ՀԱՅՈՒՀԻ ՄԸ ԵՒ ԻՐ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ՃԱԲՈՆ

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ելեկտրոնային գիրքի մը շնորհանդէսը: Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը թուայնացուցած է Հեղինէ Մելիք-Հայկազեանի՝ 1905 թուականին Թիֆլիզի մէջ լոյս տեսած արժէքաւոր յուշագրութիւնը՝ «Պտոյտ մը Ճաբոնի մէջ» խորագրով եւ զայն կը ներկայացնէր հանրութեան:

Գրադարանի տնօրէն Մերուժան Կարապետեան ըսաւ, որ Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը թուայնացուցած է բազմաթիւ գիրքեր, բայց առաջին անգամն է, որ այդ գիրքերէն մէկուն շնորհանդէսը կը կատարուի: Մոռացութեան դարակներէն Հեղինէ Մելիք-Հայկազեանի անունը փրկելու եւ նոր լոյսի տակ ներկայացնելու անհրաժեշտութիւն կայ. արցախցի հեղինակ մը, որ անցեալ դարասկիզբին, հայ օրիորդներու համար բաւական համարձակ քայլ մը կատարած է՝ զբօսաշրջային խումբի մը հետ ուղեւորուած է Ճաբոն, մանրամասնօրէն շրջած է երկիրը եւ իր տպաւորութիւնները գիրքի վերածած: Յատկանշական ժամանակաշրջան մըն էր՝ 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը, երբ Ճաբոնը մէկ կողմէն արդիականացում կ՚ապրէր, եւրոպական շունչ կ՚առնէր, միւս կողէն ազգայինն ու աւանդականը պահելու ճիգեր կը գործադրէր:

Հեղինէ Մելիք-Հայկազեան իր ճամբորդութիւնը կատարած է 1904-1905 թուականներու ռուս-ճաբոնական պատերազմէն առաջ:

Այսօր աշխարհի բոլոր ճանապարհները դիւրին կը թուին, բայց դժուար է երեւակայել ճանապարհը, որ Կովկաս բնակող երիտասարդ աղջիկը՝ շոգենաւով, հասած է Ճաբոն եւ հոն հանդիպած ամէն ինչ գրի առած է:

Հեղինէ Մելիք-Հայկազեան ծնած է 1874 թուականին՝ Շուշի եւ կը սերի Մելիք-Հայկազեաններու նշանաւոր տոհմէն: Հայրը զինուորական-թարգմանիչ էր, դուստրն ալ հօր պէս տիրապետած է լեզուներու եւ բազմաթիւ երկիրներ ճամբորդած:

Ալեքսանտր Մելիք-Հայկազեանն էր անոր հայրը, որ նաեւ Րաֆֆիի «Փունջերը» հատորին տպագրութեան հովանաւորն էր:

Հեղինէ Մելիք-Հայկազեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Շուշի, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Անգլիա եւ Ֆրանսա: Ապրած է Թիֆլիզ, անդամակցած է Յովհաննէս Թումանեանի Վերնատուն գրական խմբակին: Պահպանուած են իր եւ Թումանեանի նամակներէն, լուսանկարներէն: Ամուսնացած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան գործիչներէն Տիգրան Պէկզատեանին հետ, ունեցած են մէկ դուստր՝ Վարիան, զոր «Վարուշ» կոչած են: Որքան հետաքրքրական եղած է Հեղինէ Մելիք-Հայկազեանին կեանքը, նոյնքան հարուստ եւ հետաքրքրական պատմութիւն ունեցած է անոր դուստրը՝ Վարիան, որուն Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանի տնօրէն Մերուժան Կարապետեան հանդիպած է 1992 թուականին՝ Ֆրանսա: Վարիան, այդ ժամանակ, իննսունն անց կին մըն էր եւ ամուսինին մահէն ետք առանձին կը բնակէր, Կեդրոնական Ֆրանսայի անտառամերձ բնակավայրերէն մէկուն մէջ, իր սիրելի կենդանիներուն՝ շուներուն, կատուներուն, սագերուն եւ բադերուն հետ:

Մերուժան Կարապետեան կը յիշէ, որ այդ տարիքին ջութակ կը նուագէր, կը յիշէր կեանքի բոլոր մանրամասնութիւնները: Վարիա Պէկզատեան-Խաչատրեան անունով այդ կինը նշանաւոր բժշկուհի եղած է Ֆրանսայի մէջ. ամբողջ Ֆրանսայի մէջ ան ծանօթ էր իբրեւ մանկական անդամալուծութիւն յառաջացնող սուր համաճարակային հիւանդութեան (փոլիոմիէլիթ) բուժման ջատագով: Յառաջացած տարիքին ձգած է Փարիզը եւ իր ճարտարապետ ամուսինին հետ մեկնած՝ գիւղ բնակելու: Հայկական ոճով տուն մը շինած են, ծառեր տնկած եւ կը բնակէին հայութենէ եւ աշխարհէ կտրուած: Բայց այդ տունը, ինչպէս կ՚ըսէ Մերուժան Կարապետեան, ունեցած է շատ այցելուներ, որոնց կարգին՝ Ֆրանսայի նախագահներ։ Անոնց համար պատիւ եղած է այցելել բժշկուհիի մը, որ իր կեանքին ընթացքին մեծ դեր ունեցած է ծանր հետեւանքներ ձգող հիւանդութեան բուժման արշաւը Ֆրանսայի մէջ առաջ տանելու գործին մէջ: Վարիա երազած է Շուշի երթալ եւ իր մօր ծննդավայրը տեսնել, այդ օրերուն, երբ ան իր փափաքին մասին կը յայտնէ Մերուժան Կարապետեանին, Շուշին տակաւին ազատագրուած չէր, օրեր մնացած էր ազատագրուելուն, իսկ ազատագրուելէն ետք բժիշկը արգիլած էր զայն օդանաւ ելլել, եւ Հեղինէ Մելիք-Հայկազեանի դուստրը, այդ արգելքէն ետք, Շուշին տեսնելու փափաքը հոգւոյն մէջ, մահացած է: Անոր ամուսինը, մայրը եւ հայրը՝ Հեղինէ Մելիք-Հայկազեան եւ Տիգրան Պէկզատեան նոյնպէս յուղարկաւորուած են Ֆրանսա: Հեղինէ Մելիք-Հայկազեան մահացած է 1968 թուականին՝ Փարիզ:

*

«Պտոյտ մը Ճաբոնի մէջ» գիրքէն յայտնի կը դառնայ, որ նախքան Ճաբոն ուղեւորուիլը, Հեղինէ Մելիք-Հայկազեան, նախ ուսումնասիրած է Ճաբոնը, գիրքեր կարդացած այդ երկրին մասին, ապա ձեռնարկած է իր պտոյտին, ուստի կրցած է խորապէս ըմբռնել երկիրը, անոր ժողովուրդը, սովորութիւնները...

Իր մեծ ակնածանքը, սէրը, յարգանքը ներդրած է գիրքին մէջ: Մասնագէտներ կը նկատեն, որ անոր գիրքը հայու մը գրած առաջին գիրքն է Ճաբոնի մասին: Ան կը նկարագրէ թէ՛ բարձր մշակոյթը, թէ՛ պարզ մարդոց կեանքը, փողոցներուն մէջ տեղի ունեցող անցուդարձը, խանութները, այգիները, տուները, կիները, տղամարդիկը, երեխաները…

Ան զարմանքով կը յայտնաբերէ, որ այդ ժամանակ՝ անցեալ դարուն սկիզբը, Ճաբոնի մէջ գիտէին հայերուն մասին: Գիրքին մէջ զետեղուած է նաեւ 25 լուսանկար, որ պատկերացում կու տայ անոր անցած վայրերուն մասին:

Հայագէտ Արծուի Բախչինեան այս ելեկտրոնային գիրքի շնորհանդէսին ընթացքին ըսաւ, որ ինք, տարիներ շարունակ զբաղած է հայ-ճաբոնական պատմամշակութային առընչութիւններու ուսումնասիրութեամբ եւ օրինաչափօրէն նկատած է, որ այդ խորհրդաւոր երկրին եւ մեր երկրին առընչութիւններուն ակունքներուն մէջ կիներ կանգնած են: Յիշեց Տիանա Աբգարը՝ 1919-1920 թուականներուն Հայաստանի Ա. հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչը Ճաբոնի մէջ, որ նաեւ աշխարհի առաջին կին դիւանագէտն էր, առաջին կին դեսպանը աշխարհի մէջ: Այսօր ալ կան հայուհի ճաբոնագէտներ, որոնք իրենց գործով կը նպաստեն հայ-ճաբոնական կապերուն եւ կ՚ըսուի, թէ ճաբոնցիներուն համար հայերը ցանկալի հարսնցուներ են, կան յաջող ամուսնութեան օրինակներ:

Հեղինէ Մելիք-Հայկազեան իր ճամբորդութեան կը սկսի նկարագրելով շոգենաւով պտոյտը դէպի Նակազաքի: Ճաբոնի հրաշալի ծովեզերեայ այս քաղաքը ան տեսած է մինչեւ Երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ ամերիկեան կորիզային ռմբակոծութիւնը, որուն հետեւանքով հարիւր հազարաւոր մարդիկ զոհուեցան Նակազաքիի եւ Հիրոշիմայի մէջ, աննախադէպ աւերներ տեղի ունեցան: Հեղինէ Մելիք-Հայկազեանի տեսած Նակազաքին խաղաղ ու հրաշալի վայր մըն էր այդ ժամանակ, նոյնքան խաղաղ իր բնակիչներով:

Գիրքին մէջ ան լուսանկարներ զետեղած է քաղաքէն. օրինակ, մարդ մը ձիու տեղ կառքին սանձը լծած, առաջ կը քշէ կառքը, եւ հեղինակը կ՚ըսէ, որ Ճաբոնի մէջ ձիերու սակաւութեան պատճառով կարգ մը մարդիկ ձիու դերը կը կատարեն: Ան կը նկարագրէ Նակազաքիի եւրոպական թաղերը, որ անցեալ դարասկիզբին տակաւին նեղ էին, մանր քարերով լեցուն, բայց քաղաքին մէջ ամէն ինչ կը փայլէր մաքրութենէն: Գրողը կը նկարագրէ երիտասարդ ճաբոնուհները, թէ ինչպէս մանր քայլերով, զգոյշ կը քալեն փողոցը՝ իրենց բարձր փայտեայ կօշիկները շարունակ թխկթըխ-կացնելով: Անոնց եւ այր մարդոց հագած հագուստը, այդ տարիներուն, միայն ազգային էր՝ քիմոնոն, որ մէջքին վրայ ունէր հաստ գօտի: Ան փողոցին մէջ տեսած եւ մանրամասնօրէն նկարագրած է մանրավաճառները, մետաքսեայ կտոր վաճառող խանութները, մոմ շինող արհեստաւորները, կտորներու վրայ ասեղնագործող պատանիները: Փողոցին մէջ նկատած է բազում ժամագործներ եւ հաստատած, որ ժամացոյցը արեւելքի մէջ շատ յարգի է:

Նկարագրելով ճաբոնական բարքերը՝ Հեղինէ Մելիք-Հայկազեան շատ տարօրինակ սովորոյթներ կը նկատէ անցեալ դարասկիզբի ճաբոնական կենցաղին մէջ, որ այդ տարիներուն շատ խորթ թուացած են իրենց, որպէս արեւմուտքէն գացած զբօսաշրջիկներ: Հագուստները հագնիլ ու շտկել հակասեռ հիւրերուն առջեւ, կը նկատուէր շատ պատշաճ եւ պատեհ բան մը, մինչդեռ կօշիկով սենեակ մտնելը անկրթութեան բացարձակ նշան էր: Ան կը նկատէր, որ ճաբոնցիներուն համար անպատշաճ չէր, եթէ հիւրերէն մէկը ճաշի ժամանակ վերցնէ ուտելիքէն մաս մը ու դնէ իր մեծ գրպանը, որ կը գտնուի լայն թեւին վարի մասը։ Ճաբոնցիին հայեացքով ուտելիքէն վերցնելն ու տանիլը պատիւ էր տանտիկնոջ համար, քանի որ այդ մէկը շատ պարզ ու շօշափելի ապացոյց է, թէ հիւրը գոհ մնացած է անոր սեղանէն։

