ՁԿՆՈՐՍՆԵՐՈՒ ԹԱՂԸ, ԱՃԷՄՏԱՂԻ ՈՐ ԻՍԿԱՊԷՍ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ “ԱԼԷՄ” ՄԸՆ Է

“Այո պարոն, աշխարհի մէջ պարկեշտ մարդու մը տասը հազարէն մէկ միայն կարելի է պատահիլ”: Այսպէս խօսեցաւ Համլէթ Բոլոնիոսի: Բայց եթէ Շէյքսբիր Գումգաբու ապրած ըլլար չպիտի գրէր այս խօսքը:

Արդարեւ՝ Գումգաբուի շոգեկառքի կայանին ծովեզրի կողմը կայ համեստ թաղ մը, զոր կը կոչեն Աճէմտաղի եւ ուր ապրած են ու կ՚ապրին ազնիւ եւ վեհոգի հայ ձկնորսներ:

Այս մոռացուած անկիւնին մէջ շրջեցանք երկու օր շարունակ: Լսեցինք ու դիտեցինք բոլոր անցուդարձերը, մարդոց ապրելակերպը, հոգերը, կարիքներն ու բաղձանքները զորս կարգաւ պիտի ներկայացնենք:

* * *

Գումգաբուի հրապարակէն դէպի ծով կ՚երկարի ճամբայ մը, որ կը տանի մեզ Յակոբին ծովեզերեայ կազինօն: Ես Գումգաբուցի եմ. այս առթիւ շատ անգամ շրջած եմ այս վայրերուն մէջ: Բայց այսօր պարտականութեամբ մը բեռնաւորուած կ՚ուղղուիմ դէպի ծովափ: Շոգեկառքի կամրջակին տակէն անցնելէ յետոյ կազինոյին քովէն աջ կը դառնամ, անգամ մը եւս երթալու համար Աճէմտաղի, որ իսկապէս ալէմ մըն է եւ կը թուի քիչ մը աւելի խորհրդաւոր ըլլալ չինական գիւղէ մը:

Մեր աջին ու ձախին, ճամբուն (բացի տեղէ մը որ մեր աջակողմն է) շարուած, աւելի ճիշդ իրարու յենած են երկյարկանի ու եռյարկանի տուներ: Վերը յիշեցի միջանկեալ վայր մը. այստեղ 25-30 մէթր երկարութեամբ ու 7-8 մէթր լայնքով գետին մըն է: Դէմ դիմաց երկու կողմերը կը վերջանան երկու տուներով եւ միւս կողմերն ալ մայթին սահմանովն ու երկաթուղիին որմով: Այս պատին առջեւ կարգաւ հնոցներու վրայ զետեղուած են երեք մեծ կաթսաներ: Ասոնց մէջ կը ներկուին ուռկանները: Մանկութեանս շրջանին շատ անգամ ներկայ եղած եմ այս արարողութեան, որ իսկապէս մեծ ազդեցութիւն կը գործէ օտարի մը վրայ: Կաթսաներու մօտ կը բերուին եւ կոյտ առ կոյտ կը դիզուին նորահիւս ուռկանները, որոնք հիւսուած են կիներու համբերատար ճգնումով: Կիները ամէնքն ալ ամառները տուներուն առջեւ իրենց ոտքերը երկարած կը նստին, կը խօսին ու կը հիւսեն միեւնոյն ատեն: Ձմեռը ամէն ոք ներս կը քաշուի:

Կըրկըրները (աղի մը ամբողջութիւնը) կաթսաներուն մօտ բերուած են ներկուելու պատրաստ: Ներդաշնակ աշխատանքի բաժանումով մը երկարօրէն կ՚եփուին հոն: Բայց րէիսը երբէք չի ներեր ոեւէ սխալ: Ապացոյց կ՚ուզէ՞ք. ան հազար լուտանք եւ հայհոյութիւն կը ժայթքէ, եթէ նոյնիսկ ակնթարթ մը յապաղի տրուած հրամանին գործադրութիւնը:

Կը շարունակենք մեր ճամբան եւ կը հասնինք ալեբեկ, որ 1936-37 թուականին կառուցուեցաւ Աթաթիւրքի հրամանով: Ծովը կատղած է ու ալիքները կուգան փշրուիլ խարակներուն վրայ: Ալեբեկը ծոցի մը վերածած է աւելի քան երկու հարիւր մէթր երկարութեամբ եզերք մը: Քանի մը ձկնորս պաղարեամբ կը դիտեն ծովը, երկինքը եւ յետոյ իրարու կը դառնան ու կ՚ըսեն.

-Այս գիշեր շատ գէշ է, ֆռթնա կայ:

-Ամէն պարագայի եթէ ձկնորսները ելլեն մենք ալ պիտի ելլենք, կ՚ըսեմ Արային:

Դանդաղ քայլերով կը դառնանք կազինօ, ուր պատին վրայ կը նշմարեմ Գարակէօզեան Որբանոցին օրացոյցը: Կը նստինք ու կը սպասենք մեր հերոսներուն, որպէսզի շուտով սկսինք մեր գործին:

Այս միջոցին հեռուն, ծովուն վրայ, նշմարեցինք իրարու միացած երկու նաւեր, որոնց մէջ կը նշմարուէին ջահերով մարդիկ: Իսկոյն մեր նաւակը ցատկելով փութացինք անոնց մօտ:

Տասը վայրկեան վերջ արդէն Արայ Կիւլէր շատ մօտէն սկսած էր նկարել Հիւսէյին րէիսին նաւազները, որոնք որսէն վերադարձին ուռկանները կը լուային ծովուն ջուրով:

Արայ Կիւլէր Գումգաբուն նոր կը ճանչնայ եւ խանդավառութեամբ կը յորդի:

Վաղը կարդացէք Արայ Կիւլէրի առաջին տպաւորութիւնները:

ՎԱՐԴԱՆ ՕԶԻՆԵԱՆ

   

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2024