ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԲՈՅՐԸ
Երեւանի «Առաջին Մաս» կոչուող թաղամասին մէկ անկիւնը, հին կառոյցներով շրջապատուած անմարդաբնակ վայրի մը մէջ, հետաքրքրական աշխատանոց մը կայ: Այդ արհեստանոցը վարձած է սուրիահայ Շանթ Խայալեան, որ քաղաքի աղմուկէն քիչ մը հեռու, անվրդով կը կատարէ իր աշխատանքը:
Երբ արհեստանոցէն ներս կը մտնենք, դամասկեան վարդին բոյրը կը կլանէ մեզ: Մայիս-Յունիս ամիսները դամասկեան վարդին ամենէն ծաղկուն շրջանն է: Երեւանի եւ այլ քաղաքներու, գիւղերու բակերուն մէջ կարելի է տեսնել բաց գոյնով վարդերու հսկայական թուփեր, առատ ծաղիկներ, որոնց հոտը կ՚ազդարարէ, որ հայ տիկինները սկսած են ամբարել վարդի թերթիկները՝ անուշ եփելու եւ ձմրան թէյին անուշ համ մը պարգեւող վարդի չոր թերթիկներ պատրաստելու համար:
Շանթ Խայալեան վարդը կը գործածէ օճառ, վարդի իւղ եւ դիմայարդարման ու մազերու խնամքի միջոցներ պատրաստելու համար:
Հայաստանեան շուկային մէջ, այսօր քանի մը տեսակ օրկանական օճառներ կան, բայց ամենէն առաջինը եւ թերեւս նշանաւորը՝ Շանթին տնային միջոցներով պատրաստած օճառներն են, որոնք նաեւ Հայաստանէն դուրս կ՚արտահանուին: Բացի վարդէն, Շանթ Խայալեան օճառ եւ զարդադեղեր պատրաստելու համար կը գործածէ նաեւ Հայաստանի չնաշխարհիկ բնութեան մէջ աճող միրգերը, բոյսերը, նոյնիսկ պտուղներու կորիզներուն իւղերը: Ինք անձամբ Հայաստանի լեռներէն կը հաւաքէ ուրց, դաղձ, լեռնային խոտեր, կ՚ուսումնասիրէ, թէ ի՞նչ դեղաբոյսեր կ՚աճին մեր դաշտերուն եւ լեռներուն մէջ եւ կ՚ուզէ լաւագոյն կերպով գործածել զանոնք՝ քամելով անոնց օգտակար հիւթը:
Վերջերս Շանթ Խայալեան մասնակցած էր սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէսին, ուր անոր պատրաստած օճառներն ու հեղուկները արագօրէն սպառեցան՝ անխառն ու մաքուր ըլլալուն պատճառով: Անոր հետ մեր ծանօթութիւնն ալ առիթ դարձաւ, որ աւելի մօտէն, իր աշխատանոցին մէջ, ծանօթանանք սուրիահայ գործարարներու աշխատանքին ու մտահոգութիւններուն:
Գործատեղիին մէջ տեղադրուած ձեռակերտ օճառ պատրաստելու փոքրիկ հաստոցիկները նոյնպէս սուրիահայ վարպետին ձեռքի գործերն են: Շանթ Խայալեան կ՚ըսէ, որ կարեւոր է պահպանել այն միջոցը, ինչպէս մեր նախնիները հարիւր տարի առաջ օճառ պատրաստած են եւ նոյն հաստոցներով կտրտած են զայն: Այդ մէկը կ՚աւելցնէ օճառի բնականութիւնը: Այսօր աշխարհը կը վերադառնայ բնական, առանց յաւելումներու սնունդի, մաքրող եւ լուացող միջոցներու: Այդ նկատառումներէն մեկնելով ալ, Սուրիոյ պատերազմին պատճառաւ նախ Յորդանան, ապա՝ Հայաստան տեղափոխուելով եւ որոշ ժամանակ մշտական աշխատանք չգտնելով, Շանթ Խայալեան որոշած է վերյիշել Հալէպի հնագոյն արհեստներէն մին, որով Հալէպը յայտնի է նաեւ աշխարհով մէկ: Այդ մէկը օճառագործութիւնն է:
Շանթի ձեռամբ պատրաստուած օճառները Յորդանանի մէջ մասնակցած են ցուցահանդէսներու եւ հասած է Յորդանանի թագուհիին, որ շատ գնահատած է հայ վարպետին ձեռքի աշխատանքին որակը եւ Շանթին շնորհած է Յորդանանի թագաւորական ընտանիքին արտօնագիրը: Շանթ կ՚ըսէ, որ Յորդանան մնալու պարագային, այդ արտօնագիրը շատ դիւրութիւններ կրնար ընծայել իրեն, բայց ան վերադարձած է Հայաստան, ուր հաստատուած էր ընտանիքը եւ ուր կ՚ուզէ շարունակել իր գործունէութիւնը: Ան կը յայտնէ, որ Հայաստան տեղափոխուելու որոշումը միշտ ալ ունեցած է, բայց պատերազմը ձեւով մը արագացուցած է այդ որոշման ի գործ դրուիլը, եւ այսօր Շանթը՝ կնոջ եւ երախաներուն հետ Հայաստան հաստատուած է: Անոր արտադրանքը Beauty production անուան ներքոյ արդէն տարածուած է շատ դեղատուներու եւ խանութներու մէջ։
-Շանթ, ինչպէ՞ս ծանօթացաք հայաստանեան շուկային մէջ:
-Ես իմ աշխատանքին սկսած եմ միայն քսան օճառով, սկիզբը շուկայ մտած եմ միայն այդքանով: Երբ տեսայ, որ մարդիկ հետաքրքրուած են բուսական, տնական օճառներով, ծրագիր մը ներկայացուցի, դիմեցի Հայաստանի Փոքր ու միջին գործարարութեան աջակցման կեդրոն, ուր հաստատեցին եւ վարկաւորեցին ծրագիրս, ցած տոկոսադրոյքով եւ երկար ժամանակով գումար տուին եւ սկսայ աշխատիլ: Այդպէս սկսայ ծաւալները աւելի մեծցնել եւ այսօր յաճախորդներ ունիմ նաեւ Հայաստանէն դուրս, օրինակ՝ Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն, նոյնիսկ՝ Հոնկ Քոնկէն պատուիրած են, եւ ես ղրկած եմ իրենց ուզած բոյրերով եւ յատուկ նշանակութիւն ռւ գործածութիւն ունեցող օճառները: Իսկ շուկայ մտնելու եւ ճանչցուելու համար, կը կարծեմ, որ պէտք է նորութիւն մուծես շուկայէն ներս, չընես նոյն բանը, որ արդէն գոյութիւն ունի եւ բաւական յառաջացած է շուկային մէջ: Հայաստանը այդ կարգի պզտիկ, ինքնատիպ գործերու երկիր մըն է, եւ եթէ ինքնատիպ ու նոր գաղափար ունենաս՝ կը յաջողիս: Կայ խաւ մը, որ նորութիւնը կը գնահատէ, կը փնտռէ եւ կը գտնէ զայն, իրեն համար ինչ որ նորութիւն է, օգտակար է: Այս խաւի հիմնական ներկայացուցիչները մտաւորականներն ու երիտասարդներն են:
-Բոլոր սուրիահայերը չէ, որ գործ մը ընելով յաջողեցան Հայաստանի մէջ: Ի՞նչն էր ատոր պատճառը:
-Պատճառը ճիշդ այդ էր, որ պէտք չէր ձեռնարկել այնպիսի գործի մը, որ նախապէս կար արդէն, եւ սուրիահայը, իր պզտիկ միջոցներով բնականաբար չէր կրնար հասնիլ այդ գործի յաջողութեան: Պէտք էր լաւ ու մանրակրկիտ ուսումնասիրուէր շուկան: Հալէպի մէջ, օրինակ այդպէս էր, ինչ գործի ալ ձեռնարկէինք, յաջող կ՚ըլլար, երկիրը մեծ էր, բնակչութեան թիւը՝ մեծ, հարկային օրէնքները այլ էին: Հալէպի մէջ միայն վեց միլիոն մարդ կ՚ապրէր, ամէն կարգավիճակի սպառող ալ կար: Հոն, մինչեւ տեղ մը չհասնէիր, հարկային դաշտէն հեռու կը մնայիր, աշխատանքդ մեծնալէն յետոյ հարկեր կը վճարէիր: Հայաստանի մէջ, բնականաբար այդպէս չէ: Շատ սուրիահայեր եկան դրամով, ըսին՝ ի՞նչ ալ ընենք, կը յաջողինք, բայց այդ կերպով մտածելը ճիշդ չէր: Ես ալ, սկզբնական շրջանին ուրիշ գործեր ըրած եմ, թաքսի վարած եմ, այլ աշխատանքներ կատարած եմ, մինչեւ որ ուսումնասիրեցի, եւ հասկցայ, որ կրնամ այս գործին սկսիլ:
Լոնտոնի մէջ ապրանքագիտութիւն ուսանած եմ եւ նոյնը այսօր կը դասաւանդեմ Հայաստանի «Եւրասիա» միջազգային համալսարանին մէջ:
Բացի այդ, սկզբնական շրջանին հիմնած էի Սուրիահայ գործարարներու միութիւն եւ խորհուրդներ կու տայի սուրիահայ գործարարներուն՝ գործի մը սկսելու կամ արդէն ձեռնարկուած աշխատանքին մէջ դժուարութիւններու եւ խնդիրներու հանդիպելու պարագային, բայց այժմ զբաղուածութեանս պատճառաւ այդ միութիւնը այդքան ալ աշխոյժ չէ, խորհուրդներ միշտ ալ կրնամ տալ, անկախ միութենէն:
-Ինչո՞վ կը տարբերին այս օճառները՝ միւս բնական օճառներէն:
-Հայաստանի մէջ շատեր կը յայտարարեն բնական օճառ պատրաստելու մասին, բայց ուսումնասիրութիւններու արդիւնքին պարզ դարձած է, որ բաղադրիչ մը անպայման ոչ-բնական կ՚ըլլայ: Իմ պատրաստած օճառներուն մէջ, գոյնէն սկսեալ ամէն ինչ բնական է: Շատեր կը հեռաձայնեն, կը խնդրեն, որ յանկարծ չփոխեմ որակը, արհեստական նիւթեր չխառնեմ, բայց ես հիմա միայն որակը բարձրացնելու մասին կը մտածեմ եւ ոչ՝ հակառակը: Որեւէ մէկ օճառի հիմքին մէջ ձիթաիւղ կայ, որմէ ետք՝ կոկոռի ու կտաւատի իւղերը: Կը պատրաստեմ ստեպղինի, ազատքեղի, դաղձի, ուրցի, խատուտիկի, վաղինակի, անանուխի, վարդի, վարունգի, եղինջի, երիցուկի եւ հազար ու մէկ բուսական եւ մրգային օճառներ, որոնցմէ ամէն մէկը մէկ բանի համար կը ծառայէ. ինչպէս՝ հանգստացնող, հակաբորբոքային, հակակնճիռային, բուժական եւ այլն: Օճառի ծրարի վրայ կը նշեմ նաեւ իւրաքանչիւրին բուժական եւ այլ յատկությունները:
«Կնճիռները հարթելուն կը նպաստեն վարունգի, ստեպղինի, մաղադանոսի օճառները, խնկածաղիկը մկանները կը հանգստացնէ, այրուածքները, վէրքերը կը բուժէ: Կան նաեւ գլխու թեփի, աչքերու յոգնածութեան դէմ եւ այլ օճառներ:
Անշուշտ, իմ այցեքարտը վարդի օճառն է, որ պատրաստելը ասոնց մէջ ամենէն նուրբն է: Երկար ժամանակ պահանջուեցաւ, մինչեւ որ հասկցայ անոր լեզուն: Ան օգտակար է ամէն ինչի համար, իսկ անոր բոյրը հինէն ի վեր գործածուած է ընկճուածութեան վերացման եւ այլ յուզական կարգաւորումներու համար: Մայիսեան վարդի բոյրը աշխարհահռչակ է: Նոյնիսկ Կղեոպատրա թագուհին գործածած է այդ վարդէն արտահանուած իւղը: Ան սենեակի բոլոր անկիւնները վարդաիւղ ցօղած է, նոյնիսկ պալատի թռչուններու թեւերուն ցանած է վարդի իւղ, որպէսզի անոնք թափահարեն թեւերը եւ հոտը տարածուի:
Օճառներու յաջողութենէն մղուած, ձեռնարկած եմ նաեւ մազերու լուացման եւ խնամքի հեղուկներ, դէմքի յարդարման միջոցներ, քսուկներ պատրաստելու...
Կը կարծեմ, որ Հայաստանը պէտք չէ ետ մնայ այն բնապահպանական շարժումէն, որ այսօր կայ աշխարհի մէջ, որ կը թելադրէ՝ ամէն ինչ զտել յաւելեալ բաղադրիչներէն, սնունդը, հագուստը, լուացման եւ այլ միջոցները գործածել բնական վիճակին մէջ:
Դիւրին գործ չէ՝ լեռներէն ու դաշտերէն ծաղիկներ ու բոյսեր հաւաքելը։ Պէտք է ուսումնասիրես բոյսի մը բոլոր փուլերը, որպէսզի գիտնաս, թէ ճիշդ ո՛ր ժամանակ պիտի զտես իւղը, որպէսզի զայն պահէ իր ողջ օգտակարութիւնը: Կը հաւաքեմ, կը բերեմ, կը չորցնեմ, մինչեւ օճառ դառնայ, մինչեւ օճառն ալ չորցնեմ, հասունցնեմ, ծրարաւորեմ՝ այդ ամէնը առանձին կ՚ընեմ, սակայն սիրով կ՚ընեմ, որովհետեւ գիտեմ, որ օգտակար գործ մըն է ըրածս եւ գիտեմ, որ շատ մարդիկ կը սպասեն այդ մէկուն: Միակ օգնականս թերեւս պզտիկ աղջիկս է, որ կ՚օգնէ ծրարաւորման ժամանակ: Կրնամ ելեկտրոնիկ սարքեր բերել եւ աւելի արագացնել իմ գործը, բայց քանի որ նախ քիչ քանակութեամբ կը պատրաստեմ եւ ատոր կարիքը շատ չկայ եւ նաեւ կ՚ուզեմ հին ժամանակներու պէս ձեռքով ընել, տեսակ մը ոգի կը դնես այդ կերպով: Մէկ տեսակ օճառ պատրաստելը մինչեւ քառասուն օր կը տեւէ: Այդ ընթացքին օճառը կը փոխէ հազարումէկ տեսակ գոյն, մինչեւ որ վերջնական գոյնը ստանայ, չորնայ: Այս ձեւով ես ամէն ամիս շուրջ ութ հազար կտոր օճառ կ՚արտադրեմ, հիմա աւելցած են նաեւ մազ լուալու հեղուկները, դէմքի խնամքի միջոցները, մարմնի իւղերը: Անպայման կը խորհրդակցիմ մորթաբաններու ու բուսաբուժութեամբ զբաղող մասնագէտներու հետ:
-Իսկ ի՞նչ պիտի ընէք, երբ աւարտի Սուրիոյ պատերազմը:
-Ես չեմ վերադառնար: Հոն հսկայական տուներ եւ այլ կալուածներ ձգած եմ, բայց չեմ վերադառնար, քանի որ Հայաստանի մէջ արդէն ինքզինքս գտած եմ, իմ գործս արդէն ծանօթացուցած եմ, շուկայ եւ յաճախորդներ գտած եմ, միւս կողմէն ալ, միշտ ուզած եմ գալ Հայաստան եւ վերջապէս այդ մէկը իրականացաւ: Եւ նաեւ շատ չեմ ջանար որպէս սուրիահայ ներկայանալ եւ ասկէ անկէ խնդրել, որ արտօնութիւններ շնորհեն եւ այլն: Ես կ՚ուզեմ այնքան զօրանալ, որ որպէս հայատանցի ձեռնարկատէր, միւսներու պէս գործեմ դաշտին մէջ:
Հետաքրքրական է, որ ես այս գործով զբաղելու նպատակ չունէի: Բայց երբ Յորդանանի մէջ էի, ցուցահանդէսի մասնակցեցայ, եւ նախագահի պալատէն հեռաձայնեցին ինծի ու ըսին, որ թագուհին հաւնած է օճառները, եւ երբ որակի վկայականն ալ ստացայ պալատ հրաւիրուելէ ետք, հասկցայ, որ ես իսկապէս կրնամ լաւորակ օճառ արտադրել: Կիպրոսի մէջ ցուցահանդէսի մը ժամանակ իմ օճառները մասնակցած են մրցոյթի եւ քսանվեց երկիրներու միջեւ անցուցած փորձաքննութեան արդիւնքով հաւաքած են անհրաժեշտ միաւորները: Բայց անշուշտ, ամենէն մեծ գնահատանքը յաճախորդներուս զանգերն են, անոնք գործածելէ ետք անպայման իրենց հիացմունքը կը յայտնեն, միշտ երկրորդը կ՚ապսպրեն: Հոս ջերմութիւն մը կայ: Դուրսը թերեւս կրնայի աւելի շատ դրամ շահիլ, բայց այս ջերմութիւնը չէի ստանար: Կ՚ուզեմ, որ հալէպահայերը այլ երկիրներ չերթան, հոս մնան, ձեռք ձեռքի տան եւ շէնցնեն հայրենիքը: Եւ շատ մտիկ չընեն հայաստանցիները՝ թէ ինչո՞ւ եկաք հոս, ինչո՞ւ ուրիշ տեղ չգացիք...
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