Կ՚ըսէ, թէ բացի այդ, տուն տանելու համար ալ տանտիկինը ճաշէն ետք հիւրերուն կու տայ բարակ տաշեղներով շինուած մէկական փոքրիկ արկղիկ՝ եփած բրինձով լի: Բան մը, որ չէր կրնար վրիպիլ գրողին հայեացքէն, այն էր, որ ճաբոնցիք իրարու հանդէպ չափազանց քաղաքավար են ու սիրալիր։

Անցեալ դարասկիզբի գրողը կ՚եզրակացնէ, թէ կասկած չկայ, որ աշխարհի ամենաքաղաքավար ժողովուրդն է, եւ այդ զգացումը մօր կաթին հետ կը փոխանցուի: Նկատած է, որ շատ մատաղ հասակէն մանուկները կը դաստիարակեն, թէ ինչպէս պէտք է յարգեն ծնողքը, մեծերը եւ իրենց շրջապատողները։

Այդ քաղաքավարութիւնը ան տեսած է այդ տարիներու ճաբոնական հասարակութեան բոլոր խաւերուն մէջ անխտիր։ «Ամենահասարակ կօշկակարը, նոյնիսկ մուրացիկ կինը, իր խօսքով ու ձեւերով ինքզինք ճիշդ այնպէս կը պահէ, ինչպէս մեր մէկ ազնուական տիկինը հանդիսաւոր երեկոյթի մը ժամանակ:

«Մասնաւորապէս քաղաքավար են մեծերուն նկատմամբ։ Ծերութիւնն ու հնութիւնը շատ յարգուած է Ճաբոնի մէջ», կը գրէ հայ գրողը:

Գալով ընտանեկան կեանքին, կը պատմէ, որ Ճաբոնի մէջ ընտանեկան կեանքը կը հոսի իր պարզ ու որոշ հոսանքովը։ Ընտանիքի անդամներուն փոխադարձ յարաբերութիւնը մեղմ է ու ընկերային, թէեւ շատ զգալի է հօր իշխանութիւնը։ Ճաբոնցի հայրն է, որ կը հսկէ բոլորին վարքին ու խստութեամբ կը հետեւի, որ բոլորը իրարու հանդէպ բարի, սիրալիր ու հոգածու ըլլան: Այսինքն, ճաբոնական հասարակութեան մէջ եթէ մէկը անկիրթ է կամ վատ քաղաքացի, հանրային կարծիքը անոր հայրը կը դատապարտէ, բան մը, որ այսօր գրեթէ չէ փոխուած:

Գիրքին հեղինակը կը նկատէ, որ ճաբոնցի այրը կատարեալ իրաւունք ունի տղայ զաւակը տունէն դուրս վռնտելու ու զրկելու զայն բոլոր իրաւունքներէն, եթէ տեսնէ, որ իր խրատները ի զուր կ՚անցնին։ Անոր տեղը հայրը որդեգիր մը կը կ՚առնէ: Հեղինակը կը տեղեկացնէ, թէ որդեգրութիւնը շատ սովորական երեւոյթ է Ճաբոնի մէջ։

Ինչ կը վերաբերի կիներուն, ապա կիներուն դաստիարակութեան մէջ գլխաւոր տեղը տրուած է անոնց բնաւորութեան կրթութեան։ Հեղինէ Մելիք-Հայկազեան կը գրէ, որ հոն կինը պէտք է միշտ ուրախ, հաճելի, հանգիստ եւ հանդարտ տրամադրութեան մէջ ըլլայ, պէտք է լաւ գիտնայ իր պարտքն ու բարոյական պարտաւորութիւնները շրջապատողներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ առօրեայ կեանքի անհրաժեշտ ձեւականութիւնները։ «Իբրեւ մայր, ճաբոնուհին շատ քնքոյշ է, եւ մեծ հռչակ ստացած է նաեւ իբրեւ դայեակ: Ան լաւ կը հասկնայ երեխային սիրտը եւ անոր ներքին աշխարհը, գիտէ անոր հետ հանգիստ վարուիլ։ Ճաբոնի մէջ երեխայի լաց չի լսուիր, երեխան ինքզինք հիանալի կը պահէ՝ ի զուր չէ, որ Ճաբոնը երեխաներու դրախտ կը կոչեն», կը գրէ:

ԿԷՅՇԱՆԵՐԸ

Հեղինէ Մելիք-Փափազեան 1905 թուականին լոյս տեսած իր գիրքին մէջ կը նկարագրէ ծագող երկրի՝ Ճաբոնի խորհրդանիշ նկատուող կէյշաները: Մինչեւ այսօր այն թիւր կարծիքը կայ, թէ կէյշաները մարմնավաճառներ են, մինչդեռ կէյշաները իրականութեան մէջ բոլորովին տարբեր առաքելութիւն ունին՝ անոնց միակ առաքելութիւնն ու նպատակը սեփական ինքնասիրութիւնը պահելով՝ տղամարդոց հաճոյք պատճառելն է՝ ճաբոնական արուեստը քարոզելով: Այդ առաքելութիւնը հեղինակը կրցած է շատ լաւ ուսումնասիրել, նկարագրել եւ կ՚ըսէ, թէ կէյշաները երգչուհիներ են եւ խնջոյքներու ու տօներու զարդն են իրենց սրախօսութեամբ ու նուրբ ձեւերով։

Իրենց կրթութիւնը կը ստանան թէյատուներու մէջ, ուր կը սորվին պար, երգ, նուագ, գրականութիւն՝ գեղարուեստական դպրոց մը անցնելով:

«Ես առիթ ունեցայ անոնց այցելելու քանի մը ծանօթներու հետ։ Մեզի շատ սիրալիր ընդունեցին եւ վեր հրաւիրեցին։ Գուլպաներով բարձրացանք սանդուխներէն, որ մարդը կ՚ապշեցնեն իրենց մաքրութեամբ, եւ բարեւներով սենեակ մտանք։ Իսկոյն կաշիէ բարձեր բերին, որ եւրոպացիներուս համար չոքած նստիլը աւելի յարմար ըլլայ:

«Կէյշաները բոլորն ալ հագած էին գեղեցիկ. հագուստին կտորը գոյնզգոյն էր, որուն վրայ բանուած էր քմահաճ փէյզաժներ, սարեր ու ձորեր, տուն ու կամուրջ։ Անոնք չէին գիտեր եւրոպական լեզուներ, եւ այդ թերութիւնը կը ջանային լրացնել առատ ժպիտներով…», կը գրէ:

Գիրքին հեղինակը Ճաբոնի մէջ անցուցած օրերուն եղած է նաեւ Թոքիօ, ինչպէս նաեւ որոշած է քանի մը օրով Ունզէն երթալ, որ յայտնի է իր գեղանկար դիրքով եւ ծծմբային ջերմուկներով։

Այս քաղաքին հռչակը այն տարիներուն հասած էր մինչեւ Եւրոպա, Ռուսաստան, յօդացաւէն տառապող հիւանդներ հոն կ՚երթային բժշկուելու, կամ պարզապէս շնչելու լեռնային կազդուրիչ օդը։

Հրաշալի կերպով կը նկարագրէ իր այցը սրբազան Քիոթօ՝ Ճաբոնի հին սրբավայրերէն մէկը ու Միքատոյի նախկին մայրաքաղաքը։

Եւ իր ճամբորդութիւնը կ՚աւարտէ նկարագրելով կրկին շոգենաւով իր տուն վերադարձը եւ տխրութիւնը, որ ետին ձգեց աննկարագրելի խորհրդաւոր երկիր մը՝ Ճաբոնը, ուր ինքը զգացած է ինչպէս իր տունին մէջ, եւ իր բազում ճամբորդութիւններէն Ճաբոնը կ՚առանձնացնէ այդ հոգեհարազատութեամբ:

Հեղինէ Մելիք-Հայկազեանի գիրքին շնորհանդէսին ներկաները փաստեցին, որ անոր գիրքը՝ Ճաբոնի մասին, արժէքաւոր է ոչ միայն մեզի՝ հայերէն կարդացողներուս համար, այլ նախ ճաբոնցիներուն համար, որոնք հայ գրողին հրաշալի նկարագրութեան հիման վրայ կրնան պատկերացում մը կազմել անցեալ դարասկիզբի Ճաբոնին մասին: Բոլորը այն կարծիքը ունէին, որ գիրքը անպայման պէտք է թարգմանուի ճաբոներէնի:

 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019