ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՊՏՈՅՏ՝ ԴԷՊԻ ՊԱՐՏԻԶԱԿ

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ մեր կրթական մշակներուն աւանդական պտոյտը։ Այս տարի ծրագրուած էր յատկանշական պտոյտ մը, որ տարբեր էր սովորականներէն։ Ուսուցչաց միութեան վարչութիւնը որոշած էր մեր կրթական մշակները առաջնորդել պատմական յիշողութեան տեսակէտէ ուրոյն վայր մը՝ Պարտիզակ։ Այժմ Քոճաէլիի Պաշիսքելէ գաւառակի թաղամասերէն մին կը հանդիսանայ Պարտիզակը, ուր մեր կրթական մշակները այցելեցին յատուկ փոխադրամիջոցներով։ Թէ՛ հանգստեան կոչուած եւ թէ գործող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք «Սողուքսու» ճաշարանին մէջ հանգիստ առին եւ համախմբուեցան սարքուած սեղաններուն շուրջ։

Աւելի վերջ կատարուեցաւ շրջայց մը։ Այս ամբողջին մէջ ամենայատկանշական վայրն էր տեղւոյն երբեմնի Ամերիկեան քոլէճի եւ յարակից ժողովարանի համալիրը։ Ներկայիս անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուի այդ վայրը։ Հարկ է նշել, որ այդ համալիրի շարունակութիւնը կը համարուի Սկիւտարի մերօրեայ Ամերիկեան քոլէճը։

Վերադարձի ճանապարհին ալ կրթական մշակները հանգիստ առին ծովափին։

Պտոյտի ողջ տեւողութեան մասնակից կրթական մշակները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան կողմէ։  

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018