ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ. ԱՆՋԱՏ, ԹԷ՞ ՄԻԱՍԻՆ ԳՈՐԾՈՂ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ
Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի, որ հայոց եկեղեցին եւ պետութիւնը մեր պետութեան համար կարեւորագոյն հարցերու մէջ դարձած են անջատ գործող կառոյցներ եւ չեն գործակցիր իրարու հետ: Մանաւանդ այսօր, երբ Հայաստանը կեցած է նորագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ եւ վճռական օրեր կ՚ապրի, շատ կը կարեւորուի հայոց եկեղեցւոյ եւ պետութեան միասնականութիւնը: Դարերու ընթացքին, երբ չենք ունեցած պետութիւն, պետականութիւն, եկեղեցին է, որ առաջնորդած է հայ ժողովուրդը նոյնիսկ միջնորդ եղած է հայոց թագաւորներու եւ օտար տիրապետողներու միջեւ: Այդ մասին շահեկան յօդուած մը գրած է հայ հոգեւորական գործիչ Ռուբէն Արք. Դրամբեան՝ ներկայացնելով հայոց կաթողիկոսութեան դերը մեր պատմութեան վճռորոշ պահերուն:
Ռուբէն Դրամբեան իր ժամանակի նշանաւոր հոգեւորականներէն եղած է, բանաստեղծ էր, աշխատած է իբրեւ մանկավարժ, լրագրող, թարգմանիչ: Ծնած է 1878 թուականին՝ Պայազէտի մէջ: Ուսանած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը: Իբրեւ ուսուցիչ ան գործած է պատմական Հայաստանի ծխական դպրոցներու մէջ։
Ըստ գրականագէտներու հաղորդած տեղեկութիւններու, Ռուբէն Դրամբեան եղած է քրտական այբուբենի ստեղծման նախաձեռնողներէն մէկը, ստեղծած է քրտերէնի առաջին դասագիրքերը եւ հեղինակած քրտերէնով առաջին թատրերգրութիւնը:
Հոգեւոր ծառայութեան ասպարէզ մտած է 1944 թուականին եւ յաջորդ տարի արդէն ձեռնադրուած եպիսկոպոս, շուտով՝ նաեւ արքեպիսկոպոս։ Ան «Էջմիածին» հանդէսի գլխաւոր աշխատակիցներէն մէկն էր։ 1945 թուականին Դրամբեան նշանակուած է Շիրակի թեմի առաջնորդ, իսկ 1946-1949 թուականներուն եղած է Թեհրանի էջմիածնական թեմի առաջնորդը։ Անոր կը վերագրուի մեծ աշխատանք՝ իրանահայութեան հայրենադարձութիւնը կազմակերպելու գործին մէջ: Մահացած է
1952 թուականին, յուղարկաւորուած է Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ շիրմատունը: Արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք անոր յօդուածը այն մասին, թէ ինչ կարեւորագոյն դեր ունեցած է հայոց կաթողիկոսութիւնը՝ դարերու ընթացքին: Հոգեւորականի այդ յօդուածը տպագրուած է «Էջմիածին» հանդէսին մէջ՝ 1946 թուականին:
ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԻՆ
ՌՈՒԲԷՆ ԴՐԱՄԲԵԱՆ
