ՀՐԱՇԱԳԵՂ ԵՐԳՉՈՒՀԻՆ…
Հրաշագեղ Արաքս Մանսուրեանը կրկին յայտնուեցաւ հայաստանեան բեմին վրայ: Հանդիսատեսը երկար սպասած էր երգչուհիի այս ելոյթին, որ նուիրուած է հայ օփերային երգչուհիի համերգային գործունէութեան 50-ամեակին եւ տեղի ունեցաւ 18 Սեպտեմբերին՝ Երեւանի Օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնին մէջ:
Ամէն անգամ, երբ Արաքս Մանսուրեան Սիտնիէն Հայաստան կու գայ եւ կը յայտնուի հարազատներու, բարեկամներու, երկրպագուներու շրջանակին մէջ, կրկնակի փայլ կը ստանայ, երիտասարդութեան եւ կենսախնդութեան աննախադէպ ալիք մը կը պատէ արուեստագէտը եւ ան կրկնակիօրէն կ՚երջանկանանայ: Արուեստագէտին համար երջանկութիւն մըն է միշտ շրջապատուած ըլլալ երկրպագուներով, սիրողներով, որոնց պակասը 71-ամեայ Արաքս Մանսուրեան իր կեանքի ընթացքին երբեք չէ ունեցած: Այս անգամ Հայաստան եկած է Սիտնիի երաժշտանոցի իր սաներուն հետ: Ուսանողները կը նկատեն, թէ որքան երջանիկ է իրենց սիրելի ուսուցիչը, երբ հայրենիքի մէջ է: Երբ Արաքս Մանսուրեան լրագրողի հարցին ի պատասխան ըսաւ, որ կ՚ուզէ տեղափոխուիլ Երեւան, եւ աւելի շատ ժամանակ անցընել եղբօր՝ Տիգրան Մանսուրեանի, իր դստեր՝ Շուշան Պետրոսեանի եւ անոր զաւակներուն հետ, իր ուսանողները անմիջապէս ըսին, որ իրենք ալ կու գան եւ Երեւան կը բնակին: Կատակով ըսուած այդ խօսքերուն մէջ կ՚երեւի այն մեծ սէրը, զոր ուսանողները կը տածեն Արաքս Մանսուրեանին հանդէպ:
Հակառակ ծանր ու դառն մանկութեան, որ երգչուհին Պէյրութէն Երեւան գալով ապրած է, խորհրդային ժամանակներու ծանօթ բարքերուն կնիքը եղած է նաեւ իրենց հայրենադարձ ընտանիքին վրայ, բայց երգչուհին կեանքին մէջ երբեք չէ չարացած, միշտ ընթացած է բարիի եւ լոյսի ճամբով՝ իր ետեւէն տանելով միլիոնաւոր մարդիկ: Հոգեւոր երգեցողութեան հզօր ուժն է, որ ան փոխանցած է լսողներուն, որոնք կախարդուած են Արաքս Մանսուրեանի անկրկնելի ձայնով, որ միշտ անսպառ է:
Իր այս համերգը կազմակերպուած էր պետական մակարդակով, եւ ընդգրկուած էր Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի ծրագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ, եւ սփիւռքէն Հայաստան ժամանած հազարաւոր հիւրեր առիթը ունեցան հայրենի բեմի վրայ ունկնդրելու սիրուած երգչուհին՝ հայ երգի դեսպանը, որ յիսուն տարի՝ հայ երգը՝ միջնադարեան շարականներէն մինչեւ Կոմիտաս, տարածած է աշխարհով մէկ:
