ՔԼՈՏ ԱՐՄԷՆ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ 80 ՏԱՐԵԿԱՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական, հեղինակաւոր պատմաբան, հայագէտ, հայկական Կիլիկիոյ պատմութեան մասնագէտ, Սորպոնի համալսարանի փրոֆեսէօր եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան այս յուլիսին կը նշէ իր ծննդեան 80-ամեակը: Յոբելեան մը, որ տօն է նաեւ հայագիտութեան համար, քանի որ ֆրանսահայ պատմաբանը այսօր իր հաստատուն տեղը ունի հայագիտութեան, մասնաւորապէս՝ միջնադարեան Կիլիկիայի պատմութեան հետազօտման ասպարէզէն ներս: Հեղինակելով տասնեակ արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ՝ գիտնականը իր նպաստը բերած է նաեւ պատմական քարտէսագրութեան:

Գիտական գործունէութենէն զատ, Մութաֆեան նաեւ տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու հայագիտական կեդրոններէ ներս կազմակերպած է հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, վարած է դասախօսութիւններ, սահիկահանդէսներ, եղած է հիւր ո՛չ միայն հայ, այլ նաեւ՝ օտար գիտական շրջանակներէ ներս, ուր օտարներուն ներկայացուցած է հայոց միջնադարեան պատմութիւնը եւ այն ժառանգութիւնը, որ կ՚առընչուի այդ պատմութեան: Մանաւանդ ֆրանսական գիտական շրջանակները նոյնինքն՝ Քլոտ Արմէն Մութաֆեանին միջոցով ծանօթացած են հայոց պատմութեան այդ շրջանին: Ինչպէս յայտնի է՝ գիտնականը որդին է հայ նշանաւոր նկարիչ եւ մտաւորական Զարեհ Մութաֆեանի, որ ծնած է 1907 թուականին՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Սամսունէն 90 քիլօմեթր հեռու, Սեւ ծովու ափին: Ութ տարեկանին կորսնցուցած է իր ամբողջ ընտանիքը եւ ինք միայն փրկուելով, դժուարին կեանք ապրած է՝ որբանոցներէն մինչեւ Եւրոպա հասնիլը: Նախ կը հասնի Մալաթիա, անոր աշխատանքի կը վերցնէ քուրտ թիթեղագործ մը: Պատերազմի աւարտին Սամսունի մէջ կը բացուի ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի որբանոց, որուն ալ Զարեհը պարտական է իր փրկութեան համար, իսկ քանի մը տարի անց կը տեղափոխուի Յունաստան՝ խուսափելու ուշ շրջանի վտանգներէն:

Զարեհ եւ Քլոտ Մութաֆեաններու մասին յօդուած մը պատրաստած է «100 LIVES» նախաձեռնութիւնը («Աւրորա մարդասիրական նախաձեռնութիւն» հիմնադրամ), որ Արմէն Քլոտ Մութաֆեանի 80-ամեակի առթիւ կը փոխադրենք արեւմտահայերէնի:

ԶԱՐԵՀ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ

Մեծապէս տարուած ըլլալով արուեստով՝ դասական երաժշտութեան սիրահար երեխան՝ Զարեհը, կը պատրաստուէր ջութակահարի մասնագիտութեան յառաջխաղացման, երբ 1923 թուականին իտալական օդագնացութիւնը յարձակեցաւ Յունաստանի վրայ եւ ռմբակոծեց Քորֆու կղզին: Սխալմամբ որպէս թիրախ ընտրելով նախկին զօրանոցի շէնքին մէջ տեղակայուած ամերիկեան որբանոցներէն մէկը՝ բազմաթիւ զոհեր եղան: Միացեալ Նահագներու հետ դիւանագիտական միջադէպէն խուսափելու համար Իտալիոյ բռնապետ Մուսոլինին առաջարկեց Իտալիոյ մէջ հիւրընկալել եւ հոգալ մօտ հարիւր որբի ուսման ծախսերը. այդ որբերը պէտք է կրթուէին Մխիթարեան միաբանութեան մէջ: Այսպէսով, Զարեհը ուղարկեցին Միլանօ: Վենետիկեան մեծ վարպետներու դպրոցին մէջ ան թոքամզի բորբոքման պատճառով ստիպուած եղաւ հրաժարիլ ջութակէն՝ տրուելով նկարչութեան: «Նկարչութեան կիրքը արթնցուց անոր մէջ իր իսկական կոչումը, վենետիկեան նրբերանգները ներթափանցեցին անոր հոգիին մէջ», յետագային՝ 1933 թուականին անոր միլանեան ցուցահանդէսի առիթով գրած է քննադատ Կուսթաւօ Մաքքին: Ըլլալով իտալական գեղանկարչութեան սիրահար՝ ան 1927-1931 թուականներուն կ՚ուսանի Միլանոյի Պրերա ակադեմիան: Նկարիչ, նաեւ՝ նկարչութեան տաղանդաւոր քննադատ Զարեհ Մութաֆեանի յօդուածները, որոնք լոյս կը տեսնէին սփիւռքի հայկական մամուլին մէջ, անոր վերազգային ճանաչում կը բերեն: Միայն 1980 թուականին անոր մահէն յետոյ է, որ որդին՝ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան, անցաւ այդ ժառանգութիւնը տարածելու գործին՝ յետմահու հրատարակելով նաեւ իր հօր՝ հայերէնով գրուած գործերը:

ՔԼՈՏ ԱՐՄԷՆ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ

1942 թուականին Քլամարի մէջ՝ Փարիզի մերձակայքը ծնած, կրթութեամբ՝ թուաբանագէտ, հասուն տարիքին հայ միջնադարեան պատմութեան մասնագէտ դարձած Քլոտ Մութաֆեանի անունը սերտօրէն կապուած է Կիլիկեան Հայաստանի թագաւորութեան հետ: Անոր մայրը՝ Հայկուհի Տամլամեան, ծնած էր Սամսուն, 1911 թուականին՝ Կեսարիայէն սերած առեւտրականներու ընտանիքի մէջ: 1915-ին ան կորսնցուցած է իր հայրն ու չորս հօրեղբայրները: Երջանիկ պատահականութեամբ միայն երկուքը ողջ մնացած են, քանզի այդ պահուն դէպքի վայրը չէին գտնուեր:

«Ան ապրած է անասելի սարսափը, նախքան ապրելու համար պայքարիլը ան պայքարած է վերապրելու համար եւ ապշեցուցիչ յաջողութեամբ վերածնուած:

Ան որեւէ մէկ առիթ չէր ձգեր՝ ըսելու այն ամէնը, ինչ պէտք է ըսէր իր երկու հօրեղբայրներուն եւ մանաւանդ մօրը, որ անժամանակ հեռացաւ կեանքէն 1938 թուականին: Բոլոր այն դրուագներէն, որոնցմէ ան կը սիրէր պատմել իր մօր մասին, կար մէկը, որ առանձնակիօրէն տպաւորած է: Մահուան գիրկը տանող աքսորի ճանապարհին, երբ ան ընդամէնը 4-5 տարեկան էր, աքսորի շարասիւնը կ՚անցնէր փոքրիկ թրքական գիւղաքաղաքէ մը, որու քաղաքապետի կինը պէտք է ծննդաբերէր: Ծննդաբեր կիներու բժիշկ եւ դայեակ չկար եւ կը հարցնեն՝ արդեօք կա՞յ նման մէկը տարագիրներուն մէջ, ու այդժամ մեծ մայրս, որ կեանքին մէջ որեւէ ծննդաբերութեան չէր մասնակցած, կը հասկնայ, որ ատիկա փրկուելու միակ հնարաւորութիւնն է ու կը յայտարարէ, թէ այդ մէկը իր մասնագիտութիւնն է: Ծննդաբերութիւնը լաւ կ՚ընթանայ, աւելին՝ տղայ մը կը ծնի եւ այդպէս ան աշխատանքի կը վերցնեն ու կը պահեն այդ բնակավայրին մէջ: Ընտանիքը փրկուա՛ծ էր», կը պատմէ Քլոտ:

1917 թուականին կը վերադառնան Սամսուն: Այդ ժամանակ Քլոտի մօրական կողմէ մեծ մայրը շաբաթը մէկ անգամ ամերիկեան որբանոցի որբերը կը հրաւիրէր իրենց տունը ճաշելու: Այդտեղ է, որ իր ապագայ ծնողքին կը ծանօթանան: Մինչ այդ, դէպի Ֆրանսա տանող ճանապարհին Տամլամեան ընտանիքը կանգ առած էր Պոլիս, ուր Հայկուհին յաճախած է հեղինակաւոր Եսայեան վարժարանը: Այնուհետեւ կը յայտնուին Քլամարի մէջ, ուր ողջ մնացած հօրեղբայրներէն մէկը կ՚աշխատէր իբրեւ բժիշկ: Իր երկու աւագ քոյրերուն շնորհիւ, որոնք կարուձեւ կ՚ընէին, Քլոտի մայրը, ինչպէս նաեւ իր եղբայրը, հնարաւորութիւն կ՚ունենան ուսում ստանալու: Հայկուհին 23 տարեկանին ատամնաբոյժի վկայական կը ստանայ՝ յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները. ան ոլորտի մը մէջ աշխատող աղջիկ էր, որ այն ժամանակ մեծապէս տղամարդոց վերապահուած էր, օտարերկրացի էր, ու տակաւին վատ կը տիրապետէր լեզուին: «Ընդունեցէ՛ք պայքարը եւ կը յաղթէք ճակատամարտին», գրած է ան իր օրագրի էջերէն մէկուն մէջ՝ ամփոփելով իր կենսագրութիւնը:

Ընտանիքի նիւթական միջոցները սահմանափակ էին, սակայն բժիշկ հօրեղբօր շնորհիւ, որ կը վճարէ ուսման ծախսերը, Հայկուհին ատամնաբոյժ-վիրաբոյժի արտակարգ մասնագիտական յաջողութիւն կ՚ունենայ՝ զբաղելով այդ մասնագիտութեամբ մինչեւ 78 տարեկանը:

Ինչպէ՛ս ամուսնացած են Քլոտի ծնողքը.

Հայկուհին Սամսունի երիտասարդ որբին անգամ մըն ալ հանդիպած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ շրջագայութեան ժամանակ եւ այդպէս Զարեհն եւ Հայկուհին ամուսնացած են 1939 թուականին: Ունեցած են երեք զաւակ՝ Մարի-Մատլէնը, Քլոտը եւ Սիլվին: «Եթէ Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ միջեւ պատերազմ ծագած չըլլար, ես իտալացի կ՚ըլլայի», ժպտալով կ՚ըսէ Քլոտը:

Պատերազմի բռնազաւթումի տարիներուն Զարեհը նկարչութեան արուեստանոց մը կը վարձէ Նաւարէն փողոցի վրայ՝ Փարիզի 9-րդ շրջանը, այն թաղամասը, որ ֆրանսական մայրաքաղաքի հայ մտաւորականութիւնը իր հաւաքատեղին դարձուցած էր: Պատերազմական տարիներուն գործող հաւաքներու իրաւունքի սահմանափակման պատճառով անոր ընդարձակ արուեստանոցը յաճախ կը ծառայէր որպէս դարասկիզբի դէպքերէն մազապուրծ այդ մտաւորականներու մշակութային գործունէութեան համար անհրաժեշտ հանգրուան: Այդ օրերէն սկսեալ ան մշտապէս մասնակից եղած է Փարիզի հայ կեանքին, որ այն ժամանակ բուռն վերելք կ՚ապրէր:

Իր մանկութենէն Քլոտ կը յիշէ գրողներ Արշակ Չօպանեանը, Շաւարշ Նարդունին եւ այլք, որոնց կը հանդիպէր «Լը Տիամանթէր» ճաշարանը, որու մշտական յաճախորդն էր իր հայրը: 1962 թուականին Զարեհը շրջագայութեան կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր ցուցահանդէսներ կ՚ունենայ ողջ երկրով մէկ՝ Ատլանտեան ովկիանոսէն մինչեւ Խաղաղական ովկիանոս՝ Նիւ Եորք, Միլուոքի, Լոս Անճելըս, Ֆրեզնօ: Այնտեղ է, որ նամակ կը ստանայ իր կնոջմէն, որ կը յայտնէ ամուսնալուծուելու իր որոշումը: Յուսահատ Զարեհը կը գրէ որդիին: Քլոտ Լոս Անճելըս ուղեւորուող առաջին իսկ օդանաւը կը նստի: Հակառակ որ հայրը չափազանց ազդուած էր, ի վերջոյ, կը վերադառնայ իր վրձիններուն, իսկ այդ տարաբախտ իրադարձութիւնը իր գեղանկարչութեան մէջ խթանի ազդեցութիւն կ՚ունենայ. կարծես ինքզինք գերազանցելով՝ ան իր նախկին կինը կրկին նուաճելու յոյս կը փայփայէր:

Բարձրագոյն մանկավարժական դպրոցի շրջանաւարտ, մասնագիտութեամբ թուաբանագէտ Քլոտ դասաւանդած է այդ առարկան 42 տարի շարունակ: 1968 թուականին ան կրկին կը յայտնուի Ատլանտեան ովկիանոսի միւս ափին, այս անգամ Փրինսթընի ուսանողական թոհուբոհին մէջ: «Վիեթնամի պատերազմի տարիներն էին, ես անզիջում չենթարկուող էի», կը նշէ Քլոտ: Իրօք, ան ոչ միայն իր անթաքոյց թշնամանքը կը ցուցադրէ «ամերիկացի բնիկներուն՝ եանքիներու կայսերականութեան» հանդէպ, այլ նաեւ չէր հանդուրժեր կեանքը համալսարանական համալիրին մէջ, «ուր ամէն փողոցի մէկ անկիւնը հանճարի մը կը հանդիպիս»: Երիտասարդ դասախօսը կը մասնակցի ուսանողական արմատական «Ուսանողները՝ յանուն ժողովրդավարական հասարակութեան» շարժումին, կը համակրէ մէկ այլ՝ ափրիկօ-ամերիկեան յեղափոխական «Black Panthers» շարժումին, տարուած կը կարդայ Ֆրանց Ֆանոնի եւ Ժան Ժընէի գրութիւնները, կ՚ոգեշնչուի Մարթին Լիւթէր Քինկով, պարզապէս կը սիրահարուի Չէ Կուէվարային:

«Երբ իմ հրաժարականս ներկայացուցի Փրինսթընի մէջ, չէի մտածեր վերադառնալ Ֆրանսա, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցն էր, ուստի մեկնեցայ Քուպա՝ ուսողութիւն առարկան դասաւանդելու», կը յիշէ Քլոտ: Օդանաւին մէջ, որ զայն 1969 թուականին կը տանի Հաւանա, կը ծանօթանայ Մարի Տիւֆլոյի հետ՝ նոյնպէս թուաբանագէտ, բարձրագոյն մանկավարժական դպրոցի շրջանաւարտ եւ ձախակողմեան, ինչպէս եւ ինքը: Զոյգը կ՚ամուսնանայ միայն 27 տարի անց, քանի որ Քլոտ, որ արդէն ամուսնացած էր՝ ընդամէնը մէկ շաբաթով, մեծագոյն հակակրանք կը տածէր այդ «քաղքենիական հաստատութեան»՝ ամուսնութեան հանդէպ: Յեղափոխական Քուպայի մէջ է, որ ան կը շարադրէ ուսողութեան իր առաջին դասագիրքերը՝ սպաներէնով, որոնց շնորհիւ անոր մօտ գիրքեր գրելու սէր կը սկսի:

Կարելի է կարծել, որ այդ ժամանակաշրջանին Հայաստանը չափազանց հեռու էր: Սակայն 1975 թուականին Փարիզի մէջ ան կը ծանօթանայ հայ երիտասարդ թուաբանագէտ Ռուբէն Համբարձումեանին՝ մեծ ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեանի որդիին հետ: Հինգ տարի անց վերջինս կը հրաւիրէ Մութաֆեանը չորս ամիսով հայերէնով դասախօսելու Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ: Քլոտը բազում կապեր կը հաստատէ տեղւոյն վրայ եւ այդ ժամանակուընէ ի վեր պարբերաբար կը վերադառնայ Հայաստան: 1988 թուականի երկրաշարժի ժամանակ ան նոյնիսկ առաջին դիրքերու վրայ էր մարդասիրական օգնութեան ցուցաբերման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ որպէս կապող օղակ ֆրանսական մտաւորական շրջանակին համար:

1980 թուականին, երբ Քլոտ Հայաստան կ՚ըլլայ, կը մահանայ անոր հայրը. «Հայրս երեք տարի ատկէ առաջ կաթուած ունեցած էր եւ փափաքած էր մայրս տեսնել», կը յիշէ Քլոտ, որ մինչեւ օրս անդադրում կը ջանայ իր հօրը յարգանքի տուրք մատուցելու՝ կազմակերպելով յետմահու բազում ցուցահանդէսներ՝ Ֆրանսայի եւ արտասահմանի մէջ: Թէպէտ ուսողութիւնը անոր առաջին մասնագիտացումն էր, սակայն Քլոտ միշտ նաեւ առաջինն էր յունարէնի, առաջինն էր լատիներէնի մէջ: Հին աշխարհի առասպելներով ու աւանդավէպերով, ինչպէս նաեւ միջնադարեան պատմութեամբ տարուած՝ Քլոտ, կարելի է ըսել, պատահականութեամբ է, որ 1977 թուականին կը մեկնի Անատոլու, այն ալ իր կնոջ՝ Մարիի առաջարկով: Ու ան կը սիրահարուի առաջին հայեացքէն: Կը հետեւին Մերձաւոր Արեւելքը, Հալէպը, Դամասկոսը, Պէյրութը, Երուսաղէմը, Կիպրոսը: Այդ ճանապարհորդութիւններու ընթացքին է, որ ան կը գիտակցի իր հօր համբաւը. «Բաւական էր ըսէի, որ Զարեհ Մութաֆեանի որդին եմ, եւ բոլոր դռները կը բացուէին իմ առջեւս»: Բազում լեզուներով թարգմանուած պատկառելի ակադեմական աշխատանքներու հեղինակ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան իր հիւրերը միշտ կ՚ընդունի իր առասպելական դարձած գրադարանին մէջ՝ Սեն Ժաք փողոցին վրայ՝ գրական Փարիզի սիրտին մէջ: 2011 թուականին իր մայրը կորսնցուցած մարդու վճիտ աչքերուն մէջ տակաւին կարելի է տեսնել մանկութեան պատառիկ մը, որ ան պահած է մինչ այսօր: Մանուկ, որ կը գիտակցի, թէ ի՛նչ բախտի արժանացած է նման ծնողք ունենալով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022