ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՍՊԵՆԴԻԱՐԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը այս տարի կը տօնէ իր բացման 50-ամեակը: «Արմէնփրէս»ի թղթակից Աննա Գրիգորեան այս առիթով զրուցեց տուն-թանգարանի տնօրէն Մարինէ Օթարեանի հետ:

-Ի՞նչ միջոցառումներ ծրագրաւորած էք յոբելենական տարուան մէջ։

-Նախ ըսեմ, որ տարուան ընթացքին իրականացուած բոլոր միջոցառումները նուիրած ենք Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանի բացման 50-ամեակին։ Առանց հրաժարուելու թանգարանի համար աւանդական դարձած եւ միջազգային միջոցառումներէն՝ այս տարի նախաձեռնած ենք միջոցառումներու երկու նոր շարք։ «Մէկ ցուցանմոյշի պատմութիւն» շարքը կը լուծէ ցուցանմոյշներու մասին տուեալներու թարմացման եւ ամբողջացման, իսկ «Երաժշտութիւն եւ …»ը՝ տարբեր ժանրի բարձրակարգ երաժշտութեան ներկայացմամբ՝ տուն-թանգարանի գործունէութիւնն ու լսարանը ընդլայնելու խնդիրները։ Երկու պարագային ալ մեր աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը կ՚ապահովուի համապատասխան ոլորտի արհեստավարժներու հետ համագործակցութեան շնորհիւ։ Ի պատիւ Հայաստանի առաջին երաժշտական յուշային թանգարանի յոբելեանի՝ կը պատրաստուի տարեգիրք, ուր հակիրճ կը ներկայացուի թանգարանի 50-ամեայ գործունէութիւնը, կը զետեղուին նաեւ նիւթեր թանգարանային կարեւորագոյն արժէքներու մասին: Շուտով կը սկսինք նախատեսուած երկու նոր ինթերաքթիւ խաղի: Առաջինը կը համալրէ արդէն հինգ տարի գործող եւ այցելուներու թիւի աճին մեծապէս նպաստած «Վիրթուալ խմբավար» ինթերաքթիւ խաղը, իսկ երկրորդը՝ «Ես՝ բեմանկարիչ» խաղը, կը գործէ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ եւ կը համալրէ մեր կրթական ծրագրերու շարքը: Եւ, ի հարկէ, թանգարանը գիտական հաստատութիւն է, որ կ՚իրականացնէ լուրջ գիտական ծրագրեր: Ներկայիս կը ցուցակագրենք տուն-թանգարանէն դուրս՝ մասնաւորապէս Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն ներս պահուող յօրինողի արխիւի նիւթերը: Մեր մօտ է նաեւ յօրինողի դստեր՝ Մարինա Սպենդիարովայի անձնական արխիւը, որ այս պահուն ուսումնասիրման փուլի մէջ է: Մեր գիտաշխատողներու ուսումնասիրութիւնները տարբեր ձեւաչափերով պարբերաբար կը ներկայացուին հասարակութեան։

-Քանի՞ թանգարանային արժէք կը ներառէ հաւաքածոն, եւ վերջին տարիներուն ի՞նչ նմոյշներով կը համալրուի:

-Թանգարանի հիմնական ֆոնտը 1345 միաւոր է: Սպենդիարեանը իր գրեթէ ողջ կեանքը ապրած է Հայաստանէն դուրս՝ բացառութեամբ կեանքի վերջին չորս տարին, հետեւաբար հայաստանաբնակներէն համալրում չենք կրնար ակնկալել: Սակայն վերջերս ունեցանք համալրում մը՝ համերգային հեռադիտակ: Նախնական մասնագիտական եզրակացութեան համաձայն՝ ան 19-րդ դարու համերգային հեռադիտակ է, որ, յանձնողի հաւաստմամբ, իր մօրը նուիրած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանը։ Ամբողջական ուսումնասիրութենէն յետոյ ան կը ներառուի մեր մշտական ցուցադրութեան։ Տարիներ առաջ Սուդակի մէջ ապրած երաժշտութեան ուսուցիչ մըն ալ թանգարանին նուիրեց Սպենդիարեան ընտանիքի տոհմակնիքով ափսէ մը։ Ի դէպ, 2012 թուականին յօրինողի տոհմակնիքը դարձաւ տուն-թանգարանի լոգոտիպը: Իսկ 2015 թուականին մեր մշտական ցուցադրութիւնը համալրուեցաւ Եդուարդ Տէր-Ղազարեանի (կրտսեր) հեղինակած եւ թանգարանին նուիրաբերած երկու միքրօքանդակով՝ ջութակ փայտի 16 կտորէ (բարձրութիւնը՝ 8 մմ.) եւ յօրինողի շարժանկարը (բնօրինակը՝ Սուրէն Չարեքեանի) 3 մմ. օնիքսի բեկորի վրայ: Պէտք է նշեմ, որ միմիայն մանրադիտակով տեսանելի դարձող այդ ցուցանմոյշները նոյնպէս շատ մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն։

-Այցելուներու ինչպիսի՞ վիճակագրութիւն ունիք տարուան կտրուածքով, զբօսաշրջիկներու հոսքը մե՞ծ է:

-Տարեկան կ՚ունենանք շուրջ 4 հազար այցելու՝ 50 տոկոսը վճարովի, 50-ը՝ անվճար: Այցելուներու հոսքը կ՚աւելնայ յատկապէս Հոկտեմբերին: Արդէն այդ ամիսին դպրոցներու ուսումնական ծրագրին մէջ կը ներկայացուի Սպենդիարեանի կեանքն ու ստեղծագործական ժառանգութիւնը: Զբօսաշրջային կազմակերպութիւնները, ցաւօք, շատ հետաքրքրուած չեն փոքր թանգարաններով: Այնուամենայնիւ, այս տարի ընդլայնած ենք այդ ոլորտին մէջ մեր համագործակցութիւնը։ Տարեվերջին կը հաշուարկենք արդիւնաւէտութիւնը։

-Այցելուները ներգրաւելու ուղղութեամբ ի՞նչ քայլեր կ՚իրականացնէք:

-Տուն-թանգարանի փոքր աշխատակազմը կ՚օգտագործէ բոլոր հնարաւորութիւնները՝ նոր այցելուներ ներգրաւելու համար։ Հնարաւորինս ամբողջական կերպով կ՚օգտագործենք համացանցի եւ ընկերային ցանցերու հնարաւորութիւնները։ Կը նախաձեռնենք բազմաբովանդակ միջոցառումներ, որոնք այս կամ այն կերպով կապուած են Ալեքսանդր Սպենդիարեանի գործունէութեան կամ ստեղծագործական ժառանգութեան հետ, բայց կ՚իրականացուին մերօրեայ միջոցներու օգտագործմամբ։ Կը կիրառենք թեքնիկական, տեղեկատուական միջոցներ, տարիքային ու մասնագիտական տարբեր խումբերու մասնակցութեամբ՝ տեղի կ՚ունենան ֆլեշ-մոպեր եւ այլն։

-Ի՞նչ հետաքրքիր իրեր կան թանգարանէն ներս, որ կ՚ուզէիք առանձնացնել:

-Մեր թանգարանին մէջ կայ եզակի ցուցանմոյշ մը։ Այդ ցուցանմոյշը անուանակոչած է Սպենդիարեանի ուսուցիչը՝ Նիքոլայ Ռիմսքի-Քորսաքովը եւ զայն անուանած է սպենդիարոֆոն: Ան կաշիէ գօտիի վրայ ամրացուած պրոնզէ զանգակներով երաժշտական գործիք մըն է, որ 1905 թուականին ստեղծուած է յօրինողի մտայղացմամբ եւ պատուէրով: Ի դէպ, այդ գործիքի հնչողութիւնը անհրաժեշտ ու անփոխարինելի էր Ալեքսանդր Սպենդիարեանին համաեւրոպական ճանաչում բերած «Երեք արմաւենի» սիմֆոնիք պատկերին մէջ ուղտերու կարաւանի մուտքը ներկայացնելու համար։ Թանգարանէն ներս կայ սպենդիարոֆոնի փոքր չափերով նմանօրինակը, զայն կրնայ նուագել իւրաքանչիւր այցելու:

-Իսկ ի՞նչ կրթական ծրագրեր կ՚իրականացնէք:

-Տարիներու պատմութիւն ունեցող ծրագրերը կը պահպանենք ու կը զարգացնենք եւ, ի հարկէ, կը մշակենք նորերը: Նոր կրթական ծրագիրներէն են «Երեք արմաւենի»ն, որ օրիկամիի դասընթացքի միջոցով կը ներկայացնէ յօրինողի համանուն ստեղծագործութիւնը, եւ «Իմ տոհմածառ»ը, որուն մասնակցողներէն իւրաքանչիւրը կը ծանօթանայ յօրինողի տոհմածառին ու կը ստեղծէ իր ընտանիքի տոհմածառը։ Այս եւ այլ կրթական ծրագրերու շնորհիւ կը լուծենք ուսուցողական, հանրահռչակման, ժամանցի եւ այլ խնդիրներ:

-Կա՞յ Սպենդիարեանի կեանքէն տուեալ մը, որուն կը տիրապետէ միայն թանգարանը:

-Թաքցնելու կամ գաղտնի պահելու սկզբունքը թանգարանէն ներս կիրառելի չենք համարեր։ Սակայն, ի հարկէ, կան ուղղութիւններ, որոնք առաւել կը կարեւորենք եւ կ՚առանձնացնենք նորութիւններ մշակելու համար։ Օրինակ՝ Սպենդիարեան ընտանիքը, գտնուելով տուեալ ժամանակի արժեհամակարգի բարձրակէտին, կ՚ապրէր տոհմային մտածողութեամբ: Կարեւոր էր ընտանիքի կուռ կառոյցը եւ առկայ էր հասարակութեան մէջ դերակատարութիւն ստանձնելու պատրաստակամութիւնը։ Սպենդիարեան ընտանիքի առնուազն երկու սերունդ իր ժամանակի լաւագոյն կրթութիւնը ստացած էր եւ իր ընտրած ոլորտէն ներս հասած՝ մասնագիտական բարձրակէտի: Հետեւաբար, հասարակական դիրք ստանձնելու պատրաստակամութիւնը հիմնաւորուած էր եւ գործով արդարացուած։ Զարգացնելիք նիւթերէն մէկն ալ այս է։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21, 2017