Պէյրութ, 1946 թուականին ծնած է Արաքս Մանսուրեան: Մէկ տարեկան եղած է ան, երբ ընտանիքը, Մեծ Ներգաղթի տարիներուն, հազարաւոր սփիւռքահայերու հետ Հայաստան գաղթած է: Ընտանիքը այդ ժամանակուան իշխանութիւնները ղրկած են Երեւանէն դուրս՝ Արթիկ քաղաքի կողմերը Պեմզաշէն գիւղը: Այստեղ անոնք ապրած են իրենց հայաստանեան կեանքի առաջին տասը տարին, որ այսօր ժպիտով կը յիշեն՝ արեւելեան, տաք, առատ Պէյրութէն մէկ անգամէն լեռնային պաղ, աղքատ գիւղի մը մէջ հաստատուիլը, ուր ընտանիքը չորս զաւակներով կրցած է գոյատեւել բացառապէս կեանքի հանդէպ ունեցած իրենց դրական վերաբերմունքին շնորհիւ: Արաքս, Տիգրան, Մհեր եւ Սոնա Մանսուրեաններու մայրը գործաւոր եղած է, իսկ հայրը Պէյրութէն իրեն հետ լուսանկարչական արհեստը բերելով՝ գիւղերու մէջ շրջիկ լուսանկարիչ աշխատած է: Տիգրան Մանսուրեան հօր հետ շրջելով օգնած է ընտանիքին, հազար ու մէկ գործ կատարած, իսկ իբրեւ վարձատրութիւն գիւղացիներէն ոչ թէ դրամ, այլ բնամթերք՝ հաւկիթ, պանիր, գետնախնձոր ստացած է:
Յետագային Արաքս Մանսուրեան այդ դժուար տարիներուն մասին ըսած է. «Զարմանալի բան է՝ անցեալը երբեւէ տխուր չեմ յիշեր, թերեւս անձնական մէկ-երկու դէպք եղած է, որ կրնամ մտածել՝ լաւ կ՚ըլլար, որ այդ տխուր էջերը չըլլային:
«Այո՛, մենք շատ աղքատ էինք։ Բայց այդ մէկը նոյնիսկ երջանկութեան շրջան մըն էր, որովհետեւ բոլորս միասին էինք։ Նիւթական պայմաններ չկային հարկաւ, բայց մենք ունէինք մեր երգը, որ կ՚երգէինք ամբողջ ընտանիքով։ Հայրս շատ խստապահանջ, բայց շատ ազնիւ ու արդար մարդ էր: Ան առանձնայատուկ վերաբերմունք ունէր դէպի հայոց լեզուն, եւ երբեք չէր ձգեր, որ մեր լեզուն աղաւաղի: Երբ կը լսէր, որ մենք կ՚արտասանէինք «հա» բառը, ան կարծես դուրս կու գար ինքն իրմէ: Նայիր՝ «այո»ն ինչ գեղեցիկ է, կ՚ըսէր: Հայրս լուսանկարչութեամբ գումար կը վաստկէր։ Երբ վերջին ժապաւէնը մնար, միշտ կը կեցնէր զիս ու Տիգրանը եւ մեզ կը լուսանկարէր: Ի՜նչ երջանիկ օրեր էին։
«Եթէ կը խօսինք անցեալի մասին, ժամանակն այնքան գեղեցիկ յիշատակներով լեցուն է: Անոնք են, որ զիս կը պահեն, մանաւանդ՝ դուրսը ապրած ատենս: Երեւանը ամէն անգամ տարբեր կը տեսնեմ, գեղեցկութիւն կը տեսնեմ, բայց եթէ խօսինք իմ ապրած ժամանակին մասին՝ այն ժամանակներուն, նոյնիսկ ամենէն վատ տարիները՝ 1992-93 թուականները, գեղեցիկ յուշերով կը յիշեմ Երեւանը: Սարսափելի, դժուար, դաժան տարիներ էին: Ես այստեղ էի, մայրս կար, երեխաներս քովս էին, եղբօրս հետ էի: Ասոնք յիշողութիւններ են, որոնք զիս կը տանին դէպի ետ եւ մէջս կարօտախտ կը յառաջանայ»:
Երեւանի մէջ ամուսնացած է նկարիչ Սամուէլ Պետրոսեանին հետ, Շուշան Պետրոսեան ծնած է, այնուհետեւ ամուսնալուծուած են եւ ինք յետագային տեղափոխուելով Սիտնի, հոն ամուսնացած է եւ մինչեւ հիմա իր երաժշտութիւնը գնահատող եւ զինք պաշտող մարդուն կողքին է:
Երաժտութիւնը մանկութենէն ուղեկցած է Արաքս Մանսուրեանին: Ծնողքէն երգելու հանդէպ սէր ժառանգած է, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին անբաժան մնացած է թէ՛ իրմէ, թէ՛ քոյր ու եղբայրներէն:
Այսպիսի պատմութիւն մը կը յիշէ.
