի որ կ՚ընդգրկէ ո՛չ միայն գեղանկարչութեան, այլեւ ուրիշ բնագաւառներու՝ գրականութեան, թատրոնի, մամուլի եւ այլ ոլորտներու մասին հարուստ տեղեկութիւններ:

Սուրէնեանց, որ հայութեան եւ աշխարհին յայտնի է իբրեւ գեղանկարիչ, զբաղած է նաեւ գեղարուեստի քննադատութեամբ, կատարած է թարգմանութիւններ, ձեւաւորած է գիրքեր եւ թատերական բեմադրութիւններ, եղած է ճարտարապետ ու պատմաբան եւ, ահաւասիկ, մեր առջեւ է անոր բեղուն կեանքին ողջ պատկերը:

Ան նաեւ շատ նկարած է, մեր՝ ամենաշատ նկարներ ձգած նկարիչներէն է, ապշեցուցիչ է, թէ ինչպէ՛ս ան կրցած է ժամանակ գտնել նաեւ այլ բնագաւառներու մէջ գործելու: Սուրէնեանցի նկարները պարզ նկարներ չեն, անոնք մեծ կտաւի պատմական, ազգային, հոգեւոր նիւթերով ստեղծագործութիւններ են, որոնք դասական արուեստի գլուխ-գործոցներու շարքին կը դասուին:

«Վարդգէս Սուրէնեանց. Կենսամատենագիտութիւն» գիրքի շնորհանդէսով Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ սկիզբ առաւ 21-րդ Ազգային գրադարանային շաբաթը։ Այս աւանդական ձեռնարկներուն շարքը Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ 2002 թուականէն ի վեր եւ նպատակ ունի անգամ մը եւս կարեւորութիւն տալ գիրքին եւ գրադարաններուն դերին ու նշանակութեան հասարակութեան զարգացման գործին մէջ:

Հայաստանի Ազգային գրադարանը, հայ եւ համաշխարհային գրողներու գործերէն զատ, իր վիթխարի շտեմարանին մէջ ունի նաեւ արուեստի միւս ճիւղերու հայ եւ համաշխարհային նուիրեալներու մասին բազմաթիւ նիւթեր: Ահաւասիկ, հոս կը պահուին նաեւ Վարգդէս Սուրէնեանցի գործերուն պատկերագիրքերը, անոր ցուցահանդէսներուն հրաւիրատոմսերէն, պաստառներէն բազմաթիւ օրինակներ, մամուլի մէջ անոր մասին գրուած յօդուածները, Վարդգէս Սուրէնեանցի ձեւաւորած գիրքերը եւ վերջապէս իր հեղինակած գիրքերը:

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն մէկ օրուայ համար գրադարան փոխադրուած էր նաեւ Սուրէնեանցի «Ծաղկակիրներ» հայ ժողովրդական հեքիաթներու ձեւաւորման շապկանկարը, որ ցուցադրուեցաւ միայն կենսամատենագիտութեան շնորհանդէսին օրը:

Ազգային գրադարանի թամանեանական փոքր ցուցասրահին մէջ բացուած էր Սուրէնեանցի առընչուող գրականութեան եւ անոր ալպոմային հրատարակութիւններու ցուցահանդէսը։

Վարդգէս Սուրէնեանցի կենսամատենագիտութիւնը նախատեսուած էր հրատարակել տարիներ առաջ, սակայն կարգ մը պատճառներով յետաձգուած է եւ, ահաւասիկ, Ազգային գրադարանի բազմամեայ ու փորձառու աշխատակցուհի Այտա Ադամեանի ջանքերով աւարտին հասցուած է՝ 1880-ականներէն մինչեւ 2020 ժամանակահատուածի նիւթերն ու հրատարակութիւնները միաւորող հատորը:

Կենսամատենագիտութեան մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած է նաեւ Վարդգէս Սուրէնեանցի անձնական արխիւը, որ կը պահուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին եւ Հայաստանի Ազգային պետական արխիւին մէջ: Կը տեղեկանանք, որ օրինակ, Ազգային արխիւին մէջ պահուող փաստաթուղթերուն մէջ է մեծ արուեստագէտին ծննդեան վկայականը՝ տրուած Վրաստանի եւ Իմէրէթի հայոց վիճակային կառոյցին կողմէ:

Վրաստանի Ախալցխա քաղաքը ծնած է Սուրէնեանց, 1860 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ուսումը շարունակած՝ Լազարեան ճեմարանէ ներս: Աւարտելէ ետք, հետեւած է Մոսկուայի մէջ մեծ հեղինակութիւն ունեցող գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժնի դասընթացքներուն:

Սուրէնեանց իր նկարչական ուսումը կատարելագործած է Միւնիխի Կայսերական ակադեմիայէն ներս: Ան տիրապետած է բազմաթիւ լեզուներու, ինչ որ առիթ տուած է արուեստագէտին՝ աւելի ուսումնասիրելու օտար մշակոյթներն ու արուեստները, ինչպէս նաեւ օտար գրականութենէ թարգմանելու գեղարուեստական գործեր: Իր ժամանակին ան Շէյքսփիրէն, Հայնէէն, Կէօթէէն, Օսքար Ուայլտէն թարգմանած է ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ մաս մը հրատարակուած է, մաս մըն ալ կը պահուի իր ձեռագրերուն մէջ:

Ժամանակակիցներու վկայութեամբ Սուրէնեանց պարսկերէնով Հաֆէզ ու Խայեամ կ՚արտասանէր, իտալերէնով զեկուցումներ կը կարդար, կը գրէր գերմաներէն գիրքերու նախաբաններ, հայերէնի զանազան բարբառներով կը զրուցէր տեղահան եղած գաղթականներուն հետ, ռուսերէնով կը կատակէր իր բարեկամ, ռուս նկարիչ Իլէա Ռեփինին հետ։ Միւնիխէն վերադառնալէ ետք Սուրէնեանց մասնակցած է դէպի Պարսկաստան կազմակերպուած գիտարշաւին։

Իր լեզուներու տիրապետած ըլլալուն մասին յատկանշական դրուագ մը կայ կենսամատենագիտութեան մէջ, առնուած Էջմիածինի «Արարատ» հանդէսէն (1890թ.): Երբ Իտալիոյ գահաժառանգ՝ Նէափոլի իշխան Վիքթոր Էմմանուել Արարատեան աշխարհ կը ժամանէ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ ողջունած է Մայր Աթոռի ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ, իտալախօս Վարդգէս Սուրէնեանցը: Ազգային արխիւի փաստաթուղթերուն մէջ է նաեւ Վարդգէս Սուրէնեանցին Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ նկարչութեան եւ արուեստի պատմութեան ուսուցիչ նշանակուելուն մասին որոշումը:

Կենսամատենագիտութիւնը լաւագոյն նկարագրութիւնն է այն իրողութեան, որ թէեւ Սուրէնեանց հիմնականօրէն ապրած եւ ստեղծագործած է օտար երկիրներու մէջ, բայց իր ամբողջ էութեամբ եւ հոգիին ամէն մէկ թելով կապուած եղած է հարազատ ժողովուրդին, եղած է անոր բախտակիցը, յոյզերուն ու խոհերուն թարգմանը։

Կենսամատենագիտութեան մէջ կը գտնենք նիւթեր այն մասին, թէ ինչպէ՛ս ան 1899 թուականին Թիֆլիզի «Մշակ» թերթին նամակ գրած է՝ Պաքուի մէջ հայկական ճարտարապետութեան ոճով եկեղեցի կառուցելու մասին: Դարձեալ Պաքուի մէջ, 1901 թուականին բացուած է Վարդգէս Սուրէնեանցի առաջին եւ կեանքի օրերուն միակ անհատական ցուցահանդէսը: Անոր բոլոր անհատական ցուցահանդէսները բացուած են յետմահու, իսկ կենդանութեան ընթացքին նկարիչը միայն խմբային ցուցահանդէսներու մասնակցած է:

Սուրէնեանցը կոչած են պոլսահայ դերասան, գրող, մտաւորական Պետրոս Ադամեանի սրտակից եւ հոգեկից ընկեր: Ան նամակագրութիւն ունեցած է Ադամեանին հետ, 1888 թուականին քանի մը անգամ մատիտանկարած է Ադամեանը, իր Շէյքսփիրի թարգմանութիւնները նամակով ղրկած է Կ. Պոլիս՝ անոր:

Սուրէնեանց հսկայական աշխատանք կատարած է հայ կերպարուեստի եւ ճարտարապետութեան նմոյշներու պահպանման ու տարածման գործին մէջ: Իր անզուգական գործերով դարձած է հայկական արուեստի մէջ պատմանկարչութեան հիմնադիրը: Բաւական է յիշել նկարիչին գործերէն խորագրեր եւ պարզ կը դառնան այն նիւթերը, որոնց անդրադարձած է. «Ոտնահարուած սրբութիւնը», «Շամիրամը Արա Գեղեցիկի դիակին մօտ», «Հռիփսիմէ», «Զապէլ թագուհիին վերադարձը գահին», «Ասպետ կինը», «Թափօրին ելքը Էջմիածնի Մայր Տաճարէն» եւ այլն:

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Ծանօթ է Խրիմեան Հայրիկի նկարը՝ ոտքերուն տակ նամակ մը. այս նկարը ուշագրաւ պատմութիւն մը ունի. Սուրէնեանց Հայոց Կաթողիկոսը պատկերած է այն պահուն, երբ ան ստացած է տխրահռչակ հրովարտակը՝ յունիս 12-ի օրէնքը (1903) Հայ Եկեղեցւոյ գոյքը բռնագրաւելուն մասին, որ կը նշանակէր հայ թեմական դպրոցներուն փակումը։ Նկարին մէջ Վեհափառին առջեւ ինկած է գոց պահարանի մը մէջ նամակը, որուն բովանդակութիւնը սակայն յայտնի էր անոր. այդ մասին յայտնած էր նամակաբերը՝ նոյն այդ օրէնքի նախաձեռնողներէն մէկը՝ Երեւանի նահանգապետ Նակաշիձէն։ Վերջինս շինծու ցաւակցութեամբ լի իր խօսքը կ՚աւարտէ այսպէս.

-Վեհափա՛ռ, ստիպուած եմ կատարելու օրէնքը, այլապէս ի՞նչ պատասխան պիտի տամ Աստուծոյ եւ իմ երեք զաւակներուս։

-Իսկ ե՛ս ի՞նչ պատասխան պէտք է տամ իմ երեք միլիոն զաւակներուս, պարո՛ն նահանգապետ, զայրացած հարցուցած է Կաթողիկոսը։

Նկարին մէջ ամբողջովին զայրոյթ ու կամք կ՚արտայայտէ Վեհափառին դէմքը, անոր ամուր սեղմուած բռունցքները կը խորհրդանշեն խորին համոզում մը, որ իր ժողովուրդին հանդէպ կատարուած ոչ մէկ չարագործութիւն անպատիժ կը մնայ։ Եւ իրաւ, այդ օրէնքը գործադրողները դաժանօրէն պատժուած են:

ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Վարդգէս Սուրէնեանցի կենսամատենագիտութիւնը ներկայացնող հատորի շնորհանդէսին ելոյթ ունեցան յառաջաբանի հեղինակ արուեստաբան Մարտին Միքայէլեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան կաճառի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստագիտութեան կաճառի տնօրէն Աննա Ասատրեան, Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Յակոբեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Կինոսեան, «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեան, արուեստաբան Լեւոն Չուքասըզեան, արուեստաբանութեան թեկնածու Սաթենիկ Վարդանեան, Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան եւ անշուշտ, այս գիրքի խմբագիր, արձակագիր, հրապարակախօս, Հայաստանի Ազգային գրադարանի նախկին տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան։ Կը ներկայացնենք Դաւիթ Սարգսեանի խօսքէն հատուած մը։

Այս գիրքը հայոց մշակոյթի արքայական պատմուճանը կրող, ցաւալիօրէն, ըստ արժանւոյն, համակողմանի եւ ամբողջական, մանրամասնօրէն տակաւին չուսումնասիրուած, չհանրահռչակուած եւ չգնահատուած հանճարին մասին է, որուն վրձինով արարուեցաւ եւ ձեւաւորուեցաւ մեր պատմանկարչութիւնը. ազնուական մեծութեան մը մասին է, որ բացառիկ էր իր տեսակով, իր բազմաժանր մշակոյթով եւ ստեղծագործութեամբ: Անվարան կերպով կարելի է պնդել, որ եթէ Սուրէնեանց ազգութեամբ իտալացի կամ հոլանտացի, ռուս կամ ֆրանսացի ըլլար, ապա միջազգային արուեստագիտական հանրոյթին կողմէ կը դասուէր համաշխարհային գեղանկարչութեան եւ մշակոյթի ամենաբարձր գագաթներու շարքին: Բայց նախ, մե՛նք խնդիր ունինք ճանչնալու եւ իմաստաւորելու անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ մշակութային գործունէութիւնը իր ամբողջութեան մէջ եւ գնահատելու զայն:

Այս գիրքը ճիշդ այդ ուղեցոյցն է, որ ուսումնասիրողը, արուեստի գիտակը կ՚առաջնորդէ դէպի Սուրէնեանցի ստեղծագործական բազմախորհուրդ աշխարհը, դէպի անոր մտահոգութիւններուն եւ մտայղացումներուն ծիրը, դէպի անոր կենսագրութեան մանրամասնութիւնները, յատկապէս, հասարակական-մշակութային գործունէութեան իրողութիւններու գանձարանը, ուր մուտք գործելու բանալին կը հրամցնէ ներկայ ամփոփ մատենագիտութիւնը՝ ցուցանելով Սուրէնեանց մարդու եւ մտաւորականի արխիւին, անոր մշակութային էութեան մանրամասներ եւ ամբողջական կերպարի բացայայտման մեծ ու փոքր թիրախներ:

Կարելի է ըսել, որ այս գիրքը Վարդգէս Սուրէնեանց մարդուն, նկարիչին եւ մտաւորականին, մշակութային գործիչին կեանքի եւ ստեղծագործութեան համահաւաք տեղեկատուական շտեմարանն է, ուր ժամանակագրական եւ ժանրային կարգով ամփոփուած մատենագիտական տուեալները կը յղեն դէպի Սուրէնեանցի հեղինակային եւ անոր վերաբերեալ սկզբնաղբիւրներ: Իսկ անոնք բազմազան են՝ ուսումնառութենէն մինչեւ կեանքին աւարտը եւ ատկէ ետք անոր մասին եղած հրապարակումները՝ յօդուածներ, տեսանիւթեր, յիշատակութիւններ, մասնակցութիւն զանազան ցուցահանդէսներու եւ այլն: Վերջինիս առումով, կ՚ուզէի շեշտել, որ զարմանալիօրէն անոր կենդանութեան ընթացքին կազմակերպուած է ընդամէնը մէկ անհատական ցուցահանդէս՝ Պաքուի մէջ, 1901 թուականին:

Նկարիչին ստեղծագործութեան դերին եւ նշանակութեան, անոր ստեղծագործական ժառանգութեան գնահատականը լաւագոյնս եւ ամենայն խորագիտութեամբ տուած է մեր ճանչցուած արուեստագէտ-արուեստաբան Մարտին Միքայէլեանը մատենագիտական ժողովածոյին յառաջաբանին մէջ: Ի դէպ, գիրքին մէջ բերուած են Սուրէնեանցի որոշ մտորումներն ու դիտարկումները մշակոյթի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ անոր ստեղծագործութեան գնահատականները՝ կարգ մը նշանաւոր մշակութային գործիչներու կողմէ՝ պատանի Սուրէնեանցի ջրաներկ աշխատանքին Յովհաննէս Այվազովսքիի գնահատականէն մինչեւ Վահան Յարութիւնեանի դիպուկ բնորոշումը, թէ Սուրէնեանց հայոց գեղանկարչութեան համար նոյնն է, ինչ որ է Թումանեան՝ գրականութեան եւ Կոմիտաս՝ երաժշտութեան համար:

Պարտաւոր եմ, ինչպէս կ՚ըսեն, դառնալ ու փառաբանել Մատենագիտութիւնը կազմող Այտա Ադամեանը, որ բարեխղճօրէն, ամենայն սիրով եւ պատասխանատուութեամբ կատարած է այս հսկայածաւալ եւ ժամանակատար աշխատանքը՝ ուսումնասիրելով զանազան աղբիւրներ՝ մամուլէն մինչեւ գրքային հաւաքածոներ, արխիւային նիւթերէն եւ պատկերասրահներու պահոցներէն մինչեւ ելեկտրոնային կայքեր: Բաւական լայնածաւալ է ոչ միայն աշխատանքին աշխարհագրութիւնը, մշակութային ոլորտներուն բազմազանութիւնը, այլեւ ժամանակագրութիւնը՝ 1880-ականներու սկիզբէն առ 2020 թուական: Եւ այդ թելադրուած է Սուրէնեանցի ստեղծագործութեան եւ հետաքրքրութիւններու շրջանակներուն բազմազանութեամբ:

Բաւական է նշել, որ անոր ստեղծագործական կեանքին մէջ հոգեւոր-եկեղեցական եւ իրապաշտական գեղանկարչութիւնը զուգորդուած է որմնանկարչութեամբ, գծանկարչական աշխատանքներով, բեմական նկարչութեամբ, մամուլի, ամսագրերու նկարազարդումներով, գիրքերու ձեւաւորմամբ, արուեստագիտական յօդուածներով, թարգմանութիւններով (ան կը տիրապետէր տասը լեզուի), ճանապարհորդական նօթերով, հասարակական-մշակութային գործունէութեամբ (յիշենք Քալանթարեանի, Ադոնցի եւ Տէր-Վարդանեանի հետ 1915 թուականին Փեթերսպուրկի Գեղեցիկ արուեստներու հայկական ընկերութիւն հիմնելու փաստը, յիշենք մեր նկարչութեան փաղանգին՝ Վարդգէս Սուրէնեանցի, Եղիշէ Թադէոսեանի, Մարտիրոս Սարեանի եւ Փանոս Թերլէմէզեանի՝ Թիֆլիզի մէջ Հայ արուեստագէտներու միութիւն հիմնադրելու նախաձեռնութիւնը 1916 թուականին) եւ այլն:

Սուրէնեանց մեր իրականութեան մէջ առաջին նկարիչն էր, որ ներմուծեց մատենանիշ-գրապիտակի մշակոյթը՝ հեղինակելով զայն ռուս գրող Պուլկակովի գրադարանին համար: Մատենագէտին ուշադրութենէն չեն շեղած նաեւ Սուրէնեանցին ժառանգութեան մաս կազմող, անոր եւ անոր մասին տարատեսակ փաստաթուղթերը, նամակները, ձեռագրերը, սեւագրերը, գծագրերը, բնագրերու եւ վերատպութիւններու, լուսանկարներու ցանկերը, ոչ գրքային զանազան հրատարակութիւնները (բացիկ, ազդագիր) եւ այլ նիւթեր, որոնք անջատ բաժիններով ընդգրկուած են մատենագիտական ցանկերուն մէջ: Միայն անոնց թուարկումը ինքնին կը խօսի կատարուած հսկայածաւալ աշխատանքին մասին:

«Վարդգէս Սուրէնեանց. Կենսամատենագիտութիւն» գիրքը աշխատանք մըն է, ուր մատենագիտական յղումներու վերծանումը կը բացայայտէ նաեւ ժամանակի մշակութային միջավայրի, մշակութային իրադարձութիւններու եւ հասարակական բազմաճիւղ իրողութիւններու էական մանրամասնութիւններ, որոնց մասնակից կամ ականատես եղած է Սուրէնեանց եւ որոնց արձագանգած է:

Ըստ իս, Վարդգէս Սուրէնեանց իր արուեստով լաւագոյնս իրականացուց այն ինչ որ Դանիէլ Վարուժանը որպէս առաջնահերթութիւն կարեւորութիւն կու տար գրականութեան համար՝ Ազգային հիմքի վրայ համամարդկային գաղափարներու արտայայտում: Ատոր վառ վկայութիւնն է Սուրէնեանցի բազմաժանր ստեղծագործական ժառանգութիւնը: Ատիկա կը փաստեն դասական այնպիսի արժէքներ, ինչպէս՝ «Աստուածամայրը մանկան հետ», «Շամիրամը Արա Գեղեցիկի դիակին մօտ», «Սալոմէ», «Ջարդէն ետք», «Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոսը» եւ բազմաթիւ այլ ստեղծագործութիւններ ու կտաւներ:

Վարդգէս Սուրէնեանց ծնաւ հայոց մշակութային մեծերուն կեդրոնը՝ Ախալցխա, 1860 թուականին, շրջեցաւ աշխարհով մէկ, ապրեցաւ օտար երկինքի տակ, պատկերացուց կեանքը իր ուրոյն հայեացքով եւ ոճով, երկնեց բազմաթիւ մտայղացումներ եւ իր բազմաթիւ ստեղծագործութիւններուն մէջ հարազատ մնաց ազգային նկարագրին, երկնեց հայկական թեմաներով գեղանկարչական եւ գծանկարչական աշխատանքներ, ինչպիսին է, օրինակ՝ Էջմիածինի մէջ հայ գաղթականներու պատկերաշարը: Ան պահպանեց եւ զարգացուց, կանոնակարգեց աւանդական եւ արդի գեղագիտական պատկերացումներն ու աշխարհընկալումը:

Սուրէնեանց իր մահկանացուն կնքած է 1921 թուականին, ընդամէնը 61 տարեկանին, Եալթայի հայկական եկեղեցւոյ պատերուն իր գոյներով եւ պատկերներով շունչ ու հոգի ներարկելու ժամանակ՝ անաւարտ թողլով իր գծանմոյշները ի կեանս կոչելու գործը: Այդ եկեղեցւոյ բակին մէջ կը հանգչի հայոց գեղանկարչութեան հանճարին մարմինը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022