ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՊԻՍԷՆ ԱՆՑԱՒ
Ժագլին Պիսէ այս տարուան «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի 13-րդ միջազգային փառատօնի պատուոյ հիւրն էր: Պիսէ իր ողջ հմայքը, տաղանդն ու աստղային փայլքը շալկած, Հայաստան եկած էր: Դժուար էր հաւատալ, որ համաշխարհային շարժանկարի անդաստանները նուաճած դերասանուհին, որ եօթանասունչորս տարեկանին տակաւին հրաւէրներ կը ստանայ շարժանկարներու մէջ նկարահանուելու, հեռատեսիլային թոլք շոուներ վարելու եւ այլ ծրագիրներու մասնակցելու, Հայաստանի մէջ էր, կը քալէր Երեւանի փողոցներուն մէջ, կը շրջէր Շարլ Ազնաւուրի հրապարակը, հայկական գինին կը համտեսէր՝ «ԱրմԱս» գինիներու հռչակաւոր ընկերութեան մառանին մէջ… Փորձած է ընկերութեան լաւագոյն գինիներէն եւ ըսած է. «Գինին արկած է»: Ժագլին Պիսէ Հայաստանի մէջ հիացած է հայկական գինով։
Աշխարհահռչակ դերասանուհին ընդունած են ամենայն ջերմութեամբ եւ անոր առջեւ բացած են Հայաստանի արուեստի եւ վայելքի հրապոյրները: Պիսէ հիացած մնացած է Հայաստանով, նշելով նաեւ զինք պատած իւրայատուկ հոգեհարազատութեան մասին:
«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ 13-րդ անգամ, բոլորին առթիւ ալ իբրեւ պատուաւոր հիւրեր ունեցած է նշանաւոր ու աշխարհահռչակ արուեստագէտներ: Նախորդ տարիներուն Հայաստան եկած են. Քլաուտիա Քարտինալէ, Օրնելլա Մութի, Նաստասիա Քինսքի, ֆրանսացի դերասան եւ բեմադրիչ Փաթրիք Շէնէ, անուանի բեմադրիչ Քիմ Քի-տուք, ամերիկացի բեմադրիչ Ռոպ Նիլսըն, Քաթրին Պրէյա, Մարկօ Պելլոչիօ, Թոնինօ Կուերրա, Մոհսէն Մախմալպաֆ, Կոտֆրի Ռեճիօ, շարժանկարի հայազգի գործիչներ Ալան Թերզեան, Ատոմ Էկոյեան, Արսինէ Խանճեան, Արտաւազդ Փելեշեան, ու շատ մը այլ յայտնիներ:
«Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը իր հիմնադրումէն կարճ ժամանակ անց դարձած է բոլոր ժանրերով ստեղծագործող բեմադրիչներու, մասնաւորապէս՝ խաղաղութեան համաշխարհային արժէքներու, մշակութային ներդաշնակութեան ու փոխադարձ շփումներու ու փորձի փոխանակման ջատագովներու համար հանդիպման կարեւոր վայր: Հանդիսատեսը ամէն տարի անհամբերութեամբ կը սպասէ պաստառներու վրայ դիտելու զանազան ազգերու, ազգային եւ կրօնական խումբերու ունեցած մարդկային առատ փորձը: Մէկ շաբթուան ընթացքին Երեւանը կը դառնայ արուեստի երկխօսութիւններու կեդրոն, ուր հաղորդակցութեան հիմնական լեզուն կը դառնայ շարժապատկերային արուեստը, որ կը միացնէ դերասանն ու հանդիսատեսը, բեմադրիչն ու պաշտօնեան: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ շատ մը սփիւռ-քահայեր իրենց հայաստանեան այցը կը ծրագրեր ճիշդ նոյն օրերուն, երբ կ՚ընթանայ փառատօնը: Այդ մէկը նաեւ Հայաստանը իւրովի վայելելու եւ ճանչնալու ձեւ ու մօտեցում մըն է:
Այս տարի ցուցադրութիւններու մէջ էին նաեւ տարուան պատուաւոր հիւրի՝ Ժագլին Պիսէի մասնակցութեամբ շարժանկարներ: «Ամերիկեան գիշեր» շարժանկարի ցուցադրութեամբ բացուեցաւ Պիսէի շարժանկարներու յետահայեաց ցուցադրութիւններու ծրագիրը: «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան Ժագլին Պիսէն անձամբ կը ճանչնայ եւ իր միջոցաւ ալ եղած է հրաւէրը: Ան դերասանուհիին հետ շփուած է Մոսկուայի եւ Լոքառնոյի փառատօներու ընթացքին։ Այս հանդիպումներուն ալ Ժագլին Պիսէ խօսք տուած է անպայման մասնակցիլ հայկական փառատօնին եւս:
Իր մայրը ֆրանսացի ըլլալուն պատճառաւ Պիսէ մեծ ընդունելութիւն ունի նաեւ Ֆրանսայի մէջ: 2010-ին դերասանուհին արժանացած է Պատուոյ լեգէոնի շքանշանի, եւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին զայն կոչած է «շարժանկարի խորհրդանիշ»:
Երեւանի մէջ իր կեանքի եւ ստեղծագործութեան մասին անկեղծացած է Ժագլին Պիսէ, ըսելով, որ երբ կրկին աշխարհ գար, կը փափաքէր դարձեալ դերասանուհի ըլլալ, քանի որ բազմակողմանի երեւոյթ մըն է դերասանական աշխարհը:
«Երբ երիտասարդ էի, շատ ամչկոտ էի, անընդհատ կը ջանայի ամաչկոտութիւնս յաղթահարել, եւ մեր դասարանին մէջ միակ աղջիկն էի, որ դասական երաժշտութիւն կը սիրէի, հետաքրքրուած էի արուեստով, լուսանը-կարչութռամբ, կ՚ուզէի աշխարհը տեսնել, կը մտածէի, որ դերասանի աշխատանքը այս բոլորը կրնայ միաւորել: Շարժապատկերին լաւ ծանօթ չէի, պալէին ու երաժշտական աշխարհներուն ծանօթ էի… Տասնհինգ տարեկանին լատիներէնի ուսուցիչս ինծի ըսաւ, որ ես շատախօս աղջիկ մըն եմ, հետեւաբար կարող եմ լաւ դերասանուհի ըլլալ: Այնուհետեւ, օր մը Լոնտոնի մէջ հրաւիրուած էի ընթրիքի մը, որու ընթացքին ի թիւս այլոց, բեմադրիչ Ռոման Փոլանսքին ալ ներկայ էր: Ան ալ ինծի ըսաւ, որ կրնամ լաւ դերասանուհի դառնալ… Հետագային այդ սերմը ծլար-ձակուեցաւ, ու ես որոշեցի ընտրել շարժապատկերը: Դասընթացքներու կ՚երթայի, ծնողքս կը թոյլատրէին նաեւ յայտնի վարպետներու արտասահմանեան ժապաւէնները դիտել: Ես այդ ժամանակ հասկցայ, որ ատիկա իմ ուզած աշխարհն է», պատմած է դերասանուհին։ Ան խօսած է նաեւ իր գեղեցկութեան մասին: «Կարեւորը գրաւիչ ու շփուող ըլլալն է, հարուստ ներաշխարհ ունենալը: Եթէ դուն մարդոցով հետաքրքրուիս, երբեք մինակ չես մնար։ Ես միշտ ալ այդպէս կ՚ընեմ: Քիչեր կը պատկերացնեն, թէ օրինակ, իմ կարգավիճակի մէջ գտնուող կինը որքան բան պէտք է ընէ, մինչեւ որ տունէն դուրս գայ մարդոց մէջ: Եթէ շքեղ հագուիս, կ՚ըսեն՝ լաւ դերասանուհի չէ, հագուստով կը գոցէ թերութիւնները, եթէ առօրեայ ու պարզ հագուիս, կը հիասթափուին, որովհետեւ մարդիկ քեզմէ սպասելիքներ ունին», ըսած է Ժագլին Պիսէ:
ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԷՆ ԵՏՔ
Հայաստանի մէջ 1990-ականներու դժուար օրերուն, երբ չկար համացանց, հեռատեսիլը միայն քիչ ժամերով կը միանար եւ հեղեղուած էր պատերազմական ու քաղաքական լուրերով, իսկ տպագիր թերթերը դարձեալ ժամանակի հետ առընչուող լուրեր կը հաղորդէին, ահա այդ ժամանակամիջոցին, Երեւանի մեթրոյի կայարաններու գետնանցումներուն տակ հրաշքով մը կը յայտնուէին եւրոպական եւ ամերիկեան արուեստի եւ շարժապատկերի ամսագիրներուն ռուսական թարգմանութիւնները իրենց գունաւոր, սնդուսափայլ եւ խորհրդաւոր տեսքով: Մոմլաթով փաթթուած այս ամսագիրները կը վաճառուէին այդ ժամանակուան համար սուղ գինով, սակայն այն ժամանակուն համաշխարհային բարձր արուեստի մանրամասնութիւնները կը ներկայացնէին մեզի, ինչ որ մեզ կը մղէր զոհել մեր ուսանողական սահմանափակ կրթաթոշակը, որ ամէն ամիս կը տրուէր նախարարութեան կողմէ, իբրեւ գրպանի ծախսի գումար, մինչ մենք այդ գումարով կը գնէինք բարձրաշխարհիկ շարժապատկերի, թատրոնի, երա-ժըշտութեան եւ արուեստի այլ բնագաւառներու՝ այն ժամանակուան աստղերը նկատուող մարդոց մասին պատմող հրատարակութիւնները:
Ամսագիրները ձեռքէ ձեռք կը փոխանցուէին, կլանուած կ՚ընթերցէինք նուրբ ու զգացական աշխարհներ կերտող դերասաններու, դերասանուհիներու, երգչուհիներու, բեմադրիչներու, գրողներու հարցազրոյցները, կը դիտէինք գունաւոր լուսանկարները եւ կը ծանօթանայինք աշխարհի մը, որ գորշ ու անփայլ այդ օրերուն կը թուէր անհասանելի, հեռաւոր, այլ մոլորակային...
Ահաւասիկ, այդ ամսագիրներէն մէկուն կողքին, այսօրուան պէս կը յիշեմ սլացիկ կազմուածքով կեցած, անկլօ-ամերիկուհի դերասան Ժագլին Պիսէի կերպարանքը իր ընկերոջ՝ պալէի եւ շարժապատկերի ռուս դերասան, Ռուսաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Ալեքսանտր Կոտունովին հետ: Այդ տարիներու մամուլը յաճախ կը պատկերէր այս երկու մեծութիւններուն սիրոյ պատմութիւնը՝ լուսանկարներով առաւել գայթակղիչ դարձնելով աստղային զոյգին կեանքը:
Հետագային արդէն պիտի դիտէինք նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու շարժապատկերային սրահներն ու հեռատեսիլը գրաւած «Վայրի խոլորձ» («Wild Orchid») շարժա-նըկարը, որուն գլխաւոր դերակատարուհիներէն մին՝ Ժագլին Պիսէն իր մեծութեան գագաթնակէտին հասած էր:
Դերասանուհիին մեծութիւնը կը ստիպէր փնտռել եւ դիտել նաեւ անոր միւս շարժանկարները՝ «Նափոլէոն եւ Ժոզեֆին» («Napoleon And Josephine: A Love Story») եւ այլ ժապաւէններ:
Դերասանուհին երբեք չէ ամուսնացած: Ողջ արուեստի աշխարհին ծանօթ եղած է անոր սիրավէպը ռուս դերասանի՝ Ալեքսանտր Կոտունովին հետ, որ տեւած է երկար տարիներ՝ 1980-ականներէն, մինչեւ Ալեքսանտր Կատունովի մահը՝ 1995 թուականը:
Կարգ մը մրցանակներու շարքին Ժագլին Պիսէ ստացած է նաեւ «Ոսկեայ Կլոպուս» մրցանակը:
Ալեքսանտր Կոտունովի հետ Պիսէն ծանօթացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: 1979 թուականին, Մոսկուայի նշանաւոր Մեծ թատրոնը հիւրախաղերու մասնակցած էր Նիւ Եորքի մէջ: Հիւրախաղերէն ետք 29-ամեայ Կոտունով պաշտօնապէս ապաստան հայցելու դիմում մը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն: Թատերախումբին մէջ եղած է նաեւ Կոտունովի կինը՝ Լիւտմիլա Վլասովա, որ արդէն պատրաստուած էր մեկնիլ Մոսկուա: Կոտունովի ապաստան հայցելու լուրը առնելուն պէս, օդանաւը բերման ենթարկը-ւած է ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ եւ Միացեալ Նահանգներու Պետական բաժանմունքը ապացոյցներ պահանջած է, որ Կոտունովին կինը կամովին կը վերադառնայ Խորհրդային Միութիւն: Այս մէկը միջադէպ մըն էր, որուն ներագրաւուած էին Խորհրդային Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներ՝ Լէոնիտ Պրեժնեւ եւ Ճիմի Քարըըր։ Ի վերջոյ, երեք օր անց, Վլասովային արտօնած են մեկնիլ Խորհրդային Միութիւն: Այս աղմկայարոյց իրադարձութիւններու հիման վրայ 1985 թուականին Խորհրդային Միութեան մէջ նկարահանուած է «222 չուերթը» շարժանկարը, որուն նիւթը հիմնուած էր այս իրական դէպքերուն վրայ:
Իր կեանքի այդ ծանր շրջանին Կոտունով քանի մը տարի ապրած է գրող Իոսիֆ Պրոտսքիի տան մէջ: Մէկ տարի շարունակ անոր կինը վերադարձնեու փորձերը ապարդիւն դարձած են, եւ այդ դէպքերուն հիման վրայ զանոնք անուանած են Պաղ պատերազմի «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»: 1982 թուականին արձանագրուած է անոնց պաշտօնական ամուսնալուծութիւնը: Միացեալ Նահանգներու մէջ Կոտունով դժուար կեանք մը վարած է՝ մէկ կողմէն յարմարելով նոր միջավայրին, միւս կողմէն՝ ստեղծագործական պայքար մղելով հաստատուելու ամերիկեան պալէի եւ շարժապատկերի ասպարէզներուն մէջ, որ ի վերջոյ յաջողութեամբ պսակուած է: Սակայն դառնութիւնները մղած են դերասանը տարուելու խմիչքով, որուն մոլութենէն չէ կրցած ձերբազատիլ մինչեւ կեանքին վերջը։ Եւ ըստ տուելաներու, այդ պատճառով ալ մահացած է քառասունհինգ տարեկանին:
Իր ամերիկեան ստեղծագործական տարիներու սիրավէպը՝ Ժագլին Պիսէի հետ, փարատում եւ ամոքում եղած են արուեստագէտին համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