«Արթիկ քաղաքին մէջ, ուր Պէյրութէն գալով հաստատուած էր մեր ընտանիքը, փողոցը, ելեկտրական սիւնի մը վրայ ձայնասփիւռի գործիք մը կար, ուրկէ յաճախ դասական երաժշտութիւն կը լսուէր։ Երբ ես ու Տիգրանը կ՚անցնէինք անոր քովէն, ան ամուր կը բռնէր իմ ձեռքս եւ կ՚ըսէր «Սպասէ՛, լսէ՛»։ Ու այդպէս՝ ձեռքս բռնած, այդ պաղին կը կենայինք եւ կը լսէինք հրաշալի մեղեդիներ։ Այսօրուան պէս կը յիշեմ, թէ որքան ամուր կը բռնէր իմ ձեռքէս: Յետոյ շատ լաւ կը յիշեմ, որ հայրիկիս հետ կը քալէինք փողոցէն, ու ես անհամբեր կը սպասէի, որ ահա պիտի կենանք քաղցրաւենիքի խանութին քով: Շաքարի տեսակ մը կար՝ սապէս ուռուցիկ եւ փքուն, ես շատ կը սիրէի անիկա: Անգամ մըն ալ հայրս ու Տիգրանը լուրջ-լուրջ զրուցելով, փորձեցին շրջանցել այդ խանութը, բայց ես աչքերուս չհաւատացի, որ անոնք չեն կենար խանութին քով: Եւ տեսնելով, որ իրապէս չեն կենար, կեցայ խանութին առջեւ եւ հասկցուցի, որ առանց այդ շաքարին այդ ճամբան չի կրնար շարունակուիլ, եւ մինչեւ այսօր ականջիս մէջ է հայրիկիս եւ Տիգրանին բարձր ծիծաղը: Այնքան սիրուն եւ շատ անուշ պատմութիւններ կան։ Իսկապէս, ինչ լաւ էր, երբ բոլորս միասին էինք։ Ցուրտն ու սովը չէին կրնար մեզ խանգարել, երբ մենք միասին էինք»:
Երգչուհին օփերային արուեստագէտ դառնալու մասին չէր ալ կրնար պատկերացնել Արթիկի պաղ ու ամայի փողոցներուն մէջ, բայց այն ինչ որ նախագոյ տրուած է, ուրեմն պիտի ըլլայ: Հոգիին թաքուն անկիւնին մէջ միշտ կար երգը: Տակաւին մանկապարտէզի տարիքէն սկսած եմ երգել։
«Չորս-հինգ տարեկան էի: Քնանալէ առաջ ուսուցչուհին մեզի այգի կը տանէր, հոն անհամբեր կը սպասէի, որ ան. «Արաքսի՛կ, բան մը երգէ» ըսէր, իսկ եթէ չըսէր, ապա արցունքներով կը վերադառնայի սենեակ, կը տխրէի, որ այդ օրը չեմ երգած:
«Տան մէջ իմ հայրս կ՚երգէր, մենք բոլորս կ՚երգէինք: Ես տասներեք տարեկան էի, երբ հայրս մահացաւ: Անոր մահէն քանի մը ամիս առաջ հիւրեր եկած էին մեր տունը, այն ատեն մենք արդէն Երեւանի մէջ բնակարան ստացած էինք: Այդ օրը բան մը երգեցի: Հօրս հայեացքը կը յիշեմ: Շատ սուր հայեացք ունէր, պահ մը նայեցաւ ինծի, ամըչ-ցայ: Ըսի. «Հայրիկ, կ՚ուզեմ երգչուհի դառնալ»: Պահ մը լռեց, նայեցաւ, ըսաւ. «Կը դառնաս, աղջիկս»: Եւ այդ «կը դառնաս, աղջիկսե»ը հետս է առ այսօր»:
Արաքս Մանսուրեան երաժշտական արհեստավարժ կրթութիւն ստացած է: Հակառակ անոր որ ծնողքը երաժիշտներ չեն եղած, Արաքս Մանսուրեան եւ իր եղբայրը՝ Տիգրան Մանսուրեան, ի ծնէ օժտուած են երաժշտական տաղանդով: Արաքս Մանսուրեան ուսանած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ, 1977 թուականին ալ աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական Երաժշտանոցը: 1977-1992 թուականներուն ան եղած է Երեւանի Օփերայի եւ պալէի մեներգչուհի, իսկ 1992 թուականին տեղափոխուած է Սիտնի, ուր մինչեւ օրս Սիտնիի օփերային թատրոնի մէջ մեներգչուհի է, միեւնոյն ատեն կը դասաւանդէ Սիտնիի Երաժշտանոցը եւ իր երաժշտական գիտելիքները կը փոխանցէ օտարներուն, որոնք ակնածանքով կը վերաբերին իրենց հայ ուսուցիչին: Արաքս Մանսուրեանի շնորհիւ բազմաթիւ օտար երիտասարդ երգիչներու երգացանկերուն մէջ տեղ գտած են Կոմիտասի, Կանաչեանի, Մելիքեանի, Սպենդիարեանի եւ այլ հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները։ Վերջին տարիներուն աւելի շատ կը դասաւանդէ եւ գրեթէ դադրեցուցած է համերգները, սակայն չի մերժեր յոբելենական առիթներուն ելոյթներ ունենալու հրաւէրները:
Արաքս Մանսուրեանի համար առաւելաբար հարազատ է Կոմիտասը եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններով ան ինքնիրեն համար բացած է հայ երաժշտութեան խորութիւնը եւ յաւերժ սիրահարուած ժողովրդական, ազգային, դասական մաքրամաքուր երգին եւ մեղեդիին:
«Զարմանալի է, երբ ես երգեմ Կոմիտաս կամ սորվեցնեմ Կոմիտաս, իմ դիմացինս, ըլլայ հանդիսատես, թէ ուսանող, միշտ կը յուզուի՝ առանց հասկնալու բառերուն իմաստը: Այդ երաժշտութիւնը կը պատմէ մեր ապրած կեանքին մէկ մասը, տարած դժուարութիւններու ճանապարհին մասին կը խօսի: Միշտ կ՚ըսեն՝ ի՜նչ տխուր է: Համերգէն ետք կը մօտենան, կ՚ըսեն՝ բառերը չենք հասկնար, բայց մեղեդին շատ կը յուզէ: Երաժշտութիւնը կը զգան, անմիջապէս կը հասկնան եւ կը սիրեն: Ունիմ քորէացի, չինացի, աւստրալիացի ուսանողներ, անոնք խնդրած են, որ իրենց մանաւանդ Կոմիտաս դասաւանդեմ: Իմ բոլոր ուսանողներուս նուիրած եմ իմ կատարմամբ Կոմիտասի երգերու ձայներիզը, որ ուկնդրեն: Այս է իմ կապս օտարներուն հետ, այսպէս կը կարողանամ իրենց ներկայացնել մեր պատմութիւնը», ուսանողներուն հետ իր փորձառութեան մասին կը պատմէ հրաշագեղ երգչուհի Արաքս Մանսուրեան:
Իբրեւ օփերային երգչուհի Արաքս Մանսուրեան բազում դերեր ստանձնած է՝ Էլիզապէթ («Տոն Քարլոս» ), Նետտա («Պայացնէր» ), Լէոնորա («Տրուպատուր» ), Այտա («Այտա» ), Շուշան («Դաւիթ-Բէկ» ), Անուշ (« Անուշ»)։ Վերջին դերերգը կատարած է նաեւ Թիֆլիզի օփերային թատրոնին մէջ, Թումանեանի ծննդավայր Լոռիի մէջ եւ 1989 թուականին՝ Միացեալ Նահանգներ: Մենահամերգներ ունեցած է Հայաստանի եւ արտասահմանեան լաւագոյն բեմերու վրայ՝ իր ծրագրին մէջ հայկականին կողքին նաեւ եւրոպական երգահաններու գործեր ունենալով: Սիտնիի օփերային մէջ Արաքս Մանսուրեան այնպիսի դերերգերով հանդէս եկած է, ինչպիսիք են՝ Լիու («Թուրանտոթ» ), Այտա («Այտա» ), Ֆլորիա Թոսքա («Թոսքա» ), Տեզտեմոնա («Օթելլօ» ), Միմի («Պոհեմ» ), Քաթիա Քապանովա («Քաթիա Քապանովա» ), Սանտուցցա («Գեղջկական ասպետութիւն» ), Ֆաթա Մորկանա («Սէրն առ երեք նարինջներ» ), Էլիզապէթ Վալուա («Տոն Քարլոս» ), Էլիզապէթ («Թենհոյզէր» ), Մատլոն («Անտրէ Շէնիէ»), Քոսթելնիչքա («Ենուֆա»), Քունտրի («Փարսիֆալ» ), Ամելի Կրիմալտի («Սիմոն Պոքանեկրա»), Ամելիա («Դիմակահանդէս» ), Իզոլտա («Թրիսթան եւ Իզոլտա» ), Լէոնորա («Ճակատագրի ուժը» ) եւ այլն։
2015 թուականին, Առաջին հանրապետութեան տօնին առթիւ, Արաքս Մանսուրեանին շնորհուած է Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար առաջին աստիճանի մետյալ: Իր ստացած բազում պարգեւներէն եւ շքանշաններէն Արաքս Մանսուրեան կարեւոր կը նկատէ հանդիսատեսի սէրը, որ ան կրկին զգաց իր երեւանեան վերջին համերգին ընթացքին: Առիթով մը ան ըսած է. «Իմ կեանքիս լաւագոյն ձեռքբերումը ես հանդիսատեսի սէրը կը նկատեմ»: Սակայն նորէն նշեց, որ երգեցողութիւնը պիտի ձգէ եւ ամբողջութեամբ նուիրուի դասաւանդութեան: Ամէն բան իր սկիզբն ու աւարտն ունի: Այսպէս համոզուած է երգչուհին:
«Երբ կ՚ըսեմ՝ յիսուն տարի բեմին վրայ եմ, պահ մը կը զարմանամ, յետոյ կը յիշեմ, որ քսանմէկ տարեկան էի, երբ առաջին անգամ ելոյթ ունեցայ որպէս Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանի ուսանող»:
Իր 50-ամեայ գործունէութեան նուիրուած համերգին մասնակցեցան Սիտնիէն եկած իր ուսանողները: Հնչեցին Կոմիտաս, Տիգրան Մանսուրեան եւ արեւմտաեւրոպական երգահաններու ստեղծագործութիւններ:
Համերգի աւարտին Արաքս Մանսուրեան իր սաներուն հետ կատարեց Կոմիտասի երգերէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