ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (40)
Առտու կանուխ ճամբայ ինկեր էր Նորան։ Նախորդ գիշեր հեռաձայներ էին տնեցիք եւ տեղեկացուցեր, որ մօրաքրոջ ամուսինն էր մահացեր։ Չէր տխրած. երբեք ալ մօտ չէր եղած անոր. կը տեսնէր զայն տարին մի քանի անգամ, կարեւոր օրերուն, ծնունդ-թաղում-ամանոր աւանդական շրջագիծին մէջ։ Հնամենի, պահպանողական, առնական վարքուբարքով մարդու տպաւորութիւն ձգած էր միշտ վրան, զինք ու իր զարմուհիները չափող-քննող, վերահսկող կարծես... բայց ազգական էր, «ցեղից» էր, ուրեմն ստիպուած էր ներկայանալ թաղման արարողութեան։
Գլուխը դրած էր պատուհանին հիմա, եւ քնացած։ Փոքր հանրակառքի անիւներէն մէկը կամ միւսը երբեմն յանկարծ կ՚իյնար ճամբու անհամար փոսերէն մէկուն մէջ, բանալով Նորային կոպերը, որոնց տակէն վերջինս կը ստուգէր, թէ ո՞ւր հասած էր։ Արայի լեռ... Ապարան... Ալագեազ... Ջրաշէն... Սպիտակ... փոս մը եւս... Վանաձոր։ Հովէն խանգարուած մազերը հաւաքեց, փէշը քիչ մը վար քաշեց, իջաւ հանրակառքէն։ Քալեց ուղիղ դէպի իրենց փողոց, զառիվերը բարձրացաւ, հասաւ տուն ու հրեց դուռը։ Քար լռութիւն էր. բայց խոհանոցի աթոռը ճռռաց յանկարծ։ Մա՞մ, տա՞տ... գնաց այնտեղ. տատիկն էր։ Բարձրացուց գլուխը զինք տեսնելով, յոգնած բարեւեց, ձեռքերուն մէջ առաւ դէմքը Նորային եւ համբուրեց։
-Ցաւակցում եմ տատ ջան, ըսաւ Նորան։
-Էհ... Փեսայ էր էլի, իրեն յատուկ անկեղծութեամբն ու չորութեամբը արձագանգեց տատիկը։
Հազիւ զսպեց ծիծաղը Նորան։ Այդ մասին երբեք չէին խօսած իրարու հետ, բայց միշտ զգացեր էր, որ մեծ մայրն ալ անթաքոյց արհամարհանք, նոյնիսկ զզուանք ունէր նահապետական տղամարդու հայրիշխանական մօտեցումներու հանդէպ։
-Դե գնա՛, գնա՛ մօրքուրի տուն, բոլորը այնտեղ են։
Նորան սեւ բաճկոն մը առաւ ուսերուն եւ ելաւ դուրս։ Երկու փողոց անդին՝ մօրաքոյրենք էին։ Շէնքի մուտքին, ճիշդ ներս մտած պահուն, դիմացը ելաւ եղբայրը՝ Ռուբոն։ Երկուորեակներ էին իրենք։
-Ռու՛բ, բարե՛ւ, կարօտցած՝ թեւերը դէպի եղբօր վիզն երկարեց Նորան։
Անսպասելիօրէն ետեւ քաշուեցաւ Ռուբոն։ Խիստ, խիստ այնպէս ինչպէս երբեք չէր եղած, գոնէ ի՛ր հանդէպ, նայեցաւ աչքերուն մէջ։
«-Ռուբ ջան ի՞նչ ա եղել...
-Ե՞ս ասեմ։ Դու՛ ես պատմելու...
-Ի... ի՞նչը... Ռուբ...
-Ատենը չէ, երեկոյեան կը խօսանք»։ Կտրուկ հեռացաւ Ռուբոն։
Նորան շշմած նայեցաւ ետեւէն։ Բան չէր հասկնար։ Բարձրացաւ վեր։ Մեծ սենեակի ճիշդ մէջտեղը պառկած դիակն էր. ծաղիկներով, վառող խունկով շրջապատուած։ Շուրջ բոլորը նստեր էին մարդիկ, ծանօթ-անծանօթ. բոլորը սեւ։ Մէկը առաստաղին կը նայէր, միւսը՝ սուրճի գաւաթին. մէկը՝ մեռելի ոտքերուն, միւսը՝ ճաղատ գլխուն։ Մօրքուրը նստած էր անկիւնը, թաշկինակը ձեռքին, այտերը կարմրած։ Ուղղուեցաւ մօտը Նորան, գրկեց անոր. յուզուեցաւ։ Մէկ-երկու մխիթարական խօսք փորձեց ըսել։ Ապա ուղղեց մէջքը, կողքը նստած մօրը նայեցաւ։ Եւ ահա Ռուբոյի նայուածքին շատ նմանը գտաւ անոր դէմքին։
Ի՞նչ էր եղեր։ Իմացե՞ր էին։ Չէր կրնար ըլլալ...
ԵՐԱՄ
•շարունակելի