Ինչպէս ծանօթ է պատմութենէն, չորրորդ դարու մեր երկու ականաւոր պետական գործիչները՝ Տրդատ թագաւորը եւ Գրիգոր Լուսաւորիչը, միասնական ծրագրով մը հանդէս եկան՝ քրիստոնէութիւնը տարածելու եւ զայն պետական կրօն դարձնելու գործին մէջ: Միասնական այս գործունէութիւնը կը հետապնդէր քաղաքական լուրջ նպատակներ: Քրիստոնէութիւնը կրօնական բարոյախօսութիւն եւ ժողոուվրդի համար հոգեկան ու մտաւոր դաստիարակութեան միջոց հանդիսանալէ առաջ, հիմնականը եւ գլխաւորապէս կը հանդիսանար զէնք՝ ուղղուած պարսկական քաղաքականութեան դէմ. քրիստոնէութիւնը հանդիսացաւ պարսկական ազդեցութիւնը վանելու, դուրս մղելու եւ Հայաստանի անկախութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը վերականգնելու զօրաւոր գործիք: Եւ իրօք, քրիստոնէութիւնը այս տեսակէտէն միանգամայն արդարացուց ինքզինք:
Հայոց կաթողիկոսութեան հիմնադրումէն յետոյ կաթողիկոսները սկսան հետզհետէ գործուն մասնակցութիւն ունենալ երկիրը ղեկավարելու եւ արտաքին յարձակումներէն պաշտպանելու գործին մէջ: Եւ այսպիսով, որոշ չափով կարծես թէ սահմանափակուեցան հայ թագաւորներու միահեծանութեան իրաւունքները:
Ինչպէս ալ բացատրելու ըլլանք մեր պատմութեան յետ Տրդատեան ժամանակաշրջանը՝ թագաւորներու եւ կաթողիկոսներու փոխյարաբերութեան եւ իրաւունքներու տեսակէտէն՝ քաղաքական իշխանութեան խնդրին մէջ, բան մը ակնյայտ կերպով յստակ է. այն, որ կաթողիկոսները յաճախ կը միջամտէին քաղաքական եւ երկրի ղեկավարման գործին:
Ինչպէս կը նկատուի մեր պատմութեան ընթացքէն, թագաւորներն ալ իրենց կարգին յաճախ, իրենց կամքէն անկախ, հարկադրուած եղած են քաղաքական ղեկավարման խնդիրներու մէջ հաշուի նստիլ կաթողիկոսներուն հետ եւ հետեւապէս եթէ ոչ բոլոր հարցերու մէջ, գէթ կարեւոր հանգամանքներու մէջ՝ իմանալ անոնց կարծիքն ու ստանալ համաձայնութիւնը:
Անկասկած է, որ Տրդատէն եւ Լուսաւորիչէն յետոյ այդպիսի իրադրութիւն կար արդէն եւ զայն ստեղծուած եւ կեանքի կոչուած էր Տրդատի ու Լուսաւորիչի գործունէութեամբ: Բնական է, որ այդ իրադրութիւնը՝ քաղաքական խնդիրները միասնաբար կարգաւորելու գործին մէջ, իր արմատները ունէր հայ ժողովուրդի պետական եւ հասարակական կեանքին մէջ:
Որո՞նք են այդ անհրաժեշտութիւնը թելադրող պայմանները, որոնք մեր կաթողիկոսներուն, կրօնական խնդիրներէն դուրս, պատասխանատու եւ հաշուետու կը դարձնէին նաեւ քաղաքական խնդիրներու մէջ:
Մեր կաթողիկոսութեան հասարակական դիրքը ստեղծուեցաւ քրիստոնէութեան ընդունումով: Հետզհետէ այն զարգացաւ ու ամրապնդուեցաւ վանքերու եւ եկեղեցիներու կառուցումով, դպրոցական ցանցի ստեղծումով, բայց իր գագաթնակէտին հասաւ գիրերու գիւտի եւ գրականութեան ստեղծման եւ երկու կրօնական պատերազմներու՝ Վարդանանց ու Վահանանց պատերազմներու շնորհիւ:
Այլ խօսքով ըսած՝ եկեղեցին իր գործունէութամբ ինքզինքին համար ստեղծեց ու ամրապնդեց այդ դիրքը: Իսկ այդ դիրքը ստեղծելէն յետոյ բնականաբար ան իր ոտքերուն տակ հող պիտի ունենար եւ ինքզինք բաւական զօրաւոր պիտի զգար՝ ա՛լ աւելի միջամտելու քաղաքական գործերուն ու մասնակից ըլլալու պետութեան ղեկավարումին:
Ինչպէս յայտնի է՝ Հայ Եկեղեցւոյ ականաւոր ներկայացուցիչները Ե. դարէն սկսեալ սերտ կապուած էին քրիստոնէական Բիւզանդիոնի հետ: Բիւզանդիոյ մէջ ստացած էին իրենց կրթութիւնը մեր գրականութեան վեթերանները, որոնք բոլորն ալ նշանաւոր հոգեւորականներ էին եւ ղեկավար դեր կը խաղային: Այս պատճառով ալ բնական է, որ բիւզանդական ազդեցութիւնը Հայոց կաթողիկոսութեան վրայ գերակշռող հանդիսանար: Միաժամանակ յայտնի է, որ պարսիկներն ու յոյները երկար տարիներ յամառ պայքար կը մղէին իրարու դէմ՝ Հայաստանին տիրելու համար:
Արդ, հաւանական է, որ մեր կաթողիկոսները աշխատէին պետական կառքը միշտ ուղղել դէպի քրիստոնէական Բիւզանդիոյ կողմը, իսկ թագաւորները հակուած էին երբեմն մէկ ու երբեմն միւս կողմը ուղղելու՝ ելլելով ստեղծուած կացութենէն: Այսպիսով, վերնախաւին մէջ կը ստեղծուէր քաղաքական հակամարտութիւն, այս հողին վրայ առաջացող տարաձայնութիւնններու հետեւանքով թագաւորներու եւ կաթողիկոսներու համագործացութիւնը յաճախ կը փոխուէր սուր պայքարի: Օրինակ՝ Արշակ, Տիրան եւ Պապ թագաւորներու կողմէ գործադրուած խիստ միջոցառումները կաթողիկոսներու նկատմամբ, անոնց սկսած հալածանքները աներկբայօրէն ցոյց կու տայ, որ թագաւորները, յանձինս կաթողիկոսներու, տեսած են իրենց քաղաքական հակառակորդները եւ անոնց հետ ընդհանուր լեզու չգտնելու պարագային ջանացած են անոնք վերացնել ասպարէզէն: Այս պարագան արդէն ինքնին շարժառիթ հանդիսացած է քաղաքական հողի վրայ նոյնիսկ սպանութիւններու դիմելու:
Որ պարսից պետութիւնը Հայաստանի մէջ բազմաթիւ քաղաքական գործակալներ ունէր, այդ մէկը պատմական իրողութիւն է, իսկ որ այդ գործակալներու միջոցով ան ազդելով կամ բռնանալով հայոց թագաւորներուն վրայ՝ կարող էր յունական քաղաքականութեան կողմնակիցները եւ քրիստոնէական ականաւոր դէմքերը չէզոքացնել ու վերացնել ասպարէզէն, այդ ոչ միայն իրողութիւն, այլեւ մեր պատմութեան զուգակցող մշտական երեւոյթ էր այնքան ժամանակ, քանի դեռ երկու կողմերուն միջեւ պայքարը Հայաստանի նկատմամբ գերիշխանութեան հասնելու համար կը շարունակուէր:
Կաթողիկոսներուն ունեցած քաղաքական դերի, ինչպէս նաեւ քաղաքական իշխանութեան բնագաւառին մէջ անոնց գերակշիռ դիրքի ու ազդեցութեան մասին մեր պատմութեան մէջ բազմաթիւ փաստեր ու յիշատակութիւններ կան: Եւ այդ տուեալներու համաձայն կը պարզուի, որ Տրդատ Մեծէն յետոյ երկրի գերագոյն ղեկավարութիւնը կեդրոնացած եղած է թագաւորի, կաթողիկոսի եւ բանակի սպարապետի ու հազարապետի ձեռքերուն մէջ, ընդ որում՝ որոշ չափով նկատի առնուած են նաեւ ազդեցիկ նախարարները:
Ինչպէս Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակ, այնպէս ալ անոր անկումէն յետոյ այս իրողութիւնը գերիշխող եղած է եւ ճանչցուած է ընդհանուրի կողմէն: Ճիշդ է՝ թագաւորները պահպանած են իրենց միանձնեայ ու բացարձակ իշխանութեան իրաւունքը, բայց ատոր կողքին տեղ գտած է նաեւ համագործակցութեան համակարգը՝ թագաւորի, կաթողիկոսի, սպարապետի ու հազարապետի եւ ազդեցիկ նախարարական տուներու: Այդ համագործակցութիւնը, որ կրած է մերթ պաշտօնական եւ մերթ անպաշտօն բնոյթ, իր արտայայտութիւնը գտած է հայ ժողովուրդի կեանքին ու անոր պատմութեան մէջ:
Այս առընչութեամբ պէտք չէ մոռնալ, որ Հայ Եկեղեցին խոշոր կալուածատիրական միաւոր կը հանդիսանար ու բազմաթիւ թելերով կապուած էր ինչպէս անուանի նախարարական ու իշխանական տուներուն, այնպէս ալ՝ ռամիկ ժողովուրդին հետ: Կալուածատիրական այս բնոյթը ինքնին հեղինակութիւն եւ դիրք ստացած էր կաթողիկոսի կողմէ գլխաւորուող եկեղեցւոյ համար:
Քաղաքական իշխանութեան գործուն մասնակցութիւն ունենալու պահանջը ինքըստինքեան կը բխէր նաեւ մեր երկրի քաղաքական իրադրութենէն եւ այն քաղաքականութենէն ու առաջադրանքներէն, ինչ որ կը թելադրէին մեր երկրի նկատմամբ գերիշխանութիւն ունեցող պետութիւնները: Այն պայմանաւորուած էր նաեւ մեր ժողովուրդի՝ իր անկախութեան ու ինքնուրոյնութեան համար մղուող հերոսական պայքարով: Բնական է, որ եկեղեցին չէր կրնար անմասն մնալ այդ պայքարէն: Ոչ միայն չէր կրնար, այլեւ իր ունեցած հասարակական դիրքը կը թելադրէր անոր՝ մասնակցիլ հայ ժողովուրդի ինքնուրոյնութեան համար մղուող պայքարին եւ Հայ Եկեղեցին իրեն վերապահուած այդ պատուաւոր դերը բարեխղճութեամբ կատարեց, միշտ հաւատարիմ ու անձնուէր մնալով այն հերոսական պայքարին, որ կը մղէր եւ մղեց հայ ժողովուրդը՝ իր անկախութեան եւ հայրենիքի ամբողջականութեան պահպանման համար:
Որ յիրաւի Հայոց կաթողիկոսութիւնը գործուն մասնակցութիւն ունէր երկրի ղեկավարման գործին մէջ, կ՚ապացուցուի նախեւառաջ անով, որ մեր երկրի նկատմամբ գերիշխանութիւն ունեցող օտար պետութիւնները յաճախ կը դիմէին կաթողիկոսներուն, ասոր կամ անոր Հայաստանի թագաւոր կամ կառավարիչ ու մարզպան նշանակելու խնդիրներով ու կը ստանային անոր համաձայնութիւնը: Կաթողիկոսները իրաւունք ունէին այս կամ այն թագաւորի ու բարձրաստիճան պաշտօնեանի հեռացման խնդիրը դնել տիրող պետութիւններուն առջեւ: Մեր պատմութեան ընթացքէն կ՚երեւի, որ օրինակ, Սասանեան հարստութեան ժամանակ օտար տիրողները, ըստ ամենայնի, նկատի կ՚առնէին կաթողիկոսներու եւ ազդեցիկ նախարարներու կարծիքները: Այստեղ, ի հարկէ, կարեւորը այն չէ, թէ ինչէ՛ն ելլելով անոնք նկատի կ՚առնէին այդ կարծիքները, որովհետեւ մեր կողմէն քննարկուող հարցի էութիւնը ատկէ չի փոխուիր:
Անշուշտ, կարծիքները նկատի առնելը քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէր. այն է՝ դիւրացնել ու յարատեւ դարձնել իրենց տիրապետութիւնը, երկրին մէջ իրենց կողմնակիցներուն թիւը շատցնելու եւ այն դժգոհութիւնները կանխելու միջոցով, որոնք կարող էին խռովութիւններու ու ապստամբութիւններու յանգեցնել: Հետեւապէս, հասկնալի է, որ նման քաղաքականութիւնը որոշ չափով կը թուլցնէր ժողովուրդի ընդդիմութեան ոգին եւ զգալիօրէն կը նպաստէր երկիրը հնազանդութեան վիճակին մէջ պահելու գործին: Միւս կողմէն զօրացնելով կաթողիկոսներու քաղաքական ազդեցութիւնը, օտար տիրապետողները կը ջանային իրենց հեղինակութիւնը բարձրացնել ժողովուրդի աչքին մէջ:
Երկիրը համատեղ ղեկավարելու փայլուն օրինակ կը հանդիսանայ Տրդատի եւ Լուսաւորիչի գործունէութիւնը, այնուհետեւ Վռամշապուհի, Սահակ Պարթեւի ու Մեսրոպ Մաշտոցի գործունէութիւնը: Վերջին երեքն ալ մտահոգուած էին պետական առաջնակարգ նշանակութիւն ունեցող խնդրով՝ գիրերու գիւտով: Անոնք ոչ մէկ ճիգ ու ջանք կը խնայէին՝ պետական այդ մեծ գործը գլուխ բերելու համար: Անոնք մարգարէացան յառաջիկայ յիսնամեակին տեղի ունենալիք անցքերու նկատմամբ կանխագուշակելով այն բռնացման քաղաքականութիւնը, որ պարսիկները պիտի վարէին մէկ յիսնամեակ յետոյ: Անոնք կը կանխազգային կրօնական պատերազմներու եւ ատոնց հետ կապուած կէս դար տեւող արհաւրալից անցքերու մօտալուտ ըլլալը: Մտահոգուած գալիքի խնդիրներով՝ անոնք կը շտապէին օր առաջ կոփել փրկութեան ու ընդդիմութեան զէնքը. այսինքն ստեղծել գիր ու գրականութիւն եւ աճող սերունդի ձեռքը տալով այս նոր զէնքը, ներշնչել անոր հայրենասիրութեան փրկարար ոգին:
Կը մեռնի Վռամշապուհը, նախարարները Սահակ Պարթեւի հետ խորհրդակցելով՝ կ՚որոշեն խնդրել պարսից Վռամ թագաւորէն՝ որպէսզի Վռամշապուհի որդի Արտաշէսը թագաւոր նշանակէ Հայաստանի մէջ: Դեսպաններ կը ղրկեն պարսից արքունիքը եւ թագաւորը կը յարգէ կաթողիկոսի եւ նախարարներու խնդիրը: Սակայն Արտաշէսը իր վարքով տեղի կու տայ նախարարներու դժգոհութեան։ Անոնք կը դիմեն կաթողիկոսին եւ կը խնդրեն անոր համաձայնութիւնը՝ Արտաշէսը գահընկէց ընկելու վերաբերեալ:
Հայրենասէր կաթողիկոսը կ՚ընդդիմանայ, ըսելով հետեւալ պատմական խօսքերը. «Քաւ լիցի, ինձ, իմ հիւանդոտ ոչխարը առողջ գազանի հետ փոխել, որուն առողջութիւնն իսկ մեզի համար պատուհաս է»:
Մերժում ստանալով՝ նախարարները կը սպառնան նաեւ կաթողիկոսին եւ Սուրմակ երէցը առած՝ Պարսկաստան մը մեկնին: Այնտեղ կ՚ամբաստանեն թէ՛ Արտաշէս թագաւորը եւ թէ՛ կաթողիկոսը՝ Յունաստանին միանալու ծրագիր ունենալու համար եւ այլն: Քաղաքական զրպարտանքը կը կատարէ իր գործը: Արտաշէսը եւ թագաւորը արքունիք կը կանչուին: Վռամը անոնց լսել անգամ չէր ուզեր եւ կը պահէ Պարսկաստանի մէջ՝ չարտօնելով Հայաստան վերադառնալ: Հայաստանի կառավարիչ կը նշանակուի պարսիկ մարզպան Վեհմիհրշապուհը, Արտաշէսը գահազուրկ կ՚ըլլայ, Սահակ Պարթեւը կը հեռացուի կաթողիկոսութենէն եւ դաւաճան Սուրմակը կաթողիկոս կը նշանակուի: Այսպիսով, պարսկական դիւանագիտութիւնը ճարպիկօրէն կը կարողանայ գործածել ներքին տարաձայնութիւնները՝ իր քաղաքական նպատակներուն համար եւ յառաջ կը քաշէ իր հլու կամակատարները:
Հայրենասէր կաթողիկոսը, տեղի տալով բիրտ ուժի առջեւ՝ կը քաշուի քաղաքական ասպարէզէն:
Յետագային Վռամշապուհի, Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մարգարէական կանխագուշակութիւնը կը կատարուի՝ վրայ կը հասնին Վարդանանց դէպքերը: Պարսիկները կրօնափոխութեամբ կը փորձեն հայերը հեռացնել յոյներէն ու միաձուլել զանոնք: Կրկին պառակտում կը յառաջանայ վերնախաւին մէջ: Հայաստանի մարզպան Վասակ Սիւնին կը մեկուսանայ: Սակայն հայրենիքի հետ էր անոր հերոս կաթողիկոսը՝ Յովսէփը, իր հոգեւորական գունդով: Ահա ան պատերազմի դաշտին մէջ է՝ եւ կը կռուի թշնամիի դէմ եւ կը խրախուսէ կռուողները: Անոր հետ է հայ ժողովուրդի հաւատարիմ զաւակը՝ Ղեւոնդ Երէց:
Պարսիկները կը յաղթեն. ապստամբութեան ղեկավարները կը տարուին Տիզբոն: Մէկ տարի բանտ նստելէ յետոյ կաթողիկոսը իր հոգեւորական գունդով կը նահատակուի՝ յաւերժական փառքով պսակելով Հայ Եկեղեցին ու կաթողիկոսութիւնը:
Սակայն պարսիկները չեն հրաժարիր իրենց քաղաքականութնէն եւ կը սկսի երկրորդ կրօնական պատերազմը: Այս անգամ վերնախաւին մէջ կը յայտնուին Յովհան Մանդակունի եւ Գիւտ կաթողիկոսները։ Անոնք երկուքն ալ կը պայքարին պարսից դէմ՝ ղեկավարելով հայ ժողովուրդի ապստամբական շարժումները:
Յաջորդ դարերու ընթացքին ալ մենք պատմութեան մէջ չենք հանդիպիր որեւէ դէպքի մը կամ փաստի մը այն մասին, որ Հայ Եկեղեցին կամ հոգեւորականութիւնը դաւաճանէ կամ դիմադրութիւն կազմակերպէ հայ ժողովուրդի, հայրենիքի կամ անոր պետականութեան դէմ, հակառակ որոշ պետական ճնշումներու, իրաւունքներու ու հասոյթներու կրճատման առկայութեան (Պապ թագաւորի գործունէութիւնը). նամանաւանդ, երբ եկեղեցին հնարաւորութիւն ունէր ըմբոստանալու՝ ժողովուրդի նկատմամբ ունեցած իր ազդեցութեան, տնտեսական ուժի եւ կալուածատիրական դիրքի շնորհիւ: Այս հանգամանքը ինքնին շատ բան կը պարզէ: Այն ժամանակ, երբ մենք ականատես ենք որոշ նախարարարական տուներու դաւաճանութեան եւ իրենց վստահուած զօրագունդերով թշնամիի կողմը անցնելու փաստերուն, այլ բան կը տեսնենք հոգեւորականութեան շարքերուն մէջ. այսպիսի պահերուն Հայ Եկեղեցին ու կաթողիկոսութիւնը անբաժան եղած են ժողովուրդէն եւ իրենց անձնազոհութեամբ խրախուսած եւ քաջալերած են հայրենիքի անկախութեան համար պայքարողները: Ատոր օրինակ կրնան ծառայել Վարդանն ու Վասակ Սիւնին, այս երկուքի փոխյարաբերութիւնը ու հայրենիքի հանդէպ ունեցած դիրքն ու Յովսէփ Կաթողիկոսն ու Ղեւոնդ Երէցը՝ իրենց հետեւորդներով: Ատոր օրինակ կրնան ծառայել Արտաշէսը գահընկէց ընող հայ նախարարները, եւ ապա՝ Սահակ Պարթեւը, ինչպէս նաեւ՝ Մանդակունին, Գիւտը եւ անոնց յաջորդները:
Հայ Եկեղեցին ու կաթողիկոսութիւնը երկրի գերագոյն ղեկավարութիւնը թագաւորներուն հետ բաժնած ու համերաշխ վարած են նաեւ արաբներու, թաթարներու, սելճուկներու տիրապետութեան ժամանակ: Ահա անոնք՝ Անիի մէջ, Բագրատունիներուն հետ, ահա Վասպուրականի մէջ՝ Արծրունիներուն հետ, ահա Սիւնիքի մէջ՝ Սիւնեաց իշխաններուն հետ, ահա եւ Կիլիկիոյ մէջ՝ Ռուբինեանց հետ:
Թէ՛ բոլոր ժամանակներու ընթացքին, թէ՛ բոլոր պարագաներուն անոնք որպէս անդաւաճան հայրենասէրներ հրապարակ եկած են յանուն հայ ժողովուրդի, յանուն հայ հայրենիքի:
Յետագային, Ռուբինեանց իշխանութեան վերացումէն յետոյ, երբ կաթողիկոսութիւնը բնականաբար շատ քիչ ընելիքներ ունէր Կիլիկիոյ մէջ, իր Աթոռը 1441 թուին կը փոխադրէ Սուրբ Էջմիածին, Մայր Հայրենիք, կը նուազի անոր քաղաքական դերը, անոր կը վերապահուի հայ ժողովուրդի միայն ընդհանրական ներկայացուցչութեան իրաւունքը:
Բնական եւ հասկնալի է, որ կաթողիկոսութեան քաղաքական ղեկավարութեան դերը ստանձնելը պայմանաւորուած էր հայ ժողովուրդի քաղաքական անկախութեամբ եւ պետականութեան գոյութեամբ ու վերջիններուս վերացման հետ պիտի վերանար նաեւ կաթողիկոսութեան քաղաքական դերը, որպէս անհամատեղելի օտար նուաճողներու պետականութեան հետ:
Քաղաքական իշխանութիւնը կորսնցնելէ յետոյ կաթողիկոսութիւնը եւ այնուհետեւ կեանքի կոչուած պատրիարքութիւնները (Կ.Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի) կ՚օգտուէին հայ ժողովուրդի ներկայացուցչութեան իրաւունքներէն: Հայաստանին տիրողները՝ պարսիկները, օսմանցիք, յետագային նաեւ ռուսերը, լիակատար կերպով ճանչցան այդ իրաւունքը եւ յաճախ կաթողիկոսութեան այդ իրաւասութենէն ելլելով քաղաքական խնդիրներու շուրջ բանակցութիւններու մէջ կը մտնէին կաթողիկոսներուն հետ:
Տիրողները կը հետապնդէին իրենց նուաճողական շահերը, իսկ կաթողիկոսները հետամուտ էին հայ ժողովուրդի վիճակը բարւոքելու, անոր համար արտօնութիւններ ձեռք բերելու եւ անոր պատմական իրաւունքը վերականգնելու:
Կարելի չէ ըսել, թէ մեր կաթողիկոսները քիչ գործ կատարած են այդ ուղղութեամբ: Ընդհակառակը, կարելի է պնդել ու հաստատել, որ այս կապակցութեամբ անոնք ըրած են այն ամէնը, ինչ որ կարելի ու հնարաւոր էր:
Մեր կաթողիկոսներու գործունէութեան այս ժամանակաշրջանը՝ 1441 թուականէն մինչեւ 1890-ական թուականները, կարելի է բնորոշել որպէս հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան պայքարի ժամանակաշրջան, որ մղած են մեր եկեղեցին, կաթողիկոսութիւնն ու պատրիարքութիւնները՝ վերականգնելու ու ճանաչել տալու համար հայ ժողովուրդի ինչպէս քաղաքական, նոյնպէս եւ տնտեսական իրաւունքները տիրող պետութիւններուն՝ պարսիկներուն, օսմանցիներուն, ռուսերուն:
Աւելորդ է խօսիլ այն մասին, որ պատմական դէպքերու բերումով, քաղաքական իշխանութիւնը կորսնցնելէ յետոյ, հայ ժողովուրդը իր քաղաքական տենչերու իրագործումը պիտի կապէր եկեղեցւոյ հետ, որ այսպէս թէ այնպէս պահպանած էր իր կրօնական ու ազգային ոգին, իր կազմակերպութիւնը եւ թէեւ որոշ չափով նսեմացած՝ նաեւ իր դիրքն ու հեղինակութիւնը օտար տիրապետողներու քով եւ ի վիճակի էր պաշտպանելու ու կեանքի կոչելու հայ ժողովուրդի տնտեսական եւ քաղաքացիական իրաւունքները, միակ միջնորդը հանդիսանալով ժողովուրդի եւ օտար տիրողներու միջեւ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը եւ պատրիարքութիւնները պատուով կատարեցին իրենց վիճակուած պատմական այդ դժուարին առաքելութիւնը՝ հանդիսանալով հայ ժողովուրդի քաղաքական իղձերու պաշտպաններ: Անոնք յաճախակի կը խրախուսէին եւ կը քաջալերէին հայ ժողովուրդի անհաւասար պայքարը՝ հզօր տիրողներու դէմ:
Որ յիրաւի Հայոց կաթողիկոսութիւնը եւ անոր ներկայացուցիչները փայլուն կերպով իրագործեցին եւ հրահրեցին հայ ժողովուրդի ազատագրութեան համար պայքարը, գէթ մահմետական դաժան տիրապետութենէն ազատելու խնդրին մէջ, հանրածանօթ իրողութիւն է եւ կարիք չկայ փաստեր յիշատակելու:
Ինչո՞վ պայմանաւորուած էր Հայ Եկեղեցւոյ, անոր կաթողիկոսութեան կամ անոր այլ կազմակերպութիւններու այսպիսի հեղինակութիւնն ու ուժը:
1- Նախեւառաջ անով, որ Հայ Եկեղեցին իր սկզբնաւորութեան առաջին իսկ շրջանէն հոգեւոր թելերով կապուած էր ժողովրդական լայն զանգուածներուն հետ:
2- Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդական բնոյթը, ժողովրդական իրաւունքներուն ճանաչումը, ընդ որում՝ այդ իրաւունքները ղեկավարող սկզբունքներն էին եկեղեցական գործերու մէջ՝ ընտրական համակարգ, ազգային-եկեղեցական ժողովներ, կաթողիկոսական ընտրութիւններ, աշխարհականներու եւ հոգեւորականներու խառն ղեկավար մարմիններ, հոգաբարձութիւն, եկեղեցական, թեմական խորհուրդներ եւ այլն:
3- Աւանդական այն ժառանգական սովորոյթը, որ Լուսաւորիչէն եւ Տրդատէն անցած էր անոնց յաջորդներուն եւ վերջիններուս միջոցաւ պահպանուած: Տրդատի եւ Լուսաւորիչի միասնական գործունէութիւնը եւ ղեկավարութիւնը որպէս օրինակ ժառանգած էին նաեւ յաջորդները եւ այսպէս աւանդաբար ճանչցուած եւ շարունակուած էր:
4- Այն անձնազոհ գործունէութիւնը՝ յանուն ժողովուրդի եւ հայրենիքի, որ ցուցաբերած էր հայ հոգեւորականութիւնը երկրի ճգնաժամային դէպքերու ժամանակ-Վարդանանց եւ Վահանանց պատերազմները եւ յետագայ դէպքերը:
5- Գիրերու գիւտը եւ յետ այնու գրականութեան ստեղծումը հոգեւորականութեան ջանքերով՝ կապուած քրիստոնէութեան պահանջներուն հետ, եւ այս առընչութեամբ վանքերու, անապատներու յետագայ գործունէութիւնը՝ որպէս լուսաւորութեան ու մշակոյթի օճախներ:
6- Մեր եկեղեցւոյ խոշոր կալուածատիրական բնոյթը:
7- Օտար տիրապետողներու՝ արաբներու, թաթարներու, պարսիկներու, օսմանցիներու, նաեւ՝ ռուսերու մօտ հոգեւորականութան ունեցած դերն ու հեղինակութիւնը:
8- Կաթողիկոսութեան, պատրիարքութիւններու, եպիսկոպոսութիւններու եւ ընդհանրապէս եկեղեցւոյ պայքարը յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ու շահերու, յանուն անոր ազատագրման:
9- Հայ Եկեղեցւոյ ազգային-ժողովրդական բնոյթը՝ տօներու, աւանդոյթներու պահպանում, աղօթքներու եւ մաղթանքներու մէջ հայ ժողովուրդի ազատագրական տենչերու արտայայտութիւններ եւ այլն:
10- Եկեղեցական գրականութեան, մատենագրութեան եւ կրօնական-եկեղեցական մամուլին ուժը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան