ՕՏԵԱՆԻ ԳՈՐԾԸ ՊԱՐՍԿԵՐԷՆՈՎ

2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ Ե­րուանդ Օ­տեա­նի «Ա­նի­ծեալ տա­րի­ներ» գիր­քը լոյս տե­սաւ պարս­կե­րէ­նով։ «Ար­մէն-փ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս թարգ­մա­նու­թիւ­նը մաս կը կազ­մէ Թեհ­րա­նի մէջ 100-րդ տա­րե­լի­ցին ձօ­նուած ո­գե­կո­չում­նե­րու ծրագ­րին։

Ե­րուանդ Օ­տեա­նի «Ա­նի­ծեալ տա­րի­ներ 1914-1919. անձ­նա­կան յի­շո­ղու­թիւն­ներ» գիր­քին պարս­կե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը լոյս տե­սած է 1100 տպա­քա­նա­կով ու տրա­մադ­րուած՝ գրա­խա­նութ­նե­րուն։ Պարս­կե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­տա­րած է Անդ­րա­նիկ Խե­չու­մեան։ Օ­տեա­նի այս գոր­ծը կ՚ընդգր­կէ Ե­ղեռ­նի շրջա­նէն վկա­յու­թիւն­ներ։

Հարկ է նշել, որ Ե­րուանդ Օ­տեան ան­ցեա­լի մէջ ե­ղած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբա­գիր­նե­րէն եւ իր «Ա­նի­ծեալ տա­րի­ներ» գոր­ծը ա­ռա­ջին ան­գամ լոյս տե­սած թեր­թիս մէջ՝ թեր­թօ­նի ձե­ւա­չա­փով։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015