«ՄՇԱԿ»-150. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԹԵՐԹԻՆ

Երեւանի մէջ, անցեալ շաբաթ, եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ՝ նուիրուած շուրջ 50 տարի Թիֆլիզ հրատարակուած պատմական «Մշակ» թերթի հիմնադրման 150-ամեակին: «Մշակ»ը պատմութեան զուգահեռականներուն մէջ» խորագրուած գիտաժողովը համախմբած էր շուրջ 55 մասնակից Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան հաստատութիւններէն՝ Գիտութեան Ազգային ակադեմիոյ կաճառներէն, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն, Մայր Աթոռէն, Երեւանի Պատմութեան թանգարանէն, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթէն, Հայաստանի Ազգային գրադարանէն, Երեւանի Պետական, Սեն Փեթերսպուրկի, Վանաձորի համալսարաններէն եւ այլ կառոյցներէ:

Գիտաժողովը կազմակերպած էր Ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառը՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանին աջակցութեամբ: Զեկոյցները բազմազան էին, կը ներկայացնէին տարբեր ու հետաքրքրական նիւթեր, որոնք հրատարակուած են «Մշակ»ի էջերուն մէջ՝ երաժշտութենէն մինչեւ արեւմտահայոց հարցեր, ազգային, քաղաքական իրադարձութիւններ, բանավէճեր եւ այլն:

Պատմութեան էջերէն վեր հանուեցաւ «Մշակ»ի հիմնադիր, հասարակական-քաղաքական մեծ գործիչ Գրիգոր Արծրունիին անունը, որ 1872 թուականին հիմնելով «Մշակ»ը, թերթին խմբագիրը եղած է մինչեւ իր մահը՝ 1892 թուականը: Հիմնադիրին մահով թերթը տասը ամիս դադրած է լոյս տեսնելէ եւ կրկին սկսած է հրատարակուիլ 1893 թուականին՝ Ալեքսանտր Քալանթարի խմբագրութեամբ։ Անկէ ետք «Մշակ»ի խմբագրական գործը շարունակած են հայոց մշակոյթի եւ պատմութեան այլ երեւելիներ, որոնց անունները նոյնպէս ամուր տեղ գտած են «Մշակ»ի պատմութեան էջերուն մէջ:

«Մշակ»ին թղթակցած են ժամանակի ամենայայտնի մտաւորականները, այդ կարգին՝ արեւմտահայեր: Հայագէտ, պատմաբան, հայ մամուլի մասնագէտ Ալպերթ Խառատեան արժէքաւոր զեկոյց մը պատրաստած էր «Մշակ»ի եւ արեւմտահայ իրականութեան առընչութիւններուն մասին, որոնք դրսեւորուած են մանաւանդ արեւմտահայ մամուլին մէջ: Ան նշեց, որ արեւելահայ իրականութեան մէջ ունեցած դերին հաւասար թերթը նաեւ արեւմտահայոց մէջ ունեցած է նշանակալի ազդեցութիւն եւ ատոր վկայութիւնը գաղթաշխարհէն, արեւմտահայկական կեդրոններէն թերթին ղրկուած թղթակցութիւններն էին: Ամէն ինչ տեղ կը գտնէր «Մշակ»ի էջերուն մէջ՝ հայագիտութիւն, ազգամիջեան հարցեր, արեւմտահայոց, արեւելահայոց խնդիրներ, ազգային-ազատագրական պայքար, սահմանադրական բարեփոխումներ, կրթութիւն, առեւտուր, գովազդ, տնտեսութիւն, միջազգային յարաբերութիւններ, օտար երկիրներու կեանք, բժշկական-առողջապահական նիւթեր, ընտանեկան հարցեր, արհեստներուն, արուեստին նուիրուած յօդուածներ, գիտական, մանկավարժական, պատմական, քաղաքական, գրական եւ այլ նիւթեր, որոնց կը սպասէին բոլոր խաւերու ընթերցողները: Այդ առումով Խառատեան թերթի խմբագիրը՝ Գրիգոր Արծրունին նկատեց նորագոյն լրագրութեան հիմնադիրը, որ մանաւանդ կը քաջալերէր բանավէճերը, հայոց հարցերուն նուիրուած քննադատական յօդուածները եւ ամբողջական էջեր կը նուիրէր այդ նիւթերուն:

Ազգային լրագիր մը ունենալը Գրիգոր Արծունիին երազանքը եղած է: Արծրունի Գերմանիոյ մէջ կրթութիւն ստանալէ ետք, կը վերադառնայ եւ կը սկսի նիւթեր հրատարակել «Հայկական Աշխարհ»ի եւ այլ թերթերու մէջ, միեւնոյն ժամանակ կը փափաքի սեփական լրագիրը ունենալ: Մինչ այդ, ան հայերէնը կատարելագործելու նպատակով, ճամբորդած էր Վիեննա եւ ապա Վենետիկ, ուր երկու տարի Մխիթարեաններուն մօտ հայերէնի դասեր ստացած էր եւ միւս կողմէ՝ հետեւած Վիեննայի համալսարանի քաղաքա-տնտեսութեան դասախօսութիւններուն:

1871 թուականին կը դառնայ Թիֆլիզ եւ կարճ ժամանակ մը կը պաշտօնավարէ Գայիանեան եւ Մարիամեան օրիորդաց դպրոցներուն մէջ, որպէս ուսուցիչի օգնական, միեւնոյն ժամանակ ամբողջութեամբ կը զբաղի գիտութեամբ:

Հարուստ ռազմական գործիչ Երեմիա Արծրունիի որդին ըլլալով, Գրիգոր Արծրունի թերթ հիմնելու ճանապարհին, կը բախի նիւթական մեծ դժուարութիւններու, որովհետեւ հայրը թերթի մը խմբագիր ըլլալը կը համարէր ոչ-պատուաբեր իր զաւկին համար։ Օր մը, Թիֆլիզ, «Եւրոպա» սրճարանին մէջ, Արծրունի կը հանդիպի երկու երիտասարդներու՝ Միհրդատ Ամերիկեանին եւ Գէորգ Չմշկեանին, կը պարզուի, թէ անոնք ալ կ՚երազէին հայկական թատրոն մը ստեղծելու մասին: Այդ օրն իսկ ընդունուած է նկատել «Մշակ» թերթի հիմնադրման օրը։ Թերթը նախ սկսած է լոյս տեսնել շաբաթական մէկ անգամ, այնուհետեւ՝ երկու, երեք ու յետոյ՝ հինգ անգամ։ Խմբագրակազմին մաս կազմած են Պօղոս Իզմայիլեան, Բարսեղ Շահվերտեան, Րաֆֆի, Պերճ Պռոշեան, Ստեփան Բալասանեան, Միհրդատ Ամերիկեան, թերթին աշխատակցած են Գրիգոր Չմշկեան, Գաբրիէլ Սունդուկեան, Սպանդար Սպանդարեան, Ալեքսանտր Ծատուրեան, Արփիար Արփիարեան, Լէոն եւ այլ անուանիներ: Լէոն նաեւ թերթին խմբագիրներնէն եղած է:

«Մշակ»ը «Հիւսիսափայլ» ամսագրի ժառանգորդն ու շարունակողն էր, բայց ի տարբերութիւն «Հիւսիսափայլ»ին (որ Մոսկուայի մէջ կը տպուէր), կը հրատարակուէր Թիֆլիզի մէջ։ «Հիւսիսափայլ»ի գլխաւոր նորարարութիւնը քննադատական ոգին էր, որ բարեյաջող կերպով շարունակուած է «Մշակ»ի էջերուն մէջ:

Գիտաժողովը ամփոփուեցաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, ուր ցուցադրուեցան գիրքեր, որոնք ուղղակի առընչութիւն ունին Գրիգոր Արծունիին եւ «Մշակ» թերթին հետ: Ատոնք թէ՛ Գրիգոր Արծրունիին հեղինակած գիրքերն էին, թէ՛ նշանաւոր գրողներու ընծայագրերով նուէրները՝ «Մշակ»ի խմբագրութեան եւ Արծրունիին, ինչպէս նաեւ Թիֆլիզէն քաղաքային տեսարաններ ընդգրկուած էին ցուցադրութեան մէջ:

19-րդ դարուն Թիֆլիզը իրաւամբ կը նկատուէր արեւելահայ գրականութեան, քաղաքական մտքի ու մշակոյթի մայրաքաղաք:

Իսկ «Մշակ»ի հրատարակման տարիները կը համընկնին Արեւելեան ճգնաժամին, ճնշուած ազգերու ազատագրական շարժման, ռուս-թրքական պատերազմին, Պերլինի համաժողովին ու Հայկական հարցը փակուղի մտցնելու շրջանին հետ։ Ժամանակաշրջանը հարուստ էր պատմական իրադարձութիւններով։ Թերթը հանդէս կու գար ազատական-քաղքենիական դիրքերուն վրայ գտնուող հոգեւորականութեան եւ պահպանողականներու կարծրամտութեան դէմ։ Կը գրէր Թուրքիոյ հայերու ծանր կացութեան մասին, վեր կ՚առնէր ժողովուրդի լուսաւորութեան, կիներու իրաւունքներու, հայ գրականութեան ու արուեստի զարգացման հարցերը։ Գիւղացիներու եւ բանուորներու ճնշուած իրավիճակը նոյնպէս իր արտացոլումը կը գտնէր «Մշակ»ի էջերուն մէջ։

Թերթը ունէր նաեւ օտար թղթակիցներ, որոնք տեղեկութիւններ կը հաղորդէին արտասահմանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին։ Գրիգոր Արծրունին կը հետաքրքրէր մանաւանդ Գերմանիան, ուր ուսանած էր: «Մշակ»ի էջերուն մէջ ան տեղ կու տար նաեւ իտալացի քաղաքական գործիչ Ճիւզեփփէ Կարիպալտիին եւ համոզուած էր, որ նման ազգային հերոս անհրաժեշտ էր նաեւ հայ ժողովուրդին, իսկ որպէս ժողովրդավարական պետական կառոյցի օրինակ ան կը բերէր Զուիցերիան:

Գրիգոր Արծրունի եղած է բարեփոխումներու կողմնակից եւ բացասաբար վերաբերած է յեղափոխական շարժումներուն:

Թերթին մէջ կը տպագրուէին Րաֆֆիի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի, Ալեքսանտր Շիրվանզատէի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։ «Մշակ»ի հետ նաեւ կը համագործակցէր Անդրէաս Արծրունին՝ Գրիգոր Արծրունիի եղբայրը, ճարտարապետ-երկրաբան, որ տնտեսագիտական կրթութիւն ունենալով, թերթին մէջ ակնառու տեղ կը յատկացնէր տնտեսագիտական հարցերուն, յօդուածներով վեր կը հանէր ընդերքի գործածման հարցերը եւ լեռնարդիւնահանումը՝ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ։

19 դեկտեմբեր 1892-ին, «Մշակ»ի խմբագիր Գրիգոր Արծրունիի մահէն ետք, թերթը կը դադրի լոյս տեսնելէ։ 14 հոկտեմբեր 1893-էն սկսեալ, Ալեքսանտր Քալանթարի խմբագրութեամբ, թերթին առաջին թիւը կը հաւաստիացնէ իր հաւատարմութիւնը թերթին նախկին ուղղութեան եւ սկզբունքներուն։

«Մշակ»ը 1893-1913 թուականներուն, նոյնպէս պարբերաբար արծարծած է հայ ժողովուրդի կրթութեան ու լուսաւորութեան հարցերը, քննարկած է գրականութեան եւ արուեստի օրուան նիւթերը, հայ ժողովուրդին հրամցուցած է ռուս եւ համաշխարհային գրականութեան գոհարները։

Թերթը եկեղեցւոյ վերակառուցումը առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը կը համարէր, ըստ որուն, եկեղեցին պէտք է հրաժարէր աւանդական շարք մը սկզբունքներէ։

Խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, Վրաստանի մէջ, 1921 թուականին, «Մշակ» թերթը լոյս տեսնելէ կը դադրի։ Պատմութեան գիրկը կ՚անցնի հայ ժողովուրդի կեանքին յիսուն տարին մանրամասնօրէն քննած եւ հրապարակած արեւելահայ լրագիրներէն մէկը, որուն էջերը այսօր ալ, դար մը ետք, նոյն հետաքրքրութեամբ կը թերթուին:

Թերթին 49 տարուան բոլոր թիւերը թուայնացուած են եւ հասանելի Հայաստանի Ազգային գրադարանի Հայ մամուլ շտեմարանին մէջ: Հայ լրագրութեան եւ առհասարակ հայ մամուլի պատմութեան մէջ կարեւորագոյն տեղ գրաւած «Մշակ»ը միշտ եղած է ուսումնասիրողներու, պատմաբաններու, հետազօտողներու ձեռքին տակ:

«Մշակ»էն զատ, Գրիգոր Արծրունին լոյս ընծայած է գրական ստեղծագործութիւններ՝ «Էվելինա» վէպը (1891 թուին), ակնարկներ, յուշագրութիւններ: Իր աշխատութիւններուն եւ յօդուածներուն տակ ան սովորաբար կը ստորագրէր «Ասիացի», «Շատիրաւացի», «Նիոբէ» եւ այլ գրչանուններով:

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան, գիտաժողովի ամփոփման ընթացքին, յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանը մինչեւ 2025 թուականը աւարտին կը հասցնէ Գրիգոր Արծրունիի կենսամատենագիտութիւնը. գործիչ մը, որուն չափ, ինչպէս նշուեցաւ գիտաժողովին ընթացքին, ոչ մէկ հրապարակագիր կրցած է ազդել արեւելահայոց հանրային եւ մտաւորական կեանքին վրայ: Ահա թէ ինչո՛ւ Գրիգոր Արծրունիին յուղարկաւորութիւնը Թիֆլիզի մէջ, վերածուած էր համաժողովրդական ցոյցի եւ յուզական մեծ ալիք բարձացած էր յուղարկաւորութեան ընթացքին:

«ՄՇԱԿ»Ը ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԸ

Գիտաժողովի հետաքրքրական նիւթերէն մէկն ալ «Մշակը Երեւանի եւ երեւանցիներու մասին» զեկոյցն էր, զոր ներկայացուց Երեւանի Պատմութեան թանգարանի աշխատակից Սուսաննա Յարութիւնեան: Յատկանշական է, որ մինչեւ 19-րդ դարու 80-ական թուականները Երեւանի մէջ լրագիր չէր հրատարակուեր եւ Երեւանի այդ շրջանը մեզի կը ներկայանայ «Մշակ»ի նման լրագիրներու շնորհիւ: Տպուելով Թիֆլիզի մէջ, «Մշակ»ը կարեւորագոյն տեղ յատկացուցած է Երեւանին, տպագրած է նիւթեր՝ երեւանցիներու սովորոյթներուն, ապրելակերպին, զբաղմունքին մասին, ինչպէս նաեւ քաղաքի խնդիրներուն վերաբերող նամակներ մշտապէս տեղ գտած են թերթին մէջ: Զատ նիւթեր տպագրուած են Երեւանի դպրոցներու, եկեղեցիներու, մշակութային, կրթական կեդրոններու մասին:

Ինչպէս զեկուցողը նշեց, դարձեալ «Մշակ»էն կը տեղեկանանք, որ Երեւանը ունեցած է բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք հրատապ լուծում կը պահանջէին: 1873 թուականին տպուած յօդուածէ մը պարզ կը դառնայ, որ նոյն տարուան օգոստոսին Երեւան քաղաքի շրջակայքին տեղացած սաստիկ կարկուտը հալելով վերածուած է հեղեղի եւ հիւսիս-արեւելեան կողմէն քաղաք խուժելով՝ լեցուած է Գետառ, որ դուրս գալով ափերէն, ոչնչացուցած է տուներ, այգիներ, խեղդուած է 20 մարդ: Երեւանի մէջ հեղեղներու հետեւանքով Գետառը յաճախ վարարած է՝ մեծ վնասներ պատճառելով քաղաքին: Սուսաննա Յարութիւնեանի զեկոյցէն, այդպիսի տեղեկութեան կը հանդիպինք նաեւ լրագրի 1875 թուականի մայիսեան թիւերէն մէկուն մէջ: Հեղեղէն տուներ ընկղմած են ջուրին մէջ, իսկ Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ կէս արշինաչափ տիղմ եւ ջուր լեցուած է եւ եկեղեցւոյ սպասաւորները օրեր շարունակ դատարկած են: Քաղաքէն անպակաս էր նաեւ երաշտը, որուն նոյնպէս «Մշակ» անդրադարձած է:

Երեւանի մասին «Մշակ»ի յօդուածները ուսումնասիրելով՝ Սուսաննա Յարութիւնեան կարեւորագոյն տեղեկութիւններ քաղած է երեւանցիներու գթառատութեան մասին: Այսպէս, երեւանցիներուն ծանր դրութիւնը չէ խանգարած, որ օգնութեան ձեռք մեկնեն պատմական Հայաստանի իրենց կարիքաւոր եղբայրներուն: «Մշակ» ղրկուած նամակներէն ալ կը տեղեկանանք, որ հաւաքուած գումարները անոնք ղրկած են լրագրի խմբագրին՝ խնդրելով հասցնել Վասպուրականի եւ այլ վայրերու իրենց հայրենակիցներուն: Եւ յաճախ, կից ստորագրահաւաքի թուղթին վրայ, երեւանցիները ստորագրած են միայն իրենց անուն-մականուններու առաջին տառերով, որովհետեւ անոնց համար կարեւոր էր գործը, ոչ թէ՝ փառքը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022