ՔԱՄԻՒ ԵՒ ՉԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ (Ա.)
Բարին ու չարը ենթակայական հասկացութիւններ են, որոնք չունին մաքուր սահմանում։ Մասնաւորապէս չարութիւնը հասկացութիւն մըն է, որ իւրաքանչիւր մարդու համար տարբեր իմաստ ունի։ Միւս կողմէ, չարութեան հարցին մարդկութիւնը չէ կրցած որոշ եզրայանգման գալ եւ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ քննարկումներու նիւթ դարձած է։ Այս խնդիրը կը շարունակուի մարդկութեան գոյութեան առաջին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։ Չարութիւնը կը քննարկուի բազմաթիւ ոլորտներու մէջ. ինչպէս՝ փիլիսոփայութիւն, ար-ւեստ, գրականութիւն եւ մշակոյթ։
Չարութեան խնդիրը, որ այսօր ալ կը շարունակուի, արմատները կը հասնին մինչեւ հին ժամանակներ։ Այդ իսկ պատճառով, յայտնուած են այլազան տեսակէտներ, որոնց տարբերութեան պատճառ կը հանդիսանան բազմաթիւ գործօններ. օրինակ՝ անձնական կեանքը, ժամանակահատուածի ըմբռնումներն ու շրջապատը: Պատուհանը, ուրկէ կը նայինք աշխարհին, ձեւաւորուած է անոնց կողմէ։
Չարութեան գոյութիւնը կա՛մ ֆիզիքապէս ապացուցելի փաստ է, կա՛մ վերացական գաղափար մը, որ անիմաստ կամ անըմբռնելի կրնայ թուիլ աշխարհի այլ վայրերու մէջ։ Ըստ ֆրանսացի գրող ու փիլիսոփայ Ալպէռ Քամիւի՝ չարութեան հասկացութիւնը եւ անոր պատճառած խնդիրները իրենց առընթեր կը բերեն գաղափարներ, որոնք իրական են եւ հիմնուած չեն զուտ տեսական հիմքերու վրայ։ Թէ ան ի՞նչ կը մտածէ չարութեան մասին։ Յստակ հասկնալու համար անհրաժեշտ է յետադարձ հայեացք մը նետել, թէ ան ինչպէ՞ս կը սահմանէ չարութիւնը։
Քամիւի համաձայն, չարութիւնը կարելի է բացատրել նաեւ «ոչինչ ճշմարիտ է, ամէն ինչ հնարաւոր է» ոչնչապաշտական ըմբռնմամբ եւ աշխարհի հանդէպ անտարբերութեամբ: Ան զգաց, որ այս երկու գաղափարներն ալ խնդիրներ կը ստեղծեն գոյութեան սահմանման հարցին մէջ եւ չեն կրնար բացատրել աշխարհի անհեթեթութիւնը: Թէեւ չարութեան մասին անոր մտածումներուն մեծամասնութիւնը կը ձեաւորուի սպանութեան եւ ապստամբութեան հասկացութիւններու շուրջ, սակայն Քամիւի սահմանումը առանձնայատուկ է: Ըստ Քամիւի՝ չարութիւնը մարդոց համերաշխութիւնը խանգարող ու խախտող այն ամէն ինչն է։
Ըստ Քամիւի սահմանման՝ համերաշխութիւնը այն է, երբ անհատ մը կ՚ընդվզի եւ այլ անհատ մը կը ճանչնայ իր իրաւունքները, որպէսզի այդ մարդիկ իրենք զիրենք տեսնեն որպէս մաս՝ մնացեալ աշխարհի:
Չարութիւնը ինքնին կարելի է բաժնել բնականի եւ մարդկայինի՝ կախեալ անկէ, թէ ո՞ր հանգամանքը կը խանգարէ համերաշխութիւնը։ Բնական չարիքը բաղկացած է իրադարձութիւններէն, ինչ որ մարդիկ չեն կրնար կառավարել. ինչպէս՝ բնական աղէտները: Անոնք կը բաժնեն մարդիկը թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեպէս՝ ինչպէս կ՚ընեն փլուզուած ճանապարհներն ու կամուրջները: Միւս կողմէ, մարդկային չարութիւնը այն բոլոր գործողութիւններն են, որոնք խտրականութիւն կը յառաջացնեն, երբ խօսքը կը վերաբերի ուրիշներուն: Այս չարիքները ստեղծուած են մարդոց կողմէ եւ կը ներառեն սպանութիւն, ստրկութիւն, բանտարկութիւն, աքսոր, դաժանութիւն, ստախօսութիւն եւ դիտաւորեալ տգիտութիւն: Այս բոլորը կը խանգարէ մարդոց ուրիշներու հետ կապեր ձեւաւորելն ու շփուիլը:
Ըստ Քամիւի սահմանման՝ չարի ամենաուժեղ եւ վստահ ձեւը մահն է, որ բառացիօրէն «վերջ» մըն է, քանի որ մահը մարդիկ ընդմիշտ կը բաժնէ իրարմէ։ Այդ իսկ պատճառով, Քամիւ չի հաւատար մահէն յետոյ կեանքին. երբ մարդը կը մահանայ, ան ընդմիշտ կը չքանայ։ Այսպիսով, սպանութիւնը բոլոր հնարաւոր արարքներէն վատթարագոյնն է, քանի որ ան մահ կը պատճառէ, ինչ որ ընդմիշտ կը խախտէ միութիւնը:
Քամիւի կողմէ չարութեան սահմանումը կապուած է այն բանի հետ, թէ ան ինչպէ՛ս կը դիտարկէ մարդոց յարաբերութիւնները աշխարհի հետ: Ան կը կարծէ, թէ մարդիկ կրնան անդրադառնալ իրենք իրենց մասին կամ իսկապէս ճանչնալ աշխարհը միայն այն պարագային, երբ կ՚ապստամբին յարգանքի եւ որոշ իրաւունքներու համար: Եթէ մարդիկ չեն կրնար հասնիլ այս գիտակցութեան, չեն կրնար յարաբերութիւններ հաստատել իրարու հետ, չեն կրնար ապահովել համերաշխութիւն, հետեւաբար չի կրնար ըլլալ բարիք։ Բայց երբ մարդիկ պահանջեն ամբողջ մարդկութեան իրաւունքները եւ ապստամբին անոնց իրականացման նպատակով, անոնք չարութիւն կը ստեղծեն միայն այն ժամանակ, երբ բան մը կամ մէկը կը փորձէ խլել անոնց իրաւունքները եւ խոչընդոտել անոնց յարաբերութիւնները ուրիշներու հետ։
շարունակելի…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