ԱՄԵՆԷՆ ՍՈՒՂ ՊԱՏԿԵՐԱԳԻՐՔԸ
Օրեր առաջ, Նիւ Եորքի մէջ վաճառուած է պատմութեան ընթացքին մինչեւ այսօր ամենէն սուղ գնահատուած պատկերագիրքը՝ «Ամերիկայի թռչունները» ալպոմը: Այս հռչակաւոր ալպոմը վաճառուած է մօտ 10 միլիոն ամերիկեան տոլարով: Անյայտ գնորդը 9.65 միլիոն տոլար վճարած է ամերիկացի նշանաւոր թռչնաբան եւ բնագէտ Ճոն Ճէյմզ Օտիւպոնի գիրքին համար, որ հեղինակը ստեղծած է երկար տարիներու ընթացքին եւ որ կը նկատուի Ամերիկայի թռչունները պատկերող հազ-ւագիւտ գիրք մը:
Այս մասին տեղեկացուցած է «Սոթպի՚զ» աճուրդի տան պաշտօնական կայքէջը, իսկ միջազգային մամուլը, առաջին էջերուն վրայ անդրադարձած է այս իրադարձութեան: Ի դէպ, այս գիրքը միշտ ալ աճուրդներու ժամանակ ցուցանշային գինով վաճառուած է: Անոր նախորդ վաճառքը եղած է Լոնտոնի մէջ՝ 7 միլիոն տոլարով:
Ի՞նչ է այս գիրքը, որուն համար խելահեղ գին վճարած է հաւաքածոներու սիրահար գնորդը եւ որուն անունը աճուրդի տունը տակաւին չէ հրապարակած:
Ամերիկացի նկարիչ, թռչնաբան Ճոն Ճէյմզ Օտիւպոն 17-րդ դարուն Ամերիկայի թռչունները նկարած է իրենց բնական մեծութեամբ եւ իրենց բնական միջավայրին մէջ, ստեղծելով թռչնանկարչութեան ժանրի ճշգրիտ պատկերներ, որոնք հիացուցած են թռչուններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտները: Գիրքը իր ամբողջութեան մէջ չորս հատորեակ է, որմէ տպուած է ընդամէնը 170 օրինակ, մեր օրերուն հասած է 120 օրինակը: Օրինակներուն մեծ մասը կը գտնուի նշանաւոր գիրքի կեդրոններուն, խոշոր գրադարաններու եւ թանգարաններու մէջ, եւ անհատներու սեփականութիւն հանդիսացող օրինակներն են, որ աճուրդի կը դրուին:
Պատմութեան ընթացքին այս գիրքին տէրերը միշտ եղած են նշանաւոր մարդիկ, ներառեալ Անգլիոյ թագուհի Ատելաիտան եւ Ֆրանսայի թագաւոր Քարլոս 10-րդը:
Ալպոմը վաճառուած է նաեւ անջատ հատորներով, սակայն հատորը ամբողջական կը նկատուի իր չորս հատորներով, որոնց մէջ պատկերուած թռչունները եւ անոնց նկարազարդումներն ու նկարագրութիւնները կը կլանեն ընթերցողը:
Ինքը՝ Օտիւպոն, հետաքրքրական կենսագրութիւն մը ունեցած է, որ լի եղած է դժուար, ծանր արկածներով ու դիպուածներով: Սակայն, չընկճուելով կեանքին դժուարութիւններուն առջեւ, ան ստեղծած է գլուխ գործոց մը, որ ահաւասիկ, իր մահէն դարեր ետք գայթակղութեան մէջ կը պահէ մարդկութիւնը: Թռչուններ նկարելու իր տարիներու գործունէութեան ընթացքին, Օտիւպոն, բացի արդէն ծանօթ թռչունները նկարելէ, յայտնաբերած է նաեւ թռչուններու բազմաթիւ տեսակներ, որոնք մինչ այդ գիտութեան անյայտ էին:
Օտիւպոն ծնած է 1785 թուականին՝ Հայիթիի մէջ, Սեն Տոմինք ֆրանսական գաղութի Լէ Քայէս քաղաքին մէջ: Այդ քաղաքին մէջ իր հայրը շաքարեղէգի մշակադաշտերու սեփականտէր էր: Օտիւպոն ծնած է իր հօր եւ անոր 27-ամեայ աղախինին՝ Ժանի Ռապինի յարաբերութեան հետեւանքով: Անոնք այս տղան կոչած են Ժան Ռապին: Երբ Ժան շատ փոքր էր, անոր մայրը մահացած է արեւադարձային հիւանդութենէ մը, որմէ կը տառապէր կղզի տեղափոխուելէն ի վեր: Հայրը, որ մինչ այդ արդէն բազմաթիւ խառնածին երեխաներ ունէր՝ որոշները կրկին միւս աղախիններէն, փոքրիկ Ժանը կը յանձնէ աղախիններէն մէկուն, որպէսզի խնամէ զայն: Սակայն այդ ժամանակ Սեն Տոմինքի մէջ գաղութարարներուն եւ ստրուկներուն միջեւ լարուածութիւնը օրըստօրէ կ՚աճէր եւ աւագ Օտիւպոն ստիպուած կ՚ըլլայ վերադառնալ Ֆրանսա, ուր կը դառնայ Ֆրանսայի հանրապետական զօրախումբի անդամ:
1791 թուականին ան կը կազմակերպէ իր ճերմակամորթ երեխաներու՝ Ժանի եւ Մակի տեղափոխումը Ֆրանսա: Երեխաները կը մեծնան ֆրանսական գիւղաքաղաքի մը՝ Օտիւպոնի մէջ եւ անոր ֆրանսուհի կնոջ ընտանիքի յարկէն ներս: Այդ կնոջ հետ ան ամուսնացած էր մինչեւ Հայիթի երթալը: Անոնք կ՚օրինականացնեն իրենց երեխաներուն կարգավիճակը եւ կը համապատասխանեցնեն զանոնք իրենց ֆրանսական կեցութեան: Այդ ժամանակ տղան կ՚անուանակոչեն Ժան Ժաք, աղջկան ալ ուրիշ ֆրանսական անուն մը կու տան: Երբ 1803 թուականին 18-ամեայ Օտիւպոն կը բարձրանայ Միացեալ Նահանգներ ուղեւորուող նաւի մը վրայ, հոն անգլիական կը դարձնէ իր անունը՝ Ճոն Ճէյմզ Օտիւպոն:
Իր կեանքի վաղ տարիներուն Օտիւպոն մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր բոլոր տեսակի թռչուններուն հանդէպ: Հայրը կը քաջալերէր որդիին բացառիկ սէրը բնութեան եւ թռչուններուն հանդէպ: Ֆրանսայի մէջ, երիտասարդ Օտիւպոն կը ստանայ փայլուն կրթութիւն, կը դառնայ վայելչակազմ եւ կրթուած երիտասարդ մը: Ան կը նուագէր սրինգ, դաշնամուր, սորված էր ձիավարութիւն, սուսերամարտ եւ պար: Կը սիրէր ժամերով թափառիլ վայրի բնութեան գիրկը եւ այդ զբօսանքներէն յաճախ կը վերադառնար թռչուններու բոյներ եւ հաւկիթներ բերելով, զորս յետոյ բծախնդրութեամբ կը նկարէր:
Հայրը իր որդիին համար կանխորոշած էր ծովային ասպարէզ եւ նոյնիսկ 12 տարեկանին զայն ղրկած է ռազմածովային դպրոց: Սակայն տղան շուտով կը հասկնայ, որ անկարող է յաղթահարել ծովային հիւանդութիւնը՝ երկարատեւ ծովային ուղեւորութեան ժամանակ: Ծովային սպաներու որակաւորման քննութենէն ձախողելէ ետք Օտիւպոն թեթեւցած սրտով, ուրախ կը վերադառնայ իր հետաքրքրութիւններուն եւ կը շարունակէ հետազօտութիւնները՝ կեդրոնանալով թռչուններուն վրայ:
1803 թուականին Օտիւպոնին հայրը իր որդիին համար կեղծ անձնագիր մը ձեռք կը ձգէ եւ զայն կը ղրկէ Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի որդին հեռացնէ նափոլէոնական պատերազմներուն մէջ ընդգրկուելէ: Հայրը նախապէս կալուած մը ձեռք ձգած էր Փենսիլվանիոյ մէջ, ուր եւ ուղեւորուեցաւ որդին: Հայրը յոյս ունէր, որ որդին կը զարգացնէ կալուածին արճիճի հանքերուն շահագործումը, քանի որ արճիճը անհրաժեշտ էր փամփուշտներու արտադրութեան համար: Այս մէկը անոր կ՚ապահովէր շահաւէտ զբաղումներով:
Փենսիլվանիոյ Միլլ Կրով շրջանին մէջ, ուր կը բնակէր Օտիւպոն, կը ծանօթանայ դրացի կալուածի տիրոջ դստեր՝ Լիւսիին, որուն հետ ամուսնանալու ցանկութիւն կը յայտնէ: Երիտասարդ զոյգը բազմաթիւ ընդհանուր հետաքրքրութիւններ ունէր, ներառեալ վայրի բնութեան հետազօտութիւնները: Ասիկա աւելի կը սերտացնէ անոնց շփումը եւ շուտով Օտիւպոն կը ձեռնարկէ Ամերիկայի թռչուններու ուսումնասիրութեան երկարատեւ գործին, որոշելով նաեւ իր նիւթերուն կցել թռչուններու աւելի իրական պատկերներ, քան մինչ այդ կ՚ընէին նկարիչներն ու մանաւանդ՝ բնանկարիչները:
Ան նախ կը սկսի ճնճղուկազգիներուն պատկանող փոքրիկ թռչունով՝ ճանճորսով: Հետաքրքրական հնարք մը կը կիրարկէ՝ ճանճորսին ոտքին թել մը կը կապէ եւ անոր միջոցաւ կը պարզէ, որ թռչունը ամէն տարի կը վերադառնայ բնադրման նոյն վայրը: 1805 թուականին, Օտիւպոն կը վերադառնայ Ֆրանսա, որպէսզի Լիւսիին հետ ամուսնանալու համար իր հօրը համաձայնութիւնը ստանայ: Ան նաեւ ընտանեկան գործին վերաբերող հարցեր պիտի քննարկէր: Անոնք հինգ տարի ետք կ՚ամուսնանան:
Ֆրանսայի մէջ կը հանդիպի բնագէտ եւ տարրաբան Շարլ Մարի տը Օրպինին, որ հետազօտութեան գիտական միջոցներ կը սորվեցնէ իրեն: Վերադառնալով Միացեալ Նահանգներ, ան կը վերսկսի թռչուններու հետազօտութիւնը՝ այդ գործին նուիրուելով ամբողջութեամբ, կը ստեղծէ իր սեփական բնագիտական թանգարանը, հաւանաբար ներշնչուած Ֆիլատելֆիոյ Բնագիտութեան պատմութեան մեծ թանգարանէն, որուն հիմնադիրը Չարլզ Ուիլսըն Փիլն էր:
1808 թուականին Օտիւպոն կը տեղափոխուի Քենթաքի, որ շատ արագ բնակեցուող շրջաններէն էր այդ ժամանակ:
Լիւսի Պէյքուէլի հետ ամուսնանալով՝ անոնք կ՚ունենան երկու որդի եւ երկու դուստր: Դստրերը կը մահանան վաղ հասակին, իսկ երկու որդիները, յետագային կ՚աջակցին իրենց հօր գործին, նախաձեռնելով մանաւանդ անոր աշխատութիւններուն հրատարակութիւնը: Որդիներէն Ճոն Ուուտհաուզ Օտիւպոն կը դառնայ բնագէտ, գրող եւ նկարիչ:
1812 թուականին, Մեծն Բրիտանիոյ դէմ սկսած պատերազմին պատճառով Օտիւպոն կ՚այցելէ այն ժամանակուան մայրաքաղաք՝ Ֆիլատելֆիա եւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն կ՚ընդունի: Ստիպուած կը հրաժարի ֆրանսական քաղաքացիութենէն:
Ֆիլատելֆիայէն Քէենթաքի վերադառնալով Օտիւպոն կը պարզէ, որ առնէտները կերած են իր նկարներուն ամբողջ՝ երկու հարիւր նկարէ կազմուած, հաւաքածոն: Այս մէկը հոգեկան անկումի կը տանի զայն: Շաբաթներ տեւած ընկճախտէն ետք ան իր փրկութիւնը կրկին կը գտնէ բնութեան մէջ. կը վերադառնայ դաշտեր եւ անտառներ՝ որոշելով դարձեալ նկարել՝ այս անգամ աւելի մասնագիտականօրէն:
1812 թուականին ծագած պատերազմը կը խանգարէ Օտիւպոնի Նիւ Օրլէան երթալու եւ հոն ձեռնարկատիրութիւն հիմնելու ծրագիրները: Իր կնոջ՝ Լիւսիին եղբօրը հետ գործակցելով, ան Հենտերսընի մէջ առեւտրային գործ կը հիմնէ եւ 1812 թուականէն մինչեւ 1919 թուականները կը վայելէ ձեռնարկատիրութենէն գոյացած եկամուտները: Միեւնոյն ատեն Օտիւպոն հող եւ ստրուկներ ձեռք կը ձգէ եւ ալրաղաց մը կը հիմնէ:
ԴԺՈՒԱՐ ՇՐՋԱՆ
Յատկանշական է, որ այսօր 10 միլիոն տոլարով վաճառուած պատկերագիրքին հեղինակը ժամանակին պարտքերու պատճառով բանտ նետուած է: 1819 թուականէն ետք ծանր շրջան մը կը սկսի անոր կեանքին մէջ: Օտիւպոն կը սնանկանայ եւ պարտքերու պատճառով կը յայտնուի բանտին մէջ: Հոն իր միակ սփոփանքը կ՚ըլլայ նկարելը. ան չնչին գումար վաստկելու յոյսով մահուան դատապարտուածներուն դիմանկարները կը գծէ:
Ահաւասիկ ինչ որ արձանագրուած է ամերիկացի նկարիչ, բնագէտ եւ «Ամերիկայի թռչունները» նշանաւոր պատկերագիրքի հեղինակին յուշերուն մէջ. «Սիրտս ցաւէն կը ծանրանար, որ չէի կրնար իմ սիրելիներուս ապրուստը հոգալ, բայց նոյնիսկ այդ դժնդակ օրերուն կը զարգացնէի իմ շատ սիրելի զբաղումն ու տաղանդը»:
Բանտէն դուրս գալէ ետք, Օտիւպոն ձեռքը կ՚առնէ հրացանը, ներկերուն արկղիկը եւ օգնականին ուղեկցութեամբ ճամբայ կ՚իյնայ դէպի ԱՄՆ-ի հարաւային մասը՝ Միսիսիփի: Ան որոշած էր գտնել եւ նկարել Ամերիկայի բոլոր թռչունները՝ իր հաւաքածոն վերջնականապէս հրատարակութեան յանձնելու համար: Անոր նպատակը ամերիկացի բանաստեղծ եւ թռչնաբան Ալեքսանտր Վիլսընին գերազանցելն էր:
1820 թուականին Օտիւպոն կը ճամբորդէ նաեւ Ալապամա եւ Ֆլորիտա՝ որոնելու փետրաւորներու նոր տեսակներ: Որոշ նահանգներու մէջ ան նկարչութեան դասեր կու տայ մշակավայրերու հարուստ սեփականատէրերու զաւակներուն: Հակառակ անոր որ վարձատրութիւնը այնքան ալ գոհացուցիչ չէր, սակայն աշխատանքը գոհացնող էր, քանի որ ան բաւական ժամանակ ունէր թափառելու եւ նկարելու շրջակայ անտառներուն մէջ: Յետագային, Լուիզիանայի մշակավայրերէն մէկը պահպանուեցաւ եւ կոչուեցաւ Օտիւպոնի պատմական կեդրոն:
Օտիւպոն իր ապագայ աշխատութիւնը ի սկզբանէ կոչած է «Ամերիկայի թռչունները»: Ան կը ջանար, որ օրական գոնէ մէկ էջ նկարազարդէր: Նկարչութեան մէջ այդ ժամանակ արդէն ի յայտ եկած էին նոր միջոցներ, գոյներ, ներկեր, վրձիններ, սրիչներ եւ այլ նիւթեր. այդ նոր միջոցներով նկարելէ ետք ան կ՚որոշէ, որ նախկինին կատարած իր գործերը հեռու են կատարելութնենէն եւ նորէն կը սկսի նկարել զանոնք: Իր վաստկած գումարները գործի դնելով՝ որսորդներ կը վարձէ, որպէսզի անոնք թռչուններու նոր տեսակներ բռնեն իրեն համար: Օտիւպոն կը հասկնար, որ թռչունններու աշխարհին այդպէս անմնացորդ նուիրուիլը որոշ ժամանակ պիտի հեռացնէ զինք իր ընտանիքէն, բայց ան արդէն գայղթակղուած էր թռչուններու անսահման աշխարհով եւ ոչ մէկ բան կրնար կեցնել այդ տաղանդաւոր թռչնասէրը, որ բազմակողմանիօրէն կը նկարէր եւ կ՚ուսումնասիրէր իր շրջապատի եւ իր երկրի բոլոր թռչունները:
«ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ»
Իր կնոջ աջակցութեամբ, 1826 թուականին, 41 տարեկանին, Օտիւպոն կ՚ուղեւորուի Եւրոպա, իրեն հետ տանելով երեք հարիւր նկարներէ բաղկացած իր հաւաքածոն եւ իր կատարած աշխատանքին մասին երաշխաւորական նամակներ: Այդ նամակներուն շնորհիւ, ան կ՚ապահովէ ժամանակի նշանաւոր անգլիացիներուն ուշադրութիւնը: «Ես այնտեղ այնպիսի ընդունելութիւն մը գտայ, որ չէի երազեր նոյնիսկ իմ ամենաոգեւորիչ երազներուն մէջ տեսնել», յետագային վերյիշած է ան:
Անգլիացիները հիացած էին ամերիկեան վայրի բնութեան եւ անոր թեւաւոր բնակիչներուն պատկերներով, զորս Օտիւպոն գծած էր: Անգլիոյ եւ Սկովտիոյ տարածքին ճամբորդութեան ընթացքին ան մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ եւ բաւական գումար ձեռք կը ձգէ. այդ գումարով ալ կը հրատարակէ «Ամերիկայի թռչունները»:
Գիրքին առաջին հրատարակութիւնը տեղի կ՚ունենայ 1827-ի եւ 1838-ի միջեւ եւ կը հրատարակուի Էտինպուրկի եւ Լոնտոնի մէջ: Անիկա կը դառնայ կոթողային գործ մը, որ իր մէջ կ՚ընդգրկէ 435 նկարներ, որոնք կը պատկերացնեն թռչուններու աւելի քան եօթ հարիւր տեսակներ: Գիրքին էջերը դասաւորուած էին այնպիսի վարպետութեամբ, որ կարծես ընթերցողը տեսողական զբօսանք մը կը կատարէ Ամերիկայի տարածքին եւ իր շուրջ կը տեսնէ դրախտային թռչուններ՝ իրենց բնական դիրքերով:
Գիրքին առաջին եւ թերեւս ամենայայտնի պատկերը վայրի հնդկահաւի նկարն է: Աշխատութիւնը տպագրելու համար պահանջուած է 115 հազար 640 տոլար, ինչ որ Օտիւպոն վճարած է ցուցահանդէսներէն եւ իր որսացած անասուններու մուշտակներուն վաճառքէն գոյացած գումարով:
Օտիւպոնի աշխատութիւնը հսկայական յաջողութիւն ձեռք բերած է: Տասնչորս տարի պահանջուած է նախագիծը կեանքի կոչելու համար՝ ներառեալ անոր մանրակրկիտ հետազօտութիւնները եւ տքնաջան ու զգուշօրէն ծրագրուած կազմակերպչական աշխատանքները:
Գիրքին առաջին տպագրութիւնը նկատուած է գրատպութեան գլուխ գործոց, քանի որ նկարները մեծ չափով էջերու վրայ, բարձր որակով տպուած են: Էջերուն չափերն են՝ 97 եւ 64 սմ.: Թռչուններ նկարելու նկարիչին միջոցը, այսօրուան չափանիշներով, ընդունուած չէ, հեղինակը վար կ՚առնէր զանոնք, իսկ յետոյ բնական դիրքի վրայ դնելով կը նկարէր, սակայն նոյնիսկ այդ տարբերակով անոր ստեղծած նկարները այսօր մեծ հիացում կը պատճառեն դիտորդներուն:
Ներշնչուելով այս գիրքէն՝ հետագային շատ երկիրներու մէջ ստեղծուած են թռչուններու մասին պատմող պատկերագիրքեր, սակայն Օտիւպոնի գիրքը առայժմ կը մնայ անգերազանցելի: